Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵՐ ԵՒ ՔԻՒՐԴԵՐ ԻԲՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐ

«(1828). Ծագեց Ռուս-Տաճկական պատերազմը, Քիւրդերը երկրի խառնակ վիճակէն օգտուելով սկսան սովորականէն աւելի նեղել Հայերուն, Սուլթան Մահմուտի օրով տեղական Հայերը Ռուսերու այս պատերազմի ժամանակ մեծ համակրութիւն ցոյց տուին անոնց. ու այս պատճառով ալ Օսմանցւոց զայրոյթը իրենց վրայ հրաւիրեցին։ Ռուսիա յաղթական դուրս գալով Ադրիանուպոլսի դաշնադրութեամբ, Թիւրքիայէն պատերազմական տուգանքի տեղ վերցուց Անապան, Փոթին, Ախլցխան եւ Ախլքալաքը իր շրջակայ գիւղերով. ու Կարինի առաջնորդ Կարապետ եպիսկոպոսը Օսմանցիներու վրէժխնդրութենէն վախնալով ու իրենց կրած հարստահարութիւններէն յուսահատուելով, 1830ի ամառը 90, 000 Հայ Կարինէն, Կարսէն ու Պայազիտէն դուրս բերաւ, որոնք եկան բնակուելու Ալեքսանդրապօլի եւ Ռուսաց նոր գրաւած գաւառները. այդ ժամանակ ուրիշ պատկեր կը ներկայացնէր Հայաստանի մնացեալ մասը…»։

Արդէն մինչեւ Սասունի ամիրայութիւնը եւ Օսմանցիներու տիրապետութեան սկիզբը, Հայերն ու Քիւրդերը չեն ունեցած ազգային կրօնական եւ ուրիշ թշնամական վերաբերումներ իրար հանդէպ, բաց ի իշխանութեան ձգտումներէ, որ Հայ անհատներն ալ ունեցած են իրենց կարգին Հայ ազգին դէմ։

Եւ երբ մինչեւ այդ ժամանակ անորոշ էր իրենց մէջ կրօնական եւ ազգային գունաւորումն, անոնք բնականօրէն մօտիկ եւ բարեկամ բնակակիցներ էին ու երբեմն իշխողներ, իսկ երբ Օսմանցիներու տիրապետութեան շարունակութեամբ ընդունեցին իսլամական կրօնը, եւ իրենց մէջ շեշտուեցաւ ցեղականութեան զգացումն ու կրօնական տարբերութիւնը, առիթ եղաւ որ անոնք իրարմէ հեռանան ու թշնամանան մինչեւ անգամ. որովհետեւ այդ ժամանակի քաղաքականութիւնները զուտ կրօնական, ազգային տիրապետութիւն էին։