ԻՐԱԿԱՆ
ՊԱՏԿԵՐ
ՄԸ
Հայտարանցիներու
եւ
Ճէլալցիներու
ցեղական
կռիւներու
ու
յափշտակութեանց
ժամանակն
է,
մենք
կը
գտնուինք
Հայտարանցւոց
ցեղապետական
վրանի
տակ.
մթնելուն
պէս
լերանց
բարձունքներու
վրայ՝
իրենց
սահմաններու
որոշ
տեղերը
գիշերային
պահապաններ
կանգնած,
իրար
ձայն
տալով
հսկողութիւնը
կը
հաղորդէին
միմեանց,
ձայնը
ձայնի
տրուելով
շրջան
կ՚առնէր
ու
կ՚երթար
հասնելու
նախկին
ձայն
արձակողին,
ձայնը
արձագանք
կուտար
ամբողջ
հովտին
մէջ՝
ուր
փռուած
էին
ցեղի
հարիւրաւոր
սեւ
սեւ
վրանները.
ադոնց
կեդրոնը
առանձին
փայլով
կը
բարձրանար
ցեղապետ
Մ.
ի
կապոյտ
վրանը
իր
զանազան
բաժանմունքներով.
ասոնք
յարձակուելով
Ճէլալի
ցեղի
վրայ,
յափշտակեր
բերեր
էին
անոնց
տաւարն
ու
ոչխարը,
եւ
կը
հսկէին
որ
չը
լինի
թէ
թշնամին
յանկարծ
յարձակուի.
կէս
գիշերը
բաւական
անցնելէ
յետոյ՝
աստիճանաբար
պահապաններու
ձայնը
կը
նուազէր
մինչեւ
վերջին
լռութեան
հասնելը,
որովհետեւ
գիշերը
դէպի
լոյս
ընկնելու
պատճառով՝
թշնամու
արշաւանքը
այլ
եւս
չէր
կարող
տեղի
ունենալ,
անյաջողութիւններու
չենթարկուելու
համար.
այս
ժամանակ
ցեղի
որդիները
կը
կարողանային
հանգիստ
քնել։
Մ.
ցեղապետին
այցի
եկող
բոլոր
երկրորդական
ազնուականները
եւ
կամ
հաւասարապատիւ
բարեկամ
Էլ-աղասի
ցեղապետները
կը
քնէին
Աշիրաթապետական
վրանի
հիւրասիրական
ընդարձակ
բաժնին
մէջ.
անոնց
համար
կը
բերուէր
թաւիշէ
թանձր
ու
կակուղ
անկողիններ
ու
ապրշումէ
վերմակներ՝
բոլորովին
նոր
ու
մաքուր.
չը
նայած
ադոր,
ազնուական
հիւրերը
թէեւ
քնելու
սովորական
ձեւակերպութիւնը
կը
կատարէին,
բայց
իսկապէս
չէին
քնանար.
կը
տեսնէին
թէ
ի՞նչպէս
անոնց
ամեն
մէկը
իր
ընտրած
ձեւով
կարգի
կը
դնէր
ու
պատրաստի
կը
պահէր
իր
սուրն
ու
հրացանը,
ու
պառկած
ատեն
հրացանը
կը
մնար
մէկ
ձեռքին
ու
սուրը
միւսը.
կարծես
թէ
ադոնք
իրարու
վրայ
յարձակուելու
ու
իրարու
կոտորելու
տրամադրութեան
մէջ
լինէին։
Արեւածագէն
առաջ,
Աշիրաթապետը
դուրս
գալով
իր
կանանոցէն,
կը
հեծնէր
իր
ձին
եւ
հովուզովով
կ՚արշաւէր
իր
ցեղի
այս
ու
այն
բաժինը
իր
այցերը
տալու,
ու
կը
վերադառնար
ճաշին։
Ճաշը
որ
կ՚եփուէր
վրանային
խոհանոցի
բաժնին
մէջ.
―
Մեծ
մեծ
պղինձներով
փիլաւ
էր,
որ
կարող
էր
կերակրել
քաղաքացի
մարդու
երկու
հարիւրը,
ինչպէս
եւ
մի
քանի
գառներ
ու
ոչխարներ՝
որոնք
կը
խորովուէին
ողջ
ողջ,
ու
կը
լեցուէին
անոնց
փորերը
բրինձով
ու
համեմներով։
Աշիրաթապետի
վերադառնալէն
ու
հանգստանալէն
յետոյ՝
կ՚սկսի
հացկերոյթը.
մի
մեծ
սինի
որ
բոլորակի՝
կը
բռնէր
վրանի
ճաշասրահի
մեծ
մասը,
կը
լեցուէր
փիլաւով
ու
իր
բարձրութեամբ
բուրգի
կամ
լեռան
ձեւ
կ՚ստանար։
Աշիրաթապետը
նստելով
սեղանի
յատկացուած
տեղը՝
իր
շուրջը
կ՚առնէր
Էլ-աղասի
հիւրերը՝
անոնք
իրենց
ձեռները
լուալէ
յետոյ
կ՚սկսէին
ճաշել։
Նախ
Աշիրաթապետ
ինքն
էր
որ
թեւերը
մինչեւ
արմունկ
ետ
քաշելով
ու
կապելով՝
նշանը
կուտար.
անմիջապէս
կը
բերէին
ողջ
ողջ
խորովուած
հինգ
վեց
գառներ՝
ու
կը
շարէին
փիլաւէ
լեռան
լանջերու
վրայ,
իրաւունքը
Աշիրաթապետինն
էր
նախ՝
վերցնել
այդ
մեծ
մեծ
գառներէն
մէկը
ու
երկու
ոտներէն
բռնելով
միանգամէն՝
ուժող
մը
պատառելով
երկուքի
բաժնել,
ու
յետոյ
քանի
մը
կտորներու
վերածել,
ապա
միւսները
իրենց
հերթին։
Անոնք
ձեռները
խրած
փիլաւէ
սարը
ու
մատները
լարած՝
ափերը
բանալով
այնքան
շատ
պիտի
ճանկէին
ու
ճըմլէին
իրենց
բերանին
տանելու
համար,
որ
իւղը
թորելով
իջնէր
բազուկն
ի
վեր
ու
արմունկէն
վար
կաթէր,
ադոր
հետ
ի
միասին
զանազան
թասերով
կը
խմէին
մածնէ
պատրաստած
հեղուկ
թանը
ու
կ՚ուտէին
գառան
խորոված
կտորները՝
որը
գառան
հասակի
երկարութեամբ
ճեղքուած
կտոր
մը
լինելով՝
երկար
երկար
ձեռքերնին
բռնած
ատամներով
կը
յօշոտէին։
Ասոնք
վեր
կենալէ
յետոյ՝
սեղան
կը
նստէին
անոնցմէ
ցածր
աստիճանի
քիւրդերը,
ու
այսպէս՝
մինչեւ
յետին
ծառաները.
եթէ
սեղանէն
բան
աւելնար
կը
տարուէր
ծառաներու
տունը։
Ճաշէն
յետոյ
կարգ
կուգար
Աշիրաթապետի
դատաստանական
գործերուն,
նա
անցնելով
վրանի
ետեւ՝
կանաչ
մարգի
վրայ
կը
նստէր
ծալապատիկ,
ամբաստանողն
ու
ամբաստանեալը,
վկաները,
մատի
նշան
ընդունելով
կուգային
առանձին
առանձին,
ու
բերանը
ցեղապետի
ականջին
դրած
ու
ծունկ
չոքած
կը
փսփսային,
այդ
ձեւը
ինձ
կը
յիշեցնէր
Քրիստոնեայ
քահանաներու
խոստովանահայրն
ու
խոստովանորդին.
ոչ
ոք
չէր
իմանար
թէ
Աշիրաթապետական
խոստովանահայրութիւնը
թողութի՞ւն
կուտար
մեղապարտ
խոստովանորդուն
թէ
կը
պատժէր.
Աշիրաթապետը
լուռ
ու
մունջ
վեր
կը
կենար,
պատիժն
ու
վարձատրութիւնը,
կամ
արդարադատութեան
գործադրութիւնը
թողնելով
ապագային
յայտնելու
յանցաւորին
կամ
իրաւատէր
կողմին՝
գործնականին
մէջ։
Գուցէ
այս
տեսակի
դատավարական
երեւոյթի
տակ՝
կը
նիւթուէր
եւ
դաւեր՝
որ
Աշիրաթապետին
միայն
յայտնի
էր
[1]
։
[1]
Դատաստանական
պայմանները
որոշ
գիծ
չունին
Քիւրդերու
մէջ.
օրինակ
Պէտիրխան
պէյի
օրով
տղամարդկանց
վիզը
կը
չափէին
որոշ
չափի
պատրաստուած
թելով
մը,
եթէ
վզի
հաստութիւնը
հասնէր՝
նա
տուրք
վճարելու
կարող
կը
նկատուէր։
Մոկսի
մէջ
Ապտալ
բէգը
դուրսէն
տեղեկութիւններ
կը
հաւաքէր
դատավարութեանց
վերաբերեալ,
եւ
ջորի
նստած
իր
հետեւորդներով
որոշեալ
օրը
կուգար
Օսմ.
կառավարական
պաշտօնատան
առաջ,
քիւրդ
հասարակութեան
ներկայութեան
բարձրաձայն
միայն
կը
յայտարարէր
իր
արձակած
վճիռը։
Կան
ուրիշ
զանազան
տարօրինակ
ձեւեր՝
որոնց
մասին
աւելորդ
է
խօսիլ։
Ծ.
Հ.