Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ՎԻՃԱԿԱԳԻՐ ՄԸ ՑԵՂԵՐՈՒ ԵՒ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ. ԱՆՈՆՑ ԸՆԴՀ. ԹԻՒԸ

Կարեւոր համարեցինք նախ նկատի ունենալ Քիւրդերու 1860ի վիճակագիրը, իրենց ցեղերու, բնակավայրի եւ ընդհ. թուի մասին գաղափար մը տալու ու նորերու հետ բաղդատութեան դնելու համար։

Քաղած ենք «Receuil de Notices et Récits Kurdes» P. J. A. Lerchէն։

Այս վիճակագրի մէջն է զայն կազմող քիւրդ Մահմուտ էֆ. իի յայտարարութիւնը՝ որը մենք գծած ենք կարեւոր յիշատակութիւն մը անունով. թէ Հայաստանի մէջ բնիկ Քիւրդեր չեն եղած՝ եւ բոլորը եկած են Տիարպէքիրէն. այնտեղը՝ ամեն մէկը թողնելով իր բոյնը։

Սիպկան ցեղը. Հետեւեալ գապիլէները կը կազմեն այս աշիրաթը. Սիպկի, Կիլիրի (Եզիտի), Պիրինի, Մօնիկի, Միխայիլի։ 770 տուն։

Զիլան ցեղը. Հետեւեալ թայիֆէները կը կազմեն այս աշիրաթը (Պայազիտի շրջանը. կը թափառին երբեմն Պարսկաստան եւ Երեւանի սահմանները) Զիլի, Քիտիքի, Տիլքիրի, Գէլտուրի, Սէվիտի, Փիրէխալի, Կուրտիկի, Տէմատտինի, Տէլիքի, Մամզիտի։ 1450 տուն։

Հայտարան. Պայազիտի մօտիկ. (կը թափառին երբեմն Վանի եւ Արճէշի սահմանները ու երբեմն Պարսկաստան, ունին 2000 վրան)։

Սայտէ-Հէյտէրի, Հէմտիքի, Ատէմի, Լայթէքի, Մայիր-Խուրան, Միլլի, Մըզիզի. 1950 տուն։

Որոշ բնակութեամբ առանձնացած Թայիֆէներ՝ հաստատուած Պայազիտի, Տիատինի, Խամուրի, Ալաշկերտի եւ կամ Պայազիտի գազաներու մէջ։

Հիւվէրքի, Գիւրան, Գարատիլտիզ, Տէրէտէքի, Փինեանիսի, Խալէսինի, Մայնիքի, Մամզիտի. (Պայազիտ քաղաքին մէջ) 270 տուն։ Իսկ միւս ցեղերը՝ Կէլթուրի, Տէրէտէքի, Մամզիտի, Գիւրան, Հասենի, (եզիտիներ այժմ Երեւան) Միւթի, Մայսիքի (եզիտի). Տավուտի, Թէմէխիլրի, Խալէսինի, Ռայսիմի, Տէլիքի, Փիրէխալի, Սալի1400 տուն։

Պայազիտի սահմանագլխի, Ռուսաց եւ Պարսից սահմանագլուխներու մէջ ցրուած թայիֆէները. Ատէմի, Պէրայզի, Կասկանլի, Ռասիմի, Վէյթարիքի։ 700 տուն։

Խամուրի եւ անոր գիւղերու մէջ հաստատուած թայիֆէները. Մէմիտի, Պիլինտանի, Միլլի, Մայնիքի, Մանիւքի, Պէզայզի, Տէլիքի, Սատի, Հիւվէրքի, Միրտիզի, Էյվէզլի, Սէվիտի։ 1, 189 տուն։

Աշիրէներ, գապիլէներ եւ թայիֆէներ (nomades). որոնք կը բնակուին Վանի շրջակաները։

Շիկակ Աշիրաթը, (Համզաբէգիները) կը կազմուի հետեւեալ գապիլէներէ եւ թայիֆէներէ։ Շիկակի, Թակուրի, Սէվի, Ատէմի, Ռէզի (Եզիտի) Պազավիս, Շէմսիկի, Մուկուռի, Լիվի, Սիտարիքի, Մէնտիկի (Եզիտի). Պէլիկուրի։ 3, 250 տուն։

Նօմատ քիւրդերը Մահմըտանի մէջ. Գուրիքի, Քիւքիթ, Արէպի, Մէնտէսիւրի, Խանի, Պարէզուրի, Էօմէրի, Կիւրիթի, 2, 150 տուն։

Թայիֆէներ տարածուած Հէքեարիի նահանգին մէջ։ Արտօշի, Փինեանիսի, Պէլիտանի, Տիլուի, Սեվրես, Միւզան, Խայնի, Շիկէվթի, Պազի, Թիւխրէշի, Գէվէրի, Պախուշանի, Պէրատօսթի, Խրվաթէյ, Սիվհէլիանի, Գիրավի, Գիւրանտէշտի, Սիպայրթի, Գարատօրի, Պիզէպապի, Սիվիկի, Տիյնիսի, Դօստիկի։ 23, 300 տուն։

Աշիրէներ եւ Թայիֆէներ՝ որոնք կը բնակուին Պօհտան եւ Ճզիրէ, իրենց շէֆերը «Խալիտ»ի ծագումն ունին։ (Պէտիր-Խան պէյը կը պատկանէր «Խալիտ»ի ընտանիքին։ Հասէնի, Պիլիքի, Հէվերի, Տիպէրի, Զիզէքի, Հէվիրի, Պէյէնտուրի, Պայպուքի, Խօյըտի, Մէմիկի, Սայլարի, Ավուկի (Եզիտի). Պէրազի, Մօտկանի, Տիլխուրի, Մէմանի, Տէկունի (Եզիտի)։ 6, 400 տուն։

Աշիրէներ եւ Գապիլէներ որոնք կը գտնուին Տիարպէքիր եւ շրջակաները. Միլլի, Պատիլի, Իւրիք, Գարաթուրի, Ռիսվանի Սիլեվի։ 27, 000 տուն։

Կարեւոր յիշատակութիւն մը։

Այս բոլոր ցեղերը լինին Աշիրէ կամ Գապիլէ ու Թայիֆէ, որոնք յիշատակեցինք վերեւը՝ եկած են Տիարպէքիրէն հաստատուելու համար ցոյց տրուած շրջաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս ամեն Թայիֆէէն աւելի կամ պակաս որոշ թուով մարդիկ մնացեր են Տիարպէքիրի եւ Միւֆարքինի մէջ՝ ուր այս մնացորդները հաստատուած կան մինչ այժմ։

Մուշի եւ Պիթլիսի մէջ Աշիրաթներու եւ Թայիֆէներու կէսը նօմատ է (էհլի խիմէ). միւս մասը Էքինճի (երկրագործ) է, եւ նստակեաց։

Թերջանի մէջ հաստատուած քանի մը Թայիֆէներ, Կուրէշանլի, Տուտիքլի, Բիսեանլի, Հասարէնլի։ 976 տուն։

Ընդհանուր գումարը 97, 828 տուն։