[1]
«Հայաստան,
Քրդստան
եւ
Արեւմտեան
Պարսկաստան»
Բաբելական-Ասորեստանեայց
սեպագրերու
համաձայն»։
Մադաի.
(Մատաի,
Ամադաի)։
«Մադաի
ըսուածներն
առաջին
անգամ
կը
յիշուին
—
Ամադաի
ձեւով
Սաղմանասար
Բ.
ի
ժամանակ։
Ասիկա
թագաւորութեանը
24րդ
տարին
նախ
Ամադաի
ըսուածներուն
երկիրն
է
եւ
ապա
Արազիաշ
եւ
Հարհար
իջաւ։
Մադաիացիք
Տեգղաթպիղեսեր
Գ.
ի
շատ
հոգ
ու
աշխատութիւն
պատճառեցին։
Թագաւորն
անձամբ
անոնց
դէմ
երկու
անգամ
արշաւեց
744
եւ
757
(թագաւորութեանը
2րդ
եւ
9րդ
տարիներունը)։
Արձանագրութեանց
մէջ
երկայն
ցուցակներ
պահուած
կան
մթագոյն
Մարաց
այն
գաւառներուն,
զորոնք
առած
է
այս
թագաւորը։
Այս
գործառնութեանց
առաջինն
է
յայտնապէս
այն
տեղեկութիւնը,
որ
կ՚ըսէ
թէ
Ասորեստանցւոց
թագաւորը
60,
500
հոգի
եւ
անոնց
ստացուածքը,
ձիերը,
…
ուղտերը,
եզերն
ու
ոչխարաց
անհամար
հօտերն
առաւ
տարաւ։
Երկրորդ
արշաւանքին
հետեւութիւնն
եղաւ
8,
650
հոգւոյ…
(պակաս
կամ
եղծեալ
մաս)
…
300
ջորւոյ,
660
իշու,
1,
350
արջառի,
19,
000
ոչխարի
տարուիլը։
Ըստ
երեւոյթին,
Սարգոն
ամենէն
աւելի
սաստկութեամբ
կռուած
է
Մարաց
դէմ՝
որ
օր
քան
զօր
կաճէին
անդադար
նոր
եկողներով։
Պարծանաց
արձանագրութիւնն
եւ
տարեգրութիւնք
կաւանդեն
բազմաթիւ
մարական
երկիրներու
անուններ։
Խորսաբադի
արձանագրութեան
համեմատ՝
թագաւորն
ընդամենը
մարական
34
գաւառ
նուաճած
եւ
ստիպած
է
որ
տարեկան
որոշ
թուով
ձի
ու
հարկ
տան։
Նմանապէս
արտաքոյ
կարգի
ամրութիւններով
օգնած
է
Հարհարի
(Կար-Շարրուկին)
որ
ամենէն
կարեւոր
կէտն
էր
Ասորեստանցւոց
ազդեցութիւնը
կանգուն
պահելու։
Մադաիի
դէմ
մեծ
արշաւանք
մ՚ալ
եղած
է
թագաւորութեանը
6-րդ
տարին։
Նոյն
ատեն
28
«քաղաքատէր»
հարկատւութիւն
մը
յանձն
առին,
նմանապէս
յաջորդ
տարին
22
մար
ցեղապետ
իրենց
ընծաները
ղրկեցին։
Այս
դէպքերը
կրկնուեցան
Սարգոնի
թագաւորութեան
2րդ
եւ
9րդ
տարիները.
վերջին
տարին
մինչեւ
անգամ
42
«քաղաքատէր»
տուին
4609
«ձի,
ջորի,
արջառ,
եւ
անհամար
ոչխար»։
Սանհէրիպ
Մարերէն
հարկ
առաւ,
երբ
Ելլիպիէն
գալով
մօտեցաւ։
Ծիծաղելի
մեծաբանութիւն
է,
երբ
այս
թագաւորը
կ՚ըսէ
թէ
իր
նախնիքներն
եւ
ոչ
իսկ
«հեռաւոր
Մատտիացւոց»
անունը
գիտէին։
Մարական
այլեւայլ
ցեղերու
միութիւնը
պէտք
է
որ
իյնայ
Սանհերիբի
արշաւանքին
եւ
Աստրհագգոնի
գահ
ելլելուն
ժամանակամիջոցի
մէջ։
Ասոնց
առաջնորդն
էր
Մամիտիարշու
«քաղաքատէր»
Մարաց։
Այս
անձը
Մաննացւոց,
Կիմմերացւոց,
եւ
Սապարդացւոց
հետ
նիզակակցութիւն
մը
կազմեց
որուն
գլուխն
անցաւ
Կազտարիտ,
Կարկաշշիի
քաղաքապետը։
Այս
նիզակակցութեան
ծանր,
Ասորեստանցւոց
վտանգ
սպառնացող
յարձակումները,
քաղաքական
հիմքը
կը
կազմեն
Կույունջուկի
բնագիրներուն
մէկ
շարքին,
զորոնք
Կնուդսոն
«Gebetean
den
Jonnengolt»
տիտղոսին
տակ
հրատարակած
է։
Նիզակակիցք
ի
սկզբան
յաջողութիւն
ունեցան,
եւ
մարական-ասորեստանեայ
սահմանին
վրայ
գտնւող
քանի
մը
տեղեր
առին,
մինչեւ
որ
Գիմմերացւոց
պարտութիւնն
ընդ
առաջնորդութեամբ
Տիւշպայի
(յամին
677)
այս
նիզակակցութիւնը
թոյլցուց
եւ
հասունցուց
դաշնադրութիւն
մը
Ասորեստանցւոց
եւ
Մարաց
մէջ։
Այս
դաշնադրութիւնը
կ՚ընդունէր
Մարական
նիզակակցութիւնը։
Հաւանականօրէն
Մարերը
վախցնելու
եւ
Ասորեստանցւոց
դէմ
թշնամական
անագորոյն
գործառնութիւններէ
ետ
կեցնելու
դիտմամբ»։
(Բազմավէպ
թիւ
5,
1904,
երես
157)
(Երես
158).
—
«Բեւեռագիր
արձանագրութիւնները
մեզ
կը
ծանօթացնեն
Մարական
երկիրներու
եւ
քաղաքական
անուններ
մեծ
բազմութեամբ։
Մեր
ծանօթութիւնները
դեռ
բաւական
չեն
այս
անունները
ըստ
տեղւոյ
խումբ
խումբ
բաժնելու»։
(Երես
218).
—
«Այն
խօսքը
թէ
Մադաիացիք
Ասորեստանցւոց
լուծը
թօթափելով
լեռները
ու
բացաստանները
քաշուեցան
եւ
վրաններու
տակ
բնակուեցան,
կրնանք
այնպէս
մը
մեկնել
որ
առաջ
Արեւմուտք
կը
բնակէին,
ուստի
Ասորեստանի
մօտ։
Սակայն
կրնայ
անիմաստ
խօսք
ալ
ըլլալ,
Մանդանիացիք
երբէք
իրենքզիրենք
Ասորեստանի
հպատակ
համարած
պիտի
չըլլան։
Մանդանիացիք
Մարական
ցեղ
մըն
էին։
Քիւրդերու
պատմականապէս
փախստական
ու
լեռնական
դառնալը
կը
հաստատեն
ուրիշ
գիտնականներ,
որ
պիտի
տեսնենք
իրենց
կարգին։
(Երես
241).
—
«Բեւեռագրութիւնք
միեւնոյն
ազգին
ու
երկրին
նոյն
անունը
կու
տան
երեք
տարբեր
ընթերցուածներով.
Ամադաի,
Մատաի,
եւ
Մադաի։
Առաջ
Մատաիի
հետ
կը
համեմատէին
Մատիանացիները,
որ
Ուրմիոյ
լճին
շուրջը
բնակող
ժողովուրդ
մ՚էին՝
ամենահին
ատեններն
իսկ
իբր
Յառաջակողմեան
Ասիոյ
ամենանշանաւոր
ազգերէն
մին՝
Ալիս
գետէն
մինչեւ
Ուրմիոյ
լիճը
տարածուած
ըլլալով։
Շատ
անհաւանական
է
որ
Մադաի
եւ
Մատաի
անուններն
իրարմէ
տարբեր
ըլլան»։
(Երես
292).
—
«Հայաստանի
տարածութեան
եւ
սահմաններուն
վրայ
ամենեւին
տեղեկութիւն
չեն
տար
Դարեհի
(522-486)
արձանագրութիւնները
որ
մէյմը
Հայաստանը
Մարաց
եւ
Կապադովկիոյ
(Beh.
1,
15),
մէյմ՚ալ
Եգիպտոսի
եւ
Կապադովկիոյ
մէջտեղը
կը
յիշեն։
Ընդհակառակն
Հերոդոտոս
կ՚ըսէ
(5,
49,
52)
թէ
Հայաստանն
է
Մադիենէի
եւ
Կիլիկիոյ
մէջ՝
վերջապէս
Եփրատով
բաժանուած.
կ՚ըսէ
թէ
Եփրատէն
դէպ
ի
արեւելք
56½
փարսախ
կը
տարածուէր
(Այստեղ
հասկցուածն
է
հարաւային
Հայաստանը
վերին
Տիգրիսի
վրայ,
Եփրատէն
մինչեւ
Կորդուաց
աշխարհը։)
Մատիացիք
Կողքիացւոց
եւ
Մարաց
մէջտեղը
բնակող
Սասպիացւոց
(1,
104,
4,
37)
եւ
Ալարոտեանց
հետ
կը
կազմէին
Դարեհի
տրոց
18րդ
շրջանակը
(3,
94),
իսկ
Հայք
Պակտիացւոց
(?)
(ըստ
Սիեկլինի
Atlas
antiq
8դ
տախտակ).
ասոնք
Տիգրիսի
վերին
ընթացքի
վրայ
կը
բնակէին)
եւ
իրենց
մինչեւ
Պոնտոս
տարածուող
դրացիներուն
հետ
(3,
93)
13դ
շրջանակ
մը
կը
կազմէին։
Բայց
որովհետեւ
Մատիացիք
Վանայ
եւ
Ուրմիոյ
լիճերուն
մէջտեղը
կը
բնակէին,
Սասպիացիք
վերին
Երասխայ
վրայ՝
ոչ
շատ
հեռու
Հայոց
Սպեր
գաւառէն
(4).
Կիպերտ
(Alte
Geogr.
s.
70,
75).
Վերին
Երասխայ
հիւսիսակողմը
եւ
Արփա
չայիի
արեւմտակողմը՝
մինչեւ
մերձաւորապէս
Ուրմիոյ
լճին
հիւսիսային
եզերքը
(Sanda
անդ.
23),
ուստի
կարելի
է
ընդունիլ
թէ
իրենց
հետ
մէկտեղ
18րդ
շրջանակին
վերաբերող
Ալարոտեանք,
որոնց
անունը
Կիպերտէն
ի
վեր՝
Ասորեստանցւոց
Ուրարտու
եւ
Հայոց
Արարատ
անուանը
մէջ
գտնուած
կը
համարուի,
միջին
Երասխայ
գտնուող
երկիրները
բռնած
էին։
Ուստի
Դարեհի
ժամանակները
Երասխայ
հովիտը
եւ
Վանայ
լճին
արեւելակողմը
Սասպիացիք,
Ալարոտեանք
եւ
Մատիացիք
կը
բնակէին,
իսկ
Հայերը
դեռ
հոն
չէին
բնակեր
նոյն
միջոցին։
Ասոնք
կը
վերաբերէին
այն
նահանգին,
զոր
Դարեհ
իր
արձանագրութիւններուն
մէջ
բնակող
գլխաւոր
ժողովրդէն
առնելով
«Հայաստան»
կոչած
է։
«Հայաստանի
«Արմէնիա»
անունը
Կիպերտին
կարծեօքը
(Alte
Geogr.
s.
75)
Մարերէն
Պարսից
եւ
Յունաց
անցած
է։
Այս
անուան
մինչեւ
հիմա
տրուած
մեկնութիւնները
(տես
Murad,
Ararat
und
Mans.
18-19.
շար
79)
առհասարակ
գոհացուցիչ
չեն»։