Իններորդ
տարի
ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ,
ԲՆԱԿԱՆ
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՔ,
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ,
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ,
ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ,
ԵՒ
ԱՅԼՆ,
ԵՒ
ԱՅԼՆ
Թէեւ
բոլորովին
անօգուտ
են
այս
գիտութիւնները,
բայց
ծրագրին
մէջ
գտնուիլը
կրնայ
հաճոյ
թուիլ
ծնողաց
ոմանց։
Ահա
հոս
կը
վերջանայ
մեր
կրթական
ծրագիրը։
Գիտենք,
շատերն
կարդալով
մեր
այս
ծրագիրն,
մէկդի
պիտի
նետեն
զայն,
եւ
շատ
վառվռուն
երիտասարդներ
պիտի
պոռան.
«Անօթի
կը
մնանք
եւ
ստախօսութիւն
չենք
ընդունիր։
«Գլուխս
կտրեն
իսկ`
շողոքորթութիւն
չեմ
ըներ։
«Մեռնելիքս
գիտնամ
իսկ`
գողութիւն
չեմ
ըներ»։
Մեր
պատասխանն
է
այս
երիտասարդաց.
«Այդ
պատճառաւ
է,
որ
ձեր
բերանն
անօթութենէ
կը
հոտի»։
Եթէ
կ'ուզենք
այս
վաղանցուկ
կեանքին
մէջ
քիչ
մը
հանգիստ
ապրիլ,
անպատճառ
սորվելու
ենք
այն
գիտութիւնները,
զորս
վեց
տարուան
բաժնեցինք
վերը.
իսկ
եթէ
գիտութիւններն
մեզի
ստակ
վաստկցնելու
նպատակ
ունեցող
ուսումներ
չենք
նկատեր`
այն
ատեն
մեր
ծրագիրն
իւր
բոլոր
ուժն
կը
կորսնցնէ
եւ
ամէն
մարդ
ազատ
է
իւր
սիրած
գիտութիւնն
սորվիլ։
Մեր
խոնարհ
կարծեաց
համեմատ
իւրաքանչիւրին
համար
այն
գիտութիւնն
առաջնութիւն
ունի,
որով
իւր
օրական
պարէնն
հայթայթելու
կարող
կը
լինի,
եւ
այսօրուան
օրս
գրեթէ
բոլոր
մեծ
մարդիկ,
պզտիկ
բացառութեամբ,
մեր
գրած
սոյն
ծրագրին
ընթացքին
հետեւած
են
եւ
կը
հետեւին
ցարդ,
թէպէտեւ
կը
քաշուին
խոստովանելու,
թէպէտեւ
անոնց
խոստովանութեան
պէտք
չկայ։
Չպիտի
լան
այն
մայրերը,
որ
մեր
ծրագրին
համաձայն
պիտի
մարզեն
իրենց
տղայոց
միտքն
օրօրոցէն
սկսելով։