ՔԻՒՐԴ
ՏԷՐԷ-ՊԷՅԱԿԱՆ
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՃԳՆԻ
ՏԵՂԱՒՈՐՈՒԻԼ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՄԷՋ
(Քիւրդ
Սէյտ
Ահմէտ
փաշա.
Քիւրդական
բանակները
Էրզրումի,
Վանի,
Պայազիտի
եւ
Պիթլիսի
վրայ.
Ռուժեկան
կառավարութիւնը
հաստատուած
ի
Մուշ.
Սուլթան-Խանումը
եւ
Հայ
Մըխօն.
ասոնց
դաւադրական
պատերազմիկ
ծրագիրները.
Հայ
եւ
Քիւրդ
ժողովրդական
սպանութիւններ.
կողոպուտներու
եւ
առեւանգումներու
շարունակութիւնը.
Օսմ.
Տիրապետութեան
զօրանալը)
Որովհետեւ
չը
կայ
որոշ
պատմական
գիծ
Քիւրդ
քաղաքական
կեանքի
համար,
եւ
քանի
որ
ստիպուած
ենք
հաւաքաբար
գտնել
ու
զետեղել,
ապագային
թողնելով
անոր
զարգացական
ամբողջացումն.
յետագայ
կտորը
որ
դիւցազնական
նկարագրութեան
մաս
մը
կը
կազմէ
հրատարակուած
քիւրդերէն
եւ
ֆրանսերէն
լեզուներով
Բրօֆէսէօր
Lerchէն,
քաղաքական
իշխանութեան
մը
ընդարձակ
ծաւալի
մը
պատկերն
է
Հայաստանի
մէջ՝
Պէտիր-Խան
պէյէն
շատ
առաջ։
Նկարագրուած
պատերազմը
յաջող
ելք
կը
ստանայ
Հայու
մը
մասնակցութեամբ.
պատմուածքը
կու
տանք
ամբողջութեամբ,
որովհետեւ
քիւրդական
աղբիւրէ
է։