Ե.
Ի
զուր
պնդեց
անիկա,
տղան
վար
դնելու
համար,
իր
մենակութեան,
հօրը
գործերուն
ընտելացման
փաստերը
ջանալով
արժեւորել։
Ուսանո՞ղ։
Անշուշտ։
Բայց
անոր
սորվածը
կը
բաւէր
ու
կ՚աւելնար
ալ։
Փառք
Ստեղծողին,
Էտհէմ
պէյի
զաւակը
գրագէտ
կամ
պաշտօնեայ
պիտի
չըլլար,
որպէսզի
աւարտէր
ուսման
ընթացքը
ու
տիրէր
թուղթին։
Հայրը
ընդդիմացաւ։
Ու
այլապէս
ջերմ,
հզօր
էին
փաստերը,
ինչպէս
ամէնէն
սուտ
բաները
անոր
բերանին։
Պէտք
էր
լսած
ըլլալ
զինքը,
համոզուելու
համար
վիճաբանող
իր
շեշտին
համին։
Անիկա
չէր
վախնար
իր
տգիտութիւնը
իբր
գերագոյն
փաստ
շահագործելէ։
Իր
սիրտը
բանալու
էին
մարդիկ,
հոն
կարդալու
համար
անջնջելի
ամօթը,
մա՛նաւանդ
անջնջելի
ցաւը,
որ
իր
ծնունդին
նուէրն
էր
իրեն,
զինքը
ուսումէն
հեռու
ընող
ճակատագիրը։
Այլապէս
Էտհէմ
պէյին
համար
ճամբան
բաց
էր
մինչեւ
եպարքոսութիւն։
Ու
կը
հաւատար
իր
կսկիծին։
Զարգացումը
գերիվեր՝
բոլոր
փառքերէն։
Անիկա
այս
փաստին
կը
կցէր
աւելի
իրական
ու
ընտանի
ուրիշներ,
առնուած
իր
տարածուն
տնտեսութենէն։
Անոր
տարտղնուած
հաշիւները
ուրիշներու
ձեռքն
էին
ձգուած։
Ու
անիկա
պահանջը
ունէր
տիրական
ու
պատրաստուած
ձեռքի
մը,
որ
կարգ,
օրինաւորութիւն
հաստատէր
անոր
իշխանապետութեան
սահմաններուն։
Ու
անիկա
մեծ
վստահութեամբ
կը
խօսէր
մօտիկ
ապագային
վրայ,
երբ
փաշայութեան
տիտղոսը
պիտի
վաւերագրէր
իր
հարստութիւնը։
Այս
ամէնուն
միակ
ժառանգորդը,
Սիւլէյման
էֆէնտին։
Որ
կը
սիրէր
ուսումը,
պետական
գլուխի
մը
վայել
պատրաստութեան
մը
լիովին
արժանի։
Երկրորդական
ուսման
վաւերագիրը
կարժէր
շատ
աւելի,
քան
շատ
մը
պոչատ
ֆերմաններ։
Ճարահատ,
մայրը
առարկեց
իր
հիւանդութիւնը։
Իր
ծանօթներէն
կային,
որ
մեռան
ջրհորէն
ջուր
քաշած
ատեննին։
Տարւոյ
այդ
մասերուն
սարսափը
քանի
մը
օր
կը
տեւէ,
մինչեւ
որ
կեանքին
սովորական
ընթացքը
ինքզինքը
բերէ
իր
ակօսին
ու
մարդիկ
մոռնան,
թէ
մեռնին
պիտի։
Անիկա
զաւկէն
չէր
ուզեր
հեռու
ըլլալ…:
Քոյրն
ու
տղան
հերքեցին
իր
վախերը,
ու
չէին
գիտեր,
թէ
իրենց
առողջութիւնը
կը
պատմէին
հեռազգած
կնոջ։
Էրիկը
պիտի
լուծէր
վէճը՝
ըլլալով
երեքէն
խելացի։
Անիկա
արտօնեց
կինը
հետեւիլ
իր
զաւկին,
ջերմուկները
վարձել
ծանօթ
վիլլան։
Ծառաներ,
սպասուհիներ,
քոյրը
չէի՞ն
բաւեր
իրեն։
Յետոյ,
տարիքին
ձայնն
ալ
պարտաւոր
էին
նկատի
ունենալ
էրիկ
ու
կնիկ։
Մօր
մը
ներկայութիւնը
ճամբան
կը
գոցէ
շատ
մը
գէշ
վարժութիւններու։
Սէրվինազ
հանըմը
չհաւատաց։
Այսքան
երջանկութի՜ւն։
Անիկա
ամբողջ
գիշեր
մը
լուսցուց,
իր
ճիշդ
զսպանակներուն
վերածելու
համար
սա
որոշումները
հակասութեանց
շարք
իր
մարդուն։
Ինչպե՜ս
մտածէր
անփորձ
տիկինը,
թէ
մեծ
քաղաքներու
մթնոլորտը
աւելի
արագ
կը
հասունցնէ
աղջիկները։
Թէ՝
բոյսերը
կը
նմանին
քիչիկ
մը
մարդոց,
որոնք
ջերմուկներու
ոլորտին
մէջ
աւելի
շուտ
կ՚ուռճանան։
Ուրկէ՞
գուշակէր,
թէ
իր
ընտանիքին
պատրուակովը
Էտհէմ
պէյին
մէկ
ոտքը
քաղաքը
պիտի
ըլլար։
Ու
մեծ
քաղաք
մը
իր
կառքերովը,
վայելքի
վայրերովը,
ջերմուկներով
առաջացած
թոյլ
գրգիռներովը
աղջիկները
կ՚ընէ
նուազ
դիմացկուն։
Ու
քանի
կը
մտածէր,
այնքան
իր
վստահութիւնը
կը
նիհարնար,
վասնզի
իր
ամուսինին
մտքէն
անիկա
չէր
կրնար
արդար
վճիռ,
գէթ
նպատակ
սպասել։
Իր
վարանքները
զինք
ըրին
աւելի
նեղմիտ։
Ի
վերջոյ,
ճնշումի
տակ
գէշ-աղէկ
դասաւորեց
դէպքերը։
Պիտի
երթար։
Պիտի
չերթար։
Առաջին
պարագային
իրեն
հետ
կ՚ունենար
հեղինակութիւնն
ու
պաշտպանութիւնը
իր
մանչուն։
Երկրորդ
պարագայի՞ն։
Հարցուց,
բայց
չճշդեց,
վասնզի
կ՚ամչնար։
Այս
երկուութիւնները
սրեցին
անոր
անթառամ
բնազդը։
Կիները
դժուար
կը
մոռնան
սեռին
իմաստութիւնը։
Ու
օրին
մէկը,
շատ
մօտ
վճռական
բաժանումին,
անոր
տրուեցաւ
խելքը,
պատահարը
իր
անդրագոյն
իմաստին
տանելու։
Ու
դրաւ
անիկա
չարագուշակ
հարցականը.
–
Քո՞յրը,
թէ
մանչը։
Ինչո՞ւ
չդրաւ։
–
Մա՞նչը,
թէ
ինքը։
Թող
պատասխանեն
անոնք,
որ
կրնան։
Կիները
իրե՞նք
կը
ստեղծեն
այս
ճակատագրական
հարցումները,
թէ
ասոնք
կազմուած՝
օտար
պալատներու
մէջ,
կախարդական
փուշ–պսակներու
նման,
իրենք
իրենց
կը
գտնեն
անոնց
անբախտ
գլուխները։
Սեպտեմբերի
սկիզբներն
էին։
Բլուրները
թաւշացած՝
առջի
անձրեւներէն։
Քաղցրութիւն,
հոտ,
միրգերու
արոմը
՝
գինիէ
ու
աշնանային
ծաղիկներէ։
Սիրտերը՝
կակուղ։
Ու
հզօրագոյն
զգացումը
կ՚ուռէր,
հասուն
ու
խոնարհ։
Ողկոյզները
անտիպ
հրապոյրներ
կը
կախէին
բարունակներէն։
Ու
ամէն
խնձոր
կարմրած
ատեն
դեղնիլ
ալ
ունէր։
Հովուերգութիւն
չէ,
որ
կ՚ընեմ։
Հոգին
կ՚ազդուի
աշնանամուտի
սա
հոսումներն։
Մեզմէ
վրիպող
ուժեր
կը
զարնեն
մեր
սրտերուն
դուռները։
Ու
այգիներուն
մէջ,
ոսկի
հատիկներու
խորը
բանտուած
ոգին
վեր
է
տարիքէն։
Անոր
մայրը,
պառաւ
մը
ըլլալու
համար՝
երկու
անգամ
ապրելու
էր
ինչ
որ
ապրեր
էր
մինչեւ
այդ
պահը։
Ու
անոր
ներսը
հզօրագոյն
զգացումը,
զաւկի
պաշտամունքը
կ՚աղբերանար։
Չունեցաւ
քաջութիւնը
մեծ
որոշումին։
Ու
կու
լար։
Բայց
դէպքերը
երբեմն
իրենք
կը
վարեն
մեզ։