ԽԱՇՆԱՐԱԾՈՒԹԻՒՆ,
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ.
ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ԳԱՂԹԱՅԻՆ
ՇԱՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Քիւրդ
ցեղերը
քաղաքակրթութեան
աստիճաններէն
կը
բարձրանան,
բայց
ծանր
ծանր՝
հովուական
կեանքէն
որ
առաջները
բացարձակ
յատուկ
էր
իրենց՝
անցան
նաեւ
երկրագործական
կեանքի.
անոնք
այսօր
մեծագոյն
մաս
մը
ունին,
որ
կապրին
երկրագործութեամբ։
Աւելի
շատ
նստակեաց
Քիւրդերն
են
որ
կապուած
են
հողին,
հողագործական
տնտեսութեան՝
օրինակ
առնելով
հայերէ,
թէեւ
շատ
անմշակ
ու
նահապետական
ծայրագոյն
վիճակի
մէջ։
Եթէ
բաժանում
մը
կատարենք,
բաւական
ճշմարտութեան
կը
մօտենանք
երբ
ըսենք։
Խաշնարածութիւնը
ցեղապետներուն,
լեռնականներուն
ու
թափառիկ
(նօմատ)
Քրդերու
բաժինն
է.
իսկ
երկրագործութիւնը
նստակեաց
ու
դաշտաբնակ
Քրդերու։
Քաղաքակրթութեան
ընդհանուր
յետամնացութեան
փչող
խորշակը
Թիւրքիայի
մէջ՝
անցնելով
ազդեր
է
եւ
Քրդութեան։
Բռնապետական
շրջանի
հայկական
կոտորածներն
ու
կողոպուտները
երկար
ժամանակ
չը
կրցին
Քրդական
տնային
ու
վրանական
հաստատութիւնները
շէնցնել.
նոյն
իսկ
բռնապետութեան
ժամանակ
երբ
քաղաքագիտօրէն
դադարեցուցին
ընդհանուր
կոտորածներու
ու
յափշտակութիւններու
դրութիւնը,
ու
սկսեցին
գործադրել
արհեստական
մահացումները,
ճանապարհորդութեանց
ընդհատումն,
յարաբերութեանց
խզումն,
մշակութեանց
եւ
առեւտուրի
դադար,
երկրագործութեան
նուազումն
եւայլն,
տիրեց
անմիջապէս
ընդհանրական
աղքատութիւն՝
որմէ
առաջ
եկաւ
տնտեսական
շերտաւորումն
նաեւ
Քրդերու
մէջ։
Ցեղապետներ,
Բէգեր
եւ
Րայաներ
(քիւրդ),
բաժան
բաժան
եղան
իրենց
շահերով.
առաջինները
սկսեցին
հարստահարել
վերջինը,
ու
Քիւրդ
Րայան
կրաւորական
հնազանդութեամբ
լուծը
անտանելի
գտնելով
ոչ
թէ
սկսաւ
բողոքի
ու
դիմադրութեան,
որովհետեւ
գիտակցութիւնը
չունէր
ու
իրերու
վիճակը
կը
գտնէր
բնական
ու
սովորական,
սկսաւ
գաղթել։
Քիւրդ
գաղթականութիւնը
եթէ
պատմականապէս
առնենք
իրենց
հայրենի
բնավայրէն
նախ
լեռները,
ու
ապա
Տիգրիսի
ափերով
Հայկական
աշխարհները.
Ռուսաստանի,
Պարսկաստանի
եւ
Թիւրքիայի
ամբողջ
սահմաններու
վրայ.
ու
յետոյ
Կ.
Պոլիս,
Կիլիկիա,
Ամերիկա
մտաւ։
Քիւրդ
գաղթականութիւնը
դարձեալ
կ՚ապրի
այդ
դուրսի
աշխարհները՝
բեռնակրութեամբ,
երկրագործութեամբ
եւ
գործարանական
բանւորութեամբ։
Մինչեւ
բռնապետական
րէժիմի
վերջը
Թիւրքիայի
մէջ,
գաղթական
քրդերը
գործածուեցան
նաեւ
Կ.
Պոլիս
ու
Կիլիկիա
իբր
սպանիչներ
ու
յափշտակիչներ,
բայց
երեւոյթը
տարբեր
կերպարանք
ստացաւ
Սահմանադրութենէն
յետոյ.
ընդհանուր
գործադուլներու
բաժնին
մէջ՝
տեղ
տեղ
Քիւրդ
գործաւորներն
ալ
կազմակերպուեցան
իրենց
տնտեսական
տէրերի
ճնշումներու
դէմ
ու
պահանջներ
դրին,
կամ
դրուած
պահանջներու
մասնակցեցան.
Ամերիկայի
մէջ
Քրդերը
համերաշխ
գործունէութեամբ
կ՚երթան
հայերու
հետ
ու
անոնց
հետեւողութեամբ,
որովհետեւ
Ամերիկեան
իշխանութիւնները
անկարելի
կը
դարձնեն
Քրդական
արարքները
Ամերիկայի
մէջ,
ինչոր
սովորական
եւ
բնական
կը
համարուի
ի
Թիւրքիա։
Պէտք
է
յիշատակել
որ
շատ
մը
Քիւրդ
բէգեր
ու
փաշաներ
շատ
կարեւոր
տեղ
գրաւած
լինելով
անգամ
թիւրք
իշխանութեան
մէջ՝
ոչ
մի
օգուտ
եւ
ոչ
մի
ծառայութիւն
չեն
ըրած
իրենց
ցեղակիցներու
առաջդիմութեան
ու
քաղաքակիրթ
բարօրութեան
համար.
եւ
քիւրդերը
քաղաքակրթութեան
մէջ
ընթանալու
համար
մնացած
են
ճակատագրական
բաղդին.
գուցէ
եւ
այդպէս
ալ
շարունակեն,
մինչեւ
որ
նոր
հոսանքները
յեղաշրջեն
իրենց
գաղափարական
ու
տնտեսական
կեանքը։