ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ
ՆԵՐԿԱՅ
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ըստ
«H.
F.
B.
Lynch»ի.
«Եթէ
քարտէսի
վրայ
երեւակայական
գիծ
անցունենք
Մուշէն
Էրզրում
դէպի
ծովը,
միւսիւլման
բնակիչները
հետեւեալ
կերպով
կը
բաժնենք։
Էրզրումի
հիւսիսային
կողմը
եւ
այս
գծին
երկու
կողմերը
թիւրք
բնակչութիւն,
կը
տարածուի
արեւելեան
Ռուսական
սահմանէն՝
արեւմտեան
Եփրատի
երկայնքը
մինչեւ
իր
ցեղի
արեւելեան
ճիւղը։
էրզրումի
հարաւային
երկրամասը
եւ
գծին
արեւմտեան
կողմը
Գըզըլ-պաշ
Քիւրդերն
են,
եւ
որոնք
կը
խօսին
Քիւրդիստանի
տիրապետող
բարբառը։
Քիւրդ
ժողովրդի
հողային
տարածութիւնը
(աշխարհագրական)
կը
զանազանի
քաղաքակրթական
ուժերու
զօրացման
ու
տկարացման
համեմատ։
Սակայն
իրենց
տոհմիկ
հայրենիքը
ու
բնակավայրը
այն
լեռներն
են,
որոնք
իրենց
մէջ
ունին
Տիգրիսի
ակերը։
Արեւմտեան
կողմը
Եփրատէն
մինչեւ
հարաւ
Պարսկական
ծոցը
եւ
այն
շղթաները
որոնք
կը
պահպանեն
Հայաստանի
եւ
Պարսկաստանի
բարձրաւանդակները
որ
ծանօթ
են
Տօրոս
եւ
Զագրօս
անունով՝
կը
բնակուին
արիական
ծագում
ունեցող
ցեղերով
(tribus)։
Քիւրդերը,
եւ
աւելի
հարաւը
Լօռերը,
եւ
որոնք
կը
նկատուին
բարբառի
ու
կրօնի
որոշ
տարբերութիւններով,
բայց
անոնք
կը
ներկայացնեն
ընդհանուր
յատկանիշ.
―
Նստակեցութեան
եւ
Օրէնքի
հպատակութեան
անհամբերողութիւն։
Իրենց
կենցաղը
ուղղակի
կ՚որոշուի
իրենց
աշխարհագրական
դիրքերով
եւ
հովուական
պարապմունքներով»։