Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՐԷՊԷՅԻՆԵՐԸ ԵՒ ԵԷՆԻՉԷՐԻՔ.
ԵԶՏԻՆՇԷՐԸ
(Ապստամբական շարժումներ. Աւազակային դաշնակցութիւններ. Իշխանական կռիւներ. Հայերն ու Քիւրդերը ի միասին բաժանուած շրջան շրջան. Եկեղեցիներու ու վանքերու կողոպուտը եւ եկեղեցականներու խոշտանգումն ոչ իբր Հայ կամ Քրիստոնեայ լինելուն համար, այլ իբր մէկ շրջանի միւս շրջանի դէմ քաղաքական հակառակորդներ. Կ. Պոլսի ժամանակակից կառավարութիւնը զօրաւորին կողմը)

Ճուլամերիկ, ինչպէս այժմ, նոյնպէս թուականէս 245 տարի առաջ, ըստ Առաքել պատմագրի՝ Հայոց 1104 թուականին, Քիւրդերու Տէրէպէյութեան գլխաւոր քաղաքներէն մէկն էր. եւ կամ եթէ կարելի է ըսել՝ Տէրէպէյութեան մայրաքաղաքն էր։ Եզտին-Շէր Տէրէպէյին, կը կոչուէր մեծ իշխան Մարաց, տէր Ճուլամերկայ եւ Շատախու, եւ ուրիշ շատ գաւառներու։

Վանի մէջ կ՚իշխէ Հիւսէյն աղա, իշխան եւ հրամանատար տիտղոսով. Խօշապի բերդին կ՚իշխէ Սիւլէյման բէգ։ Այս վերջինը Վանէն Թաւրիզ գացող կարաւանները կը կողոպտէ։

Վանի իշխող Հիւսէյն աղան կը դաշնակցի Եզդին-Շէրի հետ, իր եղբօր աղջիկը անոր կնութեան տալով, կը զօրանայ, ու իր իշխանութեան կ՚ենթարկէ Փաշան, Ղադին, Ենկիչար աղասին, եւ բոլոր միւսները։ Քաղաքէն կը սպաննէ 10 իշխան, որոնց մէջ եւ Կուլար աղասին [1] ։ Միւս իշխանները կը դառնան փախստական։ Երբ փաշային Պոլսէն պաշտօնանկ կ՚ընեն, նա կը միանայ Հիւսէյն աղային, որով անմիջապէս նորեկ ուղարկւած փաշան (կառավարիչը) նորէն ետ Կ. Պոլիս կը վերադարձնեն։

Սինան անուն Ենկիչար աղասին Վան գալով կը տիրապետէ բերդի վերի մասին, Հիւսէյն աղան կ՚իշխէ ներքին մասին։ Ենկիչար աղասին թնդանօթներով կը ռմբակոծէ Հիւսէյն աղան եւ չի յաջողիր անոր յաղթել։ Նախկին պաշտօնանկ փաշա մը, ասպատակ Չօմարը, կը դաշնակցի Խօշապի բերդի տէր Սիւլէյման բէգի հետ, եւ իր իշխանութիւնը հաստատելով, օգնութիւն ցոյց կու տայ Ենկիչար աղասուն։ Չօմար եւ Սիւլէյման բէգ կը հասնին մինչ Վարագ, ու միաբանները չարչարելով, կը կողոպտեն, կը խլեն եկեղեցական շատ ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներ, որոնց հետ եւ Ս. Նշանը, ու կը տանին Խօշապայ բերդը։ Հիւսէյն աղան Վանի իշխողը, կը դիմէ իր դաշնակից Եզդին-Շէրին ու կ՚ըսէ. Վանի իշխաններն [2] ու Սիւլէյման բէգ իմ թշնամիներն են. ես քո օգնութեան պէտք ունիմ։ Ինչպէս կ՚երեւի, Վանի իշխանները մաս ունեցեր են այս կռիւների մէջ՝ Հիւսէյնին տապալելու համար. ու երբ միացեր են Սիւլէյման բէգին, Վարագայ եկեղեցական հարստութիւնները չեն կամեցեր թողուլ Հիւսէյնի իշխանութեան տակ, ու Խօշապ են տարեր։ Այդ կը հաստատուի այն առաջարկէն, որ Սիւլէյման բէգ, կը թելադրէ իր շրջանի մէջ եղած Հոգւոց-Վանուց Պետրոս վարդապետին, որ Ս. Նշանը Վարագ մնալու փոխանակ՝ Հոգւոց-Վանքը մնայ. բայց Պետրոս վարդապետը նախ կը տարակուսի, եւ ապա յանձն չառներ, առարկելով թէ անոնց ստացուածքը անոնց կը պատկանի եւ մերը մեզ։ Հայերը այսպէս՝ Քիւրդ Տէրէպէյիների հետ լինելով բաժան բաժան, եղած են շրջան շրջան, եւ մինչեւ անգամ եկեղեցիներ ու կրօնական անօթները կամեցեր են ունենալ իրենց շրջանի մէջ իբրեւ իրենց իշխանութեան պատկանելի։

Եզդին-Շէրը Հիւսէյնին հազար հինգ հարիւր զօրք օգնութեան կ՚ուղղարկէ։ Վանայ փաշան կը փախի, եւ Հիւսէյնը բերդէն դուրս գալով կը յանձնուի Եզտին-Շէրին. պարանով անոր բերդէն վար կախելով կը յանձնեն։ Եզտին-Շէրը կ՚սպաննէ Չօմարին, իր գործողութիւններու մասին կը տեղեկագրէ Կ. Պոլիս՝ թագաւորին, եւ վերջինս կը յանձնէ անոր Սղերդը, որքան ժամանակ որ ինքը կենդանի մնայ։

Յետոյ խլուած Ս. Նշանը ծախու կ՚առնէ Վանեցի իշխան մը՝ որին Առաքել պատմագիրը կը կոչէ. «Այր ոմն երեւելի եւ բարեպաշտօն Քրիստոնեայ ի խօջայից քաղաքին Վանայ։ Սա էր ինքն Խանենց Խօջա Թումայի որդին՝ որոյ անունն էր Մարխաս Չալապի»։

Ինչպէս կ՚տեսնուի այս վերջին դէպքէն՝ Օսմ. իշխանութիւնը դեռ իր ամբողջ ուժով հաստատուած չէր, եւ նա ստիպեալ կը հաստատէր ու կը քաջալերէր այն իշխանութիւնը որ զօրեղ կը ներկայանար, թող որ նա ապստամբէր, յաղթէր ու սպաննէր իր ներկայացուցիչներն անգամ։



[1] Հաւանական է Վանկուլիների գլխաւորը, տես «Վանկուլիները» Ծ. Հ.

[2] Կ՚ակնարկէ Հայերու։