ՔԻՒՐԴ
ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԿԵՆՑԱՂԸ
Ցեղապետի
կամ
քիւրդ
Ազնուականի
մեծ
գաղափարականն
է
լինել
քաջ,
շքեղ,
հռչակաւոր
ու
հարուստ։
Անգործութիւնը
յատուկ
լինելով
այս
դասակարգին,
իրենց
կենցաղի
մէջ
անմիջական
կերպով
մուտք
կը
գործէ
մեղկութիւն
ու
արկածախնդրութիւն
։
Քիւրդ
ցեղապետներն
ու
ազնուականները
իրենց
այս
գաղափարականն
ու
կենցաղը
մրցման
կ՚ենթարկեն
ուրիշ
ցեղերու
ցեղապետներուն
ու
ազնուականներուն
հետ։
Արդէն
պատանեկութեան
ու
երիտասարդութեան
հասակէն՝
ամեն
ինչ
կը
զոհեն
անոնք
ձեռք
բերելու
համար
արաբական
նժոյգներ,
թանկագին,
սիրուն
ու
պսպղուն
հագուստներ.
ամենանոր
սիստէմի
այն
հրացանները,
որոնք
դեռ
տէրութեան
սահմանները
մտած
չեն
պաշտօնապէս
եւ
կամ
անպաշտօն
կերպով։
Ազնուականը
կամ
ցեղապետը
ամօթ
կը
համարէ
իր
թեւին
ձգել
հրացանի
այն
տեսակը
որ
իր
ծառան
կամ
իր
ցեղի
հասարակ
մէկ
անդամն
ալ
կրնայ
ունենալ։
Քիւրդերը
ապրելով
գլխաւորապէս
երեք
մեծ
պետութիւններու
սահմանագլուխներու
վրայ
ձեռք
կը
բերեն
նոյն
տէրութիւններու
մէջ
գործածական
ամենէն
նոր
պաշտօնական
հրացաններէն,
ու
մէկ
սահմանէն
միւս
սահմանը
անցնելով՝
ազատօրէն
կը
գործածեն։
Ազնուական
սերունդը
ունի
իր
հացկատակներն
ու
շոյողները,
երգիչներն
ու
բանաստեղծները,
ուր
որ
երթան,
այս
վերջիններէ
կազմուած
խումբը
կը
հետեւի
իրենց։
Հետեւորդ
շքախմբին
կ՚ընկերանան
նաեւ
քաջ
ու
անձնուէր
քիւրդ
երիտասարդներ
ալ,
որոնք
պաշտօն
ունին
պաշտպանել
ազնուականի
անձը
յանկարծական
պատահարներու
դէմ։
Շքախմբի
այս
անդամները
կ՚առնուին
քիւրդ
ցեղապետութեան
հասարակ
դասակարգէն,
որոնք
իրենց
ստանձնած
գործին
արժանի
գործատէր
մը
դառնալու
համար,
իրենց
բոլոր
ջանքերը՝
առանց
խնայելու
ի
գործ
կը
դնեն,
գոհացնելու
համար
ազնուականը։
Ազնուականութիւնը
մանաւանդ
ցեղապետը՝
կ՚երազէ
ու
կը
ջանայ
ունենալ
այնպիսի
նժոյգ
մը,
որի
նման
չը
գտնուի
միւս
ցեղապետութեանց
մէջ,
նժոյգի
անունը
տարածուելով,
բոլոր
աշիրաթութիւններէն
յարգանքով
խօսուի
անոր
մասին,
բարեկամ
ցեղապետութեան
ազնուականները
այդ
տեսնելու
համար՝
իրեն
այցի
գան,
շողոքորդները
տասնապատկեն,
հարիւրապատկեն
անոր
գովքը,
բանաստեղծները
իրենց
հանճարով
քիւրդ
դիւցազներգութեան
նիւթ
դարձնելով,
քաջութեան
ու
հերոսութեան
վեհութիւնը
ցոլացնեն,
ու
իբրեւ
հազուագիւտ՝
անմահացնեն
ձին
իր
տիրոջ
հետ
որպէս
անբաժանելիներ
բոլոր
քաջութեան
արշաւներու
մէջ,
ու
երգիչները
(տէնկպէժ)
երգեն։
Մրցակից
չունեցող
արագասլաց
նժոյգն
է
միայն
որ
թշնամու
դէմ
յարձակուելու
ու
պաշտպանելու
ժամանակ՝
պիտի
տանի
յաղթութեան
մեծ
բաժինը,
եւ
կամ
միջոց
տայ
որ
պահպանուի
իր
տիրոջ
կեանքն։
«Համիտիէ»
զինուորական
տարազէն
զատ
որ
թիւրք
պաշտօնական
տարազ
է,
ցեղապետներն
ունին
իրենց
առանձին
ցեղական
տարազ,
որ
կը
կոչուի
քիւրդ
աշիրաթապետական
տարազ։
Ցեղապետները
շատ
շուտով
կ՚ընդունին
տարազի
փոփոխութիւնը,
եթէ
անոնք
հեծելազօրի
յարմարութիւն
ու
թեթեւութիւնը
կը
ներկայացնեն.
եւ
օտար
ձեւն
ընդունելով
կը
ցեղականացնեն,
կամ
լայն
իմաստով
կը
քրդացնեն։
Քիւրդը
հզօր
ու
վառ
երեւակայութիւն
ունի.
որ
յատուկ
է
մանուկ
ժողովուրդներու.
եղեր
են
ցեղապետներ՝
որոնք
իրենց
ձիու
ասպանդակն
անգամ
արծաթէ
շինել
տուած
են։
Դիտաւորութիւննին
է.
երբ
նժոյգը
հեծնին,
հազուագիւտ
հրացաններէն
մէկը
թեւը
ձգած,
ու
ամենընտիր
քանդակներով
զարդարուն
թանկագին
ոսկեզօծ
սուրը
կախած՝
դաշտ
ու
սար,
գիւղ
ու
քաղաք
երթալու
լինին,
արեւի
ճառագայթներու
տակ
փայլող
ուրիշ
արեւի
մը
նման,
իրենց
նայող
բոլոր
գեղեցկութիւններու
տեսքն
ու
սիրտը
իրենց
վրայ
սեւեռեն,
ու
իրենք
Աշիրաթի
երիտասարդութեան
փառքը
դառնան։
Ահա
ասոր
է
որ
կը
հետեւի
մեղկութիւն
ու
արկած։
Ազնուականն
ալ
ձանձրացած
է
սարի
լանջերուն
սառնորակ
աղբիւրներու
գլխին,
բնութեան
տնկած
ծառերու
հովանեաց
տակ՝
կանաչի
վրայ
ընկողմանելով
գառան
խորոված
ուտելէ.
բանաստեղծներու
հրաշակերտած
գեղուհիներու
պատկերները,
անոնց
շնորհները
գովող
երգիչներու
մելօտիական
երգերը,
ֆիզիքական
ու
մտաւոր
անզբաղ
կեանքը,
զայն
մեղկացուցած
թաւալ
թաւալ
(թաւիլ
տալ)
կը
գալարեցնեն
մարգին
վրայ։
Նա
միշտ
տխուր
է
ու
մաղձիկ.
շքախմբի
մտերիմները
կը
մօտենան
կամացուկ
որոնելու
անոր
սրտի
բաղձանքները,
բայց
ոչ
մի
արտայայտութիւն.
իսկ
իրենք
արդէն
պատմութեան
մը
պէս
ուսումնասիրած
են
ազնուական
քիւրդ
բնաւորութիւնը.
ամեն
մէկը
կ՚առաջարկէ
իր
տեսած
«Հուրի
մէլէքը»,
բայց
ո՞ւր
են
ադոնք,
քիւրդերու
մէջ
հազուագիւտ
լինելով,
անպատճառ
պիտի
գտնուին
հայ
գիւղախմբապետներու
տունը,
գիւղացիներու
մէջ։
Ահա
վիպական
կեանքը
սկիզբ
կ՚առնէ.
քիւրդ
ազնուականը
անդադար
կը
ճամբորդէ,
իր
ձանձրոյթը
փարատելու
համար,
հայու
տունէն
կ՚անցնի
քիւրդի,
ու
քիւրդի
տունէն
հայու
տունը,
կը
մտնէ
շատ
զգուշ
իբրեւ
գայլ,
ու
դուրս
կելլէ
շատ
անմեղ
իբրեւ
գառն։
Բայց
ի՞նչ
կ՚արժեն
իր
նժոյգը,
իր
ոսկեթել
բանուածներէ
բաճկոնակը,
արուանան,
իր
արդուզարդը,
որոնք
ձեռք
բերելու
համար
էլեաթի
շատ
քաջերու
արիւնն
է
թափուեր.
ի՞նչի
կը
ծառայէ
թանկագին
հազուագիւտ
զէնքը
որ
չէ
կարող
զինք
իր
նպատակին
հասցնել։
Այս
պարագաներուն՝
ցեղապետական
յարգանքը,
քաջութիւնը,
փառքը,
ցեղի
առաջդիմութեան
գաղափարականը
կամ
անկումի
երկիւղը
կը
հեռանան
իր
աչքի
առջեւէն,
չէ՞
որ
քիւրդի
սկզբունքն
է
զէնք,
ձի
ու
կին.
սկզբունք
մը
որ
անցեր
է
պաշտամունքի
տեղ,
որու
հետ
խառն
է
եւ
անկախութեան
վայելքը։
Եթէ
ձին
ու
զէնքն
ունի,
անոր
համար
է,
որ
կինն
ալ
ունենայ.
եթէ
կինը
չը
կայ,
ալ
ի՞նչ
քրդական
սկզբունք.
ի՞նչ
ձի,
ի՞նչ
զէնք,
եւ
ի՞նչ
անկախութիւն.
ցանկական
կատաղի
կիրքը
կը
զարթնէ…
եւ
ցեղի
որդիները
կը
հրաւիրուին
թալանի,
առեւանգութեան,
եւ
կոտորածի
ասպարէզը,
ու
հասարակական
տրամը
կը
սկսի։