ՇԱՀԻ-
ԱՐՄԷՆ
(Քիւրդ)
«Լէնկթիմուրի
մահէն
յետոյ
Ղարա-Եուսուֆը
որ
թափառական
կը
պտըտէր
Ասորւոց
կողմերը,
զօրքով
Հայաստան
եկաւ
ու
երկրի
հարաւային
մասին
նորէն
տիրեց
(1408)։
Եուսուֆ
այնքան
զօրացաւ
որ
Ատրպատականն
ալ
գրաւեց
ու
իր
երկիրներու
հետ
միացուց.
Եուսուֆը
մեռնելով,
անոր
յաջորդեց
որդին
Իսկէնտէր՝
որ
կոչուեցաւ
Շահի-Արմէն։
Նա
տասնեօթ
տարի
յամառութեամբ
կռուեցաւ
Լէնկթիմուրի
որդի
Շահրուխի
դէմ,
թէեւ
քանի
մ՚անգամ
յաղթուեցաւ,
բայց
վերջը
անընկճելի
մնաց
(1421-1437)։
Իսկէնտերի
զօրքը
երկարատեւ
պատերազմներէ
ձանձրացած
թողեց
ու
հեռացաւ
իր
անհանդարտ
առաջնորդէն։
Բաժնուեցան
նոյն
իսկ
մերձաւոր
ազգականներ
ու
Շահրուխի
կողմն
անցան,
հարազատ
որդին
մօր
հետ
միաբանած
սպանեց
անոր
Երնջակի
բերդը
քնած
ժամանակը։
Իսկէնտէրի
տեղ
Շահրուխ
կարգեց
անոր
Ջհանշահ
եղբօրը,
որ
Ատրպատականը
նստելով
կ՚իշխէր
Հայաստանի
արեւելեան
եւ
հիւսիսային
մեծագոյն
մասին,
իր
ձեռքի
տակ
ունենալով
այլեւայլ
գաւառներու
մէջ
նստող
Քուրդ
բէգերը։
Բայց
միեւնոյն
ժամանակ
Միջագետքի
մէջ
զօրացեր
էր
Ջհանգիր
Թիւրքմէն
իշխանը,
որ
Տիգրանակերտ
նստելով,
գրաւեր
էր
Հայաստանի
արեւելեան
մասը
Աղձնիքն
ու
Տուրուբերանը
եւ
կը
կառավարէր
առանձին
իշխաններու
ձեռքով
(1400)։
Ջհանշահի
մահէն
յետոյ
Ուզուն
Հասան
Ջհանգիրի
որդին
զօրանալով
Պարսից
գահը
բարձրացաւ
եւ
Հայաստանի
տէրը
դարձաւ»։
Այժմ
պարզ
է
որ
Ատրպատականի
եւ
Հայաստանի
հարաւային
մասերու
Քրդական
տիրապետութիւնը,
ձգտում
մը
ունի
հաստատելու
հին
հայրենական
տիրապետութիւնը,
որ
շուտով
վերջ
կը
գտնէ
պարսկական
իշխանութեամբ։