Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐԻՇ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ

Ըստ Հիւբշմանի

(1905. Յունիս Հանդէս Ամսօրեայ երես 372)

«Կիպերտի համոզումն այն է, որ Հայերն երբէք բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմած չեն վերին Տիգրիսի վրայ գտնւող երկիրներուն մէջ. (Ասորեստանցւոց Նաիրի, իսկ Յունաց եւ Հռովմայեցւոց Ծոփք. Աղձնիք եւ Կորդուք անուանուած երկիրներուն մէջ. ) ուստի հոն՝ ուր նորագոյն ժամանակներս Քիւրդերը կը բնակին եւ հին ատեն ու միջին դարուն՝ արեւմտակողմն Արամայեցիք կը բնակէին եւ արեւելակողմն Կորդուացիք եւ «Քիւրդք»։

(1905 Փետր. Հանդէս Ամսօրեայ երես 55). «Կորդուաց աշխարհն եւ ինչ որ նախկին Կորդուաց թագաւորութեանը կը վերաբերէր՝ նուաճելով Հայաստանի մաս ըրաւ Տիգրան մեծ, որ Քրիստոսէ առաջ 69-ին ստիպուեցաւ այս երկիրները Ղուկուղղոսին թողուլ Կորդուաց Զարբիեննոս թագաւորը սպաննել տալէն ետքը։ Ղուկուղղոսի հեռանալէն ետքը, Տիգրան Կորդուքը դարձեալ ձեռք անցուց, բայց քիչ մը ետք ստիպուեցաւ նորէն զայն Պոմպէոսի տալ, որ 65ին զայն Պարթեւներէն առաւ եւ 64ին նորէն Տիգրանին ետ տուաւ։ Քրիստոսէ ետքը 115ին Տրայանոս կայսրը Կորդուքն առաւ, որուն Մանիսարոս իշխանը Հայաստանի ինչ ինչ մասերն ու Միջագետքը յափշտակած էր։

Պարսից Ներսեհ թագաւորը 297ին զայն Հռովմայեցւոց թողուց, սակայն Կորդուք գէթ ըստ մասին՝ Պարսից իշխանութեան տակ մտաւ, եւ 363ին Յովիանու խաղաղութեամբը ամբողջապէս Պարսից անցնելով անոնց ձեռքը մնաց. Յոյնք եւ Հռովմայեցիք մեզի տեղեկութիւն չեն տար այն նահանգին տարածութեան վրայ, որ միշտ բուն Կորդուքին սահմաններուն մէջ ամփոփուած չէր։

Փաւստոսի քով որ Դ. դարու պատմութիւնը կը գրէ, կ՚երեւայ թէ Կորդուք, Կորդիք եւ Տմորիք՝ երեք երկիրները կը համապատասխանեն Ամմիանոսի Gorduena անուանած երկրին։

Խորենացւոյ քով Տմորիք դարձած եղած է Կորդիք, որ աշխարհագրութեան մէջ իբր երրորդ Կորդիք կը ներկայանայ։ Խորենացւոյ աշխարհագրութիւնը Կորդուքէն ու երրորդ Կորդիքէն, ինչպէս նաեւ եօթը գաւառներէ կը կազմէ նոր նահանգ մը, որ իր անունն ամենէն ծանօթ Կորդուք գաւառէն չառնուր, այլ քիչ անգամ յիշուած Կորճէք գաւառին անունէն՝ Կորճէք կը կոչուի»։

Խորենացւոյ աշխարհագրութիւնը Հայաստանի մասին. Բ. Խալաթեանը կ՚ըսէ. «Տարակոյս չկայ որ քաղաքական սահմանները միշտ փոփոխութիւններու ենթարկուած են, այնպէս որ փոխ առ փոխ հաստատուած եւ հերքուած Խորենացւոյ աշխարհագրութիւնը Հայաստանը ամբողջ տարածութեամբ կը հասկնայ 189 հայկական գաւառներու անունները, նոյն գաւառները 15 փոքր աշխարհներու ամփոփելով՝ Բարձր Հայք, Դ. Հայք, Աղձնիք, Տուրուբերան, Մոկք, Կորճէք, Պարսկահայք, Վասպուրական, Արցախ, Սիւնիք, Փայտակարան, Գուգարք, Տայք եւ Այրարատ»։

Դարձեալ ըստ Հիւբշմանի (Հանդէս Ամսօրեայ՝ երես 187. 1905 Յունիս). «Փաւստոսի (159) ըսածին նայելով, Դ. դարուն Հայաստանի կը վերաբերէին քաղաքականապէս քանի մը սահմանակից երկիրներ, զորոնք Աղձնեաց եւ Կորդուաց հարաւակողմը փնտռելու ենք։ Հայաստանի բաժանումէն առաջ, կամ բաժանմանն ատեն Պարսից անցան անոնք. եւ Հայք վերջէն ալ երբէք Հայաստանի մաս համարած չեն զասոնք»։

(Երես 252 . Բազմավէպ) «Շատ պատմագիրներ Տմորիք եւ Կորդրիք կը միացնեն։ Ասոր. Tmoräyë, «Վայրենի լեռնական ժողովուրդ մը Պարսից պետութեան մէջ, որուն հետ Կաւատ 506ի խաղաղութենէն ետքը ստիպուեցաւ պատերազմիլ։

(Noldecke ZdMG. 33, 158, եւն. )

«Կորդուք գաւառին դիրքը բաւականաչափ որոշուած է Betmanin (տե՛ս էջ 250) անուն տեղւոյն միջնորդութեամբ, արեւմտեան կողմանէ Տիգրիսի կը կցէր, Տմորիքի դիրքն որոշուած է Էլկի-Էլկով, Որսիրանքինը Մեծ Զարով, Փոքր Աղբակինը Ջուլամերկով »։

Այս զանազան հատուկոտոր քաղուածները ի մի բերելով ու իրարու քով շարելով նպատակ ունեցանք լիովին գաղափար մը կազմել տալու Քիւրդերու Հայրենիքի, Հայաստանի եւ Հայոց հետ ունեցած առնչութեան մասին. ինչպէս կը տեսնուի, եթէ հին դարերու մէջ հին Հայերը արենական [1] բացորոշ հաղորդակցութիւն չեն ունեցած, բայց բացայայտ է որ բնակակցական մէկ ամբողջութեան շարք մը ունին հին Քիւրդերու հետ։



[1] Ըստ Խորենացւոյ Տիգրան Ա. իր քոյր Տիգրանուհին Մարաց Աժդահակին կնութեան էր տուած։