ՔԻՒՐԴ
ՇԷՅԽԸ
(Ասոնց
կրօնական
եւ
քաղաքական
ընդհ.
գործունէութիւնը
շրջան
առ
շրջան)
Քիւրդ
Շէյխութեան
շրջանը
կարելի
է
բաժնել
չորսի.
1.
Վիպական
շրջանը.
2.
Կրօնականը.
3.
Կրօնա-իշխանապետականը.
4.
Կրօնա-քաղաքականը։
Վիպական
շրջանը
կ՚սկսի
այն
ատենէն,
երբ
քիւրդերը
նոր
կ՚ընդունին
Իսլամութիւնը.
իրենց
բացարձակ
նախնականութեան
համար
անկարող
լինելով
ըմբռնել
Մահմետական
կրօնի
իսկական
էութիւնն
ու
նրբութիւնները,
անոնք
Շէյխերէն
կը
պահանջէին
գերմարդկային
զօրութիւն,
հրաշքներ
։
Շէյխերը
այդ
ժողովուրդը
նոր
կրօնի
վարդապետութեան
ու
ուսմանց
վարժեցնելու
համար,
շատ
անգամ
ստիպուած
էին
անոնց
երեւակայական
պահանջները
մասամբ
մը
գոհացնելու
ձեւ
առնել,
ինչպէս
այդ
եղած
է
եւ
Քրիստոնեաներու
մէջ,
որոնք
իրենց
նոր
կրօնը
զուտ
եւ
առանձակի
տալ
չը
կրնալով
արեւելեան
ժողովուրդներուն,
պատուաստեցին
այն
անոնց
հին
վարդապետութիւններու,
ծէսերու
եւ
յատուկ
սովորութիւններու
վրայ։
Զանազան
աւանդական
պատմուածները
քիւրդերու
համար,
կը
բնորոշեն
այդ
նախկին
շրջանը
իբր
վիպական։
Կրօնական
շրջանը
կ՚սկսի
այն
ատենէն,
երբ
Քիւրդերը
կամաց
կամաց
կը
վարժուին
նոր
կրօնին.
այն
շրջանի
մէջն
ալ
իրենց
վիճակին
բերմամբ,
հազիւ
կրցեր
են
վրանին
կրել
նոր
կրօնի
զուտ
պաշտօնական
երեւոյթը՝
հակառակ
Շէյխերու
ջանադիր
ազդեցութեան։
Բայց
այս
քայլը
այնու
ամենայնիւ
յառաջդիմութիւն
մը
կը
լինի
Շէյխերու
համար
քիւրդերու
նկատմամբ։
Կրօնա-իշխանապետական
շրջանը
այն
ժամանակ
կը
յաջորդէ,
երբ
Շէյխերը
իրենց
պաշտօնի
յաջողութեամբ
որոշ
դիրք
կը
գրաւեն
արդէն
քիւրդ
ժողովրդի
մէջ՝
եւ
իրենց
ձայնը
որոշ
նշանակութիւն
կ՚ստանայ
քիւրդ
ժողովրդի
աշխարհիկ
գործերուն
մէջ։
Շէյխութիւնը
շատ
անգամ
իբրեւ
ուժ՝
կանգնած
կը
մնայ
քիւրդ
ցեղապետներու
հանդէպ.
եւ
կրօնապետներն
ու
ցեղապետները
կը
մնան
հակառակ
դիրքերու
ու
պատնէշներու
վրայ.
թէեւ
երբեմն
ալ
կը
համագործակցին
քիւրդ
ցեղերը
վարելու
գործին
մէջ։
Չորրորդ
շրջանը
կրօնա-քաղաքական
շրջանն
է,
ուր
Օսմ.
կառավարութիւնը
նկատի
ունենալով
շէյխերու
ազդեցիկ
դիրքը,
զանոնք
ձեռք
կ՚առնէ,
բարոյապէս
եւ
քաղաքականապէս
քիւրդերը
ի
պաշտօնէ
վարելու
համար։
Այս
շրջանին
մէջ
տեղի
կ՚ունենայ
այն
կարեւոր
փոփոխութիւնը,
որ
Շէյխային
կրօնա-իշխանապետական
ցեղային
կերպարանը
կը
փոխուի
Թիւրք
կառավարական
կրօնա-քաղաքական
վարչականութեան։
Մենք
զանց
կ՚առնենք
իրողութիւններ
առաջ
բերել
մանրամասնօրէն
իբր
ապացոյց.
բաւական
է
միայն
որ
այժմ
եւս
աչքի
առաջ
ունենանք
Արաբիան,
Քօվէյթը,
հայաբնակ
գաւառներու
շէյխերէն,
Ճէլալէտտինը,
շէյխ
Ֆէհիմը,
շէյխ
Ուպէյտուլլահը
եւայլն։
Ուրեմն
այժմ
Թիւրքիայի
քաղաքական
կեանքի
մէջ
քիւրդ
ցեղապետներու
կողքին
կանգնած
կը
գտնենք
եւ
քիւրդ
շէյխը՝
հաւասար
գծերու
վրայ։
Աւելորդ
կը
համարենք
յիշատակել
թէ,
Օսմ.
կառավարութիւնը,
որչափ
որ
զօրացուցեր
է
շէյխային
կրօնա-քաղաքական
իշխանութիւնը
[1],
բայց
նայելով
իր
քաղաքական
հանգամանքներուն՝
երբեմն
եւս
աշխատել
է
կռուել
այդ
սիստէմի
դէմ՝
նկատելով
այն
վնասակար՝
կառավարական
ուժեղ
կազմի
մը
համար։
[1]
Տեսնե՛լ
«Շէյխ
Ուպէյտուլլահ
իբր
քաղաքական
գործիչ»
հատուածին
մէջ։