Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԷՏԻՐԽԱՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
(Ըստ պապական բերանացի աւանդութիւններու)

Երբ ուշի ուշով հետեւինք մեր պատմութեան քաղաքական ընթացքին, բացայայտ կը տեսնենք Հայաստանն ու Քիւրդիստանը նուաճումներու ասպարէզ մը Պարսիկներու ու Թիւրքերու համար, որոնց ոչ մէկը իր վերջնական տիրապետութիւնը բացարձակ սահմանին մէջ դրած էր, այդ երկիրներու վրայ. միւս կողմէն կային Քիւրդերու ու Հայերու ընդվզումները, երբեմն ի միասին, երբեմն առանձին, երբեմն ալ իրարու դէմ. եւ ամէն պարագային միտած Թիւրք կամ պարսիկ տէրութիւններէն մէկուն։

Ուրեմն քաղաքական ասպարիզի վրայ կան. 1. Թիւրք կառավարութիւնը. 2. Պարսիկը. 3. Քիւրդ Տէրէ-պէյիները. 4. Հայ իշխանները։

Կայ եւ 5րդը, ժողովուրդը, բայց՝ կրաւորական դիրքի մէջ միշտ ենթակայ՝ հարստահարութիւններու եւ զօրեղին կողմը հակելու. տեւական խռովութիւններէն, հալածանքներէն ստրկացած՝ չի կրնար բարձրանալ իր իրաւունքներու սահմանները ու հանգստութիւն փնտռելով կ՚իյնայ անոր գիրկը որ համեմատաբար լաւ կը գտնէ իրեն համար, եւ երբեմն ճարահատ՝ կը յանձնուի որուն որ պատահի։

Ահա ասով կը բացատրուի Հայ ժողովուրդի՝ իշխողական այդ զանազան կողմերուն հակելու իրականութիւնը։

Իսկ հայ իշխաններն ալ մասամբ բացառութիւն չէին կազմեր ժողովուրդէն, եւ մասամբ իրենք ալ ունենալով իրենց աւանդական դիրքեր, չէին ուզեր բացարձակ ստրուկներ դառնալ, եւ պարագաներու համեմատ կը միանային քաղաքական այս կամ այն խմբակին։

Այս խառն պարագաներու մէջ, երբ ոչ մէկ զօրեղ պետութիւնը իր հրամայող ու բարեկարգ իշխանութիւնը չէր կարող զգալի ընել տալ, Քիւրդ իշխանութիւնը կը կազմուէր, եւ Հայ իշխանական հակահոսանքը անոր դէմ անմիջապէս կը ցցուէր իր իրաւանց սահմանները ցոյց տալով, որպէսզի կուլ չերթար քիւրդ հօրտայականութեան։

Այդպէս էր որ, Մանօղլին կը համարէր իրեն Մամիկոնեաններու սերունդ՝ որու պապերը Մուշէն եկած էին [1], հետեւապէս իշխանական ծագումով՝ Քիւրդերէ աւելի իրաւասու. նոյնպէս իր ընկերները Չալկատըր եւ այլն, որոնց ամեն մէկն ունէր իր քաղաքական պատճառաբանութիւնը։

Որովհետեւ արդէն Պէտիր-խանը զօրացած էր, եւ իր զօրութեան մի մասը բնական էր որ փնտռէր հայ իշխաններու համաձայնութիւնը ձեռք բերելուն մէջ, եւ հայ իշխանները չի գիտցուիր կամայ թէ ակամայ, համաձայնութեան եկած էին Պէտիր-խան պէյի հետ, գուցէ սպասելով վերջին առիթներուն։ Պատմական փաստերը համեմատութեան դնելու համար աւանդութեան հետ, առաջ կը բերենք այս պարզապէս՝ ինչպէս խօսուած է։

Պէտիր-խան պէյը իր ծրագիրը դրած էր պարզ եւ պարտաւորիչ։

Իր իշխանութեան խիտ ծաւալը պիտի ամփոփէր իր մէջ, Վան, Պիթլիս, Մուշ, Տիարպէքիր՝ մինչեւ Ուրմիոյ շրջանը։

Արտաքին պաշտպանութիւնը ձեռք բերելու համար՝ իր եւ Քիւրդերու ինկած բաժինը՝ որոշած էր որոնել Պարսից պաշտպանութիւնը։ Հայերու բաժինը՝ խնդրել տալ Ռուսաց ու Վրացիներու օգնութիւնը։

Տիրապետուած երկրին իշխանը պիտի լինէր ինքը Պէտիր-խան պէյը։ Իսկ ադոր փոխարէն՝ իշխանը Հայերուն պիտի տար կառավարութեան տնտեսական բաժնի մատակարարութիւնը։

Իշխանութեան զինւորական մասը պիտի կազմուէր հայերէ քրդերէ խառն՝ ինչպէս էր արդէն։ Ցեղերու մերձեցումը առաջ բերելու համար դիմած էր ձուլումի քաղաքականութեանը ՝ խնամիական կապերով, այնպէս որ քիւրդն ու հայը պիտի կարողանային աղջիկ տալ ու առնուլ, առանց կրօնի ու ցեղի խտրութեան, առ այժմ ամեն մէկը պահելով իր կրօնի ու ցեղի ազատութիւնը [2] ։    

Պարսիկ իշխանութեան արդէն իրենք ձեռնարկել էին դիմել, Մէլիքզատեան անուն պարսկաստանցի հայու մը միջոցով՝ որուն մէկ եղբայրը Շահի պալատականներէն էր [3] ։

Պէտիրխանը եւ առաջադրած էր կ՚ըսեն, զինարան մը հիմնել իր իշխանութեան մէջ, եւ ադոր համար կ՚ուզէր արուեստագէտներ ղրկել Եւրոպա. իսկ երկրի բարգաւաճման համար մեքենագիտութիւն սովորողներ՝ որ Վանի ծովի վրայ առագաստանաւերու տեղ կանոնաւոր նաւեր շինէին, որ իրարու հետ կարողանային կապուիլ եւ շուտով հաղորդակցիլ ծովին շրջակայ քաղաքներն ու գիւղերը։

Պէտիր-խան պէյի համար քաղաքական իշխանութիւնը լինելով միայն բարձրագոյն նպատակակէտ, իրեն համար հաւասար կը նկատէր Հայ ու Քիւրդ լինելը, հիմնուած լինելով այն առարկութեան վրայ՝ համոզուած կամ անհամոզ՝ որ իրենք մէկ արիւնէ առաջ եկած սերունդներ են՝ բաժանուած ցեղերով ու կրօնով. ձուլումն ի՞նչ վախճան ալ ունենար, պիտի կազմէր իրեն համար քաղաքականապէս զօրեղ ու պատերազմիկ ազգ մը, որովհետեւ իրեն համար նշանակութիւն չունէր առանձնակի ազգ ու կրօն։

Այս բացարձակ վտանգաւոր եւ անկարելի ծրագիրը գործադրութեան դնել կ՚աշխատէր, ի հարկէ հիմնուած միայն բռնի ուժի վրայ, առանց ի նկատի ունենալու Հայ ժողովուրդի տրամադրութիւնը՝ որ ոչ միայն չէր ուզեր կորսնցնել իր ինքնուրոյնութիւնը, այլեւ պէտք ունէր հանգստի ու խաղաղ բարգաւաճման, եւ երբէք չէր դիմեր նման վտանգաւոր եւ անորոշ քայլերու, ատոր համար էր երբ Օսմանեան բանակը Հայաստան մտաւ, ժողովուրդը դիմեց Օսմանեան բանակին, անոր միացաւ, անոր հետ կռուեցաւ ու կալանաւորելով Պէտիր-խան պէյը յանձնեց Օսմ. իշխանութեանը։



[1] Մանօղլին իր հօր կողմէն ղրկուած է Կ. Պոլիս՝ ու իր ուսումը ստացած լինելով իտալական դպրոցի մէջ՝ վերադարձեր է Վան եւ մասնակցել ժամանակակից այդ գործողութիւններուն։

[2] Դօքտ. Լէփսիուսի «Տէր Քրիստլիխէ Օրիէնդ» (Քրիստոնէական Արեւելքը) 1904 Նոյ. ամսաթերթի մէջ կը գտնենք հետեւեալ տեսութիւնները «Քիւրդեր եւ Հայեր» վերնագրին տակ։

«Անցած դարուն մինչեւ քառասնական թուականներուն վերջը՝ Փոքր-Ասիոյ այլ եւ այլ գաւառներու վրայ Սուլթանի իշխանութիւնը պարզ անուանական էր. իրականին մէջ՝ երկիրը զանազան իշխաններուն եւ բէգերուն կը վերաբերէր, որոնք տարուէ տարի Սուլթանի գանձուն որոշ տուրք մը կը հատուցանէին, բայց իրենց երկրին վրայ իշխանութիւնը անձամբ վարելով։

Զինւորական ծառայութեան պարտաւորեալ չէին, սակայն ի հարկին Սուլթանը կրնար ասոնցմէ օգնական գունդեր խնդրել, եւ այս պարագային՝ իրենք պարտաւորեալ կ՚ըլլային որոշ թւով զինւոր տալու։

Պատահած է որ այս իշխանները եւ բէգերը իրենց իշխանութեանը Սուլթանին կողմէն սպառնալիք եղած միջոցին կը միանային եւ հասարակաց ուժով Սուլթանական իշխանութեան դէմ կ՚ըմբոստանային։ Իսկ Հայկական գաւառները Քիւրդական իշխաններու ձեռքով կը կառավարուէին որդւոց որդի։ Այսպէս՝ Պայազիտ եւ Ալաշկերտ՝ Պահլիւլ փաշային կը պատկանէին, Պիթլիս եւ Տիարպէքիր՝ Պէտիր-խան պէյին եւ այլն։

Մինչեւ 1848ը Հայերու եւ Քիւրդերու յարաբերութիւնները շատ բարեկամական էին, Քիւրդերու եւ Հայոց մէջ ամուսնութիւնները ցանցառ չէին։ Այն պարագային՝ պսակը Հայոց եկեղեցւոյ մէջ հայ քահանայէն կը կատարուէր, Քիւրդերը հայկական սրբութեանց եւ հոգեւորականութեան հանդէպ մեծ յարգանք կը տածէին. իրենց աղօթքը Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէին»։

Կը յիշատակէ Սուլթան Մէճիտի քրդական բէգերու հետ մերձեցումն առաջ բերելը դիւանագիտական միջոցներով, ու յետոյ Պէտիրխանի վրայի արշաւանքը, որմէ յետոյ Պայազիտի Պահլիւլ փաշային եւս կալանաւորումը ու փոքր-Ասիոյ քաղաքներէն մէկի մէջ աքսորումը։

[3] Մելիքզատեանի մասին տես մեր «Վանկուլիները»։