ՔԻՒՐԴ
ՄԻՐՈՒԹԻՒՆ
[1]
(Նախկին
նախարարութիւններու
եղծեալ
վիճակը
կամ
ըստ
Թիւրքերու
Տէրէպէյութիւն)
Օսմանցիներու
ու
պարսիկներու
յաջորդական
պատերազմներու
ու
փոփոխակի
արշաւանքներու
մէջ,
Հայաստանն
ու
Քիւրդիստանը
դարձեալ
նախարարական
իշխանութիւններու
կը
վերածուին.
բայց
եղծեալ
վիճակի
մէջ,
այսինքն
Տէրէ-Պէյութեան։
Տէրէ-Պէյի
կը
նշանակէ
Հովտի-իշխան.
—
Շրջանավայրի
մը
տիրապետութիւն.
ուր
կամփոփուի
իշխանիկ
մը
կամ
պէյ
մը,
որ
իր
դրից
շնորհիւ
միշտ
կռուի
մէջ
ըլլալով
կը
պաշտպանէ
իր
միջավայրը
անոր
անկախութեան
մէջ,
բացասելով
ո՛
եւ
է
տիրող
իշխանութեան։
Մենք
մեր
պատմութեան
ընթացքին
տեսանք,
որ
ըստ
Խորենացւոյ՝
Հայոց
Վաղարշակ
թագաւորն
եղաւ
առաջին
անգամ
հայոց
նախարարութիւնները
ինչպէս
եւ
Մարաց
գաղթականութեան
նախարարութիւնը
իր
գահին
շուրջ
հաւաքողը
ու
մի
թագաւորութիւն
կազմողը։
Օսմանցիներու
եւ
Պարսիկներու
փոփոխակի
արշաւանքները
դարձեալ
առիթ
կուտան
Հայերուն
ու
Քիւրդերուն
դիմել
նախարարական
իշխանութեան
ձեւին,
կամ
ուրիշ
բառով
այդ
կազմութիւնը
եղծուած
ժամանակ,
Տէրէ-Պէյութեան,
մանաւանդ
որ
Հայաստանի
ու
Քիւրդիստանի
լեռնոտ
դիրքերը,
ճանապարհներու
անհաղորդակցութիւնը,
առանց
ատոր
ալ
միշտ
նպաստած
են
պահպանելու
իշխանութեան
այդ
հին
ձեւը։
Ըստ
Քիւրդական
աղբիւրներու
[2],
Սուլթան
Սէլէմէն
մինչեւ
Սուլթան
Մահմուտը
Տէրէ-Պէյական
իշխանութիւնը
մնաց
կանգուն
իւր
աւազակային
դրութեան
մէջ.
Օսմանեան
Սուլթանները
չը
կարողանալով
կատարելապէս
լրացնել
իրենց
նւաճումները,
վերջապէս
կ՚ստիպուին
Սուլթան
Մահմուտի
օրով
պաշտօնապէս
ճանչնալ
Տէրէ-Պէյական
իշխանութիւնները։
Սուլթան
Մահմուտը
իւլէմաներէ
կազմուած
ժողով
մը
կը
ղրկէ
Հայաստան
ու
Քիւրդիստան,
կը
գծէ
ամէն
մէկ
Տէրէ-Պէյիի
իշխանութեան
սահմանը,
ու
կը
ճանչնայ
այդ
իշխանութիւնները
իրաւասու՝
ամէն
մէկը
իր
սահմանին
մէջ։
Տէրէ-Պէյական
իշխանութիւնները
այսպիսով
է
որ
կունենան
իրենց
անկախութեան
ֆէրմանները։
Հետաքրքիր
կը
լինի
տալ
մի
քանի
գծեր
Տէրէ-Պէյական
կեանքէն։
[1]
Տես
«Սասունի
Ամիրայութիւնը»
քաղուած
Հայ
պատմութենէն,
ուր
արդէն
կազմուած
կ՚երեւան
անկախ
մեծ
ու
փոքր
իշխանութիւններ։
[2]
Պետրիէն.
(քիւրդ
գրագէտ)։