Դ
ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ,
ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ,
ԱՐԺԱՆԻՔ
Անկեղծութիւն.
—
Դո՞ւն
ալ
զգացիր
վերջապէս
օդափոխութեան
պէտքը,
ո՛
Արժանիք։
Բժիշկնե՞րը
խորհուրդ
տուին
քեզ
մեկնիլ
անդիի
աշխարհէն։
Արժանիք.
—
Ի՞նչ
օդափոխութիւն։
Անկեղծութիւն.
—
Կատարեալ
օդափոխութիւն,
բառին
ընդարձակ
նշանակութեամբ,
որովհետեւ
հոս
գաղթելու
պէտք
պիտի
չունենայիր,
եթէ
կարենայիր
ապրիլ
անդիի
աշխարհին
օդը
ծծելով։
Երանի
թէ
ուղղակի
հոս
աշխարհ
եկած
ըլլայինք
առանց
անցնելու
այն
ապականեալ
կայարանէն,
որուն
կլիմային
ներքեւ
կարելի
չէ
մեզ
շնչել։
Մարդասիրութիւն.
—
Այդ
մասին
բարերարդ
եմ
ես
ուրեմն։
Արժանիք.
—
(
Առ
Անկեղծութիւն
)
Ո՞վ
է
սա։
Անկեղծութիւն.
—
Մարդասիրութիւնն
է։
Արժանիք.
—
Անդիի
աշխարհ
գնացած
չէ՞
բնաւ։
Անկեղծութիւն.
—
Ո՛չ,
բնիկ
աս
տեղացի
է։
Արժանիք.
—
Մեռելածի՞ն
է
խեղճը։
Անկեղծութիւն.
—
Ծնելամահ
է։
Սիրելի
Արժանիք,
թթուածինէ
ու
ազօդէ
բաղադրեալ
օդոյն
մէջ
չենք
կարող
շնչել։
Բնութիւնն
սահմանած
է
զմեզ
ապրիլ
այս
մթնոլորտին
մէջ։
Արժանիք.
—
Ինչո՞ւ
ուրեմն
բնութիւնն
զմեզ
անդիի
աշխարհին
մէջ
ի
լոյս
կը
բերէ
եւ
հոն
զմեզ
խայտառակելէն
ետքը
հոս
կը
դարձնէ։
Միթէ
խաղալի՞քն
ենք
անոր։
Անկեղծութիւն.
—
Աշխարհիս
վրայ
կա՞յ
միթէ
բան
մը,
որ
բնութեան
խաղալիքը
չըլլայ։
Բայց
այս
նիւթին
վրայ
ուրիշ
օր
մը
կը
խօսինք։
Այժմ,
կը
վստահացնեմ
զքեզ,
թէ
շատ
գոհ
պիտի
ըլլաս
այս
օդափոխութենէն։
Հաւատացէ՛ք,
շատ
քաջառողջ
եմ
մեռնելէս
ի
վեր։
Չէի
ապրեր,
եթէ
չմեռնէի։
Արժանիք.
—
Ճշմարիտ
է,
դեռ
ամիս
մ՚առաջ
քու
վրայ
կը
խօսէին։
Անկեղծութիւն.
—
Ի՞նչ
կ'ըսէին,
վէս,
կոշտ,
ամբարտաւան,
յամառ
ածականներով
կը
յիշատակէին
զիս,
այնպէս
չէ՞։
Արժանիք.
—
Ո՛չ,
բայց…
Անկեղծութիւն.
—
Գիտեմ,
գիտեմ,
կը
ճանաչեմ
այդ
անպիտաններն,
որոց
ջախջախած
եմ
գլուխները։
Մարդասիրութիւն.
—
Ինձի
համար
ի՞նչ
կ'ըսեն։
Արժանիք.
—
Ձեր
վրայ
գաղափար
չունին,
որ
կարծիք
յայտնեն,
եթէ
տեսած
ըլլային…
Անկեղծութիւն.
—
Ապուշ
է,
կ'ըսէին։
Բայց,
ձեր
վրայ
խօսինք,
Արժանի՛ք
եթէ
ոչ
օդափոխութեան
համար`
ի՞նչ
նպատակաւ
ուրեմն
բարեհաճեցաք
ձեր
ներկայութեամբն
զմեզ
պատուել։
Արժանիք.
—
Նպատակ
չկայ,
պարզապէս
ճաթեցայ։
Անկեղծութիւն.
—
Ճաթեցա՞ր,
եւ
ինչո՞ւ
բարեհաճեցաք
ճաթիլ։
Արժանիք.
—
Կը
խնդրեմ,
մի՛
ստիպեր
զիս
խօսելու,
որովհետեւ
դող
եւ
սոսկում
կը
բռնէ
զիս։
Անկեղծութիւն.
—
Մի՛
յուզուիր…
պաղ
արեամբ
պատմէ։
Արժանիք.
—
Ուսկի՞ց
սկսիմ…
......................................................
Արժանիք.
—
Բայց
պիֆթէք
չպիտի
շինենք
անոնցմէ։
Չեփած
կովու
մը
գլուխը
յիսուն
դահեկանի
կը
վաճառուի
եւ
խմբագրի
մ՚եփած
գլխուն
դանգ
մը
տուող
չկայ։
Անկեղծութիւն.
—
Կովու
գլուխներն
ի
վաղուց
անտի
կը
փնտռուին։
......................................................
Անկեղծութիւն.
—
Աս
ճաթեցուցիչ
է։
Արժանիք.
—
Կնճռալի
դատ
մը
կը
ներկայանայ։
Ամէնէն
քաջ
իրաւագէտն
այն
է,
որ
շատ
կը
խօսի,
բարձր
ձայնով
կը
խօսի
եւ
պարապ
բաներու
վրայ
կը
խօսի։
Կը
մեծարեն
այն
իրաւագէտն,
եւ
բուն
խորհող
փաստաբանն
կը
ստիպուի
իւր
պարտքերը
չվճարելու
համար
յօդուածներ
փնտռել
հռովմէական
օրինագիրքին
մէջ։
Անկեղծութիւն.
—
Զարմանալի
է
արդարեւ։
Արժանիք.
—
Համեստութեամբ
ու
պարկեշտութեամբ
օժտուած
եւ
հրապուրիչ
գեղեցկութեամբ
փայլող
ազնիւ
աղջիկներն
մեծ
դժուարութեամբ
կրնան
զաշխարհ
ճաշակել,
մինչդեռ
ոսկւոյ
գեղեցկութեամբ
միայն
զարդարուած
աղջիկները
զաշխարհ
կը
լափեն
եւ
հասարակաց
կարծիքը
կ՚ըսէ.
«Գեղեցիկ
չեն.
բայց
սիրուն
են»։
Դուն
ալ
գետնին
տակն
անցիր,
ո՛
հասարակաց
կարծիք,
փորձանք
մ՚ալ
դուն
ես,
բարով
խէրով
չելնէիր
մեր
դէմը։
Անկեղծութիւն.
—
Մի՛
բարկանաք։
Արժանիք.
—
Ստինքները
կաթով
լի
ստնտու
մը`
որ
տգեղ
է`
յարմար
չդատուիր
մեծատան
մը
նորածին
տղուն
կաթ
ջամբել։
Կաթին
մէջ
ջուր
խառնած
է
եղեր։
Տան
բժիշկը`
որ
ծանօթ
է
մեծատան
ճաշակին`
ընտիր
եւ
առաջին
կարգի
կաթ
կը
գտնէ
գեղեցիկ
եւ
պչրող
ստնտուի
մը
ստեանց
մէջ,
որք
բնաւ
կաթ
չունին։
Կաթի
կարօտ
են
եւ
գեղեցկութիւն
կը
փնտռեն։
Միթէ
երեխան
իւր
ստնտուին
ծիծերը
միայն
բռնելով
անոր
այտե՞րը
պիտի
ծծէ։
Երեխան
գործիք
է…
Անկեղծութիւն.
—
Չափազանցութեան
մէջ
կ'իյնաս,
Արժանիք։
Արժանիք.
—
Ո՛չ,
երիցս
ոչ։
Կը
խնդրեմ,
ա՛լ
խօսիլ
մի
տար
ինձի,
որովհետեւ
ասոնց
յիշատակն
իսկ
առողջութեանս
վնասակար
է։
Անկեղծութիւն.
—
Գեղեցկութիւնն,
դրամն,
շաղակրատութիւնն
եւ
տգիտութիւնն
ճաթեցուցած
են
զձեզ։
Արժանիք.
—
Այո՛։
Անկեղծութիւն.
—
Ձերբակալուեցա՞ն
գոնէ։
Արժանիք.
—
Եթէ
ես
չյաջողեցայ
ձերբակալել
զանոնք,
ուրիշ
մ՚ալ
չպիտի
կրնայ
յաջողիլ։
Անկեղծութիւն.
—
Ելնենք
պտտինք
քիչ
մը,
ձեզի
ներկայացնեմ
Խիղճը,
Գութը,
Ճշմարտութիւնն
եւ
մեր
ուրիշ
ընկերները։
Արժանիք.
—
Երթանք։
Անկեղծութիւն.
—
Ուրիշ
ուղեւոր
չկա՞յ
մօտերս
հոս
գալու։
Արժանիք.
—
Կարծեմ
Ամօթը
կը
հասնի
մէկ
ամիսէն։
Անկեղծութիւն.
—
Ամօթը
հո՞ն
է
տակաւին։
Արժանիք.
—
Այո՛։
Անկեղծութիւն.
—
Սխալ
ըլլալու
է։
Երթանք։