Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ԿԻՍԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
(Սահմանագլուխները պահպանելու յատկացուած մշտական միլիցիայի (Milice) վիճակը. Հայ նախարարութիւններու մէջ եւ Քիւրդ նախնիներու նախարարութիւնները. Հայերու հետ իրենց զինւորական կապը ի հնումն)

«H. F. B. Lynch»ի «Armenia» գրքէն պատմական կտոր մը է, Օսմ. իշխանութեան տակ իրենց ժառանգած իրաւունքներու մասին, որոնք այն օրէն դրուած կը մնան կիսանկախ վիճակի մէջ։

«1514ի Չալտրանի ճակատամարտի մէջ երբ Պարսիկները պարտուեցան Օսմանցիներէն, հարկեցուցիչ դարձաւ որ Քիւրդական ցեղերը ըլլան նստակեաց։ Այս ծրագիրը Սուլթան Սէլիմ Ա. ի նախարար Իտրիսինն է, որ Պիթլիսցի Քիւրդ մը էր. ծրագրի մէկ մասն ալ էր, փոխադրել այս անհանդարտ ցեղի մէկ հատուածը եւ հաստատել Տաճկաստանի նոր սահմանին այն գաւառներու մէջ՝ որոնք սահմանակից էին Վրաստանի ու Պարսկաստանի՝ գրաւուած Շահէն։ Կ՚ըսուի թէ անոնց շնորհուեցաւ տեւական ապահարկութիւն մը այն պայմանաւ՝ որ իբրեւ միլիցիա ծառայեն սահմանին վրայ՝ որը տրուեցաւ իրենց ի պահպանութիւն։

Այժմ կան ընդարձակ գաւառներ երկրի հարաւային մասի մէջ՝ ուր Քիւրդական ցեղեր կը բնակին, որոնք անկախութեան մօտեցող վիճակ մը ունին, եւ երբէք անոնց թիւը չէ վիճակագրուած»։

Ալիշանը Էջմիածնի հին ձեռագրերէն ցուցակ մը կը հրատարակէ Հայ նախարարութիւններու, որոնք Քիւրդերու պէս ցեղական բաժանումներու են վերածուած եւ անոնց ամէն մէկը ունի իր զինւորական զօրութիւնը։

Ցուցակը որ մենք պիտի ներկայացնենք՝ պարզ պիտի տեսնուի որ այս նախարարութիւնները կը բաժնուին երկու ճիւղի՝ արենակցական եւ բնակակցական ։ Արենակցականները կը վերջանան, ան, եան, ի վերջաւորութիւններով, բնակակցականները ցի վերջաւորութեամբ։

Անցողակի տեսանք որ նախարարութիւնները Հայաստանի մէջ կազմուեցան իշխանութեան ու զօրութեան հիմքի վրայ, երբ արենակցութիւնը մեծ դեր չէր խաղար երկրի մէջ քան բնակակցութիւն եւ ուժը։ Կրօնը նախարարութեանց ու իշխանութեանց համար ուժ ու զօրութիւն կազմելու քաղաքականութիւն մ՚էր բաց ի ժողովուրդէն. Հայ պատմութիւնը լեցուն է այս փաստերով։ Հետեւապէս չենք կրնար ժխտել որ այս Հայ նախարարութիւններու մէջ գոյութիւն ունին Քիւրդական ցեղեր, երբեմն հայացած՝ եւ երբեմն անգիտակից ազգային ու կրօնական հասկացողութեան։ Եւ այս նախարարութիւններէն շատերը իրենց կիսանկախութեան ու երբեմն անկախութեան մէջ շարունակելով՝ ու հետզհետէ տկարանալով տիրող իշխանութենէն ու իրենց միջի զօրեղ նախարարութիւններէն, դարձեր են անոնցմէ մաս մը տեղական բնակիչներ, ու մաս մը կիսանկախ պէյեր եւ կամ աւազակ Տէրէ-պէյիներ։

Այս վիճակը որ առաջ կը բերէ յափշտակութիւն ու թշնամութիւն, հետզհետէ կը բաժնէ խաղաղ մասը անհանդարտ մասէն, որով քաղաքակրթական զարգացումն ալ իր որոշ դրոշմը կը դնէ ատոնց ամէն մէկ բաժնի վրայ։

Ահա թէ ի՞նչ կերպով է որ Քիւրդերը Հայաստանի մէջ եղած են եւ կամ այժմ, եւ թէ ի՞նչպէս կան քիւրդացած Հայեր, ու եղած են Տէրէ-պէյի Հայեր ալ։

Հայ նախարարութեանց շրջաններուն ու Հայաստանի միացեալ զօրեղ իշխանութեան բացակայութեանը՝ Նախարարութիւնները պահեր են պետական ձեւ՝ անգիտակցաբար կէս-ֆէդէրատիվ գծով. եւ ատոր համար տարացեղ նախարարութիւնները կարողացեր են ապրիլ քով քովի, ամէն մէկը իր հողին վրայ, միայն վտանգի դէպքին անոնք միացեր են, եւ իրենց զինւորական ուժը եղեր է տեղական միլիցիա (milice)։ Այս հաշւով է որ ամէն մէկ նախարարութիւնը կը հանէր իր տեղի, դիրքի, ու զօրութեան չափ զինւորական ուժ, որուն ցանկը կը տեսնենք հետեւող հատուածին մէջ։

Երկրի մէջ հաղորդակցութեանց բացակայութեան պատճառով, յաջորդող բոլոր իշխանութիւններու, Հայ, Պարսիկ, Հռովմայեցի, Արաբ եւ Թիւրք տիրապետութեանց օրով անգամ, նախարարութիւնները մնացեր են կիսանկախ, եւ ո՛րքան դարերու հոլովական ընթացքը, տիրող կրօնական, քաղաքական, ընկերային եւ արուստական ազդակը ներգործեր, ու իր փոփոխակի խոր տպաւորութիւններով կաղապարեր է անոնցմէ ամէն մէկին ըստ իր հանգամանաց ու պարագայից, ա՛յնքան անոնք որոշակի ասպարէզներ են մտեր, ու ընթացեր. եւ այդպիսով է որ ջնջուեր են նախարարութիւնները, ըլլան արենակցական կամ բնակակցական. եւ մնացեալները որոնք իրենց սուր ու ուժեղ բնոյթը կորսնցուցած, եւ ուրիշ նոր, ուրիշ աւելի կանոնաւոր վիճակի մը չեն կրցած մտնել, եղեր են Տէրէ-պէյիներ, որոնց մասին եւս պիտի լսենք յաջորդաբար։