Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ՀԱՄԻՏԻԷ ԳՆԴԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ի՞նչ է Համիտիէն. Աշիրաթապետներէ կազմուած քրդական նոր հեծելազօր, գունդ գունդ կազմուած՝ ու կնքուած Սուլթան Համիտի անունով։

Բոլոր քաղաքագէտ իրազեկ շրջաններու կարծիքը ու նոյն իսկ իրականութիւնը այն է որ, Համիտիէ-հեծելագնդերը կազմուեցան ըստ էութեանը՝ ներքին թշնամիներու, այսինքն Հայերու դէմ կռուելու համար, եւ ըստ արտաքին երեւոյթին՝ սահմանակից եւ կամ ուրիշ արտաքին թշնամու դէմ։

Սուլթան Համիտը հայերուն կը նկատէր պետութեան ներքին թշնամիները։

Աշիրաթները «Համիտիէ» դառնալով չը դադրեցան իրենց Աշիրաթական հին վարչական կազմերէն։ Ստացան առանձնաշնորհներ եւ զանազան արտօնութիւններ այն աստիճանի՝ որ գրեթէ իրենց բոլոր անիշխանական գործունէութեանց նկատմամբ անպատասխանատու կը մնային, եւ պետութեան հանդէպ ալ հարկատւութենէ ազատ էին գրեթէ։

Համիտիէներու սխրագործութիւններու համար՝ բաւական է հայկական ջարդերու պատմութիւնը։ Բայց մենք որոնենք օտար հեղինակաւոր կարծիքներ, այս կազմութեան եւ իրենց արժէքի նկատմամբ։

«H. F. B. Lynche իր «Armenia»ի մէջ հետեւեալ դիտողութիւնները կ՚ընէ Համիտիէ գունդերու մասին։

«Համիտիէներու գլխաւոր կեդրոնը Մանազկերտն է. կան երեսուն գունդ (régiment). իւրաքանչիւր գունդը կը բաղկանայ 600 անուանական մարդերէ, բայց երբէք անոնք ի միասին մարզանք չեն կատարած։ Երբ 1892ին իւրաքանչիւր գունդէն ջոկատ մը զօրահանդէս (պարատ) կատարեց Էրզրումի մէջ, իմ տեղեկութեան համաձայն՝ անոնց թիւը երկու հազարի չը բարձրացաւ. եւ անոնք տխուր վիճակ մը ներկայացուցին թիւրք զօրավարին։

Թիւրք կառավարութիւնը քիչ պատճառներ ունի գոհ մնալու Քրդերու մասին ունեցած փորձառութիւններէն, անոնց ներկայութիւնը երկրին մէջ ծայրայեղօրէն աղետաբեր է։

Քրդերը Ռուս-Թիւրքական պատերազմի մէջ ո եւ է զինուորական արժէքը մը ցոյց չը տուին։ 1829ի եւ 1854ի պատերազմներու մէջ քիւրդ շէֆերը մէկ տէրութենէն դէպի միւս տէրութիւնը հակեցան, եւ մինչեւ անգամ օգնեցին խուժող բանակներուն անցք տալով։

  1877ին Քրդերը թրքական բանակի ամենէն վտանգաւոր տարրն եղան, եւ ինչպէս ականատես մը կը վկայէ, ամենախոշոր անկանոն ձիաւոր բանակներն էին, որոնք բոլորովին անյարմար էին դիմադրութեան եւ պատերազմական լուրջ գործողութիւններու։

Իրենց ընթացքը հանդէպ վիրաւորներու եւ սպանուածներու՝ թրքական անուան արատ բերաւ։

Այս ամենը տակաւին չեն համոզած թիւրք կառավարութիւնը, ետ կենալու այս ժողովուրդը զինուորական այդ ձեւով կազմակերպելէ, որ երբէք չի կրնար կառավարութեան օգնել, մինչեւ որ անոնք չը կորսնցնեն իրենց ըմբոստութեան ուժը ու իրենք զիրենք օրէնքի հպատակեցնեն»։

Միթթայլունկէն Աուստէմ Օրիէնդ (Տեղեկութիւններ Արեւելքէն) գերմանական ամսաթերթի մէջ կը կարդանք. (հրատարակուած 1904 նոյեմբերին. Ֆրանգֆուրթ. տետր 2րդ։

«Համիտիէ գունդերը չի կրնար ըսուիլ որ բարեկարգութեան նպաստած ըլլան, ընդհակառակն քիւրդերը հիմա իրենց յափշտակութիւնը եւ կողոպուտը իրաւունքի երեւոյթին ներքեւ կը շարունակեն. եւ ուր որ քրիստոնեաները չեն կրնար կողոպտուիլ, անոնց տեղ զոր օրինակ Մուսուլի վիլայէթին մէջ մահմետականները կը հարստահարուին»։

Կը նկարագրէ հարստահարութեանց դէպքերը։

Թիւրք կառավարութիւնը Համիտիէ գունդերը ստեղծելով՝ ուզեց իրեն անձնուէր մարդիկներ ունենալ, ասոնք կառավարութեան միւս զօրքերուն հետ կապ չունին. տիսիպլինի եւ կամ զինուորական կրթութեան եւ ոչ խօսք կրնայ ըլլալ, ընդհանրապէս ուզածնին կ՚ընեն. ասկէ կը հետեւի որ կառավարութիւնը, իր այսօրուայ պէտքերուն համար ամենեւին չի համարձակիր՝ Համիտիէ գունդերը իւր երկրին ուրիշ մասերը ղրկել, զոր օրինակ Եէմէն կամ Մակեդոնիա։

Այս համիտիէ գունդերը քանի որ կարգ կանոն եւ որոշ գործունէութիւն մը չունին, խաղաղ բնակիչներուն զարհուրանք եւ սարսափ եղած են. ասոնք Սուլթան Համիտի grenadier գունդերն են, եւ որու համար պէտք չունին իրենց հացը աշխատելու. բայց ինչո՞վ ապրիլ, թոշակի խօսք անգամ չըկայ. ուստի պէտք են յափշտակել, եւ որմէ՞ պէտք է յափշտակեն, եթէ ոչ Հայերէն։ Այսպէսով յառաջ եկաւ կատարեալ յափշտակութեան սիստէմ մը»։

Կը նկարագրէ տնտեսական փճացումները, կառավարական ֆինանսի կրած հարուածը եւայլն, որը աւելորդ կը համարենք տեղիս համար առաջ բերելու»։

Տօքտ. Լէփսիուսի Տէր Քրիստլիխէ Օրիէնդ (Քրիստոնէական Արեւելք) ամսաթերթի մէջ նոյնպէս կը կարդանք (հրատարակուած Պերլին. 1900. մարտ-ապրիլ)։

Նկարագրելով Մոլդքէի տեսութիւնները քրդական ապստամբութեան եւ կառավարութեան ձեռք առած միջոցներու վրայ՝ կ՚ըսէ։

«Քրդական կառավարութիւնը խորհեցաւ, թէ ի՞նչպէս կարելի պիտի դառնայ իրեն համար կեդրոնական ուժ հաստատել Քիւրդիստանի մէջ՝ յղացաւ հետեւեալ ծրագիրը։

Քրդական անկանոն բանակներ կազմելու միջոցով հարուած տալ Քրդական ցեղերուն, եւ թրքական բանակը այս կերպով Ռուսիոյ դէմ զօրացնել, ու դաւադրական մեքենայութեամբ (conspiration) ռուսական ժառանգական թշնամութեան արգելք մը դարձնել։

Ծրագիրը կազմած է Գօլց փաշան ։

Այս ծրագրի գործադրութիւնը այնքան խղճուկ եղաւ, ինչպէս անոր գաղափարն էր։ Թիւրքիոյ մէջ ամեն մարդ, թրքական փաշաներ, Եւրոպական հիւպատոսներ, ճանապարհորդներ, ինչպէս եւ բոլոր ներքին հանգամանքներ ճանչցողները անկեղծօրէն կ՚արտայայտեն թէ, Համիտիէ բանակի կազմութիւնը ոչ միայն ջուր ծեծելու պէս բան մ՚էր, այլեւ մեծ վտանգ թրքական պետութեան գոյութեան համար՝ իր արեւելեան սահմաններուն վրայ, եւ արդէն խարազան մ՚էր եղած քրիստոնեայ եւ մահմետական ժողովուրդներուն»։     

Նկարագրելով անոնց հարստահարական գործունէութիւնը, կ՚աւելցնէ. «Համիտիէներու բանակը եղած է աւազակներու ընկերութիւն մը». «Եւ այս անկանոն բանակները պատերազմի ժամանակ ի՞նչ կ՚ընեն, հարցուցի այդ վիճակէն լաւատեղեակ մարդու մը, «Անոնք տունը կը մնան, եւ երբ կանոնաւոր բանակը հեռացած է, երկիրը աւերակ կը դարձնեն» ըսաւ։

Այսչափը կը բաւէ Համիտիէներու զինուորական արժէքի մասին։ Սահմանադրութենէն գրեթէ բաւական ժամանակ յետոյ, (1911. մարտ 15)՝ թիւրք թերթերը գրեցին. «Պէտք եղած տեղերը ծանուցուած է, որպէս զի Ուրֆայի մէջ կազմուած թեթեւ հեծելազօրքերը անհնազանդութեան պարագային՝ ենթարկուին բանտարկութեան եւ ուրիշ պատիժներու, որոնք նշանակուած են Սուլթանական իրատէով վաւերացուած կանոնադրութեան մէջ. իսկ երբ այդպիսիները պատժապարտ արարքներ գործեն, զէնքի տակ չը գտնուած ատեն դատուին սովորական դատարաններու առջեւ»։

Համիտիէներու կազմութիւնն ու անոր շարունակութիւնը՝ զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական կնճռոտ խնդիր մը դարձած է թէ տեղական ժողովուրդներու, թէ պետութեան, եւ թէ քիւրդ ցեղերու համար։