ՇԵՐՆԱԽ
ԵՒ
ԴԸՀ
(Դըհի
գաղթականութիւնը.
Պօհտանի
քրդական
նուաճումը
Շերնախի
աղայի
կողմէն՝
Օսմ.
կառավարութենէն
յետոյ.
Շէյխ-Սապատուլլահը
(Շէյխ
Ճէլալէտտինի
հայրը)
Պէտիր-խան
պէյը
նուաճեր
էր
եւ
Պօհտանի
մօտիկ
Շերնախը.
անոր
աքսորուելէն
յետոյ
կուժովնայ
Շերնախի
աղան
ու
կը
նուաճէ
Պօհտանը։
Դըհ,
որ
800
տունէ
բաղկացած
հայկական
շրջանն
էր
մօտիկ
Պօհտանի
ու
Շերնախի,
հակառակ
վերջիններուն
հետ
ունեցած
թշնամութեանը՝
չեն
նուաճուիր
Շերնախցիներէ,
բնակիչները
զինուած,
վէս
եւ
ռազմիկ
են։
Կ՚ըսուի
թէ
վերջին
Ռուս-Թիւրքական
պատերազմի
ժամանակ,
Օսմանեան
կառավարութեան
քիւրդ
պատուիրակները
երբ
կ՚երթան
զանազան
տեղեր
քիւրդ
զօրահանութեան,
Օսման
փաշա
ալ
(Պէտիրխանի
որդիներէն
մէկը)
Պօհտան
կ՚երթայ,
կը
հաւաքէ
ութ
հազարի
մօտ
քիւրդ՝
ու
կը
տանի
Կարսի
շրջանը
Ռուսներու
դէմ
պատերազմելու,
ետ
դառնալուն
քիւրդերը
չեն
վերադարձներ
իրենց
յանձնուած
զէնքերը,
ու
Օսման
փաշան
ալ
վերադառնալով,
Դըհ
կը
մտնէ
ու
կ՚ապստամբի.
նա
իր
ապստամբական
ամբողջ
զօրքը
կը
կերակրէ
Դըհեցւոց
պաշարով.
Օսմանեան
կառավարութիւնը
նորէն
կը
ղրկէ
15
վաշտի
չափ
զօրք
ու
Դըհը
թնդանօթներով
կը
ռմբակոծէ։
Այս
աւերէն
կ՚սկսի
դարձեալ
Դըհի
գաղթականութիւնը.
Դըհը
ունեցեր
է
երեք
հայ
գաղթականութիւն։
Առաջինը՝
Պէտիրխանի
օրով
կոչուած
Պօհտանի
հայ
գաղթականութիւն.
երկրորդը՝
Շէյխ
Ճէլալէտտինի
հայր
Շէյխ
Սապատուլլահի
օրով,
երրորդը՝
յիշեալ
Դըհի
գաղթականութիւնը
Օսման
փաշայի
օրով։
Այժմ
Դըհը
հազիւ
թէ
200
տուն
բնակիչ
ունենայ։
Կ՚ըսեն
թէ
Օսման
փաշան
իր
հրամանները
կ՚ստորագրէր
Օսման՝
իպնի
Պէտիրխան,
Միրի
Պօհտան
։
Շէյխ
Սապատուլլահի
օրով
կ՚սկսի
հողային
գրաւումները
Խիզանի
եւ
շրջականերու
մէջ.
Շէյխ
Սապատուլլահը
կրօնի
ազատութեան
բացարձակ
հակառակորդ
մը
լինելով,
հայերու
մէջ
կը
շրջէր
ծածկուած
երեսով,
որպէս
զի
քրիստոնեայի
երես
չը
տեսնէ.
կամ
քրիստոնեայ
հայերը
իր
երեսը
չը
տեսնեն.
որովհետեւ
իր
կարծիքով
պղծութիւն
մը
կը
համարուէր
այդ,
բնական
է
որ
գրաւուէին
իր
բնակակից
հայերու
պարտէզներն
ու
այգիները
ու
սկսէր
գաղթականութիւնը
[1]
։
[1]
Հայ
հասարակ
գիւղացին
քիւրդ
հարստահարող
պէյէրու,
աղաներու
ձեռքէն
ազատուելու
համար,
մինչեւ
հիմա
ալ
Օսմ.
կառավարութեան
պաշտպանութիւնը
խնդրելու
ու
անոր
հասցնելու
համար
իր
վերջին
բողոքը,
վերջին
միջոցը
նկատած
է
գաղթելը
։
Անճարութենէն
զատ,
հինէն
մնացած
սովորութիւն
մ՚է
(թէեւ
այժմ
դատապարտելի).
այդ
ժամանակները
Օսմ.
կառավարութիւնը
հոգածութեամբ
եւ
թէ
ստիպուած՝
կ՚ուզէր
որ
ժողովուրդը
հողին
վրայ
մնայ,
արդիւնաբերէ,
տուրք
վճարէ
եւ
Օսմ.
իշխանութեան
նեցուկը
դառնայ,
աւազակ
եւ
ըմբոստ
տարերու
մէջ
Օսմ.
կառավարութեան
գոյութիւնը
ներկայացնելով։
Ադոր
համար
էր
որ
գաղթականութիւն
բառը
լսելուն
ու
ադոր
գործնական
դիմումը
տեսնելուն
պէս՝
կառավարութիւնը
կը
դիմէր
կտրուկ
միջոցներու։
Այժմ
գաղթականութեան
հարցը
փոխած
է
իր
կերպարանքը։