Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԻԿԱՐԻՆ ԵՐԱԶԸ

—Բարի՛ եկար, հայր Խիկար:

—Բարո՛վ տեսանք, ինձի աթոռ մը տուր, գէշութիւն եկաւ վրաս… պիտի մարիմ…

—Պիտի մարի՞ս… մարելու ի՞նչ կայ, խելքդ գլուխդ բեր, բաղնիքի մէջ չենք…

—Հիմա մարելու համար ելնելու ջուրերը երթալու չէ ա՛, հոս ալ կրնամ մարիլ… լիմոն բերէ՛ք:

—Բայց ինչո՞ւ պիտի մարիք…

—Խաղաղութեան հաստատ մնալուն համար պիտի մարիմ, որովհետեւ քառասուն օր է ծոմ կը բռնեմ կոր եւ խաղաղութիւն չունիմ, շո՛ւտ ըրէք, լիմոնը:

—Վարդապե՞տ պիտի ըլլայիր, որ քառասուն օր ծոմ բռներ ես:

—Ստակ մը չմնաց վրաս:

—Պաշի պոզուխներո՞ւն հանդիպեցար:

—Այո՛, առանց գործի մնացի. անգործութիւնը անանկ պաշի պոզուխ մ՚է, որ մարդուս վրայ բան չթողուր. լիմոնը տո՛ւր:

—Ինչո՞ւ անգործ մնացիր:

—Անոր համար, որ շիտակ լուր բերողներուն ստակ տուող չկայ, օրը հարիւր սուտ կ՚ելլայ կոր:

—Կերակուր բերէք Խիկարին:

—Շնորհակալ եմ, Աստուած զիս Թատրոնէն չզատէ:

—Խօսէ՛ տեսնենք, երեք ամիս ի՞նչ ըրիր:

—Յիսուն օր քնացայ, քառասուն օր ալ ասդին անդին պտտեցայ։

—Քունդ պարա՞պ անցուցիր:

—Չէ, քունիս մէջ բաւական բաներ տեսայ, շատ անգամ ալ քեզի հետ տեսնուեցայ, քուկին միտքդ չգա՞ր կոր աշտարակին վրայ խօսելնիս:

—Չէ։

—Կեցի՛ր, համառօտիւ պատմեմ ուրեմն:

Գիշեր մը ժամը երեք ու կէսին միջոցները Թոփհանէին աոջեւ ձի մը հեծայ եւ սկսայ վազել դէպի երկինք. Աստուած բարին կատարէ:

—Սիւրիճին ալ ետեւէն կը վազէ՞ր կոր:

—Մինչեւ որ ստակը չառնեն նէ` անոնք ձիուն պոչէն կը բաժնուի՞ն:

Բարձրանալով բարձրացայ եւ երկնքին երեսը գտնուող գիսաւոր աստղի մը պոչէն բռնեցի. Աստուած բարին կատարէ: Այս միջոցին հիւսիսը սկսաւ սաստկաշունչ փչել. ես ալ գիսաւորին պոչին փաթըթուած սկսայ օդին մէջ տարուբերիլ հիւսիսէն դէպի արեւմուտք, արեւմուտքէն դէպի հիւսիս: Հիւսի­սային կողմը նուագածուին մէկը առջեւը նոթայ մը առած, վրան նայելով խաղ մը կը կանչէր. արեւմտեան կողմն ալ երկու երեք հոգի նստած` օբերայ կ՚եր­գէին: Էհ, կ՚ըսէի մտքովս, դուք խաղ կանչեցէք, ես ասանկ օդի մէջ պարեմ։ Այս խօսքս լմնցնելու չմնաց, այդ երեք հոգիներէն մէկը ձեռքը լուսթրոճիի վրձին մը բռնած` եկաւ ասդիի մարդուն առջեւի նոթային վրայ քսելով` աւրեց զայն: Աս աւրուելուն պէս` գիսաւորին պոչը բրթաւ եւ ես ալ ինքզինքս աշ­տարակ իմը վրայ տեսայ. Աստուած բարին կատարէ: Բնական է, որ աշտարա­կի վրայ մնալն աւելի քիչ վախ կու տայ մարդուս` քան օդի մէջ տարուբերիլը. ուստի սիրտս քիչ մը հանգստացաւ: Աշտարակէն վար նայեցայ, որ ամէն ազգէ շատ մը գործաւորներ իրարու հետ կը խօսէին, առանց իրարու խօսք հասկնալու. այս տեսածիս պէս` ըսի մտքովս, ընդհանուր ժողով գումարուեր է հոս, սահմանադրութեան վերաքննութեան վրայ վիճաբանելու համար. սակայն, կ՚ըսէի, օտարականներն ի՞նչ գործ ունին այս ժողովին մէջ:

—Այդ օտարականներն ի՞նչ գործ ունին եղեր հոն:

—Այդ կէտը հասկնալու վրայ էի, երբ զքեզ տեսայ եւ ուրախութենէս արթնցայ:

—Քու արթննալէդ ետքը, օտարականներն հոն մնացի՞ն, կ՚ըսես:

—Չեմ կարծեր, իմ արթննալէս ետքը ամէնն ալ ցրուած ըլլալու են:

—Ինչէ՞ն գիտես:

—Անկից գիտեմ, որ հրէային մէկը խօսք կ՚ուզեմ, խօսք կ՚ուզեմ ըսե­լով՝ արիւն քրտինքի մէջ մտաւ եւ իրեն ոչ թէ միայն խօսք չտրուեցաւ, այլ ի կարգ հրաւիրուեցաւ սա յայտարարութեամբ, որ եթէ անգամ մ՚ալ խօսք ուզէ` պաշտօնէն կ՚իյնայ:

—Ակռաներդ սխմելով չէի՞ր կրնար քիչ մ՚ալ քնանալ եւ սա բազմութեան ինչ ըրածն աղէկ մը հասկնալ:

—Թող կու տա՞ն մարդուս, որ ուզածին չափ երազէ:

—Յիսուն օրուան մէջ ուրիշ երազ չտեսա՞ր:

—Շատ երազ տեսայ. ամէնն ալ մէկ օրուան մէջ պատմել կ՚ըլլա՞յ. մնա­ցածներն ալ մէկիկ մէկիկ կը պատմեմ:

—Գալ շաբթու կը սպասեմ:

—Շատ աղէկ: