ԳԸԶԸԼ-ՊԱՇ
ՔԻՒՐԴԵՐԸ
Գըզըլ-պաշ
Քիւրդերը
կը
բնակուին
Տէրսիմ
եւ
շրջակայքը
իրենց
հաւանական
թիւն
է
75,
000։
Կը
կարծուի
որ
ունին
15,
000
զէնք
կրողներ։
Ասոնք
ցրիւ
եկած
լեռներու
մէջ՝
կը
պատկանին
զանազան
աշիրէներու,
կը
միաբանին
հասարակական
աղէտներու
առաջ,
իրենց
պարապմունքն
է
անասնաբուծութիւն,
երկրագործութիւն,
արհեստներէն
իրենց
մէջ
աւելի
շատ
զարգացած
է
զինագործութիւն։
Թիւրք
կառավարութեան
տակ
կիսանկախ
վիճակ
մը
ունին,
եւ
գրեթէ
ոչ
զօրք
կուտան
ու
ոչ
տուրք.
զինուորագրութեան
ու
հարկահաւաքութեան
շատ
փորձերը
միշտ
անյաջողութեան
կը
հանդիպին։
Այս
ցեղերը
մշտական
պաշարման
վիճակի
մէջ
են.
լեռան
ստորոտները
Օվաճըգ
ըսուած
տեղ
շինուած
զօրանոցներով.
Տէրսիմը
կ՚իյնայ
Խարբերդի
հիւսիսային
կողմ,
կուսակալութեան
կեդրոնէն
12
ժամ
հեռաւորութեան
վրայ։
Միւթէսարըֆ
կը
նստի
Խոզայի։
Տէրսիմի
մէջ
կան
բաւականաչափ
հայ
գիւղեր,
որոնք
արհեստներով
կը
պարապին,
կը
պահպանեն
քրիստոնէական
շատ
մը
սովորութիւններ։
Իրենց
մէջ
թիւրք
բնակիչ
չունին։
Տէրսիմի
Քիւրդերը
կը
կոչուին
Զազա.
ունին
լեզուական
ուրոյն
բարբառ.
Տօրոսի
շղթաներու
վրայ
եղածները
կ՚անուանուին
Աւշար։
Աւշարները
իրենց
լեզուով
ու
բարքերով
աւելի
մօտ
են
Զազաներուն
քան
ուրիշ
Քիւրդերու։
Աւշար
ցեղի
մէջ
այժմ
աւանդութիւն
կայ
որ
իրենք
սերած
են
Արշակունիներէ
[1].
Մալաթիոյ,
եւ
Տէրսիմի
շրջաններու
բնակուած
քիւրդերու
ցեղերէն
մէկը
կը
կոչուի
Խաչօվալի,
որ
կրօնական
առումն
ունենալով
Խաչեան
կը
բացատրուի։
Այն
մեծ
նշանակութիւնը
որ
«H.
F.
B.
Lynch»
կուտայ
Գըզըլ-պաշ
քիւրդերուն՝
անկարելի
է
ուշադրութենէ
վրիպեցնել.
մենք
առաջ
կը
բերենք
իր
կարծիքներէն
ամբողջական
կտոր
մը՝
քաղուած
անգլիերէն
«Armenia»
գրքի
«Political
and
statical»
մասէն.
(երես
412
425)։
«Ամբողջ
մօտաւոր
արեւելքի
մէջ
այս
քրդերըԳըզըլ-պաշ
անուանուելով
ատելութիւն
մը
կը
սնուցանեն
դէպ
Թրքական
կառավարութիւնը
[2]
՝
որուն
փորձերը
զիրենք
միւսիւլման
դարձնելու
համար,
դժկամակութիւն
կը
գտնեն։
Միեւնոյն
ատեն
ձգտում
մը
ունին
դէպի
քրիստոնեաները՝
ընդհանուր
հակամարտութեամբ
մը
տիրող
կարգերու
դէմ։
Քրիստոնեայ
կրօնը
կը
յարգեն,
եւ
անոր
հիմնադիրը
կ՚ընդունին
իբրեւ
աստուծոյ
մարդեղութիւնը։
Որքան
գիտենք,
Գըզըլ-պաշներու
կրօնը
Արիական
մտքի
դրոշմը
կը
կրէ,
որ
մարդակերպ
աստուածութիւնը
կը
փնտռէ։
Մովսէսին,
Յիսուսին,
Մուհամմէտին
եւ
Ալիին
աստուածային
բնոյթ
կընծայեն։
Իրենց
լեզուն
թէ
եւ
Քրդականի
մէկ
ճիւղը
կը
պարունակէ,
խառնուածք
մը
թէ
պարսկերէն
եւ
թէ
հայերէն
բառերու,
եւ
կըսուի
թէ
տիրող
քրդական
բարբառէն
այնքան
խոշոր
տարբերութիւն
մ՚ունի
որ,
մէկ
բարբառին
ծանօթ
եղողները,
միւսը
չեն
հասկնար։
Անոնք
թլպատութեան
ծէսը
կը
գործադրեն,
եւ
կը
պահպանեն
կարգ
մը
իսլամական
օրէնքներ։
Գըզըլ-պաշները
երկրի
քրդական
ժողովրդի
մէջ
առանձին
տարր
մը
կը
կազմեն։
Այս
տարրին
թուական
արժէքը
կարելի
է
դնել
իբր
1
/
3
ը
այն
թուին՝
զոր
ես
տուի
թրքահայաստանի
գաւառներու
քրդերու
քանակը
ցոյց
տալու
մէջ։
(Ամբողջ
Սիւննի
եւ
Գըզըլ-պաշ
քիւրդերու
թիւը
առանձին
ցոյց
տրուած
է
410,
812
մարդ։
Ասոնցմէ
դուրս
են
թիւրքերը
որ
ցոյց
տրուած
է
442,
946
մարդ)։
Իրենց
աշխարհագրական
դիրքը
Եփրատի
միջեւ
եւ
շրջակաները
զինուորական
տեսակէտէ
անոնց
ժամանակակից
արժէք
մը
կուտայ,
իրենք
բռնած
են
վայրի
եւ
լեռնոտ
երկիրը,
Երզնկայի,
Դ.
Զօրաբանակի
հարաւային
կողմը։
Այս
գաւառը
որ
ծանօթ
է
Տէրսիմ
անունով՝
երկար
ատեն
դիմադրած
է
ու
կը
շարունակէ
դիմադրել
թրքական
լուծին
դէմ։
Այստեղ
անոնք
կ՚ապրին
ցեղային
ու
հովուական
վիճակ
մը,
սակայն
կլիմայական
խստութիւններու
պատճառով
հարկադրուած
են
տուներու
մէջ
բնակուիլ,
մշակելով
փոքր
տարածութեամբ
հողեր։
Տէրսիմի
արեւմտեան
եւ
արեւելեան
կողմ
բնակող
Գըզըլ-պաշներ
խաղաղասէր
եւ
աշխատասէր
ժողովուրդներ
են,
որոնց
մասին
ճանապարհորդները
(գիտնական)
յարգանքով
կը
խօսին։
Թէյլըր
Էրզրումի
անգլ.
հիւպատոսը
իր
մէկ
վիճակագրութեան
մէջ
որ
Անգլ.
կառավարութեան
մէկ
կապոյտ
գրքին
մէջ
հրատարակած
է,
Տէրսիմի
Գըզըլպաշ
քրդերը
110,
000
կը
հաշուէ։
Հիմնուելով
աւելի
նորագոյն
տեղեկութիւնների
վրայ
ես
կը
դնեմ
անոնց
թիւը
50,
000»։
Խօսելով
Քրդերու
ընդհանուր
վիճակին
վրայ՝
Գըզըլպաշներու
գնահատութեան
մէջ
իր
կարծիքն
է.
―
«Այս
ժողովուրդը
ծանօթ
է
ամենահին
պատմութեանը՝
եւ
անոր
նկարագիրը
արդէն
բաւականաչափ
ճանչցուած
է
Եւրոպայի
մէջ։
Քրդերը
բնակելով
այս
տեղերը
ոչ
միայն
նկատելի
կը
դառնան
մէկ
միւսէն
տարբեր
ընկերական
կեանքի
աստիճանին
հասած
լինելուն,
այլեւ
լեզուի
եւ
հաւատքի
էական
բաժանումներուն
համար։
Թէեւ
կառավարական
պաշտօնական
ցուցակներուն
մէջ
Քրդերը
միւսիւլման
նկատուած
են
Սվազի
շրջականերէն
մինչեւ
Մալաթիոյ
հարաւակողը,
եւ
Եփրատի
երկու
ճիւղերուն
մէջ
Մուշի
մօտ.
բայց
երբէք
ուղափառ
կրօնը
չեն
գործադրեր,
ոչ
ալ
կը
խօսին
այն
բարբառը
որ
կը
խօսին
իրենց
դրացի
ցեղերը։
Ուրիշ
կարծիքները
Գըզըլ-պաշներու
մասին.
կամ
Տուժիկ
ցեղը.
«Տուժիկների
մեծ
ցեղը
բռնած
ունի
Տէրսիմի
լեռները
որ
Երզնկայէն
հեռու
է
քանի
մը
ժամով՝
երկարաձգուած
Խարբերդի
ուղղութեամբ
դէպի
Նաշին
եւ
Արաբկիր։
Ցեղը
կազմուած
է
քանի
մը
թայիֆէներէ,
որոնց
հռչակաւորներն
են
Պալապանլիներ,
Գուրէյշիներ
եւ
Գուլապիներ
։
Օսմ.
կառավարութիւնը
զանազան
ժամանակները
զինուորական
արշաւանքներ
կազմած
է՝
ուղղելով
ադոնց
վրայ,
բայց
մինչ
ցարդ
հպատակութեան
չեն
ենթարկուած։
Կը
պնդեն
որ
Տուժիկներ
երեսունէն
քառասուն
հազար
կռուող
կը
հանեն։
Թիւրքերը
անոնց
կանուանեն
Տուժիկ
կամ
պարզապէս
Էքրատ,
որ
քիւրդ
բառի
յոգնակին
է.
Մինչդեռ
իսկական
Քիւրդերը
զանոնք
կը
կոչեն
Գըզըլ-պաշ»։
Տուժիկներ
մասնակի
աղանդ
մ՚են
եւ
Ալին
իրենց
աստուած
կը
ճանաչեն.
անոնք
կապրին
կիներու
հետ
համայնական
կեանքով։
Տուժիկներէն
նուազ
զօրեղ
ցեղ
մը
Աւշար
թայիֆէն
է,
բայց
շատ
անհանդարտ,
հաստատուած
է
Կեսարիոյ
լեռները,
ուր
իր
հարստահարական
ու
աւազակային
գործերով
անուն
հանած
է,
գործադրելով
մեծ
ճանապարհներու
վրայ»։
Գըզըլ-պաշները
ըստ
«V.
C.
»ի.
«Ասոնք
արտաքուստ
միւսիւլմաններուն
կը
մօտենան
եւ
ակամայ,
ու
այն
ժամանակ՝
երբ
անոնց
մէջ
են։
Քրիստոնեաներէն
քիչ
հեռու
ցոյց
կուտան
ինքզինքնին.
եկեղեցական
քանի
մը
ծէսեր
ունին,
որ
ի
գործ
են
դրուած
իրենց
քահանաներէ,
որոնք
կը
կոչուին
Տէտէ
(մեծ
հայր)։
Ծէսերը
ընդհանրապէս
հիմնուած
են
հացի
եւ
գինւոյ
վրայ՝
Տէտէներու
կատարած
աղօթքներով,
որ
կը
բաժնուին
ներկաներուն
յարգանքով։
Կը
պնդեն
որ
անոնք
եպիսկոպոսներ
ունին,
եւ
մի
ամբողջ
գաղտնի
նուիրապետական
դասակարգ,
որ
կարծել
կուտայ
թէ
անոնք
կը
սերին
հին
քրիստոնեաներէ՝
շատ
յետոյ
վերածուած
գաղտնի
համայնքի,
երեւութապէս
իսլամութիւն
խոստովանելով.
կը
կարծեն
որ
անոնք
եկած
են
Պարսկաստանէն
կամ
անոր
սահմանագլուխներէն։
Գըզըլ-պաշներու
թիւն
է
182,
580։
Տիգրանակերտի
մէջ
եւս
հազար
մը։
Ամբողջը
183,
580։
Գըզըլ-պաշներու
այս
թուական
չափազանց
տարբերութիւնը
առաջ
կուգայ
զանոնք
թիւրքերու
հետ
խառնելու
եւ
զատելու
խնդրէն
իբրեւ
միւսիւլման։
Հետեւապէս
ազատ
եւ
ճիշտ
վիճակագրութիւն
մը
միայն
կրնայ
ստուգել
անոնց
թիւը՝
դարձեալ
իբր
հաւանական
միջին
թիւ՝
առնելու
է
անգլ.
Հիւպատոս
Թէյլըրի
ցոյց
տուած
քանակը՝
որ
է
110,
000
հարիւր
տասը
հազար։
[1]
Եղիշէ
Եպիսկ.
Չիլինկիրեան
որ
այդ
կողմերը
գտնուած
է,
եւ
շփումն
ունեցած
Աւշարներու
հետ,
կը
պատմէ
թէ
Աւշարները
կուզեն
հաւաստել
որ
իրենք
մինչ
ցարդ
աւանդաբար
կը
պահեն
իրենց
մօտ
Արշակունիներու
սուրն
ու
թագը։
[2]
Խօսքը
կը
վերաբերի
նախորդ
Րէժիմին։