Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ՄԻԼԻՑԻԱԿԱՆ ԹԻՒԸ
(Հայերը նախարարութիւններու անջատ անջատ վիճակէ մը կը դիմեն ազգային միութեան. Քիւրդերը նախարարութիւններէ ցեղականութեան կամ Աշիրաթապետութեան՝ իբր Տէրէ-Պէյի. Հայերու այս փոխանցման պատճառները իրենց երկրագործութիւնը, ճարտարարուեստ եւ առեւտրական կեանքն է. Քիւրդերունը՝ լեռնականութիւնը, միլիցիայի մշտական վիճակը, խաշնարածի զբաղմունքը)

1.

Կադմիացի

13, 200

2.

Կորդուացի

1, 000

3.

Արծրունի

1, 000

4.

Ռշտունի

1, 000

5.

Մոկացի

1, 000

6.

Գողթնեցի

0, 500

7.

Անծեւացի

500

8.

Հարուժեան

100

9.

Տըրպատունի

100

10.

Մեհնունի

100

11.

Ակէացի

300

  12.

Զարէհուանեայ

300

13.

Երանթունի

300

14.

Համաստունեան

100

15.

Արտաշէսեան

300

16.

Սագրատունի

100

17.

Աբրահամեան

100

18.

Տրունի

300

19.

Բուժունի

200

20.

Քաջբերունի

100

21.

Բոդունի

100

22.

Մուրացան

300

 

 

1.

Անգեղտուն

3, 400

2.

Բդեշխն Աղձնեաց

4, 000

3.

Բըզնունական

3, 000

4.

Մանաւազեան

1, 000

5.

Բագարատունի

1, 500

6.

Խոռխոռունի

1, 000

7.

Ծոփացի

1000

8.

Վահունի

1000

9.

Ապահունի

1000

10.

Գնունի

500

11.

Բասենացի

600

12.

Պալունի

300

13.

Ընծաքին

4, 000

14.

Մանդակունի

300

15.

Սաղկունի

300

16.

Վարաժնունի

300

17.

Այծենական

100

18.

Առուինեան

300

19.

Վարժնունեան

100

20.

Սպանդունի

300

21.

Ռափսեան

100

 

1.

Բդեշխ Գուգարաց

4, 500

2.

Կամսարական

600

3.

Կասպեցի

3, 000

4.

Ուտեացի

1, 000

5.

Ծատէացի

1, 000

6.

Տայեցի

600

7.

Մամիկոնեան

1, 000

8.

Վանանդացին

1, 000

9.

Գարդմանեցին

1, 000

10.

Որդունի

700

11.

Առուեղեանք

500

12.

Աշոցեան

500

13.

Դիմաքսեան

300

14.

Գընթունի

300

15.

Բոխայեցի

300

16.

Գաբեղեան

300

17.

Աբեղեան

300

18.

Սահառունի

300

19.

Ձիւնական

300

20.

Աշխադարեան

100

21.

Վարուզարտիկեան

100

 

1.

Սիւնի

19, 400

2.

Ամասկոնի

200

3.

Աւածացին

200

4.

Վարձառունի

200

5.

Տամբարուցի

100

6.

Մաղացացի

500

7.

Ցողկեպան

100

8.

Դըրըղնունի

50

9.

Վառնունի

50

10.

Բաքան

50

11.

Կճրունին

50

12.

Գուկանն

50

13.

Պատսպարունին

50

14.

Գազրիկան

50

15.

Վիժանունի

50

16.

Զանդաղան

50

17.

Սոդացի

50

18.

Աքածեցի

50

19.

Ասճշնեան

50

20.

Կենան

50

21.

Տագրեան

50

 

Ընդհանուր թիւ՝ 120, 000

 

Հաւանական է որ նախարարական կազմակերպութիւնը բացարձակ աւատապետական բռնաւոր կազմակերպութիւն մը չէ եղած, այլ որոշ չափով ալ նահապետական կամ հայրական։ Նախարարական ժողովուրդը հող մշակեր, շինութիւններ ըրեր, արուեստ ու արհեստ զարգացուցեր, եւ միայն վտանգի պահուն իր զինւորական միլիցիային դիմեր է։ Ասով կը բացատրուի նախարարութեանց թագաւորական տուներու եւ կղերական իշխանապետութեանց հակառակելու պատմական ընթացքը, թէ ոչ, ժողովուրդը պիտի ապստամբէր աւելի շուտ նախարարութիւններէն։

Ահա պատմութիւնը.

«Շատ անգամ Վասպուրական ու Տուրուբերան աշխարհներու գաւառներ կամ գունդեր կը յիշուին յայտնելով որ շատ ինքնագլուխներ կամ ինքնագլուխ իշխաններ կային այն աշխարհներու մէջ՝ ու ոչ մի երեւելի գլուխ՝ ինչպէս եւ վերոյիշեալ աշխարհներուն. արդարեւ իսկ պատմութեան մէջ չի յիշուիր Տէր Վասպուրականի կամ Տուրուբերանոյ [1], այլ Արշակունեաց կամ Հայոց միահեծան պետութիւն բարձուելէ յետոյ, մէկը բարգաւաճեր է ու թագաւորութեան պատուի հասեր տասներորդ դարուն ու միւսը Մամիկոնեաններու յառաջդիմութեամբ ի Տարօն»։

«Արարատ», երես 424. (թարգմանուած գրաբարէ)

Հայկական նախարարութեանց ջնջումը Հայաստանի մէջ եւ Քիւրդ աշիրաթապետութեանց զօրանալը մէկ կողմէն ալ կը բացատրուի այն պայմաններու տակ՝ որ Հայերը աստիճանաբար հակելով դէպ քաղաքակրթութիւն եւ ճարտարարուեստի ու առեւտրական կեանքը, իրենց խիտ յարաբերութիւններն ու տիրող գաղափարականը տարեր հասուցել են զիրենք ազգութեան վիճակին՝ ցեղականութեան աւանդական առանձնաշնորհէն բաժանելով. մինչդեռ Քիւրդերը առանձնայատուկ դարձնելով լեռնական կեանքը, ու հեռի մնալով քաղաքակրթութենէ, մնացեր են ցեղական նախարարական եղծեալ վիճակի մէջ, որ այժմ կ՚երեւի աշիրաթապետական ձեւի տակ, եւ կը վարեն հովուական (pastoral) կեանքը։

Ըստ Լինշի, «Բուն Քիւրդիստանի մէջ հովուական կեանքի առեղծուածը, դաշտավայրերու վրայ դժուարութիւններ կը ներկայացնէ. դժուար է կառավարել ժողովուրդ մը որ անհանգիստ կեանք անցընելու հակումներ ունի»։

Բնական էր որ Քիւրդերը իրենց անփոփոխ այդ վիճակով մնային միայն ցեղեր (tribus)։ Տեսնենք թէ ի՞նչ է ցեղերու (tribus) քաղաքական նշանակութիւնը ըստ ընկերաբան starckeի. «Ընտանիքը երեք տարբեր ձեւեր ունի. ընտանիք. (famille). (պզտիկ խումբ կազմուած ծնողներէ ու երախաներէ։ Ընտանիքի խումբեր, (groupes de familles), (խմբումն որ քանի մը սերունդներէ վերջ, զանոնք ի մի կը հաւաքէ, հետեւելով աւելի կամ նուազ հեռաւոր ազգակցութեան)։ Քլան (Clans) հաւաքոյթ մը ուր ազգակցութիւնը չի կազմեր իրական կապ մը։ Ասկէ զատ կայ ցեղը (la tribu) (պետութեան նախնական կապ մը), ըլլայ միեւնոյն հողի վրայ բնակւող անհատներու միացումը, որոնք միեւնոյն լեզուն կը խօսին եւայլն. ) ցեղ մը (une tribu) կրնայ իր մէջ խառնելով միացնել քլաններու եւ ընտանիքի խումբերու որոշ քանակ մը։ Ահա թէ ինչո՞ւ ցեղերը, նախարարութիւնները, աշիրաթապետութիւնները, տէրէպէյութիւնը կիսանկախ պետական ձեւեր են կանոնաւոր պետութիւններու մէջ։



[1] Այժեմայ Քրդական Հայտարանցւոց աշիրէթը որ Քրդական աշիրէթների մէջ զօրեղներէն մէկն է, ու կը բնակի Հին Քաջբերունեաց ու այժմեայ Արճէշ գաւառի սահմանները Վանի Նահանգի մէջ, աւանդաբար Հայերու պաշտպանութեան դերը կ՚ստանձնէր, ասկէ կէս դար առաջէն սկսեալ ու աւելի առաջները՝ օտար խուժանական յարձակումներու ու աւարառութեանց ժամանակ՝ Հայերէն անոնք որ անզէն ու անպաշտպան տկարներ էին, կը դիմէին անոնց մօտ պաշտպանութիւն գտնելու։ Հայտարանց կամ Հայտէրանց, Հայ-Տէրանց բառն է. ինչպէս վերը տեսանք, կար Տէր-Վասպուրականի, Տէր-Տուրուբերանայ։ Իսկ թէ՛ այդ Հայ-Տէրանցները իսկապէս Քիւրդ նախարարութիւններ էին բնակակից Հայերու, թէ՛ Հայեր էին նախապէս, այդ անյայտ կը մնայ դեռ։ Հայտարանցւոց մասին կարդալ գրքիս «Աշիրաթութիւն իբր փոքրիկ կէս-Դաշնակցական պետական ձեւ» վերնագրով հատուածին մէջ։