ՀԱՅՈՒԿ-ՔԻՒՐԴԵՐԸ՝
Ի
ԿԻԼԻԿԻԱ.
ՈՒՐԻՇ
ՀԱՅ-ՔԻՒՐԴԵՐ՝
Ի
ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
ՊԱՏԵՐԱԶՄ
ԹԻՒՐՔԵՐՈՒ
ԵՒ
ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ
ՄԷՋ.
ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հատուած
մը
Ալիշանի
Սիսուանէն.
«Հայուկ-Քրդերը
Կիլիկիայի
մէջ
անցեալին
կը
ներկայացնեն
կարեւոր
բաժիններէն
մէկը։
Անոնք
տարածուած
են
Անաւարզայ
եւ
Մսսայ
մէջ.
Պօղան
տոհմն
եւս
կը
համարուի
հայասերմ՝
հաստատուած
Սեւ
լեռան
վրայ։
Քրդերը
առանձայատուկ
տեղ
կը
գրաւեն
Կիլիկիոյ
պատմութեան
մէջ,
անոնք
Հայերու
նման
եղեր
են
բնիկ
ժողովուրդ
Կիլիկիոյ,
նոյնպէս
ունեցեր
են
եկւոր
գաղթականներ՝
թէեւ
Կիլիկիոյ
պատմութեան
մէջ
ոչ
մի
արժանաւոր
տեղ
չեն
գրաւեր։
Հին
ժամանակներէն
եւ
իններորդ
դարու
վերջերը
Վասիլ
Ա.
կայսրի
օրերուն,
անոնք
գոյութիւն
ունեցեր
են
Տօրոսի
լերանց
ամրութիւններուն
մէջ,
եկած
էին
եւ
տասներկուերորդ
դարու
վերջերը
(1187-96)։
Ըստ
ասորի
պատմիչ
Միխայէլի,
Քրդերը
Միջագետքի
սահմաններուն
վրայ
պատերազմելով
Թիւրքերու
հետ,
իրենց
ապաստանը
եւ
ազատութիւնը
գտած
են
ի
Կիլիկիա՝
այնտեղ
դիմելով։
«H.
F.
B.
Lynch»
իր
«Armenia»
մեծ
աշխատութեան
մէջ
Կարնոյ
Անգլ.
հիւպատոս
Թայլօրէն
ծանօթութիւն
մը
առաջ
կը
բերէ.
«Էրզրումի
Քիւրդերը
գաղթած
են
Տիարպէքիրի
շրջականերէն
եւ
«Մամականլու»
ցեղը
միայն՝
որոնց
համար
կ՚ըսուի
թէ
սերած
են
Հայոց
Մամիկոնեաններէն՝
երկրին
բնիկներն
են»
[1]
։
[1]
Շավըցիք.
այժմ
(Շավլի
աշիրաթի)
կը
բնակին
Վանայ
հիւսիս
արեւմուտք
Թիմարի
շրջանը.
ասոնք
200
տան
մօտ
Քիւրդեր
են
գաղթած
Պօհտանէն.
իրենք
են
դարձեալ
որ
ինքզինքնին
կը
համարին
սերած
Հայերէ,
այժմ
Պօհտանի
մէջ
կայ
Շէվլի
անուն
վանք
մը
եւ
անոնք
այդ
վանուց
ժողովուրդը
լինելով,
այդ
անունով
եւս
կը
կոչուին
Շավըցի։
Իրենց
մէջ
սովորութիւն
ունին,
որ
ցեղի
անունը
կամ
յիշատակութիւնը
չկորսնցնեն։
Այժմ՝
իսկ
Շէվցի
Աշիրաթին
պատկանող
Տէրէ-Պէյ
անուն
գիւղի
բնակիչներէն
Մուստաֆայի
որդի
Մահմուտը,
հօր
անունով
չի
ճանչցուիր,
այլ
ցեղին՝
որ
կը
կոչուի
«Մահմուտէ
Մուքօ»
(Մուքօ
—
Միքայէլի
կրճատումն
է)։
Բոլոր
ցեղը
յայտնի
կը
խոստովանին
իրենց
Հայ
սերունդէ
լինելը։
(Տեղեկութիւնները
քաղուած
այդ
շրջանի
նախկին
Միւտիր
Յ.
Խոստիկեանէ)