Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴՕ-ՀԱՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՍՏ ՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

Երբ պատմականօրէն ու տեսականօրէն ընդունուած կը գտնենք Քիւրդական ցեղերու Մարական կորիզը, շատ բնական կը լինի հետեւիլ Հայ ու Քիւրդ նախնիներու պատմական յարաբերութիւններուն՝ ըստ Խորենացւոյ պատմութեան։

Մեր պրպտումներու մէջ, այս երկու տարբեր ցեղերու Հայերու ու Մարերու իրարու հանդէպ ունեցած բարեկամական ու թշնամական վերաբերմունքի մասին՝ շփումներու պատմականը հաւաքեցինք, որոնցմէ հանած ամեն մէկի եզրակացութիւնն է որ կու տանք, հետն առած եւ աւանդավէպերը։

Հայերու եւ Մարերու առաջին հանդիպումին. Երբ Հայերը կը տարածուին Բզնունեաց ծովի շրջաններէն եւ կը մօտենան Մարաստանի, Մարերը կը դառնան արշաւող եւ հարկառու (յաղթող) ։

Հարմայի որդի Արամի ժամանակ. (1300). Մարը պատերազմասէր է եւ ասպատակ. յաղթուած ու պատժուած Հայերէ. որմէ յետոյ յարաբերութիւնները կ՚ըլլան բարեկամական՝ հիմնուած տնտեսական հողի վրայ, գաղթականութեան մուտքը Հայերի մէջ առիթ կը լինի այդ բարեկամութեան, եւ գուցէ անուղղակի ձուլումներ կը կատարուին Հայութեան մէջ։

Մարաց Կիաքսար Ա. ի օրով. «Մարերն ու Հայերը բարեկամ են ու դաշնակից։

Կիւրոսի ժամանակ (558). Հայերը կը պատերազմին, կը յաղթանակեն, ու Մարական Նախարարութիւնը կը կազմուի Հայաստանի մէջ։

Արշակունեաց թագաւորութեան սկզբին. Կ՚երեւի որ կան զանազան հողերու վրայ անջատ անջատ իշխանութիւններ, պետական հանրային կազմի մը գաղափարը տկար է. թագաւորութեան հաստատութեամբ՝ առանձնաշնորհներու բաշխումի միջոցաւ՝ եթէ անոնք բոլորովին չեն ջնջուիր, բայց իրենց գոյութիւնը կը լուծեն քիչ քիչ թագաւորական միակ իշխանութեան մը մէջ. ատոնցմէ բացառութիւն չի կազմեր նաեւ Մուրացան իշխանութիւնը, որուն թէեւ կը տրուի երկրորդական գահ ունենալու պատիւը թագաւորէն յետոյ։ Մարերուն Հայերու մէջ ձուլումի եւ կամ բնակակցութեան ու պետական կազմի ընկերակցութեան մէկ պատկերն է այս պատմուածը, որոնց յաջորդողներ շատ կան։

Տիգրան Բ. ի ժամանակ՝ ըստ Հայ եւ օտար պատմիչներու. Մէտիան, Միջագետք, ինչպէս եւ Տիգրանակերտի վրայի մեծ ճանապարհը, ուր կը բնակուէին թափառաշրջիկ ու վայրենի ցեղերը, Հայոց Տիգրանը կը կամենայ զանոնք քաղաքակրթել մտցնելով կուլտուրա ու ճարտարարուեստ։ Այնտեղ կը բերէ օտար ցեղեր ինչպէս եւ Հելլէններ ու Արաբներ. Տիգրանակերտը որ Հայերու ու Մարերու կռուի դաշտն էր եղած, ատոր մեծ ճանապարհը կը մաքրէ թափառական եւ աւազակ ցեղերէ (հաւանականօրէն այժմեայ Քիւրդերու նախնիներէն, որոնք մինչ ցարդ կը բնակին նոյն հողերու վրայ), կը կարծուի որ Արաբներու այս գաղթով, Քիւրտ ցեղը ունեցած է եւ արաբական խառնուրդ։ Ինչ ալ որ լինին այս բարդ հանգամանքները, ատոնց մէջ որոշ կը պատկերանայ Հայերու Քաղաքակրթական ձեռներէցութիւնը աւազակ եւ թափառաշրջիկ ցեղերուն համար [1] ։

Արիոփարզանի ժամանակ. «Ըստ օտար պատմիչներու՝ Հռովմայեցիք Հայերը սիրաշահելու համար, Հայ նախարարներու հաւանութեամբ Արիոփարզանը (Մար) կը թագաւորէ Հայոց։ Այս պարագային մէջ հայ ժողովուրդը կ՚ըմբոստանայ եւ կը մերժէ զայն։ Այս կտորին մէջ արդէն նախարարութեանց եւ ժողովուրդի հայեցակէտերու բաժանումն է որ կը տեսնենք. Նախարարութիւնները, Հռովմայեցիները, ետեւէ են իշխանութիւն ու առանձնակի շահ հետապնդելու, իսկ ժողովուրդը, ազգութիւն եւ հանրային շահ։ Ազգայնականութիւնը կը ցոլանայ այս շրջանին մէջ։ Հայ ժողովուրդը երբ զէնքի կը դիմէ, Մարական թագաւորական ցեղը կը դադրի տիրապետելէ Հայերու վրայ։

Արտաշէս Բ. ի գահ բարձրանալու ժամանակ. Արտաշէսի եւ Երուանդի պատերազմներու մէջ, Մուրացան նախարարութենէն Արգամի գործունէութեան պատկերը կը փայլեցնէ ուժ, իշխանութեան մասնակցութիւնը՝ գահին երկրորդականութեամբ, փառասիրութիւն, դաւաճանութիւն, եւ դէպ ի յաղթողն հակելու միտումն։ Քիւրդ ցեղերը շատ վարակուած են այս սովորոյթէն, գուցէ ժառանգական է այդ։

Արտաւազդի ժամանակ. Տեղի կ՚ունենայ Մարաց ցեղի ջնջումը Հայերէ, այն կասկածի տակ, որ Արգամը նպատակ կ՚ունենայ թագաւորութիւնը խլել։

Միայն մի քանին Արտաշիսի հաճութեամբ պալատը դիմելով կ՚ազատուին։ Գուցէ Մարական նախարարութեան սերմի մը պահպանման նախատեսութիւն մ՚էր այս, ապագայ իշխանական կամ թագաւորական պէտքերուն գործածութեան համար։

Ասկէ յետոյ մինչեւ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումն՝ Մարաց մասին ոչ մի ուշադրութեան արժանի յիշատակութիւն կայ Հայ պատմութեան մէջ. նոյնպէս ոչ մէկ յիշատակութիւն Քրիստոնէական առաջին պատերազմէն մինչեւ Արաբացիներու արշաւանքը։ Ինչպէս եւ արաբական արշաւանքներէն մինչեւ Ռուբինեանց Իշխանութիւնը։

Կը հետեւի թէ՝ Արգամի ու իր բոլոր ցեղերու ջնջումով, Մարերու պատմական դերը կը վերջանայ Հայաստանի մէջ։

Մարերու եւ Հայերու այս համեմատական պատմութեան եզրակացութիւնը այժմ կու տայ մեզ յետագայ ամփոփումը։

«Հայ պատմութեան մէջ Մար անունը կը լռէ այս ճիւղագրական ճանապարհով, ու տեղի կու տայ Հեթումի օրով Քիւրդ իշխանի անուանը, որ ըստ պատմիչների Ազգաւ Հայ, կրօնով Քրիստոնեայ, Մարերու սերունդ ու Ամատունի էր։ Մենք դեռ չանցած այս վերջին պատմութեան՝ ըսենք մեր ամփոփումը։

Հայը Մարերու հետ ունեցած շատ բաղխումներու մէջ առաւելապէս եղած է յաղթական ու միեւնոյն ժամանակ անոր բարեկամը. Մարը յաղթուած լինելով մէկտեղ Հայութիւնն է ընդգրկած, (բաց ի այն ծանր հանգամանքներէ՝ օրինակ դաւաճանութիւն եւայլն, որոնց պատիժը շատ խստօրէն կը գործադրուէր։)



[1] Քիւրդերը կամովին կը պնդեն որ իրենք սերած են Արաբներէ, եւ կարելի է հաւատալ արդարեւ, որ իրենց գլխաւորներու որոշ թիւ մը կը պատկանի այս աշխարհակալ ցեղին։

Nouvelle Géographie universelle. page 348. par Elisée Reclus