Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՂԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Հողային հարցը Քիւրդիստանի մէջ՝ ցեղական պետութեան իբր հիմը. Հողի գործածութիւնը. Հայկական երկիրներու մէջ Քիւրդերու տարածականութեան միջոցը. Բռնապետութիւններն ու գրաւումները. Հայ-Քրդական յարաբերութիւններու լարումին մէկ պատճառը)

Քիւրդ ցեղերու համար հողային հարցը, ցեղերու սկզբնական պետական գոյութիւնն է. ցեղապետութեանց սահմաններու մէջ ոչ միայն հողը չի ծախուիր, այլ եւ ուրիշ ցեղի օտար բնակիչ մը իրաւունք չունի այդ սահմաններու մէջ ապրելու, եւ նոյնիսկ իբր ճամբորդ անցնելու, առանց յանձնարարականներու եւ պետի գիտութեան։ Բոլոր Աշիրաթապետական սահմանները գծուած են իրենց մէջ, ու ամեն մի ոտնձգութիւն առաջ կը բերէ հողային պատերազմ ցեղի ու ցեղի մէջ։ Այս դրութեան հետեւանքով է որ իսկական Քիւրդիստանը, Աշիրաթապետական սահմանները, բնակուած են զուտ քիւրդերէ՝ եւ մնացած են իրենց աւանդական կենցաղի մէջ, առիթ չը տալով ոչ մի օտար բարքերու ու ազդեցութեան մուտքին. հողը կը պատկանի Աշիրաթապետութեանը՝ որը մեծ մասամբ ամայի ու անմշակ կը մնայ։

Աշիրաթապետութիւնները իրենց նախնական պետական ձեւերէն մի քայլ առաջ կ՚անցնին, երբ իրարու հետ կը կապուին դաշնակցութիւններով՝ յարձակողական ու պաշտպանողական պէտքերու համար, ու կ՚ստանան վայրենի հին պետական դաշնակցական ձեւ ։

Հողային հարցի այս դրութիւնը զուտ քրդաբնակ տեղերու համար է։

Կայ եւ ուրիշ հողային հարց մը հայկական շրջաններու մէջ։ Քիւրդերը իրարու մէջ ունեցած զանազան պատերազմներու, հալածանքներու, թափառաշրջիկութեան, հարստանալու եւ ուրիշ դրդիչ ու թոյլատու պատճառներով ալ տարածուած են, ու հետզհետէ մինչ ցարդ կը տարածուին հայկական հողերու վրայ. այստեղ այդ հարցը ստացած է ու կ՚ստանայ հետզհետէ այրող բնաւորութիւն՝ ծնունդ տալով ցեղային, կրօնական, տնտեսական կռիւներու. բռնատիրութեան սիստեմն է որ կը գործադրուի. եւ Սահմանադրութեան հրատարակութենէն վերջը երբ ամեն հողատէրը ուզեց իր իրաւանց պաշտպանութիւնը, խնդիրը ստացաւ սուր կերպարանք։

Քիւրդերու համար այս գործողութիւնը տարածականութեան հին սովորութիւն մ՚է որ կը գործադրեն, ապացոյց՝ այն վանքեր ու եկեղեցիները ու անոնց պատկանեալ հողերը, որոնք կը գտնուին իրենց սահմաններուն մէջ, ուր այժմ չ՚երեւիր ոչ մի քրիստոնեայ հայ. եղածներն ալ ճորտութեան համար մնացած են կամ բերուած։ Այս սիստեմն ալ ծնունդ տուած է Աւատապետութեան՝ հայաբնակ երկիրներու մէջ։ Ապացոյցներու համար ունինք բազմաթիւ օրինակներ՝ որոնց հաշիւը տալու համար հաշուեգրքի մը հրատարակութիւնը հազիւ թէ բաւականանայ [1] ։



[1] Մոկս գաւառի մէջ (Վանի վիլայէթ), անցորդը կը պատահի այդպիսի բազմաթիւ վանքերու ու եկեղեցիներու։ Գաւառական կեդրոնի մէջ Մանդկանց անուն քրդաբնակ մեծ թաղը որ միջնաբերդ մ՚է, եւ ունի մօտ երկու երեք հարիւր տուն բնակիչ՝ գործածուած մզկիթը հայկական եկեղեցի մ՚է, որ կը պահպանէ մինչ ցարդ եկեղեցւոյ իր բոլոր շինուածքի կազմը։ Անարուեստ, ցեխով երկու երեք արշին բարձրացած պատ մը եկեղեցւոյ մէջ յարմարցուած է կըպլայի, ուր կ՚աղօթեն Քիւրդերը. եկեղեցւոյ տաճարը իր նախկին վիճակի մէջ անգործածելի կը մնայ։ Սա շան հինէն է։ Գահընկեց նախկին սուլթան Համիտի օրով, կազմելու համար, առաջ կը բերենք Մուշի Օսմ. երեսփոխան Գեղամի մէկ հրատարակութիւնը, «Հողային հարց» անունով, քաղուած Պատրիարքարանի եւ ժողովրդական տեղեկագրերէ։

«Ա. Կարնոյ վիլայէթի Խնուս, Ալաշկերտ, Պայազիտ, Բասեն, Քէմախ, Երզնկա, Դերջան, Բաբերդ. եւայլն գաւառներու 129է աւելի հայաբնակ գիւղերու մէջ զանազան ձեւերով գրաւուած՝ հազարաւոր արտեր, մարդեր, արօտներ, տուներ, ջրաղացներ։ Օրինակ. Երզնկա-Դերջան աւելի քան 15, 000 օրավար, 250-350 շէնքեր, արօտատեղիներ։ Բաբերդ, Բասեն, Ալաշկերտ եւայլն, 2500է աւելի արտեր, մարգեր. 270է աւելի շէնքեր. 7 ագարակներ։ Խնուսի 19 գիւղերէն 1000է աւելի արտեր եւ իբր 400 շէնքեր. 16, 800 արտավար գետինները, գեղի հողերը ամբողջ, կիսով չափ, եւ մնացածները զանազան համեմատութեամբ։

Ընդամենը Կարնոյ վիլայէթին մէջ աւելի քան 100, 000 օրավար»։ Օրինակները կը թուէ։

«Բ. Խարբերդի վիլայէթ, Ակն, Արաբկիր, Մալաթիա, Տէրսիմ գաւառակներու՝ եւ Խարբերդի իբր 50 գիւղերէ աւելի քան 1800 արտեր՝ 5000 օրավար գետիններ, 200է աւելի շէնքեր, եւ եթէ՝ ի նկատի ունենանք Չարսանճագի 40է աւելի գիւղերու գետինները, ինչպէս եւ պարտէզներ, այգիներ եւայլն, ընդամենը աւելի քան 200, 000 օրավար»։ (Օրինակները կը թուէ եւ շարունակաբար)։

Ուրիշ տեղ ցանկ մը հրատարակուած է Վանի վիլայէթի հողերու գրաւմանց մասին (բոլորն ալ Հայ)։ Կայ եւ Տիգրանակերտինը։ Այս չափն ալ բաւական է իբր ապացոյց. այս գրաւմանց մէջ նուազ թիւ կը կազմեն թիւրքերը։