Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՐ ՉԷՊԻԼ-ԶԷՐԻՆ
(Ոսկեբազուկ Իշխանը)
ԿԻՒՀԷՐ-ԽԱՆՈՒՄԸ Ի ՏԻՄ-ՏԻՄ ԲԵՐԴ
(Պատերազմ Քիւրդերու եւ Պարսիկներու միջեւ. Քիւրդ կնոջ պատերազմական յատկութիւնները. Թշնամու հանդէպ դիմադրական ուժ. Կնոջական պատուազգացութեան չափը. Մահը անարգելու հակումներ. Ցեղային նահատակներու համար քաղաքական եւ ընկերական տօն. Ոչ-Պաշտօնական Աղօթքներ)

Քաղաքական եւ ընկերական հայեցակէտերէ Քիւրդ յատկանշականը իր բազմակողմանիութեան մէջ պատկերացնելու համար, առաջ կը բերենք Քիւրդ-Պարսկական պատերազմէ մը [1] պատմութիւն մը, որը Քիւրդ պատմագէտներէ գրի առած է Էրզրումի Ռուս հիւպատոս Ալէքսանդր Ժապա՝ 1860 թուին։

«Պարսից թագաւոր Շահ-Իսմայիլի ժամանակ, Ուրմիոյ եւ Թաւրիզի միջեւ եղած Մարաղա գաւառի մէջ կար մի պարսիկ Հերետիկոս Խան, որ կը կոչուէր Ասքէր-Խան ։ Հէքեարիի սահմանակից գաւառներէն մէկի մէջ կը գտնուէր անմատչելի ժայռ մը, որ լաւ ամրացուած՝ կ՚անուանուէր Տիմ-Տիմ դղեակ ։ Իշխանը որ հրամանատարն էր այս բերդին՝ կը կրէր Խան-Ավտալ անուն, նա երիտասարդ էր եւ գեղեցիկ, ու այդ պատճառով անոր մականունը դրած էին Միր-Չէպիլ-Զէրին (ոսկեբազուկ իշխան). յիշեալ Հերետիկոս Խանը (Ասքէր-Խանը) անհաշտ թշնամի էր Ավտալ Խանին ու Տիմ-Տիմի բնակիչներուն։ Անոնք փոփոխակի իրար կը կողոպտէին ու կը կոտորէին։ Հերետիկոս Ասքէր-Խան Մարաղայի շուրջ հանեց տասնմէկ հազարանոց բանակ՝ բաղկացած հեծելազօրքէ եւ հետեւակազօրքէ, հետն առաւ թնդանօթներ ու արշաւեց Տիմ-Տիմ բերդի վրայ Խան Ավտալին ջախջախելու. պաշարեց Տիմ-Տիմը երեք ամիս. Բերդականները դուրս գալով կռուի, իրար կը կոտորէին ու նորէն ներս կը քաշուէին։ Իսկ պաշարողները ռումբեր կը նետէին բերդէն ներս։ Տիմ-Տիմի եօթ հարիւր մարդիկներէն սպանելով սպանելով սպառեցին ու թողին միայն 70 մարդ։ Սնունդի պակասութեան պատճառով կը տիրէ սովը. Խան Ավտալ կը դիմէ Վանի փաշային օգնութիւն խնդրելու, բայց չի գտներ, այդ յուսահատ դրութեան մէջ, որպէս զի իրենց ամբողջ կորուստները արժէք մը ունենան, Կիւհէր-Խանում առաջարկ մը կ՚ընէ.

«Թող տղամարդիկ բանան դղեկի դուռը, դուրս գան իրենց տեղերէն ու յարձակուին թշնամու վրայ. մենք կիներս ու անոնք որ իրենց մէջ ուժ կը զգան, զէնք կը վերցնենք ու կը կռուենք ձեր կողքին։ Գալով աղջիկներուն ու երիտասարդ նշանուածներուն որոնք ընդունակ չեն կռուի, թող անոնք ալ թոյն պատրաստեն, եւ երբ դուք ամենքդ կորսուիք, անոնք ալ թող այդ թոյնը կլլեն թշնամու ձեռքը չիյնալու համար։ Իրենցմէ մէկը թող ի մի հաւաքէ մնացած վառօդները, ու երբ դղեակը թշնամիներով լեցուի, կրակ տայ վառօդին. մենք օդը պիտի բարձրանանք, բայց հերետիկոսները՝ ինչպէս Կըզըլ-Պաշ, պիտի կորսուին նոյնպէս»։ Բոլորը ծափահարեցին Կիւհէր-Խանումի առաջարկը, ու սկսեցին պէտք եղած կարգադրութիւնն ընել։ Ամեն մէկը ինքզինք զոհաբերեց ու պատրաստուեցաւ անխուսափելի մահուան մը։

Ուրբաթ օր մը կէսօրուայ մօտիկ, Խան-Ավտալ, եօթանասուն մարդիկները եւ քսան եօթ կիները իրար միանալով դղեկի դուռը, մին միւսին մնաք բարո՜վ ըսելէ յետոյ, մեծ ու փոքր, երիտասարդ ու ծեր, կին ու ամուսին դուրս կը նետուին իրենց տեղերէն. բոլոր աղջիկներ ու դեռատի կիները հետերնին թոյն կը վերցնեն ու կ՚երթան պարիսպներուն միջանցքները, դիտելու կռուողներու շարժումը. մինչ Խան-Ավտալի կինը Ասիմա-Խանում կը հաւաքէ բոլոր վառօդը ու կը դնէ գետնափոր շինութեան մը մէջ դղեկի դռան տակ, ու կը բարձրանայ պարիսպների միջանցքը՝ այնտեղ իբր պահակ սպասելու, երբ Խան-Ավտալ դուրս կու գայ դղեակէն իր մարդերով, Կըզըլ-Պաշները կը կարծեն որ անոնք պիտի փախչին, Հերետիկոսները կը քաշեն իրենց սրերը ու կը յարձակուին։ Ավտալ եւ իր քաջերը կատաղի կռիւ մղելով դղեկի դռան առաջ, Տիմ-Տիմի մի բուռն հերոսներ կը պաշտպանուին քաջաբար, հանդէպ հերետիկոսներու մեծ բազմութեան։ Կիներ ու դեռատի աղջիկներ վերէն սրտմաշուք կերպով կը դիտեն անցած դարձածը, կ՚աղօթեն ու արցունք կը թափեն՝ տագնապի աղաղակներ արձակելով. երեխաներու ձայնը կը բարձրանար մինչեւ երկինք. վերջապէս կռուողները կը մեռնին մինչեւ վերջինը, բայց Կըզըլ-Պաշների կորուստը կրկնապատիկ կը լինի եւ մինչեւ անգամ եռապատիկ։ Անմիջապէս երբ Խան-Ավտալը կ՚իյնայ իրեն ընկերացող այդ մարդերով ու կիներով, հերետիկոսները կը լեցուին դղեակը, այնպէս որ ներս մտնող ամբոխի համար բաց տեղ չի մնար. աղջիկներ ու նորատի կիներ մեծ մասամբ թոյն կը կլլեն. Ասմա-Խանումը կրակ կու տայ վառօդին, որ կը խորտակէ դղեակի մի մասը այն բոլոր Պարսիկների վրայ որ այնտեղ մտած էին, ինչպէս եւ Տիմ-Տիմի շատ մը ընտանիքների ու երեխաների։ Շատ քիչեր էին որ կարողացան ազատուիլ, ապրող կիներ ու երեխաներ գերի տարուեցան, ծերերն ու պառաւ կիները մորթուեցան։

Պարսիկները ինչ որ մնացեր էր ամրութիւններէն՝ քանդեցին, ու հրդեհեցին բնակարանները. հերետիկոսներու կորուստը (մահը) անհաշիւ է։

Այդ ժամանակէն Տիմ-Տիմը մնացեր է աւերակ ու առանց բնակչի։ Այս գեղեցիկ պաշտպանութիւնը հռչակ հանած է Քիւրդիստանի մէջ. եւ մուլլահ Պաթ-Ի, Միմ, Հէ (Մուհամմէտ), այս դէպքին վրայ գրած ունի գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը։ Քիւրդերը իրենց հաւաքումներու մէջ կը սիրեն կարդալ այն, կը հեկեկան ու կու լան, եւ կ՚աղօթեն Տիմ-Տիմի զոհերու յիշատակին։



[1] Ըստ Ազգագրական տեղեկութիւններու. «Քիւրդերը դարու մը չափ հպատակեցան Պարսկաստանի, եւ ապստամբելով՝ 17-րդ դարուն ենթարկուեցան Թուրքիոյ» (Larousse).