Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՐԴԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Հայերու հետ իսպառ բաժանման այս շրջանին, մեզ կը մնայ ներկայացնել Քիւրդը իր բարքերովը։ Առաջին մասը կը նուիրենք քրդական հասարակ դասակարգին. ընթերցողը եթէ այն գտնէ չափազանց տարօրինակ եւ անհաւատալի, ադոր տարակոյս չունինք. անոնց մեծ մասը սովորական են, մաս մ՚ալ յաճախակի պատահական՝ որոնք չեն զարմացներ Քիւրդերու մէջ քիչ մը ապրողին անգամ, եւ որոնք կը կազմեն անոնց ընդհանուր բնաւորութեան գիծը, ներկայացնելով լեռան մարդու վարք ու բարք։

Բնազդի ամբողջական տիրապետութիւնը. Քիւրդը մարմնով հսկայ ու մտքով մանուկ ժողովուրդ մ՚է. անոր մէջ ուժգին կը գործէ բնազդը։

Քիւրդը շատ կը սիրէ պսպղուն իրը, բաւական է որ լինի աչքը խտղտող, կուրացնող։ Լեզուի մէջ համրանք ունի, բայց շատ քիչ կ՚իմանայ թուել ու հաշուել. դրամը չի կրնար արժէքներով որոշել. ի հարկին այդ հոգը յանձն պիտի առնէ իր հաւատարիմ ճանաչած Հայը։ Հագուստեղէնի լաւ ու վատ յատկութիւնը կը ճանչնայ անոր փայլունութեան ու վաճառողի թանգ գնով պահանջելուն մէջ. հագուստեղէնը իրեն պիտի տայ իւր հաւատարիմ Հայը, վերջինս պիտի ընտրէ իր ճաշակով, ձեւել կարել տայ ու հագցնէ. հաշիւն ինքը հասկնալով ու իր մօտ պահելով։       

Զէնքի արժէքը. Քիւրդը կը սիրէ սուրն ու հրացանը. ասոնք իրեն համար անհրաժեշտ ու անբաժանելի պիտոյքներ են, որոնցմով միայն կարող է քաջագործութիւններ ընել, վրէժ լուծել ու իր գոյութիւնը պահպանել. Քիւրդը չի կրնար եւ չուզեր մնալ առանց զէնքի, ինչպէս ո եւ է մարդ առանց աչքի։ Երկրորդ՝ զէնքը անոր համար հաճոյք մ՚է, որովհետեւ սուրը կը շողայ ու հրացանը կը պայթի իր ուժգին ձայնովը. առաջ եկած հարուածին յաջորդող արընթաւալը անոր կը զուարճացնէ, որովհետեւ վիպական կ՚երեւայ։

Մեղքի ու արդարութեան, գթութեան կամ անգթութեան, պարտք ու իրաւունքի վրայ գաղափար չ՚ունի, եթէ այդ մասին խօսուի, հետաքրքրութեամբ կը լսէ իբր օտարոտի բան մը, ու կը կ՚արծէ թէ ադոնք այնպիսի իրողութիւններ են որ կը նմանուին ուրիշի աչքերուն՝ որոնցմով ինքը չպիտի կարենայ տեսնել, թէեւ գոյութիւն ունենան։

Զէնքը Քիւրդի ձեռքին կը ծառայէ նաեւ իբր խաղալիք եւ արդուզարդ։ Քիւրդին զէնք հայթայթողը շատ պարագաներուն՝ վաճառական հայն է։

Քիւրդի առեւտուրը. Անոնք՝ ութ, տասը, քսանը ի միասին կը հաւաքուին ու քաղաք կ՚իջնեն, որովհետեւ իրենց յանցաւորութիւնը միշտ աչքի առաջ ունենալով կը կասկածին թիւրքերէ, որպէսզի յանկարծ զիրենք չ՚ամբաստանեն ու դրամները խլեն զանազան ծախքեր ցոյց տալով, որու մասին Քիւրդը գաղափար անգամ չ՚ունի։ Ադոր համար գիշերանց կ՚իջեւանեն Հայու տունը, զէնքերը պահ կուտան ու դրամները անոր կը յանձնեն, ամեն մէկը այն գումարն, որ կը լեցնէ Հայու ձեռքը առանց համրելու. միայն գումարի քանակն է միտ պահել, որ սերտել ու սորվել է այնքան ժամանակ որ իր մօտն ունեցեր է այն. կուտէ ու կը խմէ Հայու տան մէջ դրսի բակը՝ որու մուտքն ու ելքը առանձնակի է շինուած. դռները փակուելով, տան միւս մասերի հետ եղած յարաբերութիւնը կը կտրուի, որով Քիւրդը միջոց չունենար ներս սպրդելու եւ ո եւ է տեսած բանը թռցնելու (գողնալու)։ Հայը երբ իրեն իմաց կուտայ թէ ժամանակ է մեկնելու, կիյնայ անոր ետեւէն ու կերթայ, առանց գիտնալու թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ընելու, մինչեւ որ Հայը ամեն ինչ հոգայ ու զինք ճանապարհէ իր տեղը։

Քիւրդի հագուստը ու շարժուձեւը. Շատերը կը կարծեն թէ քիւրդը այն համոզմամբ լայն հագուստ կը հագնէ՝ որ ազատ շարժուի, ազատ մեծնայ ու իր մարմնի անդամները սղմուելով ճնշում չը կրեն. այս համոզումը կը թողնենք այդպէս կարծողներուն, բայց իրականութիւնը այլ է։ Նախ որ Քիւրդը շարժուել չը գիտէ. եթէ ինքը չը փաթաթուի անոր մէջ՝ հագուստը իրեն նեղ կ՚ուգայ, կը պատռտի, կարերը կը քանդուին, ու կարող կարկատող չունենար։ Քիւրդ կինը կարել չը գիտէ. Երկրորդ չափազանց լայնութեան մէկ պատճառն ալ առեւտրականն է. ձեռք մը հագուստ իր լայն վիճակի մէջ անգամ, օրինակի համար ութ արշինէն հանել տալու տեղ, տասներկու արշին կը ծախէ, եւ ադոր ճշդութեան պատգամը արձակել կուտայ դերձակին. դերձակն ալ իր շահի առատ բաժինն ունի, չը նայած Քրդի ձեռքը քաշած իր նեղութեանը։

Քիւրդը իր հին հագուստը ձգելու սովորութիւն չունի, մինչեւ որ իր վրայ փտի ու ձուիկ ձուիկ դառնայ. միշտ նորը կը հագնի հնին վրայ, չը նայելով ամառ կամ ձմեռ եղանակներուն։

Քիւրդը այս թանձրութեամբն ալ պարթեւ կ՚երեւայ, ու հագուստի զանազան ծալքերը, կլորակ կոճակների շատութիւնը, յարկ յարկ իրար վրայ դիզուած ու քիչ քիչ շողակի ցուցադրուած, անոնց գոյնզգունութիւնը իրեն ախորժելի կը թուին. չը նայած այդ կեղտի մէջ փտած շորերու առաջ բերած գարշահոտութեանը ու զզուանքին, Քիւրդը կը պարտաւորեցնէ դերձակին, որ երեխայի պէս իրեն կանգնեցնելով այդ հնոտիները յարդարէ ու նորերն ալ հաճոյքով իր վրայ հագցնէ. դերձակը կը կատարէ այդ դժուար պարտականութիւնը։

Բայց երբեմն ալ կը պատահին հասարակ Քրդերէ դժուարահաճներ՝ որոնք կուզեն անպատճառ իրենց հնոտիները արդուկել տալ. այդ զզուանքի ու դժուարութիւնների առաջն առնելու համար, շատ անգամ պատահած է երբ Քիւրդը համոզել անկարելի եղած է, դերձակը անոր պառկեցուցած է հագուստով իր դէզկեահին վրայ, ու կրակցած արդուկը առած ինկած է Քիւրդին վրայ զայն արդուկելու. ծաղր ու ծունակի՝ քիւրդի կրած տանջանքի վերջանալէն յետոյ, Քիւրդը ուրախութեամբ ու խնդալով վեր կացեր է, քանի որ իր համոզմամբ յաջողեր է դերձակին ինքզինք արդուկել տալ, արդուկէն առանց ո եւ է վնաս մը կրելու։

Քիւրդի կերը. Նա շատ սակաւապէտ է եւ թէ շռայլ շատակեր. չունեցած պարագային կը կրծէ չոր հաց ու կը խմէ պարզ ջուր. եթէ ցորենէ հաց չունենայ, կուտէ գարիէ, կորեկէ, պաճեկէ պատրաստուած հացեր, ունեցած ժամանակ՝ իւղ, կարագ, մածուն, պանիր, ձու, ձուազեղ. ոգելից ըմպելիներէ կը զզուի, ասոնք իր բնակավայրի սովորութիւններն են. իսկ երբ դրամը գրպանն քաղաք մտնայ, շատ կը սիրէ քաղաքացու կերը, կերթայ քիւրդերուն յատկացուած ճաշարանը եւ կուտէ շատ ու ամեն տեսակ այլանդակ բաղադրութիւններէ պատրաստուած բաներ։

Կնոջ վաճառքը. Աղքատ Քիւրդ կիները իրենց աղջիկները կը ծախեն շատ անգամ զանոնք սնուցանել չը կրնալուն համար. Քիւրդիստանի մէջ անգամ մը պատահեցայ այսպիսի դէպքի մը, թիւրք պաշտօնեայ մը երկու՝ ութէն տասը տարեկան աղջիկները ծախու առաւ քսան հինգ արծաթ մէճիտի, գնողը կ՚առարկէր որ անոնց գեղեցկութիւնը անգնահատելի գտնելով, զանոնք պիտի կրթէ ու իր մօտիկ ազգականներուն կնութեան տայ։

Աւազակութեան բաժինը. Հասարակ քիւրդը առանձին աւազակութիւն ընելու իրաւունք չունի. աւազակութիւնը ցեղային հաւաքական գործ մ՚է, որմէ ինքը շատ քիչ բաժին ունի. մեծ մասը կը պատկանի ցեղապետին եւ Ցեղապետական Համայնքի պէտքերու գործածութեանը. անհատական աւազակութիւնը թոյլատրելի չէ. պատահած ժամանակ ցեղապետին բողոքուած ատեն կը պատժուի, իսկ եթէ գողութիւնը մեծ եւ արժէքաւոր է, ձեռքէն կ՚առնուի իրեն փոքրիկ պատառ մը թողնելով. այս պարագային միայն կարելի պիտի լինի ներուիլ եւ կամ փոքր պատիժ ստանալ։

Զուգորդութիւն բարքերու մէջ. Քրդական բարբարոսութիւնները որոնք աւելի շատ յայտնի դարձան հայկական կոտորածներու ժամանակ՝ չէին կարող անհաւասար կշիռ կազմել տարբեր բարքերու ու հասկացողութիւններու հետ։ Մարդկային գործողութիւններու մէն մի տեսակը առնչութիւն ունի իր հոգեկան դրութեան ուրիշ կողմերու հետ, որոնք ցածրէն մինչեւ բարձր՝ իրենց աստիճանացումների մէջ, ամբողջութեամբ միշտ հաւասարակշռութիւն կը պահպանեն, իրենց տարբեր տարբեր մասերով։