Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԱԿԱՆ ԵՐՐԵԱԿ ԻՇԽԱՆԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՔԻՒՐԴԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
(Էրզրումէն Պօհդան ու Հէքեարի)

Քիւրդական քաղաքական գործերու ու դէպքերու մասին մինչ ցարդ ինչ որ անծանօթ է մնացեր օտար պատմիչներու, մենք կը գտնենք անոնց աւանդական բանաւոր պատմուածներու եւ դիւցազներգութիւններու մէջ՝ որ կ՚երգէ Քիւրդ ժողովուրդը։

Բուն Քիւրդական պատմութիւնը Քիւրդերու համար, Երգն է. ուր չկայ Երգը, կը նշանակէ պատմութիւնը չունի արժէք մը, եւ հետեւապէս պատմութիւն համարուելէ կը դադրի. Ուրեմն՝ ոչ թէ անհատը, այլ ժողովուրդն է որ իր պատմութիւնը կը գծէ բանաւոր ու եղանակաւոր։ Գիրը անոնց համար յետին ժամանակներու գործ է, յատուկ մէկ երկու գրագէտներու՝ որոնք իրենց ուսումն ստացած են Քիւրդական միջավայրէ դուրս։

Ինչպէս ամեն հերոսական գործ՝ նոյնպէս եւ Քիւրդական Երրեակ իշխանապետութիւնն ու իր պատմական կեանքը կ՚երգուի երգերու մէջ. եւ բանաւորապէս երգը կ՚ընդարձակուի ու կը պատմուի հիացման տպաւորութիւններով։

Երրեակ իշխանապետութիւնը հաստատուած էր մէկը ի Հէքեարի, երկրորդը Պօհտանը, երրորդը Էրզրում։

Ալատին-ՊԷյի Պապոնց տունը երկու կէս դար առաջ կը նստէր Ջրիք, Մոկունաց բերդերու մէջ՝ Մուշէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, առաջինը դէպ ի հիւսիս, երկրորդը դէպ արեւելքը։ Այս տունը դաշնակցած Պարխօյի Տիարի եւ Պօհտանի Պէտրխանի պապերու հետ, պատերազմ կը մղեն Հէքեարիի պէյերուն հետ։

Պատերազմ մը որ տեղի կ՚ունենայ Պէրվէրու մօտ Արկօլ լեռը, կը հաւաքուին մինչեւ 60, 000 կռւող։

Քրդական կռիւները ոչ վերջնական յաղթութիւն ու ոչ պարտութիւն ունին, որով եւ ոչ խաղաղութեան դաշի կնքումը։ Հետեւաբար միշտ արիւնհեղութիւն, սուր ու կրակ, ստիպեալ զինադադար, եւ այսպէս շարունակաբար՝ իրենց երբեմն սուր ու երբեմն բութ վիճակով։   

Օսմ. կառավարութիւնը որ իր նուաճումները աստիճան առ աստիճան եւ շրջան շրջան ըրած է, միշտ նուազ չափերէ բարձրանալով, այս անգամ կը նուաճէ նախ Էրզրում բոլորովին, ու յետոյ միւս տեղերը. կը քանդէ բերդերը եւ Ալատինի տունը, ու կը կործանէ Քիւրդական իշխանութիւնները, որոնք յայտնի իշխելէ դադրելով, իրենց սերունդները կը սովորին դաւադրական-գաղտնի իշխանութիւն վարել, եւ պարագաներու ներած ժամանակ՝ յայտնի ասպարէզի վրայ երեւնալ. Այսպէս է որ Քիւրդ այս ու այն պէյական իշխանութիւնը կը ջնջուի մի տեղ, եւ ծնունդ կառնէ մի ուրիշ տեղ, փոքր ու փոքր՝ ու իրարմէ միշտ անջատ։

Մինչեւ հիմա դեռ ողջ կը պատմեն՝ Մուշի այդ շրջաններու ծերունիները, որոնք միայն Տէրէպէյական իշխանութիւն տեսած ու լսած են՝ այդ ժամանակները առանց Թիւրք իշխանութեան գոյութեան մասին տեղեկութիւն ունենալու, որը միայն տարեկան մասնաւոր տուրք մը կը գանձէր Տէրէպէյիներէ ի նշան տիրող լինելուն։

Ահա այսպէս է որ Քիւրդական անջատ անջատ իշխանութիւնները միշտ կը ջնջուին ու միանգամայն միշտ կը զօրանան։ Խաֆիրութիւնը որ այս անունով միայն Մուշի շրջանի մէջ կը ճանչցուի եւ կը շարունակուի, ոչ թէ հարստահարութիւն մ՚է ինչպէս շատերը կը կարծեն, այլ Քիւրդական իշխանապետութեան տուրքի մէկ տեսակը, որմէ չեն ուզեր հրաժարիլ, հրաժարիլ տուրքէն, կը նշանակէ հրաժարիլ իշխանութենէն. ահա այստեղն է որ կ՚ուրուագծուի դաւադրական գաղտնի իշխանութեան ձեւը ։

Խաֆիրութեան մասին կը խօսինք իր տեղը։