Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ԷՇԿԵԱՆ [1]

Ինչո՞ւ կըմբոստանայ Քիւրդ էշկեան եւ ի՞նչ կուզէ. Ջնջել ուժեղը ու պաշտպանել տկարը, դուրս գալ կռուի Քիւրդ ցեղապետներու, թիւրք պաշտօնեաներու վարչականութեան դէմ։ Ցոյց տալ կաշառակերութեան դէմ առատաձեռնութիւն, շահասիրական աւազակութեան դէմ՝ պարգեւատուութիւն. պարծենկոտ յոխորտանքներու ու տկարի վրայ յարձակուելու ստորութեան դէմ՝ պաշտպանողական քաջութիւն։

Ի՞նչ է դրդիչ պատճառը. Նկատելով որ ցեղապետական ազատութիւնը ոչ մի ապահովութիւն չի ներկայացներ. ցեղի կործանման վտանգը դամոկլեան սրի պէս կախուած է իրենց գլխուն. թիւրք վարչականութեան փոփոխական քաղաքականութիւնը իրենց հանդէպ՝ առանց որոշ գծի եւ ուղղութեան՝ միանգամայն ընդ միշտ իրենց թողեր է ցեղապետական ճորտ. կը ճանաչեն ցեղապետը եւ միւսները քիւրդ հաւաքականութեան թշնամի զուտ անհատականութիւն մը։

Բաւական է որ ըմբոստ քիւրդը էշկեա դառնայ, անոր համար հաւասար կը լինի Քիւրդը, Թիւրքը, Հայը. անոնց ոչ կրօնը, ոչ ազգութիւնը, եւ ոչ դաւանած քաղաքական գաղափարները իրեն չեն հետաքրքրեր. կերթայ կողոպտել անոր որ հարստացեր է անզէն ժողովուրդի հացովն ու քրտինքովը. տանելով խլած կողոպուտը կը ծախէ սահմանէ սահման ու ոսկիներու գումարները կը ղրկէ քրդու կամ Հայու այս ու այն գիւղը. կը հրամայէ որ այսինչ տղամարդը ամուսնացնեն որ բաղդի հարուածով աղքատացեր է. այն ինչ աղքատ գեղուհուն կամ տգեղին մարդու տան. այս ու այն քահանային ընծաներով պատուեն. այնինչ կողոպտուած եկեղեցին, եկեղեցական սպասներով զարդարեն, թշուառացած ու սոված տներուն հաց ունենալու համար ցորեն, գարի գնեն, եւայլն։

Իրենց գործողութիւններու արդիւնքը վայելելու համար շատ անգամ անձամբ գնացեր են իրենք եկեղեցին՝ պսակի արարողութեան ներկայ լինելու. զարդարուած եկեղեցւոյ ժամասացութիւնը տեսնելու, ու սոված մարդկանց յագեցումէն ուրախանալու։

Գրեթէ քառորդ դար առաջ՝ այսպիսի էշկեաներէն մէկը հրապարակ իջած էր Կարնոյ, Վանի եւ Բաղէշի սահմանները՝ Համզօ անունով։

Իր նկարագիրը պատկերացնելու համար՝ բաւական կը համարենք առաջ բերել Քրդական դիւցազներգութիւն մը նուիրուած իր անուանը։

Քրդերէն

Ազէ Համզօ մա, Համզօ մա,

Սուվարէ թէջիրօ մա,

Սէրմեանէ մալա շարօ մա։

Իրօ սըհ սաթ րօժ ա

Կօ ժը խանէխո դարքեատըմա.

Նէ ժըն տիմա նէ լավըկ

Խոտէ մալա Տիւշման պլա խրապ կեա.

 

Ազէ սուվարէ թէջիրօ մա,

Դէստըմըն հայա շուրէ բարկեահէ

Սուվարէմըն թավ թօռուն ըն։

Էմ թիւ ջար նէ տըրսըն …ան.

 

Համզօ կօտ լավկէխոռա

Կուռօ՞. չըմա ռազան ա,

Իրօ րօժա րօժ մէրանտի ա

Լաչկա ժընէխո սարխո նավակեըրըն

………………………………………………

 

Մա ոսան րօժ զաֆ տիեա

 

Հայերէն

Ես Համզօն եմ, Համզօն եմ,

Թէջիրէն [2] խլուած ձիու վրայի հեծեալն եմ.

Մալա Շարօի գերդաստանի շառաւիղն եմ,

Այսօր երեք հարիւր օր է

Որ ես իմ տունէն դուրս եմ ընկել.

Ոչ կին եմ տեսեր ոչ զաւակ.

Թող Աստուած թշնամու տունը քանդի.

 

Ես թէջիրէն խլուած ձիու վրայի հեծեալն եմ.

Իմ ձեռքին բռնած ունիմ կայծակէ սուր.

Իմ հեծելազօրը ամբողջովին ազնուականներ են,

Եւ մենք երբէք …էն չենք վախենար։

 

Համզօն ասաց որդիներուն.

Կուռօ (էյ տղերք). ի՞նչ էք քներ.

Այսօր օր է, օր Մէրութեան [3]

Ձեր կիներու լաչակներով ձեր գլուխը մի՛ ծածկէք։

………………………………………………………………

Մենք այսպիսի օրեր շատ ենք տեսեր։



[1] Էշկեա. կը նշանակէ, թէ փախստական ոճրագործ աւազակ՝ եւ թէ գաղափարական աւազակ. մեր նիւթը վերջինին մասին է, որ այժմ գրեթէ անհետացեր է Քրդերու մէջէն, տեղը տալով առաջինին։

[2] Թէջիր, ձիերու երամակներու վաճառական կը նշանակէ նաեւ։

[3] Մէր. քաջ տղամարդ, հերոս, արդի նշանակութեամբ որ բացատրած ենք արդէն. գուցէ ծագած Մար ցեղական անունէն։