ՆԵՐԿԱՅԻ
ՀԱՄԱՐ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
ԱՆՑԵԱԼԻ
ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
(Քիւրդերու
ծագումի
մասին.
Հնդեւրոպական
ճիւղին
պատկանիլը.
Ազգերու
հետ
ունեցած
պատմական
առնչութիւնը.
իրենց
քաղաքական
արժէքը
ներկայի
տեսակէտէն)
Անկարելի
է
միայն
ներկայի
պայմաններով
ու
իրողութիւններով
ճանչնալ
ցեղ
մը,
անոր
նոյն
իսկ
ներկայի
գնահատութիւնը
ու
ապագային
ուղղեալ
ընթացքը։
Ցեղագէտները
ցեղը
բնորոշելու
համար
անհրաժեշտ
կը
գտնեն
պատկերացնել
անոր
հոգեբանական
ու
ֆիզիքական
յատկանիշները
[1]
։
Հոգեբանական
շարքին
կը
պատկանին
գաղափարներու
շարժունութիւնը,
անոնց
ընթացքը
որ
առանձնայատուկ
արտայայտութիւնն
է
ցեղի
մտաւորական
կազմի։
Ցեղի
ոգին
է
որ
կը
ղեկավարէ
ժողովուրդի
հաւատալիքները,
անոր
դաստիարակութիւնը,
արուեստը,
եւն.,
մի
խօսքով
քաղաքակրթութիւնը։
Ֆիզիքական
շարքին
կը
պատկանին
ժամանակագրական
պատմութիւն
մարդերու
ու
գործերու,
որի
մէջ
կ՚երեւայ
ընկերական
ու
պետական
կազմի
ձեւը,
այդ
կազմութեան
յաջորդական
աստիճանը,
ուրիշ
ցեղերու
հետ
ունեցած
շփումը՝
որ
արդիւնքն
է
Ցեղի
կամքին
։
Լեզուն,
միջավայրը,
ու
ասոնց
զարգացական
չափերը
ազդեցութիւն
ունին
այդ
յատկանիշերը
կազմելուն
մէջ։
Ընկերաբանները
կը
գտնեն
որ
հետազօտող
մը
չպիտի
բաւականանայ
ըստ
սովորականի
իրողութիւնները
բանաձեւելով
միայն
գրի
առնել,
այլ
բանաւորապէս
ու
անոնց
իտէաով
մեկնել
այդ
իրողութիւնները.
չսահմանափակուիլ
միայն
ցուցանելով,
այլ
որոնել
անոնց
գոյութեան
իրաւունքը։
Այս
մեկնակէտէն
սկսելով
մենք
կը
դիմենք
Քիւրդերու
պատմական
անցեալին.
հետաքրքրուած
ենք
այն
գիտնականներով
ու
պատմագէտներով՝
որոնք
Քիւրդերու
ամբողջական
էութիւնը
ըմբռնելու
հետեւած
են։
Ասոնցմէ
մէկն
է
Բրօֆէսէօր
Lerch,
որու
հայեացքները
շատ
նշանակալից
են
թէ
գիտական
եւ
թէ
քաղաքական
տեսակէտէ։
«Քիւրդերը
իրենց
շատ
մը
առնչական
յարաբերութիւններով
կը
գրաւեն
ազգագրագէտ
պատմաբանի
ուշադրութիւնը.
ըստ
պատմական
յարաբերութեանց
մենք
կը
տեսնենք
իրենց
մէջ
սերունդը
այն
Իրանեան
ռազմիկ
եւ
ուժեղ
Խալտէացիներուն՝
որոնք
արդէն
երրորդ
հազարամեակի
մէջ՝
մինչեւ
Փրկչական
թուականը,
իբր
պատերազմիկ
ոգւով
լի
լեռնականներ
իջան
Տիգրիս-Եփրատեան
հովիտը,
ու
այստեղ
նուաճեցին
Բաբելոնեան
տկար
Սեմիտական
ցեղը.
ինչպէս
հաւանաբար
Ասորեստանի
մէջ
եւս
տիրապետեցին
հիւսիսային
Խալտէական
սերունդները,
ու
իրենց
կողմէն
նպաստեցին
Ասորական
պետութեան
զարգացման։
Նոր
հետազօտիչները
Քիւրդական
ցեղերու
մէջ
կը
գտնեն
այն
արտայայտիչ
եւ
գերազանցօրէն
գեղեցիկ
տիպը,
որ
ճիւղաւորութեամբ
առաջ
եկած
է
ասորական
թագաւորներէ
եւ
ռազմիկներէ։
Ուսումնասիրութիւնները
կը
պահպանեն
այս
կարծիքը
Խալտէացիներու
Իրանեան
ծագման
մասին,
Միխայէլիսի
եւ
Շլէյցէրի
ժամանակէն։
Նոր
ժամանակներիս
մէջ
այդ
կարծիքները
հզօրապէս
պաշտպանուեցան
Կունիկէն
[2]
եւ
յետոյ
Ռընանէն
[3]
։
Այս
երկու
ուսումնասիրութիւնները
այն
կարծիքէն
են,
որ
Իրանեան
տարրերը
Տիգրիս-Եփրատեան
հին
պետութիւններու
պատմութեան
մէջ
նշանակելի
գոյութիւն
մը
չթողնելուն
համար,
չէ
կարելի
հասկնալ
այն
բարձր
նշանակութիւնը
որ
անոնք
ունին
մեր
քաղաքակրթութեան
պատմութեան
մէջ։
Եթէ
հարցը
այն
հիւսիսային
Խալտէացիներու
վերջերը
եղած
մասնակցութեան
մասին
է,
որոնք
ինչքան
տիրապետեցին
իրենց
ցեղակից
մարտիկներու
հետ,
այնքան
նշանակելի
գերակշռութիւն
ունեցան
Ասորական
եւ
Բաբելոնական
գործերուն
մէջ,
որ
արդէն
այդ
ինքնին
կը
ներկայացնէ
մեծ
շահագրգռութիւն,
իսկ
միւս
կողմէ
այդ
շահագրգռութիւնը
պէտք
է
դեռ
բարձրանայ
մեր
ժամանակը,
ուր
գործը
կը
վերաբերի
արեւելեան
ցեղերու
նոր
ու
բարձր
կեանքի
յատուկ
վերակենդանութեան։
Տարակոյս
չկայ
որ
Արեւմտեան
Ասիոյ
քանի
մը
ցեղերէն
որոնք
իրենց
յոյսը
դրած
են
այդ
առնչական
յարաբերութեանց
վրայ՝
Քիւրդերը
աւելի
շահագրգռութիւն
կը
ներկայացնեն
իրենց
Հնդկա-Եւրոպեան
ցեղակցութեամբ
քան
Թիւրքերը
[4]
։
Իրականութեան
վրայ
եղած
հետազօտութիւնները
սկսած
են
նախորդ
հարիւրամեակի
վերջէն
ոչ
այնքան
առաջ՝
Անկտիլիա
ի
ժամանակը.
միայն
վերջին
քսան
տարուան
ընթացքին
ձեռք
բերին
լեզուաբանական
եւ
պատմաբանական
գիտութեան
մասնագիտական
նշանակութիւնը։
Հին
ժամանակի
Իրանեան
ժողովուրդներու
խմբերի
ներկայացուցիչները,
բաց
ի
Բաբելոնական
եւ
Ասորական
տիրապետող
թագաւորներէ
եւ
պատերազմիկ
դասերէ՝
մենք
կը
հաշուենք
Բագտրիաններ,
Մէտիացիներ,
Պէրեր
եւ
Հայեր.
իսկ
լեզուներէն՝
որոնցմով
մեզ
հասած
են
գրաւոր
յիշատակներ,
մեզ
յայտնի
են
առ
այժմ
հին-պարսկական
(երրորդ
կարգի
բեւեռագրերու
լեզուն
կամ
Ախեմենեան).
Ավեստական,
եւ
կամ
ինչպէս
կը
կոչուի
Զենտական,
երկու
բարբառով.
ատոնցմէ
մէկը,
որով
հեղինակուած
են
կրօնական
երգերը,
կը
համարուի
հին
Բագտրիերէն
եւ
միւսը
ընդհանրապէս
հին-Իրաներէն
Գուզվարեշ
(Uzopesch,
Huzuresch
եւ
կամ
ինչպէս
կը
կոչուի
Պեխլեվեան
(Պահլաւ)
լեզու.
Պարս
(կամ
Պազինտական
լեզու),
եւ
Հայ
լեզու։
Կ՚ենթադրուի
թէ,
Պարսկական,
Ասորական,
եւ
Բաբելոնեան
թագաւորներու
բեւեռագրական
արձանագրութիւններու
շարք
մը,
որոնցմէ
կան
դեռ
անորոշ
դրութեան
մէջ
մնացածներ,
անոնցմէ
մէկը
կը
բանայ
նոր
աղբիւր
Իրանեան
լեզուի,
այսինքն
Հին-Քրդական
կամ
Խալտէա-Իրանական
բարբառին։
Իրանեան
նոր
ժողովուրդներու
մէջ
բաց
ի
Պարսերը՝
ուսումնասիրողներու
ուշադրութիւնը
գրաւեցին
Աֆղաններ,
Պելուպժիներ,
Օսետիններ,
վերջիններս
մի
միայն
լեզուի
կողմանէ.
թէեւ
անոնք
պատմական
յարաբերութեանց
մէջ
հետազօտիչներու
հետաքրքրութիւնը
կը
շարժեն,
իրականութեան
ընդհանուր
եւ
մասնաւոր
հետքերուն
մէջ
կը
պատահին
Սկիւթացիներուն,
Սարմատացիներուն
ու
Կովկասեան
ժողովուրդներուն։
Ինչ
կը
վերաբերի
Բուխարացիներուն
ու
Քիւրդերուն,
մինչեւ
այժմ
անոնք
մնացեր
են
գիտութեան
մէջ
խնդիրներ
որ
լուծման
կը
կարօտին։
Արդ՝
իմ
հետազօտութեանց
առաջին
պտուղը
ներկայացնելով
գիտական
աշխարհի
դատաստանին,
ամէնէն
առաջ
կարեւոր
կը
համարիմ
բացատրելու
իմ
որոնումներու
պատճառները,
սկսելով
միայն
Քիւրդական
ցեղը
ու
անոր
բնակութեան
վայրը
ցուցադրելէն։
Քիւրդերը՝
ուր
որ
երեւցան
այդ
անունին
տակ՝
պատմութեան
մէջ
երբէք
չհիմնեցին
միակ
անկախ
պետութիւն,
եւ
անոնց
պատմական
նշանակութիւնը
կախումն
ունի
այն
ժողովուրդներու
կարեւորութենէն՝
որոնց
հետ
անոնք
կապեր
ունեցան։
Կը
հասկցուի
որ
հանդէպ
այդպիսի
բարդ
հարցի
մը,
եթէ
Քիւրդերու
այժմեայ
նշանակութիւնը
մինչ
այսօր
մնաց
անորոշ,
չնայելով
որ
վերջին
տասնամեակի
գիտական
գրականութեան
մէջ
քանի
մ՚անգամ
կրկին
ու
կրկին
խօսուեցաւ
այն
պահանջի
վրայ՝
որ
պէտք
է
հիմ
դնել
գիտութեան
վայել
քննական
հետազօտութեան՝
այդ
ցեղերու
գոյութեան
ու
զարգացման
մասին։
Լուրը
շատ
մը
հետազօտիչներու
սկզբնաւորութեանց
մասին
արձագանք
գտաւ
գիտական
թերթերու
աշխատակիցներու
մէջ։
Ծանօթանալով
նիւթիս
ծաւալին,
ես
որոշեցի
սկիզբէն
որքան
կարելի
է
ուսումնասիրել
Քիւրդերու
ներկայ
քաղաքական
դրութիւնը,
եւ
յետոյ
դիմել
դէպ
ի
գիտութիւն
այն
հարցերով,
որ
այդ
դրութեան
պատճառներէն
առաջ
կու
գան»։
(A.
Lerch.
Ս.
Պետրպուրգ
1860)
Այսպէս
կէս
դար
առաջ,
ռուս
Բրօֆէսէօրը
գրի
կ՚առնէ
անոնց
սովորութիւնները,
բնակավայրը,
աւանդութիւնները,
եղած
չափով
վիճակագրութիւնը,
որոնցմէ
մենք
քաղուածներ
առաջ
կը
բերենք
մեր
ուսումնասիրութեանց
կարգին։
[1]
Loi
psychologiques
de
l'Evolution
des
peuples,
par
Gustave
le
Bon.
1906,
Paris.
[2]
Bull
historico
philol
TIX
cmp.
249
et
Mil
Asiat
TI.
cmp.
531.
[3]
E.
Renan.
Histoire
générale
et
système
composé
des
langues
sémitiques
1re
partie
(1855.
8
Paris)
cmp.
27-34-54-62
ch.
[4]
Ռուս
Բրօֆէսէօրը
աւելի
հետաքրքրուելով
անոնց՝
քաղաքականութեան
մէջ
ունենալիք
դերով
ինչպէս
վերջն
ալ
կը
յիշէ,
մեր
կարծիքով
քիչ
մը
չափազանցութեան
կը
տանի
համեմատութիւնը
Քիւրդերու
ու
Թիւրքերու
միջեւ։
Թիւրքերը
պատմականապէս
ու
մինչ
ցարդ
Արեւելքի
ու
Արեւմուտքի
մէջ
կատարած
իրենց
քաղաքական
դերով
իրականութիւն
մը
կը
հաստատեն
ու
սխալ
կը
հանեն
այդ
համեմատութիւնը
փաստօրէն։
Յ.
Շ.