Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՐԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Մութ-խաւար գիշեր է՝ գեղեցիկ հովտին մէջ միայն լսելի են քամիի սուլոցը, ձիու խրխնջոցը, ջրի կարկաչիւնը։ Վրաններու կեդրոնը բէգական թանկագին վրանի տակ հաւաքուած են Էլեաթի էլ-աղասիները հրացանը ձեռքին պատրաստ՝ սուրը կողքէն կախ. անոնք ծալապատիկ նստած են իրար մօտիկ լուռ ու մունջ, ոչ մէկը չի համարձակուիր խզելու խորհրդաւոր լռութիւնը։ Ամեն մէկի ձին վրանի առջեւ կապուած լինելով, անոր մուտքը փակուած է գրեթէ. ձէթի աղօտ ճրագ մը պլպլալով կը լուսաւորէ վրանաբնակներուն՝ հազիւ նշմարելի դարձնելով ամեն մէկի դէմքը. ճրագի մասնաւոր ծառան մօտիկ կանգնած միշտ վեր կուտայ պատրոյգը, որ լոյսը կարողանայ շարունակել պլպլալու ու երբեմն երբեմն ներս փչող քամիէն չը հանգչելու։

Մի ուրիշ ծառայ պղնձէ ջրի մեծ թասը ձեռին բռնած, անոր մէջ զուլալ սառ ջուր կ՚ածէ ու բերելով ճրագի լոյսին ցոյց կուտայ, տեսնելու թէ կլայած ամանը իր յստակութեամբ արծաթափայլ կը շողացնէ՞ սարի անապակ ջուրը. երբ իւր գոհունակութիւնը դէմքին վրայ կատարեալ է, վստահութիւն ներշնչելով հիւրին անոր ախորժակը կը բանայ, որ կլայկուն թասը ձեռք առնելով ֆըռֆըռալէն ներս քաշէ պարզ ջուրը իբրեւ օրերի ծարաւներէ պապակած մը. ու զարմանալին այն է որ չի գտնուիր մէկը որ խմելէ հրաժարուի, մէկ քանի ուրիշ խոլամներ վրանի մուտքի առջեւ կը հսկեն, իսկ միւսները ամեն մին իր տիրոջ ձիու կշտին դուրս պառկած՝ կը մնան շների հետ։

Աշիրաթապետը իր եղբայրներով եւ որդիներով վրանի միւս մասերէն ներս մտած ժամանակ, ամենքը ոտքի կը կանգնին. բարի երեկոյ կը մաղթէ, ու հիւրերէն ամեն մէկը մեր աչքի, մեր գլխի վրայ տեղ ունիք պատասխանելով կընդունին անոր, մինչեւ իր տեղը բռնէ։ Աշիրաթապետը կարճ ու կտրուկ անոնց առողջութիւնը հարցնելու ձեւականութենէն անցնելով կը մօտենայ խնդրին ու կըսէ։

«Աշիրաթ. Աստուած գիտենայ (խոտէ զանի), այս սարի ետեւ մայր մտնող արեւը ու այն միւս սարի ետեւէն բարձրացող լուսնակը, կերդնում ձեր ու իմ գլխով որ ինքս Աշիրաթի բարիքը կը կամենամ»։

Ունկնդիրները կը պատասխանեն. «թող ապրի մեր տէրը ու անոր գլուխը միշտ ողջ ու ուրախ մնայ». իսկ նա կը շարունակէ։

«Իմ աղաներ, իմ Էլեր. Մեր աշիրաթը աղքատացեր է, դրամը պակսեր. մեր ոչխարը մեզ կեր տալու անգամ չի բաւականանար. դուք գիտէք որ Օսմանլին մեզ անկեղծ բարեկամ չէ. մեզմէ ոչ մէկը մէկ տարի է քաղաքը երեւալ չէ կրցեր, ու ի՞նչպէս երեւանք, երբ տեղական փաշաներէն ու բէգերէն ոչ մէկին խալաթ մը (նուէր) տուած չունինք. ոչ ձի, ոչ թուր, ոչ ոչխար, ոչ դաւար. Այս ու այն պաշտօնէին դրամ չենք ուղարկած, մենք ի՞նչպէս մտնենք քաղաքը, մեր աւազակութեան գործերու հարցերը այնտեղ մնացեր են այնպէս, հիներէն զատ նորերն ալ վրայ են բարդուած. դեռ քաղաքի սահմաններուն չը մօտեցած՝ մեզ ուղղակի բանտն են առաջնորդելու. ո՞ր տեղէն պէտք է դրամ ճարենք տանք որ ազատուենք։

Միայն Օսմանլին չէ, դեռ այնտեղ կը մնան Հայ-Մուրախասի (Առաջնորդի) իշխանները, եթէ անոնց մէջէն մեր ճանչցած մէկ քանիին ալ բան մը չը տանենք, միանալով միւսներու հետ ոտքի կը հանեն հայ գիւղացիները, մեր վրայի բողոքները կը սաստկացնեն. իսկ եթէ անոնց կոկորդը լեցնենք, անոնք են որ այդ դատերը փճացնել պիտի տան։

Մենք չենք կարող մտնել շուկան. վաճառականը, խանութպանը, դերձակը եւայլն եւայլն դրամ պիտի պահանջեն, եթէ ոչ մեզ ապրանք չեն տար. բերէք ամեն մէկդ հարիւր լիրա տուէք որ Աշիրաթի պէտքերը հոգանք։

Ապա ի՞նչ ընենք, մենք Հայ չենք որ արուեստ ու վաճառականութիւն ունենանք, խելք բանեցնենք որ կարենանք ապրիլ. Օսմանլի չենք, որ նստենք օտա ները՝ ոսկին մեր ոտքը գայ. մենք Քիւրդ ենք, ոչ խելք ունինք, ոչ գիր եւ գրականութիւն (նվիսէմա չունինա). մեր տեղը սարերն է, մեր գործը տաւար ոչխարի հետ է։ Աշիրաթի մէջ կեաճէ (կին), կիզիկ (աղջիկ) չէ մնացեր որ կնութեան առնենք, իմ որդին, իմ եղբօրորդին նորահաս ջահէլներ են, անոնց համար սիրուն եւ գեղեցիկ կին պէտք է՝ ան ալ չկայ. բոլորս կորեկ, պաճեկ ուտելով կոտորուեցանք. Աշիրաթի մէջ այնպիսիներ կան որ տարիներով ցորեն հացի երես տեսած չունին. մենք երկրագործութիւն ընել չենք կրնար որ ցորեն ունենանք, հապա ի՞նչպէս հոգանք մեր պակասութիւնները. յետոյ իր հարցին ինքը պատասխանելով կը շեշտէ, աւազակութեամբ. մեր ամբողջ գիտցածը այս է։ Ամեն մէկը իւր կողմէն կը խոստովանի «ես ծառայ (աղ խոլամ), մենք ոչ մի գործ ընել չենք գիտեր, եւ ուրիշ միջոց ալ չունինք, այդ է». կը տիրէ խորհրդաւոր լռութիւն…

Այս տեղ մենք կուտանք հետեւանքի մօտաւոր պատկերը։

Որ այդ է, դէ գնացէք ամեն մէկդ, հանէք ձեր մարդերը, առէք ձեր զէնքերը, հեծէք ձեր ձիերը, մինչեւ այս ինչ ժամը հաւաքուեցէք նշանակուած վայրը։ Հրամանը ի գործ կը դրուի համահաճութեամբ. եւ որոշուած ժամադրավայրի մէջն է որ կը տրուին հրահանգները, նուազ անգամ թշնամի քիւրդ ցեղի՝ եւ շատ անգամ հայ գիւղերու վրայ արշաւելու համար։

Այդ ժամանակ է որ ամեն մէկի արշաւական պաշտօնը յայտնի կը դառնայ, թէ ո՞ր գիւղի վրայ՝ որո՞նք, եւ ինչքան մարդով պիտի յարձակուին, թէ ո՞վ՝ թալանի ո՞ր մասին պիտի հետամտի. ցեղապետն ու իր ջահէլները կուղղեն իրենց քայլերը դէպ այն տները՝ ուր իրենց հուրի մէլէքները կը բնակուին (եթէ հայ գիւղ է)։ Այդ տները չեն թալանուիր, միայն հուրի- փէրիները կը խլուին. իսկ մնացեալ մասը ստացած հրահանգներով կը լեցուի գիւղը. կ՚սկսի հրացանաձգութիւնն ու թալան։ Եթէ հայ գիւղացին զէնք ունի ու ռազմիկ ոգի, եւ կռուելով անոնցմէ մէկ քանին գետին կը փռէ, անոնք սարսափած կը փախչին. եւ արշաւանքը իր յաջող ելքը չունենար. Ապա թէ ոչ կ՚սպաննեն, կը կողոպտեն ու կը տանին, պատիւ, ստացուածք, եւ այն ամենը որ կը գտնեն։

Ու երբ արշաւախումբը թալան-թուլանը վերջացուցած բոլորն ալ ապահով ետ դարցած իրենց տեղը կը հասնին, Աշիրաթապետը բոլորին կը հաւաքէ ի միասին, ու ամեն մէկին իր տեսած գործի ու բերած թալանի չափով կը վարձատրէ. մեծ մասն ինքն ու երկրորդականները կ՚ստանան, ու փոքր բաժինը կը թողուն ստորադրեալներուն։

Քանի մը այսպիսի դէպքեր ալ, ու ահա Աշիրաթը կը հարստանայ, անոնց մէջ կը լեցուին հայ կիներն ու աղջիկները, դաւար, ոչխար, ցորեն, հանգնելիք, դրամ կառատանայ։ Աշիրաթապետի ու Էլ-աղասիներու քաջութեան անունը կը բարձրանայ, եւ այժմ ազատ կարող կը լինին երթալ քաղաք, ու իրենց բերած թալաններով դիզած ոսկիներէն բաժին հանել անպարտաճանաչ պաշտօնեաներուն, բէգերուն, ու իրենց ճանաչած հայ իշխան ըսուածներուն։ Վաճառականներն ալ կ՚ուրախանան կարգ մը արհեստաւորներու հետ, որ վերջապէս Քիւրդերը դրամ դիզելով քաղաք են եկեր։

Ահա տեղական հանգամանքներու քաղաքական ու տնտեսական դրութեան շահու այս տեսակէտը, մեծ վիհ մը կը բանայ գիւղական երկրագործ եւ քաղաքացի ժողովրդեան մէկ մասին մէջ, մինչեւ որ հարստահարութեան շղթայի օղակները երթան կազմել այն մեծ շղթան՝ որ բոլորելով ամենին ի միասին, կաշկանդէ պինդ, ու իր պրկումներէն անոնց հառաչել եւ գոչել տալ [1] ։



[1] Քիւրդ Աշիրաթապետի իրաւական սահմանները գրեթէ ամեն տեղ միեւնոյն են իրենց ընդհանուր գծերուն մէջ. իբր ամփոփում՝ կուտանք Դերջանի 1911 մայիս 10 թղթակցութենէն քաղուած մը ուղղուած «Ազատամարտ»ի, ուր կը շեշտուի աւելի Աշիրա-զինուորական դրութիւնը։

«Շատ հին ժամանակներէն նուիրագործուած է Աշիրութիւնը-աւատապետութիւնը՝ քիւրդ ազգին մէջ, իւրաքանչիւր անհատ պարտական է իր աշիրէթապետին անպայման հպատակիլ, կուրօրէն պարտի հնազանդիլ պետի հրամաններուն՝ իրաւացի կամ անիրաւ. հպատակը պետին զինուորն է մինչեւ ծերանայ, հիւծի եւ անկարողութեան մատնուի, անպայման է ասիկա, ոչ մէկ առիթ արգելք չի կրնար ըլլալ։ Պետը երբ ուրիշ աշիրաթի հետ կռուի բռնուի՝ իսկոյն հրաման կ՚արձակէ եւ բոլոր աշիրի անդամները, ձգած տուն, տեղ, աշխատանք եւ պարագաները՝ զէնքերնին առած կը միանան պետին. ուտելիք ռազմամթերք պետին կը պատկանի, եթէ կռուի մէջ սպանուին՝ ոչ մէկ վարձատրութիւն չիկայ զոհին, քրդական յայտնի երգ մը կը յօրինուի իր քաջ կռուող մը ըլլալուն վրայ, իսկ պետը հակառակորդ Աշիրէթէն արեան դէմ արիւն կը պահանջէ կամ կռուով եւ կամ գիւղ մը իբր վարձք առնելով։ Աշիրաթապետը բացարձակ միապետ է իր Աշիրէթին, իրաւունք ունի տեսնել իր ցեղին մէջ բոլոր դատերը, իր ցեղի անդամներէն մէկը երբ ուրիշ ցեղի մը անդամի հետ վէճի բռնուի՝ պետերը կը բանակցին. ցեղային ժողով կը գումարուի (ճէմաաթ), այդ ժողովին մէջ կը վճռեն դատը։ Պետը ունի իրեն սեպհական հողերը եւ կալուածները. ամենէն մեծ բաժինը ալան թալանէն իրեն կը պահէ, քիչ մըն ալ գործողներուն բաժին կը հանէ. պետը որոշ տուրք կ՚ստանայ իր աշիրի անդամներէն իւղ, ոչխար, ցորեն, դրամ եւ այլն, որպէս զի իր ծախքերը հոգայ եւ կռուի համար պաշար եւ ռազմամթերք հաւաքէ ու պատրաստ պահէ։ Պետը կը ստանայ նուէրներ, տասանորդի տուրք, զինուորական տուրք՝ եթէ մէկը պետութեան զինուոր է։ Աշիրէթներու մէջ հողը հասարակաց խօշնիշէն է կ՚ըսեն, ամեն մարդ հողէն իր աշխատութեան չափով օգտուելու իրաւունք ունի, աշիրի անհատ մը ուրիշ աշիրներու դէմ միշտ կը պաշտպանուի, բայց գերի հպատակ է իր ցեղի պետին. այսպէս կը կառավարուին ներկայիս Տէրսիմ, Գուզուճան եւ ուրիշ տեղեր։ Աշիրները բաժնած են բնակած տեղերնին, երբ կռիւով կ՚ընդարձակուի իրենց սահմանը՝ երբ յաղթեն, երբեմն կը պակսի երբ յաղթուին։ Աշիրի անդամները կոյր գործիքներ են իրենց աշիրաթապետ Աղա-պէկ ին»։

Նոյնն է Սասունինը. ու Մոկսի բէգութեանցը։ Առաջինի մասին (քաղուած 22 յուլիս 1911. «Ազատամարտի» ուղղուած թղթակցութենէն)։

«Հազզոյի շրջակայ աշիրէթութիւնը դարերէ ի վեր կը կառավարուի հետեւեալ կանոններով.

1. Աշիրէթ մը կազմուած կ՚ըլլայ շատ մը մօտակայ ցեղերու միաւորութեամբ եւ կը կառավարուի ժառանգական աշիրէթապետին լիազօր իշխանութիւնով։

2. Իւրաքանչիւր ցեղ կ՚ունենայ իր ցեղապետը, որ կը ղեկավարէ զինքը ներկայացնող համայնքը եւ կը ճանչնայ իր աշիրէթապետին վերին հսկողութիւնը։

  3. Տարբեր աշիրէթներու պատկանող ցեղերու կամ անհատներու միջեւ ծագած վէճեր ու սպանութիւններ այն ատեն միայն աշիրէթական հանգամանք կ՚առնեն, երբ ոեւէ կողմէ պաշտպանութիւններ երեւին։

  4. Սպանութեան մը հաշիւը կը փակուի առնուազն 50 Օսմ. ոսկի արեան գին տալով, կամ փոխադարձ սպանութիւնով։

  5. Նիւթական ու բարոյական վնասի պարագաներուն, հաւասարապէս յարգելի է մովսիսական «ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման» օրէնքը։