Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ ՈՏԱՆԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ, ԱՐՁԱԿ ԿԱՐԾԻՔ,
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԳՐԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ

Բացատրելու համար թէ ի՛նչ է պատճառ, որ շատ անգամ ամենապարզ խնդրոյ մը մէջ իսկ իրարու միտք չենք հասկնար, բաւական է ամենապարզ խնդիր մը ստեղծել եւ անոր վրայ կարծիքներ հաւաքել։

Ենթադրենք ուրեմն, որ մարդուն մէկն ի ներկայութեան երեք անձանց ապտակ հանած ըլլայ քեզի եւ դուն ալ դատդ այդ երեք անձանց յանձնես։ Այդ երեք անձերն ի նիստ կը գումարին, կը վիճաբանին, կը խօսին, կը խորհին եւ կ'որոշեն, որ այդ մարդը քեզի ապտակած չըլլայ։

Քանի մ՚օր յետոյ այդ երեք անձերէն մին կը տեսնես փողոցի մը մէջ եւ կը հարցնես.

—Ձեր որոշումն արդա՞ր է։

—Ինձի նայէ՛, քեզի ըսեմ, իմ անհատական կարծիքս այն է, թէ այդ մարդը քեզի ապտակեց, բայց պաշտօնական կարծիքս ասոր բոլորովին հակառակն է։

—Չեմ հասկնար։

—Այլ է անհատապէս խորհիլ, այլ է պաշտօնապէս խորհիլ։ Օրինակի համար, ժողովոյ մը մէջ ելնել ըսել, թէ այդ մարդն ապտակեց զքեզ, քիչ մը պաղ կը փախչի կոր, ի՞նչպէս ըսեմ, խորհրդարանական կենաց չյարմարիր կոր, վերջապէս անհամ բան մը կ'ըլլայ կոր եւ վերջը ամէն մարդ կ՚ըսէ կոր «որքան գէշ խօսեցաւ»։

—Կը հասկնամ, ճշմարտութիւն խօսողն գէշ խօսած կ'ըլլայ կոր։

—Մինչդեռ եթէ չապտակեց, ըսեմ, ատենաբանութիւնն ազդու կ'ըլլայ կոր եւ ամէն կողմէ կը ծափահարուի կոր։ Այսուամենայնիւ, խօսքը մէջերնիս մնայ, այդ մարդը քեզի ապտակեց կրնամ խոստովանիլ զայս, ձեռքս խղճիս վրայ դնելով։

—Ժողովոյ մէջ ալ խիղճդ ձեռքիդ վրայ դնելով հակառակը կը խոստովանիս։

—Խորհրդարանական կարծիքն ուրիշ բան է։

—Շնորհակալ եմ։

Այդ երեք անձերուն կը տեսնես նաեւ միւս երկուքն ալ, որ առաջնոյն պէս կը խօսին։

Այս երեք անձերն այս ընթացքով կը կարծեն վաստկիլ ժողովրդականութիւն ու բարձր պաշտօն։

Դիցուք, թէ այդ երեք անձերն խմբագրական դասուն կը վերաբերին։ Իրաւունքը քեզի կու տան բերանացի, այդ մարդուն ըրածը անկրթութիւն է, կ'ըսեն, մինչեւ իսկ կը յորդորեն քեզի, որ դատ բանաս այդ մարդուն դէմ, եւ հետեւեալ օրն իրենց լրագրաց մէջ կը հրատարակեն.

«Սուտ է այն զրոյցն, թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդն ապտակեր է»։

«Ստոյգ աղբիւրներէ մեզ տրուած տեղեկութեանց նայելով` այնինչ մարդուն ըրածն պարզապէս զրպարտութիւն մ՚է»։

«Հաւատարիմ աղբիւրներէ քաղուած լուրերուն նայելով, ոչ թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդուն զարկեր է, այլ այնինչ մարդն այսինչ մարդուն զարկեր է։ Ճշմարտութիւնն այս է»։

Սրճարանի մը մէջ առանձին տեսակցութիւններ կ'ունենաս անոնց իւրաքանչիւրին հետ։

—Ի՞նչ գրած էք, աղբար, աս կը վայլէ՞։

—Ի՞նչ ըսեմ, աղբար, ես ալ չիյտեմ։

—Ճանըմ, այս մարդն չզարկաւ ինձի։

—Զարկաւ։

—Ի՞նչպէս կ'ըլլայ ուրեմն, որ հաւատարիմ աղբիւրներն, այդ չորնալիք աղբիւրներն…

—Ճանըմ, դուն այդ հաւատարիմ աղբիւրներուն մի՛ նայիր, ամէն տպարանի մէջ յիսուն հատ շարուած, պատրաստ հաւատարիմ աղբիւրներ կան, գրաշարներն կը գործածեն լուրերուն առջեւը դնելու համար։

—Ինչի՞ նայիմ։

—Աւետարանէն թուղթ չբրդա՞ւ ա՛, մեր ազգին մէջ քանի՞ հոգի լրագիր կը կարդայ, ո՞վ իմացաւ։ Լրագրին անանկ գրել կը վայլէ։

—Սո՞ւտ գրել։

—Լրագիրն կրնա՞յ մի ըսել, որ այս անուն մարդն այն անուն մարդուն զարկաւ. բնականաբար աղէկ չփախչիր. բաժանորդները հաճութեամբ չեն կարդար անանկ լուրերը։ Այսուամենայնիւ ամէն մարդ գիտէ այսօր, թէ այդ մարդը զարկաւ քեզի։

—Շնորհակալ եմ։

Այս եղանակաւ որպէս թէ գործը անուշ տեղը կապուած կ'ըլլայ կոր։

Համարէ՛ թէ այդ երեք անձերը բանաստեղծական խումբին կը պատկանին։

Լրագրաց մէջ կը կարդաս անոնց յօդուածներն, որ ի նպաստ քեզի գրուած են, ապտակահանը կը դատապարտեն եւ զքեզ կ'արդարացնեն։

Գոհ կ'ըլլաս տեսնելով, թէ ազգին մէջ կը գտնուին գոնէ երկու երեք գրիչներ, որ ճշմարտութիւնը կը պաշտպանեն։ Շնորհակալութեան նամակներ կ'ուղղես իրենց։ Սիրտդ հանդարտ է։

Բայց շաբաթ մը յետոյ այդ երեք բանաստեղծներու միոյն մէկ ոտանաւորը կը կարդաս։ Բանաստեղծն կը դատապարտէ ոտանաւորով ինչ որ պաշտպանած էր արձակով։

Կը հանդիպիս իրեն ու կը հարցնես.

—Ի՞նչ եղաւ, որ կարծիքդ փոխեցիր։

—Քաւ լիցի, ես կարծիքս չեմ փոխեր, եւ մէկու մը չեմ ներեր, որ այդ նախատինքն ընէ ինձ։

—Ոտանաւորիդ մէջ դատապարտեր ես զիս։

—Ոտանաւորն ուրիշ ճիւղ է, արձակն ուրիշ, բանաստեղծ ըլլալու էք, որ գիտնաք։

—Բայց զարկաւ ինձի այդ մարդը։

—Ո՞վ կը պնդէ հակառակը, բայց ոտանաւորի մէջ չզարնելն աւելի դիւրութիւն ընծայեց վանկերուն եւ յանգերուն. փափկութիւն մը, քաղցր ներդաշնակութիւն մը տուաւ քերթուածին. մինչդեռ եթէ զարկաւի վրայ ոտանաւոր մը գրէի, շատ պաղ պիտի երթար։

—Անամ, պապամ, թող ոտանաւոր մը պակաս ըլլար։ Ասկից զատ, գէշ մարդ ըսելու տեղ, աղէկ մարդ ըսած ես, գովեր ես ալ այդ անպիտանը։

—Գէշն մէկ վանկ է, աղէկն երկու, եւ ինձի երկու վանկով բառ պէտք էր։ Ա՛հ, պուէտ ըլլալու էք, որ այս նրբութիւնները հասկնաք։

—Չեմ հասկնար։

—Էֆենտիմ, ղեկ բառին հետ յանգ չկազմեր էշը, աղէկ բառը անհրաժեշտ էր հոն։

—Թող նոյնայանգ չըլլար այդ ոտանաւորն ու ճշմարտութիւն ըլլար։

—Ոտանաւորի մը մէջ ճշմարտութիւնէն աւելի վանկ ու յանգ կը փնտռուին։

—Ճշմարտութիւնն ո՞ւր փնտռելու է ուրեմն…

—Այդ տարբեր խնդիր է։

—Հասկցայ, մնաք բարով։

Եթէ չէք հաւատար, փորձեցէ՛ք։ Հարցուցէ՛ք երեսփոխանի մը, թէ ի՛նչ է իւր կարծիքն այս ինչ խնդրոյ վրայ։

Ժողովը չմտած կարծիք մը պիտի յայտնէ եւ ժողովոյ մէջ այդ կարծեաց հակառակ կարծիք պիտի յայտնէ։

Լուսաւորեալ դարուս մէջ խնդրոյ մը վրայ մէկ կարծիքն բաւական չէ՛, աղքատութիւն է. իսկ շատ կարծիքներ հարստութիւն կ'ենթադրեն։

Օր պիտի գայ, ուր ընդհ. ժողովոյ ատենապետն խնդրոյ մը վրայ երեսփոխանաց կարծիքներն ժողվելու համար պիտի ըսէ.

Խնդիրը քուէի կը դնեմ, ուստի հաճեցէք յայտնել.

Ա. Ձեր անհատական կարծիքն,

Բ. Ձեր պաշտօնական կարծիքն,

Գ. Ձեր բերանացի կարծիքն,

Դ. Ձեր գրաւոր կարծիքն,

Ե. Ձեր արձակ կարծիքն,

Զ. Ձեր ոտանաւոր կարծիքն։

Եւ ձայնից մեծամասնութեամբ պիտի տրուի որոշումն։

Արդեօք մեր նախնիք ալ ասա՞նկ էին։

Արդեօք մեր թոռներն ալ ասա՞նկ պիտի ըլլան։