Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆԿՈՒԼԻՆԵՐԸ
(Հայ-Քիւրդական բանակը. Զինւորական կէս-իշխանութիւն հանդէպ Պարսկաստանի. պատանդի սովորութիւններ. Ժողովուրդներու իրաւունքների պաշտպանութեան ձեւը՝ հանդէպ իրենց կառավարիչներու ոտնձգութիւններուն)

Վանկուլի կը կոչուէին այն գլխաւորները, որոնք կազմեր էին երկու հազարի մօտ հեծելազօրաց բանակ, կը տիրապետէին Հայաստանի ու Քիւրդիստանի Օսմ. կառավարութեան վեհապետական իշխանութեան տակ. կառավարութիւնը ապահովեցնելու համար պատանդներ կը թողնէին Կ. Պոլսի մէջ [1] ։

Հայ Վանկուլիների գլխաւորներէն առ այժմ յայտնի են, Պոչովեանները, Գարասէֆէրեանները, Թորոմանեանք, Պարոն Կարապետ [2] ։

Վանկուլիութիւնը Եէնիչէրի կազմակերպութենէն առաջ է գոնէ Հայաստանի մէջ։ Վանկուլիներու տիրապետութեան ժամանակ, բերդապահութիւն եւ թնդանօթաձգութիւնը անցեր է Տէր-Բարսեղեանց ցեղին։

Տէր-Բարսեղեանց ցեղը կայ մինչ ցարդ, անոնք կ՚ապրին Վան-Այգեստան, Քէնտրջիի կողմերը։ Նոյնպէս Քէնտրջիի թաղէն Մէլիքզադեան ազգանունով Հայի մը կը պատկանէր Վան քաղաքի դրան բանալին։ Թիւրքաց տիրապետութեան ժամանակ, բանալին յանձնած ատեն պէրաթ է ստացեր։ Վան-Կուլիները կազմուած էին գլխաւորաբար այն նպատակաւ, որ Պարսից դէմ պատերազմ ունեցած ժամանակ, այդ բանակը կը լինէր առաջամարտիկ, եւ կամ Հայաստանն ու Քիւրդիստանը Վան-Կուլիների իշխանութեամբ մի պատուար էին Պարսկական արշաւանքին։ Վան-Կուլիների բանակը կը կազմուէր Հայերէ ու Քիւրդերէ։

Մի օրինակ Վան-Կուլիների գործերէն։

Վան-Կուլիութեան անկման օրերուն, երբ կառավարիչները կը լինէին Քիւրդերը, ինչպէս Քէօր Մուստաֆա փաշան, որ Թէմուր օղլիներու պապն էր, եւ որոնց ազգագրութիւնը կը հաստատէ որ Հայ ցեղէ եղեր են, Քէօր Մուստաֆան համարուած է քաղաքի կառավարիչ. Վանի բերդի ետեւ պարտէզ կը տնկէ նա. երաշխ տարի լինելով։ Քաղաքի հասարակութեան այգիների ջուրը կը կտրէ ու կը բերէ իր պարտէզը ջրելու. հասարակութիւնը կը դիմէ Վան-Կուլիների գլխաւորներէն մէկին Խօջա Մարխասեանի։ Խօջա Մարխասեանը կը վերցնէ 50-60 ձիաւոր ու կ՚երթայ բերդի ետեւ. ձիաւորներին կը հրամայէ պարտէզին մէջ ձիարշաւ խաղալ։ Այնտեղ այնքան կը խաղան, որ պարտէզը կոխոտելով կը դարձնեն հարթ հաւասար գետին, ու այնպէս ետ կը դառնան։ Քաղաքի կառավարիչը կանչել կու տայ Վան-Կուլիների այդ գլխաւորներէն Խօջա-Մարխասեանին։ Խօջա-Մարխասեանը մի քիչ ոսկի դրած փոքրիկ ափսէին մէջ, վրան քօղ մը ձգած ու քօղի մի ծայրն էլ այնպէս շուռ տուած որ ոսկին երեւայ, գլխի վրայ դնելով կը մտնէ Մուստաֆա փաշայի մօտ։ Մուստաֆան տեսնելով ոսկին, կը հարցնէ, Այդ ի՞նչ է. Ձեր պարտէզի հասոյթի գինը, որով կարող էք գնել այնտեղէն ստացած բերքի տասնապատիկ աւելին։ Ձեր իրաւունքը ձեզ բերի եւ հասարակութեան իրաւունք-ջուրը իրենց թողի։ Քէօր Մուստաֆան որ այսպիսի գլխաւորների մէջ անուանական մի կառավարիչ էր եւ պատժելու անկարողութեան մատնուած, մի պարսկական շալ ժամանակի սովորութեան համաձայն Խալաթ (պարգեւ) կու տայ։ Խօջա-Մարխասեանը ըստ սովորութեան՝ յարգանքի նշան Խալաթ ը, գլուխին կապելու փոխարէն, դուրս եկած ժամանակ, կը կապէ պորտին, լուր կու տան Քէօր Մուստաֆա փաշային, թէ քո խալաթը անարգելու համար Խօջա-Մարխասեանը պորտին կապեց։ Ներս կը կանչէ անոր՝ բացատրութիւն պահանջելու. Խօջա-Մարխասեանը կը պատասխանէ. Նախ ինձ հարկաւոր է պորտ պնդացնել որ տեղէն չընկնի (կը նշանակէ ուժեղ մնալ)։ Քէօր Մուստաֆան շալ մը եւս կու տայ Խալաթ, որ նա կապէ գլխին։ Այսպէս կառավարիչները իրենց կոխոտող Վանկուլիներին պատժելու փոխարէն, անոնցմէ վախնալով կը վարձատրէին [3] ։



[1] Գարասէֆէրեանները Վանկուլիների իշխանութենէն մնացած այն ցեղն են, որոնց պատանդները գլխատուած են Կ. Պոլսի մէջ։ Գլխատութիւնը տեղի կ՚ունենար հին ժամանակի այն պայմաններու մէջ, որ երբ դրժէին իրենց գերիշխողներու հովանաւորութիւնը՝ իրենց պատանդները կը սպանուէին։

Այս պատանդներու գերեզմանները կը գտնուին այժմ Պոլիս Բանկալ թիի գերեզմանատունը, շիրիմները իրենց ըմբոստ յիշատակարաններն ունին։ Վանեցի Յարութիւն աղա՝ որի պապն է ստացել այդ գերեզմանատունը՝ Կ. Պոլսի թագաւորէն, սպանուեր է իբր պատանդ, մինչ ներկայ թուականս 220 տարուայ պատմութիւն կը լինի։ Շիրիմներու վրայ անոնց ամեն մէկը փորագրուած է կտրուած գլուխներով, երեք են շիրիմները, եւ հասարակութեան լեզւով կը կոչուին կտրուած գլուխներու գերեզմանները։

[2] Պարոն Կարապետը ունեցեր է մարդ կախելու իրաւունք, Շահպազեաններու ազգականներէն է. իրենց տունը որ այժմ ուրիշներ կը բնակուին, մինչ ցարդ կը կոչուի Պարոնենց տուն, Վանի Այգեստան-Շէն թաղի մէջ։       

Պարոն Կարապետը որ սարսափ ազդեր էր Քիւրդ Տէրէպէյիներուն, մեռնելէն անմիջապէս վերջ, Քիւրդ պէյերը կը յարձակուին անոր տան վրայ, կը յափշտակեն Գեղեցկութեան անուն հանած կինը, ու իրենք ալ իրար կը կոտորեն, ամէն մէկը աշխատելով ինքը տիրանալու ։

[3] Դեռ վերջին ժամանակներս Վանի հռչակաւոր Պօղոս եպիսկոպոս առաջնորդի ժամանակ՝ որի օրով ծագեցան Պօղոս Ապօղոս կուսակցութիւնները կամ Լուսաւորեալ, Խաւարեալ. (Պօղոսեանները կը կոչուէին Խաւարեալ, իսկ Ապօղոսեանները Լուսաւորեալ). Քիւրդերը կառավարութեան հետ ոեւէ գործ ունեցած ժամանակ, Վանի Առաջնորդին կը դիմէին եւ անոր իրաւասութեան միջոցաւ եթէ յանցաւոր լինէին՝ կը յանձնուէին, եւ կամ բողոք ու պահանջ ունեցած ժամանակ՝ բողոքնին ու պահանջնին կը ներկայացնէին, յանձնուելով Հայերու պաշտպանութեան ու ճանաչելով հայկական իրաւասութիւնը՝ անոր կու տային տեսակ մը հաշտարար դատաւորի դեր իրենց եւ կառավարութեան միջեւ։ Մոկսի մէջ այժմ ալ Քիւրդ բէգերու կնոջ ընտրութիւնը չի կրնար կատարուիլ առանց Հայ ժողովուրդի հաւանութեան, մինչեւ որ բէգի իրաւասութեան տակ եղած Հայերը արտօնութիւն չտան, Քիւրդ բէգը իրաւունք չունի իր ընտրած կինը բերելու. Քիւրդ խաթունը ունի իշխանուհու առանձին եւ իր դիրքին պահուած իրաւունքները ժողովրդի հետ. ինչ որ հին Հայ կեանքի մէջ Տիկինութեան կը պատկանէր. տեսակ մը ժողովրդական ընտրական ձեւ մ՚է այս, նախնական այդ պետական կազմին համար։