Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒՍՕ-ԹԻՒՐՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ՅԵՏՈՅ ՇԷՅԽ ՈՒՊԷՅՏՈՒԼԼԱՀ ԻԲՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ

   Շէյխ Ուպէյտուլլահը Շըխական հին սերունդէ է, կը կոչուի Կէեյլանիզատէ, սերունդին շարունակութիւնը կը հաշուեն մօտ 600 տարի։ Իրենց այս նախնիքի վրայ պատմութիւններ կան, որ նա կը մերժէր Պաղտատի իշխողներու նուէրները՝ որոնք կը ղրկուէին իրեն իշխողներուն, կողմնակից դառնալու համար, առարկելով թէ՝ անոնք կազմուած են հասարակ ժողովուրդի արիւնէն։

Այս ցեղը աւանդաբար պահպանելով իր մէջ ժողովրդական ոգւոյ այս առաքինութիւնը, ադոր հետեւանքով ալ մասամբ պահպաներ է եւ իր մեծութիւնն ու ազդեցութիւնը։

Այս ազդեցութեամբ էր որ Շէյխ-Ուպէյտուլլահը հրաւիրուած էր իբր կրօնա-զինուորական գործիչ՝ Շամզտինանէն-Ռուսօ-Թիւրք-Պարսկական սահմանագլխէն՝ մասնակցելու Ռուսներու դէմ ունեցած Թիւրքերու պատերազմին՝ յիսուն հազար քիւրդ կռուողներով։

Պատերազմէն յետոյ երբ վիրաւորուած Թիւրքիան պէտք ունէր կազդուրուելու, ուժովնալու նոր բարեկարգ միջոցներով ու առողջամիտ ուղղութիւններով, Սուլթան Համիտը աւելի կը բանար հին վէրքը դիմելով կրօնա-քաղաքականութեան։

Քիւրդ Շէյխերը այսպիսով կը դառնային քաղաքական ղեկավարներ՝ կազմակերպուած կերպով, երկրի մէջ ցեղ ցեղի վրայ հանելու ու ջնջելու համար։

Շէյխ Ուպէյտուլլահի օրով ծագեցաւ «Քրդական միութեան» հարցը, քաղաքական նոր փուլի մը իբր սկիզբ։ Սուլթան Համիտը կը կամենար պատմական Հայաստանի աշխարհագրական անուան տեղը փոխարինել կազմակերպուած նոր անուն «Քիւրդիստան»ով։

Շէյխ-Ուպէյտուլլահը կը հրաւիրուէր արշաւել Հայաստանի վրայ ու քար ու քանդ դարձնել այն։ Բայց անցան այնպիսի դարձուածներ՝ որ նա իր զօրքերու քայլերը փոխանակ Հայաստանի վրայ ուղղելու, դարձուց դէպի Պարսկաստան։

Անոնք անցան մինչեւ Ուրմիա, եւ կը հասնէին մինչեւ Թաւրիզ, եթէ արտաքին միջամտութիւններ չը լինէին։ Այս քրդօ-պարսկական պատերազմին կը մասնակցէր եւ իր որդի երիտասարդ Շէյխ Ապտիւլ-Կատիր՝ որ ըստ քրդական աղբիւրներու՝ ունէր 55, 000 կռուող։ Իսկ Շէյխ Ուպէյտուլլահ կը պահէր իր շուրջը մօտ 40, 000 կռուող։

Հայ ցեղի ջնջման այս քաղաքականութիւնը որ յաջողած էր Սուլթան Համիտը, նորէն ձախողութեան կը մատնուի. եւ Շէյխ Ուպէյտուլլահը բռնուելով կ՚աքսորուի Մէքքէ. թէ՛ ի պատիժ իր ծրագիրներու գործադրութեան չը դնելուն՝ եւ թէ ի գոհունակութիւն արտաքին ազդեցութիւններու։ Թէեւ Շէյխ Ուպէյտուլլահը Մէքքէէն իր ծննդավայրը վերադառնալով փախստական՝ Շամզտինան մտաւ, բայց դարձեալ արտաքին պահանջները կրկնուեցան, եւ նա այս անգամ բռնուելով նորէն Մէքքէ տարուեցաւ ընտանեօք, իր հետն ունենալով եւ այժմեայ Շէյխը՝ որդի Ապտիւլ-Կատիրը։

Շէյխ Ուպէյտուլլահը մեռաւ եւ թաղուեցաւ ի Մէքքէ, իսկ որդին եւ ընտանիքը գահընկէց Սուլթանի շնորհացն արժանանալով թէեւ վերադարձան ի Պոլիս՝ բայց ճանաչուելով իբր ազատական, նորէն աքսորուեցան. Սահմանադրութեան հրատարակութենէն վերջը, Շէյխ Ապտիւլ-Կատիրը ազատուեցաւ ու Պոլիս գալով դարձաւ Օսմ. ծերակոյտի անդամ։

Շէյխ Ուպէյտուլլահի կրօնա-քաղաքական ասպարէզը կանչուելու խնդիրը հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ ականատես մը՝ 1906ին Թիֆլիս հրատարակուած «Մուրճ» ամսագրին մէջ։

«Մար-Շիմոնը անհանգստացած՝ եւ յիշելով միեւնոյն ատեն 1842 թուին մեծ ջարդերը քիւրդ ցեղապետ Պէտիրխան բէգին ձեռամբ կատարուած, փոյթ էր տարեր անմիջապէս տեղեկագիր ուղղել Ռուսաց եւ Անգլիացւոց կօնսիւլներին՝ ինչպէս նաեւ հայոց առաջնորդին, ուշադրութիւն հրաւիրելով այդ հանգամանքի վրայ։ Բանը հաղորդուեց Կ. Պոլսի դեսպաններուն եւ Ազգային Պատրիարքարանին։

Անգլիոյ դեսպան Լորդ Դիւֆէրին հեռագրով հրահանգ տուեց Գէփթըն Գլէյթընին անմիջապէս ուղեւորուիլ Շէյխի մօտ եւ անձամբ ստուգել գործերի դրութիւնը Շամզտինանում։

Իսկ Պ. Կամսարական (Ռուսաց կօնսիւլը) բաւական համարեց քիւթիւկչի Սիմոն Չիլինկիրեանցին (որ այդ ժամանակ Տրապիզոնից հասել էր եւ Շամզտինան էր գնում, ընկուզի ծառերի վրայ գտնուած ուռերը կտրելու գործով) յանձնարարել՝ խնդիրը ուսումնասիրելով մի տեղեկագիր կազմել եւ ուղարկել նրան։ Յօդուածագիրս էլ որ առեւտրական գործեր ունենալով Քրդստան պէտք է գնայի, օգտուելով պատեհ առիթից՝ անգլիական հիւպատոսի ապահով կարավանին միացայ եւ մեկնեցինք Վանից։

Մենք տեղեկացանք որ իսկապէս Շէյխը գաղտնի հրահանգներ է բերել Պոլսից, եւ ինչ որ խուլ շշուկներ կային քրդական շրջաններում ի մօտոյ արշաւանքի նման մի բան սկսելու, բայց թէ ո՞ւմ վրայ, Հայոց, թէ Ասորւոց, դեռ չի որոշապէս յայտնւում։ Կօնսուլի հետ գնացինք Մար-Շիմօնի մօտ, մեծ եղաւ մեր զարմանքը երբ Մար-Շիմօնը յայտնեց որ Շէյխը նրան մի նամակով հրաւիրել էր մօտ օրերում իր մօտ տեսակցութեան եւ խորհրդակցութեան՝ մի շատ կարեւոր գործի մասին՝ որին շուտով պէտք է ձեռնարկուէր բարձրագոյն հրամանով եւ հրահանգով։

Իսկ դուք ի՞նչ պատասխանեցիք նրան, հարցրեց հիւպատոսը Կաթուղիկոսից. Ոչինչ, միայն այսչափ թէ՝ մենք հինգ մելիքներ ունենալով, որոնք կազմում են ազգային խնամակալութիւնը՝ հարկ է նախապէս դիմել նրանց՝ որպէս զի ժողովի միջոցով որոշուի նրա մօտ գնալու խնդիրը։

…Կօնսուլին Մար-Շիմօնը պատասխանել է. ինձ համար բոլորովին պարզ է որ նա կը յարձակուի Վանի վրայ. Ջալալէտտին եւ Ուպէյտուլլահ Պայազիտ գնալուց առաջ, ուխտել էին յաղթական վերադառնալիս պատերազմի դաշտից՝ Վանը հիմնայատակ անել։ Ջէլալէտտին դիտմամբ թունաւորուած է, եւ Ուպէյտուլլահին հրահանգ է տրուել Մէքքէ երթալու»։

«Քրդական միութիւնը» Սուլթան Համիտի դիւանագիտական մէկ խաղն էր. իսկապէս եթէ նա «Քրդական միութիւն»ը կազմելու նպատակ ունենար, բնական էր որ պէտք է դիմէր Քիւրդ Աշիրաթապետներու, բայց այդ չըրաւ, ու խաղը անյաջող անցնելուն պէս ալ շուտով ասպարէզէն վերցուց անոնց՝ որոնց գաղափար էր ներշնչեր ու գործի մղեր։

Բայց գաղափարը դրուելով, մնաց գաղափար մը. եւ Պէտիրխանի որդիներէն մէկը այդ գաղափարը ցեղային հողի վրայ դնելով, անցաւ Եգիպտոս եւ հրատարակեց մի թերթ «Քիւրդիստան» անունով։

Ներկայ Շէյխ Ապտիւլ-Կատիրը որ ուսումնասիրող մ՚է եւ աւելի առաջդիմական մտքերու հակումներ ցոյց կուտայ. համոզում ունի որ Թիւրք պետութեան կազմութեան մէջ միայն Հայերու եւ Քիւրդերու իրերահասկացողութիւնն ու բարեկամութիւնն է որ կրնայ մշտապէս օգտակար լինել քիւրդերուն եւ հայերուն։ Անոր կարծիքով ոչ մի առաջդիմական խաղաղ կեանք սպասելի չէ ոչ հայերէ եւ ոչ քիւրդերէ՝ եթէ անոնք սրտով չը բարեկամանան եւ իրենց միջի խնդիրները իրենք չը լուծեն, առանց նեղութիւններ ու բարդութիւններ ընծայելու պետութեան իբր բեռ։

Շէյխ Ապտիւլ-Կատիրը այսպիսի քանի մը նախնական քայլեր առած է. Մարտ 31 րէաքսիօնի եւ Կիլիկեան ջարդերու օրերուն, հեռագրերով իր ազդեցութիւնը գործադրելով հայկական նահանգներու մէջ գտնուած քիւրդերուն վրայ որ խլրտումներ չ՚առաջացնեն, եւ յաջողած է այդ ժամանակի համար։

Ձեռնարկած է Վանի մէջ համերաշխական ժողով գումարելով «Հողային հարց»ի լուծումի։ Բայց «Հողային հարց»ը իր բազմակողմանի կնճռոտութիւններով չէր կրնար այդպիսի պարզ միջոցներով լուծուիլ։

Բոլոր համոզումները կուգան դառն փորձերէ յետոյ, բայց մենք անցնինք մեր պատմութեան ընթացքին՝ եւ գծենք որ, Համիտական կառավարութիւնը Շէյխերով կրօնական քաղաքականութիւն վարելէն անյաջող դուրս եկած, իր աւերիչ քաղաքականութիւնը առաջ մղելու համար այս անգամ մտածեց հիմնել Կօզակային քիւրդ կազմակերպութիւններ, որոց վրայ եւ դրոշմեց իր անունը՝ կոչելով զանոնք «Համիտիէ»ներ։

Տեսնենք թէ ի՞նչ են Համիտիէները։