Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽՈՂ ՔԻՒՐՏ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ
(Հայացած Քիւրդեր կամ Հայ-Քիւրդեր։ Ամատունիք կամ Վաչուտանք)

Հայ պատմութեան մեր որոնումներու ատեն Քիւրդ անուան առաջին անգամ կը պատահինք Ռուբինեանց իշխանութեան ժամանակ Հեթում Ա. ի ուղեւորութեան մէջ, որը Սելջուկեաններու դէմ յանձն առած արշաւանքի համար՝ Թաթարներու մեծ առաջխաղացութիւնը տեսնելով գնաց անոնց Մանգոյ խանին հետ դաշն կապելու։

Ալիշանը իր «Այրարատ»ի «Ապարան» հատուածին մէջ կու տայ Քիւրդ ցեղի մը ազգագրութիւնը, Մարերէ սերուիլը, Մամիկոնեանց տոհմէն հայանալը, Ամատունի լինելը ու քաջ պատերազմիկ յատկութիւններով օժտուիլը. մենք կարեւոր համարեցինք այդ հատուածի կարեւորագոյն մասը իբր ծանօթութիւն ստորեւ առաջ բերել, գրաբարէ աշխարհաբարի վերածելով [1] ։

Ուրիշ ժամանակակից պատմիչի մը խօսքերն են.

«Այս մեծափառ աստուածահաճոյ մեծ զօրավար եւ երեւելի նախամարտիկ Հայաստանեայց զաւակ, անոր պարծանքն ու զարդը ամենօրհնեալ Քուրդը երեւալով, անոր ձիերու ոտնաձայնը, նիզակներու ճօճիւնը, սուրերու փայլատակումն, աղեղներու ճայթիւնները ու կուռ զրահները, ասպարափ լինելն ու անոր ուրիշ ահարկու ասպազէնը կը զարհուրեցնեն թշնամիները։ Բաց ի շատ պատերազմների մէջ ունեցած քաջութենէն ու յաղթութենէն, որ ետ է մղեր թշնամին իր ձեռքով, անոր քաջութիւնն ու յաղթութիւնը եղեր է առիւծի ու քաջ արծւու քաջութիւնն ու յաղթութիւնը նապաստակների վրայ՝ բոլոր պատերազմներու մէջ։ Այսպէս էր Ղազանի եւ Ղարպանտի եւ Պուսաիտի օտարացեղ թագաւորներու ու անոնց մեծամեծ սպարապետներու առաջ»։



[1] «Վարդենիս կամ Վարդենեաց գիւղ որի մասին խօսեր են մեր նախնիք անոր անուան ու դիրքի մասին, Կիրակոս պատմիչն ալ (ԾԶ) ընդգծեր է։ Սա այն տեղն է որ կը գտնուի Արագածի ոտքը Արայի լեռան դիմաց եղած գիւղը Վարդենիս կոչուած։ Այստեղ էր որ Հեթում Ա. թագաւորը Թաթարներու Մանգոյ խանի քով երթալու ժամանակ իջեւանեցաւ այն իշխանի տունը որը կ՚անուանէին Քիւրդ ։ Ազգով Հայ, կրօնով Քրիստոնեայ, ու իր որդիները Վաչէ եւ Հասան, ու անոր կին Խորիշահ, Մարզպանայ աղջիկն էր, Մամիկոնեանների ցեղէն, նա Ասլան Բէգի եւ Գրիգորի քոյրն էր, այնպէս որ իրենց տունէն Հեթումին ընծայ տալու առարկաներ բերին. Հեթումը երբ դարձաւ Թաթարներու մօտէն, դարձեալ այստեղ Վարդենիս գիւղն եկաւ ու իջաւ Քիւրդ իշխանի տունը, ուր թողեր էր իր ճանապարհորդական իրեղէնները։

Այս պատմուածը կը հաստատէ որ այստեղը Մեծ Քիւրդ իշխանի ոստան ն էր, որուն նախնիներու ու սերունդներու շատ յիշատակներ տեսանք Արագածոտի կողմերը. արժան կը համարիմ տալ անոնց ազգահամարի բովանդակութիւնը ու մի քանի բացատրութիւններ՝ ըստ պատմութեան Զաքարիա սարկաւագի եւ ուրիշներու։ Այս տոհմի ծագումը Մարաց ազգէն է, որ եկեր բնակուեր եւ խառնուեր են խնամութեամբ Հայերի հետ ու Հայաստանի մէջ, որի համար կ՚անուանէ Աժդահակայ ցեղէն։ Ազգահամարին մէջ առաջին ծանօթ եղածը տասներկուերորդ դարուն Վաչէ կամ Վաչուտ ոմն է, որմէ եւ կը կոչուին Վաչոտեանք անորմէ սերուած. եւ ինձ յայտնի են անոնց զաւակներէն, որոնք մէկ դար եւ կամ քիչ մ՚աւելի ժամանակ տեւած են։

Վաչէ կամ՝ Վաչուտ.

Սարգիս Քուրդ Ա. (տասներկուերորդ դարու վերջերը)

Վաչէ   = կին Մամախաթուն (հազար երկու հարիւր տասներեք թուականէն մինչեւ երեսուն երկու)։

Վաչուտ. (հազար երկու հարիւր երեսուն հինգ թուականէն մինչ՝ վաթսուն եօթ. )

Քուրդ Բ. մեծ կին Խորիշահ Մամիկոնեան.

Դաւիթ Վաչէ վաղամեռ. Տայիր ծառան. 1283 = կին Սիրուս խաթուն դուստր Ուքանայ.

1317 Քուրդ Գ. Անբերդցի = կին Խոյան կամ Խուան խաթուն.

Թէոդորոս Չրքին.

Թայիկ.

Արձանագրական ապացոյցներն են.

«Գ. Քուրդի որդի Թէոդոս կամ Թէոդորոս Չրքին վկայէ յարձանս Յովհաննայ վանից զի յեկեղեցւոջ նորին «եդեալ էր շիրիմ (իւր) Պարոն հայրն իմ այր Ամատունի. ինքն բազում կալուածս շնորհէ վանացն, զորս հաստատէ մայրն նորա Խուանդ խաթուն իբրեւ դշխոյ իշխանաւոր. ցայս վայր որ է միջոց 150 ամաց գտանեմ յազգս եօթն զյիշատակ Մարացի տոհմիս Վաչուտանց, որոյ բազմադէպ իմն է իշխանանալ կողմանցս որ գրակէ համատոհմք նոցա Ամատունիք տիրէին ի նախնումն, վասն որոյ թուի յետնոյ պայազատին զհայր իւր կոչել Այր Ամատունի եւ կամ զի Արմատն ըստ Խորենացւոյ ԵԿ լսի ի մարաց լեզու»։