Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
(Շատ մօտիկ անցեալէն ու ներկայէն)
(Հայերը Թիւրքերու կուսակից՝ որով եւ Քիւրդ հարստահարութեան ենթակայ. Քիւրդ եւ Հայ խառն. աշխարհագրական բաժանումները. Օսմ. թանզիմաթը. Հայ Օնիքիլէրը. Հայ-Ազգ. սահմանադրութիւնը. Հայերու ներքին ինքնուրոյն կապը եւ քիւրդերէ իսպառ մեկուսացումն. Քիւրդերու ձուլումի առիթը իսլամի մէջ)

Պարսկաստանի եւ Թիւրքիայի մէջ եղած պատերազմներու, սահմանային հարցերու ու սահմանագծային արշաւանքներու շնորհիւ նաեւ, Քիւրդերը լեռներէն միշտ իջած են դաշտավայրերը, ու շատ անգամ ալ ցեղային հալածանքներու, թափառական կեանքի, եւ ասպատակութեան դիւրութիւններու համար փոխադրուեր են միշտ տեղէ տեղ. ինչպէս յիշատակած ենք, իրենց տարածման վայրերը եղան հայաբնակ երկիրները։

Իրենց ստեղծած ու բերած անիշխանութիւնը մտցուցին հայ երկիրներու եւ հայերու մէջ ալ։

Այս տեսակէն հայ բաժանումները մի քանի մասերու կը վերածուին։ Մէկը՝ Գաւառական զինեալ Հայ լեռնականներն են, որոնք կամ եղեր են Քիւրդերու մի քանի մասի դաշնակիցներ՝ կամ առանձին հակառակորդները, որ միշտ պատերազմական դրութեան մէջ, պահեր են քրդական տիպի իրենց լեռնական կիսանկախ դիրքը։ Երկրորդը. քաղաքի եւ գիւղի բնակչութիւնը, որոնց մեծամասնութիւնը իբր աշխատաւոր դասակարգ, որոնք քաղաքացիական իրաւունքներու եւ քաղաքական կրթութեան մասին դարձեր են, կարելի է այսպէս բացատրել, ըստ Քիւրդերու՝ պարզ «ֆըլաներ», եւ ըստ հին թիւրքերու՝ «գեավուրներ»։ Երրորդը. քաղաքներու եւ երբեմն ալ գիւղերու մէջ Քիւրդ իշխող պէյերու դէմ եղեր են եւ Հայ իշխաններ՝ որ կոչուեր են Արմէն, Աղամիր, Խանամիր, Փաշաբէգ եւայլն. իսկ գաւառներու մէջ «Մելիք»։

Քաղաքի այս իշխաններն եւս պարզապէս քրդական բնաւորութիւն կրելով՝ իրենց իշխանութեան իրաւունքը հասուցեր են «ֆալախա» դնելու, բանտարկելու, զանազան խիստ պատիժներ գործադրելու. ապրեր են ու իշխեր ի հարկէ ի հաշիւ ժողովուրդի, համարելով այդ իրենց բացարձակ իրաւունքը։ Կրօնական՝ աղօտ, եւ ազգային ու հասարակական գաղափարները շատ նուազ ունենալով, ի հարկին՝ պաշտպաներ են միայն վանքերն ու եկեղեցիները։

Լեռնական հասարակութիւններու մէջ չէ թէ միայն Քիւրդն է եղեր թալանող, իսկ Հայը թալանուող, այլեւ գտնուեր են հայ թալանողներ՝ Քիւրդ ցեղապետներու ձեռքի տակ, ու քիւրդ թալանողներ Հայ իշխաններու ձեռքի տակ. ասկէ պահպանուեր Քիւրդերու մէջ ցեղական կռիւներու սովորութիւնը, որ մին միւսի վրայ յարձակուած ժամանակ, ոչ թէ հաշուի կ՚առնէ որ նա Հայ է կամ Քիւրդ, այլ որ երկուքն ալ հաւասարապէս կը պատկանին նոյն իշխանութեան կամ ցեղապետութեանը։

Տիգրիս գետի երկու ափերին բաժանուած Քիւրդերը, առանց ազգայնական ու կրօնական խտրութեան հայերն ի միասին առած՝ աշխարհագրական բաժանումներով երկու գլխաւոր թշնամի կողմերի են բաժնուեր, անուանուելով «աջ, ձախ». կամ ըստ Քիւրդերէնի՝ «բասկէ րաստէ, բասկէ ճապէ», հասարակաց լեզուով՝ «ճապ, ճօպ»։

Կայ նոյնպէս ուրիշ տարբեր գլխաւոր բաժանմունք մը եւս, որ կը կոչուի «Զիլ, Միլ»։

Այս բաժանմունքները իրենց թշնամութիւնները կը վարեն տնտեսական հողի վրայ, եւ ազգայնութիւններն՝ ի միասին աշխարհագրական բաժանումներով կը կռուին իրար դէմ ու կը պաշտպանուին իրար դէմ։

Օրինակ. Շատախի շրջանը կայ ցեղական կամ աշխարհագրական ընդհանուր անուն մը Արտօշի. Արտօշցիները բաժան չեն, բայց ունին եւ կամ կազմուած են, յիսունի մօտ ցեղերէ իրենց առանձին անուններով. բայց ամենքը կը կոչուին Արտօշցիներ. մօտաւորապէս 2500 տուն. ամառը կուգան Նօրտուզի լեռները, իսկ ձմեռը կիջնեն Մուսուլի դաշտերը. Արտօշցիները միացած են Ասորիներու հետ, եւ երբ կռիւներ վարեն հակառակորդ ցեղերու դէմ, Ասորիները իրենց հետ կը կռուին համերաշխ ու ի միասին։

«Զիլ, Միլ» բաժանմունքը Պարսկա-Ռուսական սահմանագլխէն կ՚սկսի եւ հայկական նահանգները մէջն առած կը հասնի մինչ Կարին։

Սասունը. Սասունի լեռնականները Հայ եւ Քիւրդ՝ երկուքն ալ կը համարուին մէկ Աշիրէթ, ու կը կոչուին Սասունցի եւ Ամիզատէ (հօրեղբօրորդիներ)։

Շատ առաջներ, այս շրջանի Հայերն ու Քիւրդերը միութիւն կազմելով միշտ կռուեր են Թիւրք բռնապետական րէժիմի դէմ ու մնացեր են կիսանկախ՝ դաշտայիններու նման չենթարկուելով Թիւրք իշխանութեան։

Հայերու ու Քիւրդերու մէջ ընդհանուր բաժանումը ընդհանրապէս այն ժամանակ տեղի կ՚ունենայ, երբ Հայերը կը տածեն ընդհանուր ազգայնական գաղափար, ու մանաւանդ երբ սկիզբն կ՚առնէ թիւրք պետութեան ընդհանուր բարեկարգութեան հարցը, հայերը ամեն տեղէ կը կամենան իրենց ազատել նախնական իշխանութեան հին ձեւերէ ու փոքր փոքր դաշնակցութիւններէ, ու կը մտնեն ընդհանուր պետութեան կազմին մէջ՝ իբր անոր բարեկարգ եւ ազատ մի մաս։

Քիւրդերը որոնք միշտ յարած կը մնան աւանդական իշխանութեան, Հայերու այդ բաժանումը կը համարեն իրենց համար տկարացումն ու Հայերու կողմէ դաւաճանութիւն ու թշնամութիւն։ Առիթը կը ներկայանայ եւ թշնամութիւնը կ՚արտայայտուի աւելի ուժեղ ու շատ խիստ։

Պարզենք թէ ինչպէս Քիւրդը ստացաւ թալանողի ու Հայը թալանուողի անունը. եւ ի՞նչպէս թալանող հայն ալ դարձաւ թալանուող։

Հայերը զարգանալով քաղաքակրթութեան շաւղին մէջ, աստիճանաբար հեռացան թալանելու վայրենի ու հին սովորութենէն, որ պատերազմով հարստանալու հին տնտեսական դրութեան նախնական ձեւն էր, ու սկսելով աշխատանքի դիմելու ու արդիւնաբերութեան, թէեւ չը հարստացան շատ, բայց եղան ունեւորներ. իսկ Քիւրդը մնալով սարերը ու թալանելու արուեստի ու անոր տնտեսութեան մէջ, բնական էր որ այդ չունեւորը խլէր այն ունեւորէն՝ որմէ պատժուելու վախ չ՚ունէր։

Առաջ կը բերեմ այս մասին Քիւրդերու տեսակէտը։ Ասկէ 18 տարի առաջ ծերունի100 տարեկան Քիւրդ Բահրամ բէգը ինձ պատմեց [1] ։

«Մի տեսակ բարբարոսութիւն Քրդերի կողմէ ի գործ կը դրուէր հայ «ֆըլա»ներու դէմ՝ անարգանքի ու արհամարհանաց համար։ «Ֆըլա» եղածին կը ձգէին ձեռաց երկու թաթերու վրայ ու դարձնելով չորքոտանի անասուն, յարդով լեցուն էշի գլխին անցնելիք տոպրակը կը կախէին անոր գլխէն, ու ամուր կապելէն յետոյ, երկաթէ սեխերով անոր կը խթէին իբրեւ իշու ու կը կանչէին. «կե՛ր ֆըլա». Ֆըլան հարուածներ կրելով շունչը կը կտրուէր տոպրակին մէջ ու կը մեռնէր։ Մենք քիւրդերս այս կընէինք անոր համար, որ այդ «ֆըլաները», ոչ այն հայերէն էին որ մեր դէմ կռուելով ու յաղթուելով մտնէին մեր զինուորներու շարքը, եւ ոչ անոնք անկախ կռուողներ ու յաղթողներ մնալով, անոնցմէ մեր ձեռքը ինկած էին իբր գերի. այլ ասոնք այնպիսիներէն էին, որոնք ձեռները ծալած նստած կ՚սպասէին թիւրք իշխանութեանը որ մեզ յաղթէր, ու անոնք այդ ուրիշ յաղթողի շնորհը վայելելով հանգիստ նստէին ու ապրէին։

Օսմանեան պետութիւնը չը կրնալով հպատակեցնել լեռնականները՝ (թէ քիւրդ եւ թէ հայ), «ֆըլաները» մնացին թիւրքի ու քիւրդի միջեւ հարստահարութեան ենթակայ, մինչեւ Սուլթան Մէճիտի 1839ի հրատարակած Թանզիմաթը ։

Թանզիմաթի հաստատութեամբ Քիւրդերը աստիճան մը միայն զսպուեցան խաղաղ եւ աշխատաւոր հայերուն կամ ըստ իրենց «ֆըլա»ներուն հարստահարելէ։

Այնուհետեւ, աւազակութիւններէ զատ սկսան պարապուիլ անասնապահութեամբ, որով մեծ մասամբ իրենց ձեռքը մնաց ոչխարի, տաւարի, բրդի, թիֆթիկի, իւղ-պանրի առեւտուրն ու վաճառականութիւնը։

Մենք կը թողնենք Հայաստանէն դուրս մնացած Կ. Պոլսի եւ ուրիշ գաղթականութեանց հայերու մասին խօսիլ, որովհետեւ անոնք շատ քիչ կապ ունին մեր այս խնդրին հետ։ Միայն կարելի է մի քանի խօսքով ըսել. որ անոնց մէջ մտնելով արուեստաւորական, վաճառականական, թիւրք-պաշտօնէական վիճակ, չեն կարողացներ նա եւ հեռի մնալ Եւրոպական զանազան քաղաքական, կրօնական ու կրթական հոսանքներէ, որոնցմէ որքան որ օգտուեր են, նոյնչափ եւ վնասուեր կրօնական բաժանումներով, ու ստեղծած հակառակութիւններով։

Ասոնց քաղաքական, կրթական ու կրօնական ազդեցութիւնը կուգար մտնել եւ Հայաստանի քաղաքները, ու հայերու մէջ առաջ կը բերէր խառնակութիւն։ Մինչդեռ գաւառները բոլորովին անմասն կը մնային իրենց շատ մօտիկ դրացի Քիւրդերու մօտ։

1860ին Կ. Պոլսի միջոցաւ կը մտնէր նոյնպէս Հայաստանի մէջ Ազգային Սահմանադրութիւնը, ազգային կրթութիւնը, ազգային կռիւները։ Ազգային Սահմանադրութիւնը եթէ Կ. Պոլսի մէջ ժողովրդապետական ներքին ինքնավարութիւն մը կը համարուէր ամիրաներու դէմ՝ Օսմ. կառավարութեան առաջ. միեւնոյն ժամանակ Հայկական նահանգներու մէջ հայերու ինքնիշխան կամ անիշխանական դրութեանն ալ վերջ մ՚էր։

Մենք ապացոյցը ունինք Վանի Առաջնորդարանը պաշտօնապէս նստող հայ «օնիքիլէրը», որոնք ունէին Հայերու ու Քիւրդերու համար դատարաններ, բանտեր, շղթայ։ Մինչեւ հիմայ Վանի Առաջնորդարանի մէկ մասին մէջ կը մնան բանտի մէկ քանի կտորները։

«Օնիքիլէրը», վասալական միջնորդ իշխանութիւն մը լինելով կառավարութեան ու Քրդերու միջեւ, իրենց իշխանութիւնը հետզհետէ զօրացուցեր էին. շատ անգամ իրենց չ՚անսացող աշիրաթապետներուն բերել կուտային Առաջնորդարանը «ֆալախա» կը դնէին, կը ծեծէին, ու շղթայակապ կը դնէին «օնիքիլէր»ի բանտը մինչեւ պատժի լրացումն ու յետոյ կ՚արձակէին։

Ազգային սահմանադրութիւնը հարուած մ՚եղաւ «օնիքիլէր»ական իշխանութեանը. «օնիքիլէր»ը չէր ընդուներ Սահմանադրութիւնը։ Աստիճանաբար սահմանադրութիւնը հիմք գտնելով Հայ ժողովրդի մէջ, երբեմն պաշտպանուելով կառավարութենէն, ինկան «օնիքիլէր»ները ու անոնց յաջորդները, որոնք Սահմանադրութեան անուան տակ մնացին եղան միայն թայֆաներ, վաշխառուներ, ու կեղեքիչներ, որոնք բուն դրին Հայոց առաջնորդարանի մէջ այս անգամ չարչիաբար շահագործելով թէ հայուն եւ թէ քիւրդին։

Բայց միեւնոյն ժամանակ այս անզօր բացառութիւնները կորսնցուցին իրենց նշանակութիւնը. հայերը արդէն ամենքը սահմանադրական էին. Արմէնը, Ֆըլան, գաւառացի զինեալ Հայը, Պոլսի, եւ այլ զանազան գաղթականական տարրերը, թայֆաները հետզհետէ զանգուեցան, եւ իբր թէ մի շաղախ դառնալով կոչուեցան «Ազգայիններ»։

Ինչպէս դուրսերը, նոյնպէս եւ ներսերը այս միութեամբ Քիւրդը իսպառ արտաքսուած էր Հայ տարրէն, ու անոնց յարաբերութիւնը մնացեր էր լոկ տնտեսական հողի վրայ. Քիւրդերու այն մասը որ ստիպուած էր պետութեան կեանքով ապրելու, նաեւ իսլամ կրօնի մէջ ակամայ դուրս կուգար Քրդութենէ, որովհետեւ իսլամը թիւրքերու համար եւ ազգ էր եւ կրօն [2] ։



[1] Բահրամ բէգը Մոկսի Քիւրդ իշխողներէն էր, որ մասնակցեր էր Քրդական շատ պատերազմներու, ինչպէս եւ Պէտիր-խան բէգի կռիւներուն։

 

[2] Էլիզէ Րըքլիւ ալ իր «Նոր համաշխարհային աշխարհագրութեան մէջ, հրատարակած 1883ին կըսէ. «Քիւրդերը հակառակ իրենց բոլոր յատկութիւններու՝ սպառնացուած են իրենց գոյութեան մէջ, Պարսկաստանի եւ Թիւրքիայի շատ գաւառները, անոնք կը նուազին, այս ու այն տեղ կը ձուլուին շրջապատող ժողովուրդներու հետ» (երես 349)։