Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ՑԵՂԱՊԵՏԸ

Ցեղապետութիւնը մեծ մասամբ ժառանգական է Քիւրդերու մէջ։ Ժառանգը ծնուելէն սկսեալ, իր շրջապատը անոր վրայ կը նայի իբր ապագայ ցեղապետի։ Կրթութիւնը անհրաժեշտ պայման չէ. քիւրդ լեզուն գրական կեանք չունի գրեթէ. իսկ ցեղապետական գործերու համար՝ նայելով տեղին ու պարագաներուն՝ կը գործածեն պարսկերէնը, թիւրքերէնը կամ արաբերէնը։

Քիւրդերու մէջ կրթութեան մուտք չը գործելու մէկ մեծ պատճառն ալ այն նախապաշարմունքն է, թէ կը ձուլուին այն ազգին մէջ՝ որու կրթութիւնն որ ստանան՝ որովհետեւ համակրօնութիւնը ադոր մեծ դիւրութիւն ընծայելու առիթ մ՚է։

Գրական պէտքերը կը հոգան վարձուած գրագէտները, թիւրք կամ պարսիկ։

Ցեղապետական ժառանգին այս ու այն գաղափարը տալու, կամ այս ու այն ուղղութեան ծառայեցնելու մտադրութիւն չը կայ։ Նա կը մեծնայ իբր բնութեան որդի, ազատ՝ եւ առանց հսկողութեան, ու մանկութենէ մտնելով ցեղապետական բոլոր դասակարգերու մէջ՝ կը խաղայ, կը զուարճանայ, եւ կ՚ապրի կեանքի այն պայմաններով՝ որ իրեն համար կ՚ստեղծէ շրջապատը։

Քիւրդ մանուկը խորշիլ չը գիտէ, նա հաւասար վերաբերմունք ունի ինչպէս քիւրդի՝ նոյնպէս իր ցեղապետական շրջանի մէջ գտնուած հայու հետ։

Ցեղապետական շրջաններու մէջ իմ շրջակայած ժամանակ՝ ես հանդիպեր եմ ցեղապետի, ժառանգներու, եւ ուրիշ ազդեցիկ քիւրդերու վերաբերմունքների՝ հանդէպ հայերու, որոնք իրականին մէջ հարստահարութիւն են, բայց միեւնոյն իրականին մէջ՝ ըստ քիւրդ ժառանգական ըմբռնողութեանը՝ իրաւասութիւն ։ Աւելորդ կը համարեմ դէպքերու նկարագրութիւնը։

Ցեղապետական արժանիքը, ֆիզիքական ու հոգեկան կարողութիւնը ցեղի ցեղապետի մը համար՝ կ՚ապացուցուի այն ժամանակ՝ երբ նա պատերազմներ ունենայ ուրիշ ցեղերու ու ցեղապետներու դէմ. կամ այնպիսի հանգամանքներու մէջ՝ որուն պէտքը զգալի է ցեղին համար։

Եթէ ցեղին ժառանգը եւ կամ ցեղապետը մտաւոր ու ֆիզիքական կարողութիւններով օժտուած չէ բնութենէն, եւ կեանքի փորձառութիւնը զայն պատրաստած չէ խելացի ու զօրեղ, այդ ժամանակ նա կ՚ենթարկուի օտար ցեղապետներու ու ցեղերու յարձակման, կամ կ՚սպանուի թշնամիէն, եւ կամ ցեղի աստիճանական անկումով, ժառանգակիցներէն ուժեղը, կամ մի ուրիշը ՝ որ համակրութիւն կը վայելէ ցեղի մէջ, սովորական միջոցները գործադրելով, ցեղապետութեան ղեկը ձեռքը կ՚առնէ [1] ։



[1] M. Duhusset ամենեւին ֆիզիքական տարբերութիւն մը գրած չէ շէֆերու ու երկրագործ հասարակութեան միջեւ, որոնք կը մշակեն քիւրդ դաշտերը, բայց հետազօտողներն ու միսիօնարները, որոնք երկար ժամանակ ապրեցան ցեղերու մէջ՝ միաձայն են, թէ Ասիական Թիւրքիայի եւ թէ Պարսկաստանի քիւրդ ժողովուրդներու մեծ մասին մէջ կը ճանցուին երկու որոշ դասեր (castes), որոնք հաւանաբար կը վերաբերին տարբեր ցեղագրական աղբիւրներու։ Այս երկու դասերն են Kermani ou Assireta (կըրմանի կամ Ասիրէթա) այսինքն ազնուականներ եւ (Gouran ou Paysan) Գուրաններ կամ Գիւղականներ։

Վերջիններս հարաւային Քիւրդիստանի մէջ կը կազմեն չորս կամ հնգապատիկ աւելի թիւ, եւ նկատուած են հաւանաբար այն ստոյգ տիտղոսով, թէ սերունդ են յաղթուած եւ ճորտացած ազգի մը։ Ասիական Թիւրքիոյ մէջ կը կոչուին րաեա ներ, ինչպէս որ են ագարակներու ուրիշ ճորտեր։

Գուրաններ ունին աւելի մեղմ դէմք, աւելի կանոնաւոր որ կը մօտենայ յունական տիպի։

                                                   «Narrative of a Residence in Korrdistan» Էլիզէ Րըքլիւ