ՔՐԴԱՑԱԾ
ՀԱՅԵՐԸ.
ՔՐԴԱԽՕՍ
ՀԱՅԵՐՆ
ԵՒ
ՀԱՅԱԽՕՍ
ՔԻՒՐԴԵՐԸ.
ԽԱՖԻՐՈՒԹԻՒՆԸ.
ԹՐՔԱՑԱԾ
ՔԻՒՐԴԵՐԸ
Մեծամասնութիւն
կը
կազմեն
քրդացած
հայերը
ու
թրքացած
քիւրդերը,
որոնց
մասին
եթէ
կարելի
չէ
ճիշտ
հաշիւը
տալ,
բայց
շատ
դիւրին
է
օրինակներ
եւ
ապացոյցներ
բերելը։
Պօհտանի
քիւրդերու
մեծ
մասը
կարելի
է
քիւրդացած
հայեր
համարել։
Դըհի
գաղթականութիւնը
որ
ցրուած
եւ
աւելի
զետեղուած
է
Վանի
մէջ՝
կորսնցուցեր
էր
իր
մայրենի
լեզուն.
անոնք
քրդախօս
էին։
Շատ
Դըհեցիներ
կան
այժմ,
որ
հակառակ
այնչափ
երկար
տարի
Վան
եւ
հայերու
մէջ
ապրելուն՝
չեն
կրնար
քանի
մը
բառ
անգամ
հայերէն
խօսիլ։
Ասոնց
շատերու
Հայութիւնը
կը
ճանչցուէր,
առաջին
անգամ
քրիստոնէական
ծիսական
նշաններէն
(օրինակ
խաչակնքել
գիտնալէն
եւայլն).
երկրորդը՝
այն
ուժեղ
գիտակցութենէն՝
որ
իրենք
հայեր
են։
Այս
գաղթականութիւնը
եթէ
մասամբ
հալածանք
մը
եղաւ,
մասամբ
մ՚ալ
ունեցաւ
իր
օգուտները,
որ
անոնք
փրկուեցան
իրենց
ազգութիւնը
կորսնցնելու
վտանգէն։
Ասոնք
որ
հայ
կեդրոններէ
հեռու՝
շարունակաբար
ապրած
են
քիւրդերու
հետ,
ու
լեռնական
կեանքի
մէջ
իրենց
աղքատութեամբ
եւ
զանազան
պատճառներով
չեն
կրցեր
ունենալ
դպրոց,
նոյնիսկ
քահանաներ՝
եկեղեցական
արարողութիւններու
համար,
յարաբերութիւններէ
իսպառ
ընդհատուած
եւ
շատ
մը
ծանօթ
պատճառներով
քրդացեր
են։
Իրենց
ազգի
ու
հաւատալիքի
նշմարները
պահեր
են
միայն
քանդուած
եկեղեցիներուն,
քարերուն,
ուխտի
երթալով՝
առանց
ի
հարկէ
ո՛
եւ
է
ծիսակատարութեան,
այլ
միայն
հաց
ու
փոխինդ
ուտելու
ու
սառ
ջուր
խմելու՝
պտոյտի
ու
այցի
ձեւով։
Այն
հայերը
որոնք
ապրեր
են
քիւրդերու
մէջ
ու
անոնց
ազդեցութեան
տակ՝
կոչուեր
են
եւ
այժմ
ալ
կը
կոչուին
իրենց
մէջ
քրդահայ.
այն
առումով՝
ինչ
որ
է
թրքահայ,
պարսկահայ
կամ
ռուսահայ։
Այս
քրդահայերը
լինելով
թիւրք
կառավարութեան
իշխանութեան
տակ
եւ
կամ
այժմեայ
Սահմանադրական
բացատրութեամբ
Օսմանեան
քաղաքացի,
ամենեւին
գաղափար
չունին
Օսմանեան
պետութեան
պաշտօնականութեան
վրայ,
միայն
այսքան
գիտեն,
որ
անոր
ներկայացուցիչ
պաշտօնեան
իրենցմէ
տուրք
կը
պահանջէ.
որովհետեւ
իրենք
արդէն
տուրք
կուտան
քիւրդ
բէգերուն.
կը
կարծեն
որ
անծանօթ
պէյ
մ՚ալ
Օսմանեան
իշխանութիւնն
է,
որ
թագաւոր
կոչուելով՝
հեռուէն
իրենցմէ
տուրք
կը
պահանջէ
եւ
իրենք
ալ
կուտան,
վարժուած
լինելով
միշտ
տալու՝
«Տո՛ւր
հա
տո՛ւր»
սովորութեամբ։
Այս
քրդահայերէն
մեծ
մասը
քրդացեր
են
նաեւ
թիւրք
իշխանութեան
բացակայութեան
պատճառաւ։
Ասոնք
քրդանալուն
պէս՝
կը
լինին
հաւասարազօր
եւ
հաւասարապատիւ,
ուժեղ.
կազատուին
հալածանքներէ
ու
կը
պահպանեն
իրենց
հողն
ու
տնտեսութիւնն։
Այս
քրդացած
ընտանիքներէն
ամեն
տեղի
պէս
շատ
կան
եւ
Մոկսի
մէջ.
օրինակները
բազմաթիւ
են,
որոնց
առաջ
բերելը
մեզ
հեռուն
կը
տանի։
Ահա
տեղեկութիւն
մը
հայախօս
Քրդերու
մասին
Տիգրանակերտէն
ղրկուած
«Ազատամարտ»
լրագրին,
1911
―
22
փետրվար,
7
մարտ։
«Մարաթուկի
լերան
բոլորտիքը
կը
բնակին
Պալաքցիները,
Պըտըրցիները
եւ
Շէկօցիները,
որոնք
կրօնքով
մահմետական
են։
Ասոնց
բարքն
ու
լեզուն
կենդանի
ապացոյցներ
են՝
իրենց
եւ
քիւրդերու
մեծամասնութեան
ծագման
պարագաներուն։
Երկու
լեզու
ունին
միայն՝
զոր
կը
գործածեն
հաւասարապէս.
Հայերէն
եւ
աղճատ
Արաբերէն
մը,
ուրիշ
լեզու
չեն
գիտեր։
Առտուն
երբ
կ՚արթննան,
«Բարիլուս
ու
քրիստուս
կ՚ըսեն,
եւ
իրենց
լեռան
կատարին
թառած
Ս.
Մարութայի
ու
Կուս
գետի
Ս.
Աստուածածնի
եւ
ուրիշ
մատուռներուն.
խունկը,
մոմը,
իւղը,
մատաղը
անպակաս
կ՚ընեն
միշտ»։
Ուրիշ
տեղեկութիւն
մը
ալ
Սղերդէն,
դարձեալ
իբր
լուր
ուղղուած
«Ազատամարտ»ի։
«
Հայ
քօչարները,
Շատախի
հարաւային
կողմը
հսկայ
լերան
մը
բարձր
կողերուն
վրայ
ամրան
սփռուած
կ՚ըլլան
երեք
շարք
վրաններ,
երեք
օպաներ
են
ասոնք՝
հայ
քօչարներու,
մօտ
120
ընտանիք։
Մեծաւորնին
է
Ռաշօէ
Ներսօն։
Անհաշիւ
ոչխար
ու
տաւար
ունին
եւ
բաւական
հարուստ
են։
Իրենց
սեւ
վրանները,
իրենց
վարքը,
բնոյթը,
տարազը,
լեզու,
ամբողջ
քրդական
են։
Ոչ
եկեղեցի
ունին,
ոչ
աղօթք
գիտեն,
ոչ
կիրակի
կամ
պահք
կը
պահեն,
եւ
ոչ
ալ
ո
եւ
է
ծէսի
վրայ
գաղափար
ունին։
Իրենք
կը
յայտարարեն
թէ
Հոլ
եւ
Քաւաշ
գիւղերու
բնակիչներ
են
եւ
ձմեռը
հոն
կը
քաշուին։
Բայց
Տհէի
եւ
Ճզիրէի
պետական
կեդրոնատեղիներու
մէջ
ո
եւ
է
արձանագրութիւն
չը
կայ
այդպիսի
գիւղերու
գոյութեան
մասին։
Սղերդի
առաջնորդ
Գէորգ
վարդապետ
Նալբանտեան
ջանաց
վերջերս
կանոնաւոր
արձանագրութիւն
կազմել
տալ,
այդ
Հայ
քօչարները
հաստատաբնակ
ընելու
համար»։
Քրդացած
հայերու
մասին՝
Մուշի
Օսմ.
երեսփոխան
Գեղամը
կը
գրէ
իր
«Հողային
հարցին»
մէջ
դարձեալ,
Մուշի
շրջանին
համար։
«Շատ
մը
քրդացած
հայերէ,
հայուհիներէ
ու
անոնցմէ
սերածներէ
զատ,
նոյնիսկ
կարգ
մը
ցեղերու
համար
կ՚աւանդուէր
թէ
անոնք
քրդացած
հայեր
են՝
ինչպէս
Պալաքցիներ
(արաբախօս
եւ
հայախօս)
Սասունի
մէջ.
Խորոմագցիներ
(Գըզըլպաշ
աղանդի
հետեւողներ)
[1]
Նարդօ
Պինկէօլի
մէջ
եւ
ուրիշներ։
Վերջին
երեսուն
տարուան
շրջանին
արեւելեան
քանի
մը
վիլայէթներու
մէջ՝
քրդացած
հայերու
թիւը
նուազ
քանակութիւն
մը
չէ
որ
կը
կազմէ»։
Կը
տեսնուի
որ
պատմական
ժամանակներէ
Պալըքցի
այժմու
Քիւրդ
ցեղը
Հայեր
եղած
են,
լեզունին
նոյնն
է,
ինչպէս
եւ
կրօնական
ծէսերը
թէ
Տիգրանակերտի
եւ
թէ
Սասունի
մէջ՝
ուր
անոնք
մշտապէս
կը
բնակին։
Իսկ
Համիտական
շրջաններուն
քրդացած
Հայերու
համար
այնքան
պատմութիւններ,
նկարագրութիւններ,
փաստեր
ու
բողոքներ
կան.
որոց
մասին
ոչ
մի
կասկածի
տեղի
չը
կայ։
Խաֆիրութիւն,
օրինակի
համար
տուրք
մ՚է
որ
քրդերը
կ՚ստանան
հայերէն.
այս
տուրքը
հարստահարական
կամ
աւազակային
չէ,
ինչպէս
կը
կարծեն
հայերը,
եւ
կամ
վայրենութիւն
ու
զեղծում՝
որուն
դէմ
առնել
պատեհ
ժամ
չէ,
ինչպէս
կը
մտածէ
կառավարութիւնը։
Խաֆիրութիւնը
Քիւրդ
իշխանութեան
մէկ
իրաւունքն
է,
որ
ուժով
կը
պահպանուի
հարկառու
եւ
հարկատու
սիստէմին
մէջ։
Վանի
Մոկս
գաւառի
բէգերը
իրենց
խաֆիրութիւնը
ոչ
միայն
կը
գործադրեն
գոյքերու
վրայ
այլեւ
անձերու.
մէկ
բէգը,
իր
իշխանութեան
ենթարկեալ
հայուն
կը
ծախէ
մի
ուրիշ
բէգի,
այնուհետեւ
ծախուածը
իր
հարկը
կը
վճարէ
իր
գնողին.
եւ
ի
հարկին
կը
վայելէ
անոր
պաշտպանութիւնը։
Ճահվար
անուն
հայ
մը
ծախուած
էր
Շըխի-բէգին
հազար
ղուրուշով.
երբ
հայերը
սուր
կրելու
իրաւունքէ
զրկուած
էին,
որոշ
վճարով
միայն
իրենց
կը
թոյլատրուէր
ասկէ
քանի
մը
տարի
առաջ
զէնք
կրելու։
Մուշի
Օսմ.
երեսփոխանը
Գեղամը
իր
«Հողային
հարց»
հրատարակութեան
մէջ
նոյնը
կ՚ըսէ,
խօսելով
առաւելապէս
Տարօնոյ
շրջանի
մասին։
«Խաֆիրառուն
կրնայ
իր
այս
տիրապետութեան
իրաւունքը
ծախել
ուրիշի։
Խաֆիրառուն
տուրք
կ՚առնէ,
երբ
հայուն
տղան
մանաւանդ
աղջիկը
ամուսնանան։
Կարողութեան
համաձայն՝
40-60-100
ղրուշ
եւայլն»։
Խաֆիրութիւնը
կը
տարածուէր
առաջ
միւս
Մշոյ
դաշտի
հարաւակողմի
լեռնաբազուկներու
վրայ
ալ.
օրինակ՝
Առաքելոց
վանքը՝
Բագրանցիներուն
կուտար
ատենին
Խաֆիրութիւն,
նոյն
ատենները՝
լեռներէ
դաշտ
եկան
հաստատուած
հայերէ
իսկ՝
Խաֆիրառու
Հայեր
եկեր
ու
հարկը
պահանջեր
են
եւայլն»։
Արդէն
Գեղամի
ըսելով
ալ՝
խաֆիրութիւնը
աւազակային
զեղծում
մը
չէ,
այլ
Հայ
ու
Քիւրդ
իշխանութեան
իրաւունք
մը.
Հայերը
այդ
առանձին
նախարարական
հարկառու
վիճակը
շատոնց
թողած
են,
լեռնականութենէ
հեռացած.
իսկ
Քիւրդերը
դեռ
կը
պահեն
իրենց
իշխանութեան
իրաւունքը,
որուն
վերջ
տալը
Օսմ.
Կառավարութեան
պարտքն
է
իբր
Օսմանցիներու
պետութիւն
մը։
Ըստ
Գեղամի՝
այժմ
Մշու
շրջանի
մէջ
«խաֆիրառու
ցեղերէն
ծանօթ
են՝
Պալաքցիները
(որոնք
արաբերէն
ու
հայերէն
կը
խօսին)
ու
կաւանդուի
թէ՝
իսլամացած
հայ
ընտանիքի
մը
սերունդն
են,
մօտաւորապէս
2000
հրացանակիրներ)
―
Մօտկանցիներ,
Խարզանցիներ,
Ճէլալցիներ,
Մուսեանցիներ,
Բագրանցիներ,
Ռըշքօթանցիներ
եւայլն»։
Չը
նայած
որ
Օսմ.
Սահմանադրութեան
հրատարակութեամբ՝
Օսմ.
փարլամէնթի
մէջ
ջնջուեցաւ
խաֆիրութեան
տուրքը,
բայց
շատ
տեղերը
գործնականի
մէջ
կը
գործադրուի
իճարէ
անուան
տակ
եւայլն։
Այս
մասին
ցուցակ
մը
կը
հրատարակէ
նոյն
երեսփոխանը։
Բազմաթիւ
են
եւ
թրքացած
քիւրդեր,
ասոր
պատճառները
շատ
են,
գլխաւորը
փնտռելու
է
իսլամ
կրօնակցութեան,
Թիւրք
քաղաքակրթութեան
մէջ։
Թողունք
շատ
տեղերու
համար.
ես
ինքս
լսեր
եմ
Պիթլիսի
մէկ
կուսակալէն,
որ
նոյն
քաղաքի
իսլամ
բնակչութիւնը
մեծ
մասամբ
թրքացած
Քրդեր
են.
Թրքացած
Քրդերու
մէկ
մասը
հարկ
պահանջած
ժամանակ
կը
ներկայանայ
եւ
Թիւրք
եւ
Քիւրդ,
նայած
պարագաներուն։
Եւ
ոչ
մի
նպատակի
չը
հասցնող
այս
խառնափնթոր
դրութիւնը
արդիւնք
է
բռնապետական
կամայական
հին
Րէժիմի
եւ
քաղաքակրթութեան
բացակայութեանը։
[1]
Մերձակաները
կը
պատմեն
Գըզըլպաշներու
մասին.
«Ասոնք
նաեւ
արեւապաշտ
են,
եւ
կը
դաւանին
արեգակը.
արեւը
ծագած
ժամանակ
կը
համբուրեն
այն
քարը
որուն
առաջին
ճառագայթները
կը
զարնէ։
Երբ
մատաղ
ընեն
զաւակներու
համար,
կը
հանեն
լեռը
եւ
արեւը
ծագելուն
պէս՝
մատաղը
մորթելով
արիւնը
կը
քսեն
զաւկին
ճակատը,
կը
յարգեն
եւ
Ս.
Սարգիսը
որ
կը
կոչեն
Խըզըր։
Գիրք
չունին։
Ս.
Սարգսի
հաւատքը
այն
աստիճանին
կը
հասնի
որ
դատ
ունեցած
ժամանակ
գաւազանը
գետին
կը
ձգեն,
ով
որ
վերցնէ
անոր
միայն
կը
հաւատան,
ու
երդումնին
ադոր
վրայ
կընեն։
Իրենց
մէջ
ունին
կիսափուլ
վանքեր
ուր
կերթան
նոյնպէս
մատաղներ
ընելու,
այդ
վանքերը
ուխտի
գնացող
քրիստոնեաներուն
չեն
դպչիր
եւ
ոչ
մէկ
աւազակութեան
դէպք
չի
պատահիր
այդ
առթիւ։
Ծ.
Հ.