Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Պատմութիւնն պատիւ ունի ցուցնել եւ ուսուցանել մեզ, թէ մարդիկ, այսինքն մեր նախահարք, երբ տգիտութենէն եւ բարուց ապականութենէն առաջնորդուած, մոռցան իրենց արարիչն եւ սկսան պաշտել արեգակն, լուսինն, աստղերն, հուրն, սոխն ու սխտորը այս երկու աստուածները այսօր չեն կարող մտնել բարձր դասու ընկերութեանց մէջ, աղքատներու մէջ միայն կրնան մուտ գտնել կովն աստուած մ՚որուն վրայ քիչ մը կարագ քսուի եւ կասկարայի վրայ խնամով խորովուի, պատուական ճաշ մը կ'ըլլայ եւ ախորժակով կ՚ուտուի մանաւանդ գինիով։ Չմոռնանք յիշելու, թէ այս անմեղ աստուածներն մայրաքաղաքիս մէջ վաճառականաց կտաւի կամ բուրդի հակերը կը կրեն այսօր սայլերով երբ մարդիկ, ըսինք, որոշեցին այսպիսի բաներու եւ արարածներու պաշտօն մատուցանել, սկսան ամէն զեղծում եւ մոլութիւն գործել եւ հետզհետէ աստուածանալ։ Այն ժամանակները աստուածներն արարածներէն շատ էին։

Ամէն միտք, որ տրամաբանել գիտէ` կարող է հարցնել իւրովի, թէ տգիտութիւնն բարուց ապականութեան հետ միանալով, եթէ կրնայ աստուածներ ստեղծել, գիտութիւնն արդեօք ի՞նչ աստուածներ կարող չէ ստեղծել, երբ ընկերակցի բարուց ապականութեան հետ։

Եւ արդարեւ գիտութիւնը բարուց ապականութեան ձեռքէն բռնած, չուշացաւ առաջնորդել մեզ առասպելաց դարուն, ուր կ՚ապրինք այսօր դժբախտաբար։

Այսօր ալ մարդիկ, այսինքն մենք, երկրպագութիւն կ'ընենք անկենդան բաներու եւ շնչաւորներու։

Այսօր ալ մոլիներն են, որ աստուած կ'ըլլան եւ առաքինիներն արարած, անոնք տէր, ասոնք ստրուկ։ Աստուածացումն ապաստանարանն է չարերու։ Գողութիւն մը ըրէ՛ հետեւեալ օրն աստուածացի՛ր. միայն թէ կը խնդրեմ, որ գողութիւնը պզտիկ չըլլայ, որովհետեւ շատ ամօթ բան է, մարդ երեսդ չի նայիր։

Անբարոյականութեան ծովուն մէջ լուացուէ՛ ամէն օր, ամէն ժամ, ջիղերու աստուած կը հռչակուիս եւ անմիջապէս արձանդ կը կանգնեն։

Աղքատին իրաւունքը կե՛ր, որբոց ժառանգը կոկորդդ անցուր, ախորժակի աստուած կը համբաւուիս եւ արձանդ կը դրուի ճաշարաններու մէջ։

Այլոց կանանց աչք տնկէ, անմեղ աղջիկներ խաբէ՛, հոգ մի՛ ըներ, սիրոյ աստուած կ'ըլլաս. տաղեր, երգեր կը ձօնուին քեզ, եւ այնուհետեւ սիրէ՛, որչափ կ'ուզես։

Պարտ մի՛ վճարեր բնաւ, Լեթէ կ'ըլլաս, ըստ մեզ մոռացութեան գետ։

Եթէ պզտիկ գողութեամբ ձերբակալուիս ու նախատեն զքեզ, հայհոյեն ու երեսդ թքնեն` չըլլայ որ կարմրիս. պաղ արեամբ կեցիր, որ համբերութեան աստուած ըլլաս եւ յուսահատներն ուխտի երթան յանուն քո կառուցուած մեհեանը։

Եթէ միամիտներէ ստակ կորզելու համար սուտ խօսիս ջուրի պէս` անմիջապէս գետի մ՚աստուած կ'ըլլաս։

Եւ ունինք այսօր այսպիսի աստուածներ, որոնց կեանքը պիտի գրենք հետզհետէ, ծառայութիւն մը մատուցանելու համար ազգին։

Միտք ունինք դասագրքի ձեւով հրատարակել այդ կենսագրութիւններն, որպէսզի, ինչպէս կ'ըսեն, ազգային մանկտին հին դիցաբանութեան հետ ունենայ ի ձեռին նաեւ ազգային ժամանակակից դիցաբանութիւնը։ Ինչպէս կ'ըսեն, քաղցր է մեզ յուսալ, թէ մեր, ինչպէս կ'ըսեն, սոյն դուզնաքեայ աշխատասիրութիւնն, ինչպէս կ'ըսեն, ընթերցողներէն բարի ընդունելութիւն պիտի գտնէ եւ մենք ալ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, մեր վարձքն առած պիտի համարենք զմեզ։