Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՄԱՐԴԻԿ. ՍԱԼԱՀԷՏՏԻՆԸ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ
(Քիւրդ ժողովուրդի յատկանշական ուժեղ կողմը)

Մեր պատմական ընթացքէն հասկցուեցաւ որ Քիւրդ ժողովուրդը իրապաշտ է ի բնէ. եւ իբրեւ ժողովուրդ՝ իր ցայտուն անհատական արտադրութիւնը եղած է պետական եւ զինուորական մարդկանց խմբերը։

Անոնք քաղաքական ընդհանուր պատմութեան մէջ պետական եւ զինուորական մարդկանց շարքին ունին մեծ ու միջակ անուններ. իբր ժողովրդի նկարագրի արտայայտիչ տիպ՝ մենք կուտանք քանի մը անուններ՝ այդ դասու համար։

Մէկը ադոնցմէ՝ Սուլթան Սալահէտտինն է։

«Ալկէմայնէ Վէլթկէշիյթէ» (տիեզերական պատմութիւն) հրատարակուած Րէկէնսպուրկ. 1841. 3րդ հատոր էջ 73էն քաղուած մը՝ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Սալահէտտինի կենսագրութիւնը։

«1174-1193. Եուսուֆ իպնի Էյուպ Սուլթան Եգիպտոսի եւ Ասորիքի՝ ծնած է 1137ին Թէքրիք դղեակի մէջ ուր իւր հայր զինուորական հրամանատար մ՚էր. պզտիկութեան ատեն ծառայեց հօրը եւ Շիրքուհ հօրեղբօրը՝ երբ վերջինը Հալէպի Նուրէտտին Սուլթանէն Եգիպտոս ղրկուեցաւ։

Հետամուտներէ շատերը կը կռուէին Եգիպտոսի Սուլթանութեան համար, որոնցմէ մէկն էր Եգիպտոսի Շավէր վէզիրը որ Հալէպի Նուրէտտին Սուլթանին փախած էր. Նուրէտտին զայն իր Շիրքուհ զօրավարի ձեռքով Եգիպտոս դարձուց։

Շավէրը իմացաւ Շիրքուհին դիտաւորութիւնը, Սալահէտտին որդի Էյուպի, որ եկած էր նոյնպէս Եգիպտոս, հօրեղբայր Շիրքուհի հետ՝ յաջողեցաւ նախ Շիրքուհի զօրավարութիւնը եւ ապա Շավէրի վէզիրութիւնը գրաւել, նոյն իսկ Եգիպտոսի Սուլթանին մահուընէն վերջ խալիֆայական աթոռը բարձրանալ։ Նուրէտտինի մահէն յետոյ սկսաւ անոր երկիրները գրաւել մինչեւ Հալէպ։

Սալահէտտինի գլխաւոր գործն էր Երուսաղէմի գրաւումը քրիստոնեաներէն, 1187 Հոկտ.

Մեռաւ 1193ին։

Սալահէտտինը աչալուրջ շրջահայեաց եւ քաջ իշխան մ՚էր. արդարութիւնը կը սիրէր եւ իւր խօսքը կը բռնէր. 17 որդի եւ մէկ աղջիկ ունեցաւ, եւ ինքը եղաւ Եգիպտոսի Էյուպեանց հիմնադիրը։

Քիւրդերը իրենք կըսեն որ Սալահէտտինը Լէվին ցի է, եւ իր իշխանութիւնը Քրդական իշխանութիւն էր, իբր յաղթական տիրապետութիւն օտար երկիրներու վրայ։ Սա քիւրդ տեսակէտ մը է, որ չ՚ըմբռներ համայնքի իշխանութիւնը որմէ բղխած լինի անհատներու վարչութիւնը. այլ կընդունի որ անհատներն են, որ տիրելով ժողովուրդներու՝ կը գտնեն կուսակիցներ եւ կը կազմեն իշխանութիւն։

Ուրիշ Քիւրդ պետական եւ զինուորական մարդկանց անունները թուագրել եւ յիշատակել մեզ հեռուն կը տանի. Թիւրք եւ Պարսիկ քաղաքական եւ զինուորական պատմութեան մէջ բաւական թիւ կը կազմեն անոնք։

Այս պետական եւ զինուորական անհատականութիւնները մեզ համար կը ներկայանան իբր Քիւրդ ցեղի յատկանշական կողմը միայն՝ որ առնչութիւն մը չունի Քիւրդ ցեղական պետականութեան եւ զինուորականութեան հետ։