ՀԱՆՈՒԻՆՔ,
ՀԱՆՈՒԻՆՔ
Հնչեց
վերջապէս
հանուելու
ժամն,
որուն
անհամբեր
կը
սպասէին
բազում
ցաւագարներ,
ախտաժէտներ,
անդամալոյծներ,
վատուժներ,
այսահարներ,
արք
եւ
կանայք,
ծերք
եւ
տղայք։
Բայց
մի՛,
Տեարք
իմ
եւ
Տիկնայք,
պճնասիրութեան
կատարը
բարձրանալէ
յետոյ
մէկէն
ի
մէկ
մերկանանք
եւ
նետուինք
Պոսիդոնի
գիրկը։
Պոսիդոն
վստահելի
աստուած
մը
չէ,
աստուածներուն
ամէնէն
փոփոխամիտն
է։
Պոսիդոն
աստուածներուն
ամէնէն
խայտառակն
է։
Կանխահոգ
զգուշութիւններ
ձեռք
առնելու
է
մտնալէն
առաջ
ծոցն
այս
աստուածին,
որ
չկարծէք
թէ
միայն
ճշմարտութիւնը
մերկ
տեսնելով
կը
շատանայ.
այս
աստուածն
սոսկալի
հակակրութիւն
ունի
հագուստ
վաճառողներու
դէմ։
Ես
ալ
կը
փափաքիմ
Թեդիսի
անկողինը
մտնել
ահիւ
եւ
երկիւղիւ,
զովանալ,
դողալ,
հիանալ,
սքանչանալ
եւ
բնութեան
ամէնէն
գեղեցիկ
հրաշակերտը
վայելել,
մէկ
խօսքով`
ես
ալ
կը
սիրեմ
ծովը։
Մանաւանդ
կ'ուզեմ
դիտել
ծովն,
բայց
ոչ
ծովեզերեայ
անտառի
մը
կանաչագեղ
ծառոց
հովանոյն
տակ
ու
ծաղկաւէտ
մարգագետնի
վրայ
ընկողմանեալ,
այլ
կ'ուզեմ
ծովեզերքը
բարձրանալ
լոռուտ
ապառաժներու
կոյտի
մը
ստուերին
ներքեւ
խիճերու
վրայ
պառկած
եւ
ժայռի
մը
վրայ
գլուխս
հանգչեցուցած։
Չեմ
սիրեր
ծովուն
դաշտացումն,
ոչ
ալ
կ՚ախորժիմ
անոր
հեղուկ
եւ
հեղեղուկ
լեռներէն։
Հաճելի
է
ինձ
երբ
հեզասիւք
զեփիւռն
մեղմիկ
փչելով
այլակներէ
փոքրիկ
ակօսներ
կը
գործէ,
որք,
դանդաղ
ի
գիլ
առ
իս
կու
գան
եւ
խիճերու
մէջ
մտնելով
կը
դդչան
եւ
ոտքերս
կը
խտղտեն։
Բանաստեղծներն
իրաւունք
չունին,
կարծեմ,
բողոքել
ինձի
դէմ։
Իսկ
երբ
ծով
մտնել
ուզեմ`
առանձին
կը
մտնեմ,
ոչ
ոք
կ'ուզեմ
հետս,
ոչ
իսկ
արեւն,
որու
հետ
քանի
մ՚անգամ
կռիւ
ըրած
եմ`
իզմէ
առաջ
մտած
ըլլալուն
համար։
Մոլութիւն
մ՚ունիմ,
որ
է.
կ'ուզեմ,
որ
իմ
ելնելու
պահուս
մտնէ
արեւն,
կամ
իմ
մտնելու
ժամանակս
ելնէ։
Քանի
մ՚անգամ
միայն
լուսնի
եւ
աստղերու
հետ
լուացուած
եմ։
Ասոնց
ալ
ընկերութենէն
բան
մը
հասկցած
չեմ։
Արեգական
եւ
երկրի
աղջկան
հետ
կը
սիրեմ
ես
լողանալ.
երբեմն
ալ
Արուսեակի
հետ
կը
մտնեմ
ծով
եւ
ուրախ
եմ,
թէ
ճաշակս
լիովին
կը
համաձայնի
Ասկղեպիոսի
աշակերտաց
կարծեացը։
Այո՛,
շատ
կը
սիրեմ
ծովն
եւ
եթէ
հնար
ըլլար
ծովու
մէջ
ապրիլ`
բնաւ
չպիտի
ելնէի
ցամաք։
Բայց
հերիք
մեր
անձին
վրայ
խօսեցանք։
Հանուեցէ՛ք,
Տեարք
իմ
եւ
Տիկնայք,
քիչ
մ՚ալ
ձեր
վրայ
խօսինք։
Լողացէ՛ք,
տեսնեմ։
Լաւ
է
լողալ
ծովի
մէջ,
քան
պարտքի
մէջ։
Բայց
զգուշացէք
խղդուելու
թէ
միոյն
եւ
թէ
միւսին
մէջ։
Միջին
դարու
մարդիկ
կամայ
ակամայ
լողալ
կը
սորվին,
հարուստներն
են,
որ
կամ
հարուստ
կարծուածներն
են,
որ
իրենց
տունը
պանէո
կ՚ընեն…
պարտքի
մէջ,
վախնալով
որ
չխղդուին։
Մազ
մնաց,
որ
պիտի
մոռնայի
ըսել,
թէ
արարողութիւններ
կան
կատարուելիք
ծով
մտնալէն
առաջ։
Չշփոթենք
արանց
արարողութիւններն
կանանց
արարողութեանց
հետ։
Եւսեբիոս
աղան
առաջին
անգամ
ըլլալով
ծով
պիտի
մտնէ
այս
տարի։
Իւր
այս
խորհուրդը
կնկան
կը
յայտնէ։
Կնիկը
խրատ
կու
տայ
էրկանն,
որ
նախ
եւ
առաջ
բժշկի
հաւանութիւնն
առնէ,
զի
մի
գուցէ
յետինն
չար
քան
զառաջինն
ըլլայ։
Եւսեբիոս
աղան
կը
հնազանդի։
Հետեւեալ
օրը
կը
ներկայանայ
բժշկին,
որ
կը
հարցնէ.
—Ի՞նչ
ունիք,
Եւսեբիոս
աղայ։
—Ոչինչ,
ծով
մտնել
կ'ուզեմ։
—Ինչո՞ւ։
—Տկարութիւն
ունիմ
քիչ
մը,
ախորժակ
չունիմ
ուտելու։
—Շատ
աղէկ
կ'ըլլայ,
դեղ
մ՚ալ
տամ
քեզի։
—Տուէ՛ք։
Քանի
մ՚օր
յետոյ
Եւսեբիոս
աղան
ղենջակը
թեւին
տակ
կը
մտնէ
ծովու
բաղնիքին
դռնէն։
—Հրամմեցէ՛ք,
Եւսեբիոս
աղայ,
հրամմեցէ՛ք,
Եւսեբիոս
աղային
օթեակ
մը,
լայն
օթեակ
մը։
Եւսեբիոս
աղան
կը
մտնէ
օթեակը։
—Եւսեբիոս
աղային
վարտիք
մը
տուէք,
լայն
վարտիք
մը։
—Ես
ղենջակ
ունիմ։
—Ղենջակը
պարապ
բան
է,
վարտիք
հագէ՛ք,
որ
հանգիստ
ըլլաք։
—Ամօթ
չէ՞,
իմ
տարիքիս…
—Ամօթն
ի՞նչ
ըսել
է,
աս
ալ
նոր
կը
լսենք
կոր։
Եւսեբիոս
աղան
կարճ
վարտիքով
կը
ներկայանայ
հանդիսականաց։
Օթեակէն
կ՚ելնէ
չելնէր,
դիտողութիւնները
կը
սկսին.
—Աս
ի՞նչ
կսկլոր
մարդ
է։
—Գոմէշ
կը
նմանի։
—Սըւոր
թեւերը
նայէ՛։
—Հապա
ծոծրակը,
մեր
թաւլինի
չափ
կայ։
Եւսեբիոս
աղան`
որ
կը
լսէ,
բայց
չլսելու
կը
զարնէ
այս
դիտողութիւնները`
կամաց
կամաց
կը
մօտենայ
լոգարանի
սանդուխին,
մէկ,
երկու,
երեք
աստիճան
կ'իջնայ,
չորրորդ
աստիճանին
կանգ
կ՚առնէ։
Քաջալերական
խօսքեր
կը
սկսին
ուղղուիլ
իրեն.
—Եւսեբիոս
աղայ,
մի՛
վախնար,
մտի՛ր։
—Եւսեբիոս
աղայ,
նախ
գլուխդ
խոթէ,
վերջը
ոտքերդ։
—Գլուխով
ի՞նչպէս
քալէ
մարդը…
—Մէկէն
ի
մէկ
նետուէ՛։
—Վերէն
վար
ցատկէ՛։
—Վարէն
վեր
ցատկէ՛։
—Քովընտի
նետուէ՛։
—Դուն
ինձի
մտիկ
ըրէ՛,
Եւսեբիոս
աղայ,
կռնակիդ
վրայ
նետուէ՛։
—Ատոնք
պարապ
խօսքեր
են,
Եւսեբիոս
աղայ,
գլուխդ
թրջէ՛
ու
կամաց
կամաց
մտի՛ր։
Եւսեբիոս
աղայ
բնաւ
չպատասխաներ
այս
ուղերձներուն,
մերթ
ընդ
մերթ
մէկ
ոտքովը
ջուրը
քիչ
մը
կը
քերէ
եւ
նորէն
ետ
կը
քաշէ։
—Մտի՛ր,
Եւսեբիոս
աղայ,
եթէ
պիտի
մտնես,
հիւանդ
պիտի
ըլլաս։
—Ինչո՞ւ
կը
վախնաս
կոր,
մա՛րդ,
չե՞ս
խպնիր,
տղա՞յ
ես…
—Ինչո՞ւ
կայներ
ես
հոն
իշու
պէս,
կը
պոռայ
անդիէն
չափահաս
մարդ
մ՚որ
խօսքը
չխնայեր
բնաւ։
Եւսեբիոս
աղան
կը
ցնցուի։
—Ի՞նչ
իրաւունք
ունիս,
կ՚ըսէ,
անվայել
խօսք
ընելու։
—Լռէ՛,
իշու
կտոր,
շատ
մի՛
խօսիր,
կը
կրկնէ
ուրիշ
մը։
—Աս
ի՞նչ
ըսել
է,
մենք
հոս
լուացուելու
եկա՞նք
թէ…
—Բաղնիքի
մէջ
ասանկ
խօսքեր
ներելի
են,
Եւսեբիոս
աղայ,
կատակ
կ'ընեն
կոր։
—Ասանկ
կատակ
չեմ
ուզեր
ես։
—Երկար
ըրիր
ա՛,
կ՚ըսէ
չորեքտասնամեայ
չարաճճի
մը
եւ
կից
մը
տալով
Եւսեբիոս
աղային
մէջքին`
ջուրի
մէջ
կ՚ընկղմէ
Եւսեբիոս
աղան։
Քանի
մ՚անգամ
Եւսեբիոս
աղան
ոտները
ու
վարտիքը
ցոյց
տալէն
ետքը
դժուար
կը
յաջողի
կանգնել
ջրոյ
մէջ
եւ
լոգարանի
մէջտեղը
կայնելով
կը
սկսի
պոռալ.
—Աս
ի՞նչ
խայտառակութիւն
է,
ի՞նչ
լրբութիւն
է
աս…
ոստիկան
չկա՞յ
մի
հոս…
Հանդիսականք
կը
խնդան։
—Ինչո՞ւ
կը
խնդաք
կոր,
ի՞նչ
կայ
խնդալու,
ես
ձեր
խաղալի՞քն
եմ,
չէ՞ք
ամչնար,
չէ՞ք
խպնիր
դուք։
—Քահ,
քահ,
քահ,
քահ…
—Ինչո՞ւ
կը
խնդաք
կոր…
—Քահ,
քահ,
քահ,
քահ…
—Տէր
Աստուած,
Տէր
մեղայ…
—Քահ,
քահ,
քահ…
—Փորձանքի
պիտի
հանդիպինք…
—Քահ,
քահ,
քահ։
—Ինձի
ալ
ըսէք,
ես
ալ
խնդամ։
—Քահ,
քահ,
քահ։
Եւսեբիոս
աղան
կը
դողայ,
ակռաներու
կրճտումն
կը
սկսի։
Վերոյիշեալ
չարաճճին
ջուրին
տակը
սուզուելով`
կամացուկ
մը
կը
մօտենայ
Եւսեբիոս
աղային,
անոր
ոտքը
վեր
կը
վերցնէ
եւ
գլխիվայր
կը
դարձնէ
Եւսեբիոս
աղան,
որ
իւր
բոլոր
ճիգը
կը
սպառէ
գլուխն
ի
լոյս
ընծայելու
համար։
Աւազանի
մէջ
գտնուողներն
կը
սկսին
իրենց
ափով
ջուր
սրսկել
Եւսեբիոս
աղային
երեսը։
Կը
դողայ
Եւսեբիոս
աղան։
—Չէ…
չէ…
չէք…
ա…
մչ…
մչ…
նա…
նա…
նա…
նար…
—Աս
ի՞նչ
թոաֆ
մարդ
է
եղեր…
—Վայ
աւանակ,
վայ,
կը
դողայ
կոր
տէ,
դուրս
չելլար
կոր…
—Ես
թո
թո
թո…
—Հա,
հա,
հա,
հա…
—Թո
թո
թո
հաֆ
դուք
էք…
Պաշտօնական
քահ
քահ
մը
կը
թնդացնէ
բաղնիքը։
Եւսեբիոս
աղան
դողալով
դողդողալով
կ՚ելնէ
աւազանէն
եւ
կ'ապաւինի
իւր
օթեակը։
Բաղնեպանը
կը
կանչէ.
—Ի՞նչ
խայտառակութիւն
է
աս։
—Ի՞նչ
եղաւ,
բա՞ն
մը
եղաւ,
ըսէ՛,
ոտքդ
պագնեմ։
—Հոս
չէի՞ր
դուն։
—Հոս
էի…
արժանապատւութեա՞նդ
դպան,
ըսէ՛,
որ
վրէժդ
լուծեմ…
ես
չեմ
ուզեր,
որ
բաղնիքիս
մէջ
անկարգութիւն
ըլլայ,
շահուս
կը
դպչի։
—Չիմացա՞ր
եղածները։
—Իմացայ,
բայց
վիրաւորուելու
բան
մը
չտեսայ։
—Ետեւէս
հրեցին
ջուրի
մէջ։
—Կատակ
է
անիկա,
իրարու
կ'ընեն
անանկ
բաներ։
—Աւանակ
ըսին։
—Աւանակները
ջուրէն
կը
վախնան
տէ`
ատոր
համար,
ասոր
մէջ
բարկանալու
բան
չկայ։
—Երեսս
ջուր
նետեցին։
—Աւազանի
մէջ
կ'ըլլայ
ատանկ
բաներ.
նայէ,
հիմա
կ'ընե՞ն
կոր։
—Այնչափ
խնդացին
վրաս։
—Վազ
անցիր,
Աստուածդ
սիրես,
սիրտդ
դող
հանեցիր,
ես
ալ
կարծեցի
դպչելիք
խօսք
մը
ըրեր
են
քեզի։
—Ըսել
է
որ
ասոնք
դպչելիք
բաներ
չեն։
—Ամենեւին,
ատանկ
բան
մը
մտքէդ
անգամ
մի՛
անցուներ.
հեմ
ուրիշին
ալ
մի՛
ըսեր,
վրադ
կը
խնդան։
—Շնորհակալ
եմ
տուած
բացատրութիւններէդ.
բայց
աւելի
աղէկ
չըլլա՞ր,
եթէ
հոս
մարդ
չգտնուած
ժամանակը
գամ
ու
լուացուիմ։
—Մինակ
չես
ձանձրանար
նէ`
եկուր։
Եւսեբիոս
աղան
կը
հագուի
եւ
կը
մեկնի։
Այնուհետեւ
կը
սկսի
ամէն
առաւօտ
կանուխ
լուացուիլ։
Անցնինք
այժմ
կանանց
կողմը։
Ծովն
կանանց
համար
զբօսանք
մ՚է։
Ծովն
կանանց
գեղեցկութեանց
ցուցահանդէսն
է։
Հոն
կանայք
իրարու
ցոյց
կու
տան
իրենց
գեղեցկութիւնը։
Տգեղ
կանայք
ծով
չեն
մտներ
բնաւ,
կամ
եթէ
երբեք
մտնեն`
իրենց
հագուստն
չեն
հաներ։
Ամէն
պարագայի
մէջ
ծովն,
որ
գեղեցիկ
է,
գեղեցիկներու
համար
սահմանուած
է.
ես
ալ
չպիտի
ներէի
բնաւ,
որ
տգեղ
կին
մը
տգեղցնէ
ծովը։
Ի՞նչ
մեղքս
պահեմ։
Գեղեցիկ
կանայք
ծով
կը
մտնեն
ոչ
թէ
դարմանելու
համար
իրենց
տկարութիւնն,
այլ
հիւանդանալու
համար.
հերիք
է
որ
ըսուի.
—Ի՜նչ
մարմին
ունի։
Ծովը
կը
շողոքորթէ
կիները,
կ՚աւելցնէ
անոնց
գեղեցկութեան
փայլն,
հարիւրապատիկ
գեղեցիկ
կը
ներկայէ
զանոնք.
եւ
կնկան
մը
համար
ասկից
աւելի
ի՞նչ
հաճոյք
կրնայ
ըլլալ։
Շատ
մը
մայրեր
ծովու
մէջ
հաւներ
են
աղջկան
մը,
իրենց
հարս
առած
են
եւ
զղջացած
են
յետոյ։
Շատ
կանայք
իրենց
մարմինը
ծովու
մէջ
դիտելէն
ետքը,
տուն
դարձած
են
եւ
փշրած
են
հայելիները։
Այսպէս
է
ծովն,
ոչ
թէ
միայն
գեղեցիկ
է,
այլ
կը
գեղեցկացնէ
նաեւ
զայն,
որ
իրեն
ծոցը
կը
մտնէ։
Կանայք
միշտ
կը
խորհին,
թէ
կարելիութիւն
չկա՞յ
արդեօք
ծովու
մէջ
պարահանդէս
ընել։
Բայց
թողունք
այս
խորհրդածութիւններն
եւ
մտնենք
կանանց
բաղնիքը։
—Սա
դիմացի
կենճ
ը
որո՞ւն
աղջիկն
է։
—Տէր
ողորմեա,
մայրի՛կ,
չճանչցա՞ր,
մեր
դրացիին
աղջիկը
չէ՞։
—Ի՞նչ
կ՚ըսես…
որքան
փոխուեր
է,
ձիւնի
պէս
ճերմակ
կենճ
մ՚էր,
սեւցեր
է։
Աստիի
կողմն
կայնողն
ո՞վ
է։
—Մայրի՛կ,
դուն
խենթեցեր
ես
այսօր,
***
աղայի
կինը
չէ՞։
—Վայ
մեղքիս…
եթէ
չըսէիր,
չպիտի
ճանչնայի,
գիրուկ
բան
մ՚էր
անիկայ,
չեօբ
դարձեր
է
նէ…
սխալ
ես,
աղջիկս,
սխալ
ես։
Քիչ
մ՚անդին.
—Շապիկդ
ալ
մի՛
հաներ,
աղջիկս,
շապիկովդ
մտիր,
կը
մսիս.
ջուրը
պաղ
է։
—Մայրիկ
շապիկով
կը
մտցուի՞։
—Ես
ինչ
կ'ըսեմ
նէ`
ան
ըրէ՛,
դուն
նշանուած
չես
տակաւին։
Քիչ
մը
հեռուն.
—Գուլպաներդ
մի՛
հաներ,
աղջիկս։
—Գուլպաներով
կը
մտցուի՞։
—Պոթիններդ
ալ
հագի՛ր,
եաւրուս։
—Ի՞նչ
կ'ըսեն։
—Չիւիի
վրայ
կը
կոխես,
աղջիկս։
—Պիտի
հանեմ։
—Հանէ՛,
ու
երկար
մատներդ
ցցուր.
վախ
որ
ասանկ
բաներ
չիյտես։
Երկու
մեթրոյ
ասդին։
—Սանկ
նետուէ
նայիմ.
առիւծի
պէս…
ապրիս,
աղջիկս,
ապրիս,
աղջիկս,
համարձակ
եղի՛ր…
սանկ
կռնակի
վրայ
լողա՛
նայիմ,
մազերդ
սիրեմ…
պոյդ,
պոսդ
սիրեմ,
աղջիկս…
մաշալլահ…
Բայց
կիները
զիրար
չեն
քաշեր,
խծբծանքը
կը
սկսի։
—Ի՞նչ
մեղքս
պահեմ,
կ՚ըսէ
մազերը
թափուած
տիկին
մը,
այսչափ
երկար
մազերէն
չեմ
ախորժիր,
խազըխի
պէս
մազեր…
—Պարէ
աղուորս
ըլլայ…
միսէն
ուրիշ
բան
չունի։
—Հապա
տուտախները…
բաչայ
տուտախ…
—Հապա
աչքերը…
հիչ
աղուոր
չեն։
—Կենճ
է
տէ`
ատոր
համար
աղուոր
կ՚ըսուի։
—Կե՞նճ
մի,
յիսուն
տարու
կայ
անիկա։
—Հապա
ակռաները…
—Հապա
թեւերուն
հաստութիւնը,
համալի
թեւ
կը
նմանի։
Չորս
կանգուն
անդին.
—Չմտնա՞ս,
աղջիկս։
—Պիտի
մտնամ։
—Մտի՛ր,
նազիկ
աղջիկս։
Խծբծանքը
կը
սկսի.
—Աս
ալ
հիչ
միս
չունի։
—Ասոր
ալ
մազերը
երկար
են։
Փատի
պէս
մազեր։
—Աչքերն
ալ
որչափ
սեւ
են…
քեօմիրճիի
խանութէն
ելած
է
կարծես։
—Ակռաներն
շատ
սպիտակ
են…
հիմա
մախպուլ
չեն
ճերմակ
ակռաները։
Դիմացի
կողմը.
—Քա
վախս
ի՜նչ
էր…
աս
նետուողը
ո՞վ
է։
—
***
աղային
կինն
է։
—Այդ
կտրիճին
կինն
է։
—Այո՛։
—Քա
ասոր
ինչի՞ն
հաւնեցաւ
տէ
առաւ։
—Հինգ
հազար
ոսկի
թրախոմայ
տուաւ
աղջիկը։
—Վահ,
վահ,
վահ…
սատանայ
կը
նմանի
նէ։
Մէյ
մ՚ալ
էրկանը
հարցուր։
—Սա
թրախոմայով
կին
առնողներն
իրաւ
որ
խենթ
են…
քա
այս
ոսկորը
կը
կրծուի՞։
Հագուեցէ՛ք,
տիկիններ,
եւ
դուրս
ելէ՛ք։
Դուրսը
կը
սպասեմ
ձեզի։
Տիկիններն
կը
սկսին
հագուիլ
եւ
մէկիկ֊մէկիկ
դուրս
ելնել։
Մտիկ
ընենք
այժմ
ասոնց
խօսակցութիւնը
ճամբան։
—Ուսկի՞ց
կու
գաք,
տիկին։
—Բաղնիքէն։
—Չտեսայ
ձեզի
հոն։
—Դուք
հո՞ն
էիք
որ։
—Հոն
էի,
հապա։
—Ես
ալ
ձեզի
չտեսայ։
—Զարմանալի
բան։
—Իրաւ
զարմանալի։
Ուրիշ
երկու
տիկիններ.
—Հոս
պիտի
տեսնուինք
եղեր։
—Խըսմեթը
ասանկ
է
եղեր,
բաղնիքին
մէջ
պելքի
ձեզի
կը
տեսնամ,
ըսի
ամա,
չտեսայ։
—Դուք
բաղնի՞ք
էիք։
—Այո՛։
—Ես
ալ
բաղնիք
էի։
—Ինտո՞ր
կ'ըլլայ,
որ
զիրար
չտեսանք։
—Դուք
քանի՞
թիւ
օթեակն
էիք։
—8
թիւ։
—Քովի
սենեակն
ալ
ես
էի։
—Դուք
էի՞ք։
—Չհագուած
խօսեցանք
նէ`
իրարու
հետ։
—Խօսեցանք
եա։
—Ոտքդ
պագնեմ,
աս
ի՞նտոր
կ'ըլլայ
քի…
—Աս
խնդալու
բան
է…
—Խիկա՛ր,
չիմանաս։
Խիկար
գիտէ
արդէն,
թէ
կանայք
ոմանք
ո՛րքան
փոփոխութիւն
կը
կրեն
երբ
փողոց
ելնեն։
Տակաւին
շատ
բաներ
կան
գրուելիք
արանց
եւ
կանանց
բաղնիքներու
վրայ։
Թերեւս
յաջորդ
թերթին
մէջ
եւս
քիչ
մը
խօսինք
այս
մասին։
Այսօր
կը
վերջացնենք
մեր
սոյն
յօդուածն,
յանձնարարելով
մեր
ընթերցողաց
եւ
ընթերցող
դուխտեաց
կամ
ընթերցողանուշեաց,
որ
ծովու
մէջ
խելօք
նստին,
զիրար
չբամբասեն,
զիրար
չծաղրեն,
լողալ
չգիտցողներուն
վրայ
չխնդան,
որովհետեւ
Պոսիդոն
չհանդուրժեր,
որ
իւր
իշխանութեանը
մէջ
այսպիսի
զեղմուծներ
ի
գործ
դրուին։
Ծովն
շատ
վեր
է
ձեր
երեւակայած
կապոյտ
դաշտէն,
գեղեցիկ
է
նա,
շնորհալի
է,
փափուկ
է,
վսեմ
է,
մերկացէ՛ք
ամենայն
ինչ,
երբ
ծովու
հետ
գործ
ունիք։
Անկեղծութեամբ
մտէ՛ք
հո՛ն,
օրօրուեցէ՛ք
անոր
փափուկ
կուրծքին
վրայ։
Իսկ
երբ
բարկանայ`
կրակ
կը
կտրի
—
ջուրը
կարծեմ
կրակ
չկտրիր,
բայց
վնաս
չունի
հոս
—
եւ
իւր
լեռնանման
կոհակներովն
կը
պատժէ
զձեզ։
Զգոյշ
կացէ՛ք։
Հանուինք
ուրեմն,
եւ
վայելենք
ծովուն
բարիքները,
երբ
հանդարտ
է
նա,
երբ
յստակ
է,
պայծառ
է,
ջինջ
է,
մաքուր
է։
Գոնէ
սիրտերու
կարօտը
ծովէն
առնենք…
շատուց
է,
որ
մաքուր
սիրտ
տեսած
չունիմ։
Երթամ
ուրեմն
հանգչիլ
իմ
ապառաժիս
վրայ
եւ
աղաչել
Պոսիդոնին,
որ
թոյլ
տայ
իւր
հեզասահ
ալեաց
գալ
առ
իս,
որոնց
մէն
մի
դդչիւնն՝
որ
Զեփիւռի
շունչն
է`
յոյս
կու
տայ
մահկանացուաց,
եւ
որոյ
մէն
մի
հրաժեշտը
կը
տանի
ցաւ
մը։
Եւ
դուն
քանի
մ՚օրէն
պատրաստուէ՛
դիմաւորելու
զիս,
օ՛
տիկին
Պոսիդոնի,
պատիւ
պիտի
ունենամ
մօտ
օրէն
այցելել
ձեզի
կամ
օրիորդ
Արշալոյսին
հետ
կամ
օրիորդ
Արուսեակին
հետ։
Իսկ
եթէ
անձնական
գործերս
չթոյլատրեն
զիս
ծով
մտնելու`
այն
ատեն
պիտի
ստիպուիմ
այցետոմսս
խոթել
ծովը…
Ես
եւ
այցետոմսս
մէկ
ենք։