Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ԵՒ ՀԱՅ ՏԷՐԷՊԷՅԻՆԵՐԸ
(Քիւրդ եւ Հայ կիսանկախութիւն Օսմ. գերիշխանութեան տակ. Վանի բերդը Հայերու իշխանութեանը յանձնուած. Զինական պահեստը ու գործածական զէնքերը նոյնպէս Հայերու ձեռքը)

Եթէ ներուի ինձ ըսել, ի բաց թողնելով հայկական լալկանութիւնը որ կու գայ Խորենացու օրերէն, հայ պատմութիւնը միայն ի նկատի առած է իր կրած մեծ ու փոքր թշուառութիւնը, զայն խոշորցուցած՝ ողբացած է դարերով՝ ու յուսահատած բոլորովին, անտես առեր է ազգերու կեանքին հետ անհրաժեշտօրէն կապուած այդ ողբերգութիւնները. ասոր հետ մէկտեղ մեր պատմագիրները մոռացութեան են տուեր մեր եթէ ոչ մեծ՝ այլ փոքր փոքր յաջողութիւնները, երազելով միայն հսկայականը, որու համար միշտ կորսնցուցեր են։

Տէրէպէյութիւնը աւազակութիւն լինելով մէկտեղ՝ նախ իշխանութիւն մ՚է եղած, Միջնադարեան տիրապետական ձեւ, բայց չափուած Հայկականի վրայ։ Միայն Քիւրդերը չեն որ ունեցեր են Տէրէպէյիներ, նոյնն ունեցեր են եւ Հայերը նոյն իսկ ասկէ ¼ դար առաջ։

Բայց անցնինք մեր պատմական հին Հայ-Տէրէպէյիներուն։ Նախ յիշատակենք որ գլխաւորապէս Վանն է եղեր Հայ-Տէրէպէյիներու կեդրոնական իշխանութեան վայրը։ Վանի բերդը մնացեր է Դանկովեաններու ձեռքը. բերդին բերդապահը եղեր է Դանկովեան Օհաննէս անունով մէկը՝ միեւնոյն ժամանակ թնդանօթաձիգ. բերդի թնդանօթները, զինական պահեստը, անոր իշխանութեան տակն են, ինչպէս եւ բերդի բանալին։

Այս ցեղը այն պատճառաւ կոչուած է Դանկովեան, որովհետեւ իրենց տրուեր է Դանակ կրելու իրաւունքը. Դանկովեան սերունդը այժմ կայ եւ կը բնակուի Վանի Արարուց թաղը։

Թարխանները, Թարխանութիւն կը նշանակէ անկախութիւն, հարկատւութենէ ազատ մնալը։ Արճէշի մէջ հայ տուն մը եղած է Թարխան. ասոնք բազմանալով եօթ գիւղի չափ դարձած են կ՚ըսեն, եւ կը կոչուին Թարխաններ ։ Օսմանեան Սուլթան մը ֆէրմանով ճանչցեր է անոնց Թարխանութիւնը ։ Այս գիւղերը 15-20 տարի առաջ տուրք չէին վճարեր իբր Թարխաններ ։