ՔԻՒՐԴ
ՑԵՂԱՅԻՆ
ՍՏՈՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՄԷՋ
(Հին
կազմութեան
մը
վրայ
լուսաբանութիւններ՝
որոնք
թէեւ
իրենց
տարօրինակ
ձեւերուն
մէջ,
բայց
լոյս
կը
սփռեն
Հայ
ազգութեան
հետ
ունեցած
ցեղակցութեանը
վրայ)
Քիւրդ
ցեղերը
բացի
իրենց
հողային
աշխարհագրական
բաժանումներէ,
հայերն
ալ
հետն
առած,
որ
կ՚որոշուէր
«բասկէ
րաստէ,
բասկէ
ճապէ»
առումով.
բացի
ազգայնական
հին
բաժանումներէ,
հայերն
ալ
հետն
առած,
որ
կը
կոչուէր
Զիլ,
Միլ։
Բացի
ուրիշ
քանի
մը
ցեղերով
միացած
ընդհանրական
անուններէ.
մենք
պիտի
յիշատակենք
մանր
ստորաբաժանումները
Հայկական
երկիրներու
մէջ,
ու
անոնց
սահմաններու
վրայ։
1.
«Բասկէ
րաստէ,
բասկէ
ճապէ»
աշխարհագրական
բաժանմունքը,
ունի
քաղաքական
ու
տնտեսական
բնոյթ.
2.
«Զիլ,
Միլ
ազգայնական
բաժանմունքը,
ունի
հինէն
մնացած՝
արեան,
սեռի,
լեզուի
ու
սովորութիւններու
բնոյթ.
3.
Քանի
մը
ցեղերու
միացած
ընդհանրական
անուններն
ունին,
կապակցութիւն,
միութիւն
ստեղծելու
բնոյթ.
Անոնց
ստորաբաժանումներու
գլխաւոր
ցեղական
անուններն
է
որ
պիտի
նշանակենք
այժմ։
Վանի
գծի
վրայ.
Ռուսօ-Թիւրք-Պարսկական
սահմանագլխի
ամբողջ
երկարութեամբ
կը
գտնուին
ընդհանուր
անունով
Շըկակները.
ստորաբաժանումներու
կոչումով
Շամզկցի,
Կարդարցի,
Մուկուռցի,
Թակուռցի,
Մլանցի,
Լէվցի,
Շաւցի
եւայլն։
Արճէշի
մէջ.
Հայտարանցիք.
Ալճաւազի
մէջ
Սիպկցիք։
Հարաւային
կողմերը.
Մինչեւ
Տիգրանակերտ
ու
Հէքեարիի
սահմանները,
ինչպէս
Նօրտուզ
ու
Շատախ,
ընդհանուր
անուան
տակ
Արտօշցիք.
ստորաբաժանումներու
կոչումով.
Գրաւցիք,
Շիտանցիք,
Մամխոռանցիք,
Խալիլանցիք,
Մահմտանցիք,
Մէհմէտ
փիրանցիք,
Հարքըցիք,
Դաեանցիք,
Ժիրկցիք,
Չիպարցիք,
Եզտինանցիք
եւայլն։
Պիթլիսի
Մանզկերտ
ու
Պուլանըգ
գաւառները.
ստորաբաժանումներէն
Հասանանցիք,
Ներքին-Պուլանըգը՝
Ճիպրանցիք։
Վանի
եւ
Պիթլիսի
սահմանները.
Քօչար
(թափառիկ)
ցեղերը.
Պիթլիսի
շրջանները.
Ալկանցիք,
Սլօկանցիք,
Կլճցիք,
Մօտկանցիք,
Խութցիք,
Էթմէքցիք։
Մուշի
լեռները.
Պօհտանցիք,
Խութեցիք,
Պալաքցիք
(մաս
մը
հայախօս),
Միրանցիք
եւայլն։
Պիթլիսի,
Մուշի,
Կարնոյ
այս
սահմաններու
մէջ
եղածները
գլխաւորաբար
կը
պատկանին
ազգայնական
Զիլ,
Միլ
գլխաւոր
բաժանմունքներուն,
եւ
իրենք
կը
լինին
անոնց
ստորաբաժանումները
[1]
։
Գտնել
ու
թուել
քրդական
ցեղերու
ամբողջ
անուններն
ու
ստորաբաժանումները
շատ
դժուար
է,
ինչպէս
եւ
ցեղի
ու
ստորաբաժանման
մեծութեան
ու
փոքրութեան
չափը.
նախ
որ
անոնք
տեղ
մը
չը
մնալով
կը
գաղթեն
մի
այլ
տեղ,
ու
իրենց
ցեղը
հետերնին
կը
տանին.
պատճառը
այդ
է,
որ
հիւսիս
գտնուած
ցեղը
կը
գտնուի
եւ
հարաւը
ու
ընդհակառակն.
շատ
անգամ
ստորաբաժանումները
իրենց
ցեղային
ընդհանուր
անուան
տակ
գտնուած
մէկ
ցեղին
մօտիկ
մնալու
համար
կը
փոխանակեն
իրենց
բնակութեան
տեղերը.
շատ
անգամ
ալ
ցեղէն
փախչելու
համար՝
տեղ
կը
գտնեն
թշնամի
ցեղի
մօտ,
առանց
ցեղականութիւնը
ուրանալու
կամ
կորսնցնելու.
այս
պարագային
թշնամի
ցեղի
հետ
կը
կապուին
տնտեսապէս,
մրցման
մէջ
մնալու
համար
իր
բաժնուած
մասի
հետ։
Ցեղի
անունը
(թէ
ընդհանուր
եւ
թէ
ստորաբաժանման
համար)
այնքան
ժամանակ
զօրաւոր
ու
հռչակաւոր
կը
դառնայ,
որքան
նա
ուժեղ
կը
մնայ
իր
պատերազմիկ
յատկութիւնով,
որու
հետեւանքով
եւ
տնտեսական
բարեկեցութեամբ.
հակառակ
պարագային
ցեղը
կը
քայքայուի,
ու
անհատները
կ՚երթան
մտնել
բարեկամ
ցեղերու
մէջ.
կը
պատահին
պարագաներ
ալ՝
եւ
ահա
կորսուած
ցեղի
անհատը
կը
զօրանայ
ու
մոռացութեան
ու
ինկածութեան
ենթարկուած
իր
ցեղը
կը
վերականգնէ,
շուրջը
հաւաքելով
ցան
ու
ցրիւ
եղած
բեկորներն
ու
սերունդները,
ուրիշ
ցեղ
մը
ենթարկելով
իր
նախկին
բաղդին։
Րաֆֆին
ցեղերու
մասին
իր
«Տաճկահայք»ի
մէջ
կ՚ըսէ.
«Միայն
Վասպուրականի
մէջ»
կարելի
է
հաշուել
հարիւրքսան
միմիանցից
տարբեր
ցեղեր,
որոնք
զանազանվում
են
բարբառներով,
սովորութիւններով
ու
մինչեւ
անգամ
կրօնքով»։
Իսկ
ես
Մոկսի
մէջ
տեղեկացայ
որ
այնտեղ
հարիւրաւոր
բէգեր
կային,
որոնցմէ
ամեն
մէկը
անկեալ
ցեղի
մը
սերունդէն
էր,
եւ
որոնք
չը
նայելով
իրենց
մերկ
թշուառութեանը,
կ՚ուզէին
դարձեալ
պահպանել
բէգական
անունը,
ու
կողմնակի
մարդիկ
կը
ճանչնային
անոնց՝
իրենց
իրաւանց
սահմանին
մէջ։
Մեր
ցուցակէն
դուրս
են
Պարսկաստանի
քիւրդ
ցեղերը
ու
Տօրոսի
շղթայի
վրայ
եղածները՝
Կիլիկիայի
սահմաններուն
մէջ։
[1]
«Զիլ,
Միլ»
ազգայնութեան
բաժանմունքի
վրայ
բաւական
կարելի
կը
լինի
լոյս
սփռել,
երբ
նկատի
ունենանք
նաեւ
Վանի
Շըկակները,
որոնց
հայկական
ծագման
մասին
խօսուեցաւ
առաջ՝
թէ
ըստ
պատմութեան
եւ
թէ
ըստ
աւանդութեան։
Հայաստանի
քիւրդ
ցեղերու
վրայ
ընդարձակ
ծանօթութիւն
մը
ունենալու
համար՝
աւելորդ
չենք
համարիր
տալ
նաեւ
Կարնի
մէջ
հրատարակուած
«Յառաջ»
թերթի
N
11ի
մէջ
երեւցած
ցեղերու
մասին
տեղեկութիւնները,
«Ժամանակակից
Քիւրդերը»
վերանգրով։
Խոյթեցիք,
Չըխուրցիք.
Այս
երկու
ցեղերը
կը
բնակին
Մշոյ
նահանգին
պատկանող
Չխուր
եւ
Խոյթ
գաւառներու
մէջ,
իրենց
գլխաւորն
է
Մշոյ
հանրածանօթ
Մուսա
պէյը։
Շատիանցիներ.
Այս
ցեղը
խաղաղ
աշխատաւոր
ժողովուրդ
է
եւ
կը
զբաղի
երկրագործութեամբ.
իբր
Րայա
ժողովուրդ
շատ
ճնշում
կը
կրէ
ուրիշ
աշայիր
ցեղերէ։
Կը
բնակի
Խնուսի
հարաւային
Շատեան
կոչուած
մասը
եւ
Պինկէօլի
ստորոտը։
Տաղ-Էթէք
կոչուած
մասերը.
Այս
ցեղը
տարածուած
է
նաեւ
Տէրսիմի
եւ
Դերջանի
կողմերը։
Մամըքանցի,
Սայտանցի
ցեղերը
կը
բնակին
Մշոյ
դաշտի
մէջ
եւ
Քօսուր
լեռները,
այս
ցեղերը
Հասանանցիներուն
վրայ
կը
հաշուըուին։
Ջըպրանցիք.
Այս
ցեղը
շատ
բաժանումներ
ունի,
ինչպէս
Մախսուտենք,
Խըթօենք,
Տարպօենք,
Ֆէզլիներ
եւայլն
եւայլն.
որոնք
Մալասուէր
ալ
կըսուին
(ձիաւորի
տանից)։
Համիտիէ
են
եւ
բաւական
մեծ
ուժ
կը
ներկայացնեն,
կը
բնակին
Վարտօ,
Յանեբ
գաւառները
եւ
Խնուսի
ու
Բուլանըխի
մէջտեղ
գտնուող
Խամուր
բերդ
լերան
երկու
կողմն
եւս։
Այս
ցեղի
մանր
բաժանմունքները
իրարու
թշնամի
են
եւ
շարունակ
կը
կռուին
իրարու
հետ։
Պըլըքցիք.
Պըլըքցիք
մի
փոքր
ցեղ
է
եւ
Մալա
Ոլոյ
(Ոլոյի
տուն)
կը
կոչուի,
Ջըպրանցիներից
բաժնուած
մի
ցեղ
է,
այժմ
Համիտիէ
են
եւ
կը
բնակին
Խնուսի
մէջ։
Հասանանցիք.
Այս
ցեղը
քիւրդերի
հարուստ
բազմամարդ
ուժեղ
ցեղերից
մինն
է,
շատ
մը
բաժանումներ
ունի,
ինչպէս
Ըմըրեանք,
Շուէշներ,
Ֆարէզներ,
Ասէտներ,
նոյնպէս
Ֆիսիանցիք,
Շէշխըքցիք
եւայլն։
Ասոնք
եւս
Համիտիէ
են
եւ
կը
բնակին
Մանազկերտ,
Պուլանըգ,
Խնուս,
իրենց
գլխաւորն
է
Մանազկերտի
Ֆաթուլլահ
պէյն։
Սիբրքցիք.
կը
բնակին
Այնթապ,
Կըլիէ,
Բարազան
եւ
այլն,
ասոնք
Համիտիէ
են,
մեծագոյն
մասը
անասնապահութեամբ
կ՚ապրի
եւ
մի
մասը
երկրագործութեամբ։
Ճէլալցիք.
Այս
ցեղն
ալ
նախորդ
ցեղին
հետ
խառն
կը
բնակի,
կը
գտնուի
նաեւ
Ալաշկերտի
մէջ,
ասոնք
եւս
Համիտիէ
են։
Զիլանցիք.
Քիւրդերու
մեծագոյն
ցեղերից
մին,
որոնք
կը
բնակին
Ալաշկերտ,
Պայազիտ,
մինչ
Պարսկական
սահմանները,
որոնց
գլխաւորն
է
Սէլիմ
փաշան
եւ
Համիտիէ
են։
Հայտէրանցիք.
Քրդաց
մեծագոյն
ցեղերից
մինն
է
այս
որ
իր
բարբարոսութեամբ
մեծ
հռչակ
հանած
է,
որոնց
գլխաւորն
է
Բադնոսի
Քէօռ
Հիւսէյն
փաշան։
Այս
ցեղը
կը
բնակի
Բադնոց,
Ալճաուազ,
Ականց,
եւ
Վանայ
կուսակալութեան
Հիւսիսային
մասը։
Չարիկցիներ.
Րաեա
ժողովրդից
մի
բազմամարդ
ցեղ
են
Չարիկցիները,
խաղաղ
աշխատաւոր
ժողովուրդ
են։
Ասոնք
լեզւով
եւ
դաւանանքով
կը
տարբերին
միւս
միւսլիւմաններից
եւ
խըզըլպաշ
կը
կոչուին.
բայց
մի
մասը
կը
բնակին
Խնուս,
Շուշար,
Դերջան,
վերջապէս
Քղի,
Տէրսիմ։
Ասոնք
կը
խօսին
Չարիկցերէն
մի
լեզու
որ
թէեւ
Զազա
ների
լեզուին
կը
նմանի,
սակայն
բոլորովին
տարբեր
լեզու
է։
Թէրըքանցիք.
Այս
ցեղը
կը
բնակի
Տիգրանակերտի
կուսակալութեան
մէջ,
Հէնի
Արղանա
եւ
շրջակայքը,
լեզուն
է
Զազա
ներէն.
երկրագործ
ժողովուրդ
են։
Տմլիներ.
Աշխատաւոր
երկրագործ
ժողովուրդ,
որ
կը
բնակի
Խանջուկ,
Բալու,
Ճապաղջուր
եւ
Կէնճ.
լեզուն
է
Զազա
երէն։
Լօլանցիներ
եւ
Խօրմքցիներ.
Անոնք
խաղաղ
աշխատաւորներ
են,
Րաեա
դասակարգին
պատկանող,
կզբաղին
երկրագործութեամբ,
եւ
կը
բնակին
Կոյնուկ,
եւ
Վարդօ
գաւառներու
մէջ.
իրենց
լեզուն
եւս
Զազա
երէն
է։
Այս
ցեղերի
որոշ
թիւը
յայտնի
չէ,
որովհետեւ
կանոնաւորապէս
արձանագրուած
չեն,
սակայն
յամենայն
դէպս
միլիոնից
աւելի
են»։