Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՇԷՅԽ ԱՀՄԷՏ ԵՒ ՍՈՒԼԹԱՆ-ԽԱՆԸՄ»

«Շէյխ Ահմէտ Չիփլաք գտաւ իր պատիժը. Շէյխ Ահմէտը շատ դրամ դիզեր էր իր հարստահարութիւններու ու աւազակութիւններու հետեւանքով։ Նա Ռուժէկի (քիւրդ ցեղի մը անուն) Սէլիմ փաշայի դէմ կը սնուցանէր ատելութեան եւ թշնամութեան զգացում. Հաճի Սէլիմ փաշայի ժամանակին՝ Շէյխը առնելով գումար մը դրամ եւ գեղեցիկ ձիեր՝ Էրզրում եկաւ, ու յաջողեցաւ ձեռք բերել Ռուժէկիի կառավարութիւնը Սէյտ Ահմէտ փաշա անունին տակ. նա բանակներ հանեց Էրզրումի, Պայազիտի եւ Վանի վրայ, եւ արշաւեց Սէլիմ փաշայի դէմ։ Իրաց այս վիճակին՝ այս վերջինը ամրացաւ Պիթլիսի մէջ։ Շէյխ Ահմէտ փաշա, ութ հազար մարդով հասաւ Պիթլիս քաղաքին մօտ, եւ անոնք պատերազմ մը մղեցին, որի մէջ երկու կողմէն կորսուեցան մօտաւորապէս հարիւր մարդ։ Սէյտ Ահմէտ փաշայի քիւրդական գունդերը յարձակում գործեցին քաղաքի զանազան թաղերէն եւ կողոպտեցին Րաեաներու բոլոր տուները։ Այնուհետեւ Սէլիմ փաշան դիմադրելու անկարող մնալով լքեց Պիթլիսը, եւ իրեն հետեւորդներէն մի քանիներով գնաց Սասունի կիրճը բռնեց՝ այնտեղ կանգ առնելով. այսպիսով՝ Սէյտ Ահմէտ փաշան եղաւ Ռուժէկաններու կառավարիչ ։ Նա գնաց Մուշ բնակուելու այն պալատին մէջ՝ ուր իր իշխանութիւնը վարեց գրեթէ երեք ամիս։ Սէլիմ փաշայի ընտանիքը մնացած էր Մուշ իր քրոջ հետ՝ որ կը կոչուէր Սուլթան-Խանըմ։ Սասունի կիրճէն Սէլիմ փաշան հետեւեալ լուրը ղրկեց իր քրոջ. «Կը խնդրեմ ինձ ազատել Սէյտ Ահմէտ փաշայէն»։ Անմիջապէս Սուլթան Խանըմը կանչել տուաւ Հայ մը՝ որ կը ծառայէր պալատին մէջ, ու անոր խոստացաւ որոշ գումար դրամ՝ ըսելով. «Ես քեզ պիտի տամ տակառ մը վառօդ, տար այն գիշեր ժամանակ, Սէյտ Ահմէտ փաշա սովորաբար կը բնակուի վերին յարկը, իսկ դու տակառը պիտի տանիս վարի յարկը, ու պիտի դնես այն գետնափոր շէնքին մէջ (մաղազա), որ այս շինութեան ամենավարինն է. ճրագ մը վառէ եւ դիր վառօդին մէջ. յետոյ քեզ ազատէ թագնուելով այնտեղ հեռու։ Հայ Մըխօն հետեւելով Սուլթան-Խանըմի յանձնարարութեան, կէս գիշերին կը տանի վառօդի տակառը ու կը դնէ գետնայարկը՝ Սէյտ-Ահմէտ փաշայի ապարանքին տակ, եւ ինքը դուրս կը պրծնի պալատի մէկ դռնէն. ու ահա Սէյտ Ահմէտ փաշա կը կորսուի (կը մեռնի)՝ իր աղաներէն ու ծառաներէն երեսուն մարդու հետ. անոնց մարմինները հաւաքուեցան առաւօտ՝ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, վերուցին ու թաղեցին։ Սէլիմ փաշան այս բաղդաւոր լուրը առնելուն պէս հասաւ, ու բռնի դարձաւ Ռուժէկաններու կառավարիչ։ Նա մեծահոգութեամբ վարձատրեց այս Հայը իր այն գործին համար, ու դարձուց իր սիրելին։ Այսպէս Շէյխ փաշան գտաւ իր պատիժը ու ժողովուրդը ազատուեց անոր բռնակալութենէն։

Նա թողեց երկու որդի աւելի գէշ քան իրենց հայրը. մին կը կոչուէր Շէյխ-Մուհամմէտ բէգ, միւսը Շէյխ-Մուստաֆա բէգ. ասոնք բռնի գրաւեցին Խըլաթը (Ախլաթ), պարզելով ապստամբական դրօշ՝ գործեցին սպանութիւններ եւ ուրիշ շատ եղեռնագործութիւններ։

Շէյխ-Մուհամմէտ բէգ առեւանգեց բաւական թւով Հայ եւ Միւսիւլման կիներ, անոնց բռնի վերցնելով իրեն կին կը դարձնէր։ Կ՚ըսեն թէ, ինքն իր իսկ ձեռքով, առանց ոեւէ մէկի օգնութեան՝ սպանեց քառասուն մարդ, որքան Հայ, այնքան եւ Միւսիւլման։

Աւելի ուշ, երբ Պէտէրխան բէգ ասպարէզ ընկաւ, դէպքերի ժամանակ՝ երբ Օսմանցիներ տիրեցին Քիւրդիստանի, այս Շէյխ Մուհամմէտ ծպտեալ փախաւ Պաղտատ, եւ իր եղբայր Շէյխ Մուստաֆան բռնուեցաւ Խան Մահմուտի հետ եւ աքսորուեցաւ Ռուսճուկ. այսպէս եղաւ որ Աստուծոյ ծառաներու օձիքը ազատուեց անոնց ձեռքէն, եւ բնակիչները գտան իրենց հանդարտութիւնը։

Կը տեսնուի որ քիւրդ ժողովուրդն ալ իր քիւրդ իշխողներուն հակառակ էր, եւ կը ցանկար Օսմ. տիրապետութեան։