ԻՐԵՐԱԳՈՎ
ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ
ՄԸ
ՊԷՏՔԸ
Մեծապէս
հրճուեցանք
այն
գովեստներէն,
զոր
մեր
բարեկամներէն
ոմանք
բարեհաճեր
էին
Խիկարի
հրատարակութեան
առթիւ
ընել
մեր
տաղանդին
վրայ։
Քանի
քանի
անգամներ
բերկրութեամբ
եւ
ախորժանօք
կարդացինք
այն
տողերն,
որ
մեր
տաղանդին
համար
գովեստ
կը
պարունակէին.
քառասուն
անգամ
կարդացինք
այն
գովեստները,
զորս
վարպետութեամբ
մեզ
ծանօթ
եւ
անծանօթ
ազգայնոց
ալ
կարդալ
տուինք։
Շնորհակալ
ենք
մեր
բարեկամաց
անկեղծ
զգացումներէն
եւ
կը
խոստանանք
այժմէն,
թէ
մենք
ալ
պիտի
գովենք
զիրենք
երբ
առիթն
ներկայանայ
կամ
եթէ
չներկայանայ
իսկ։
Պ.
Գրասէր
Ատոմ
ալ,
որ
Երկրագունդի
առաջին
թուոյն
մէջ
ըսելով
հանդերձ
թէ
«Գրեալ
էր,
որ
Երկրագունդի
տնօրէնութիւնն
ինձ
յանձնուի»
—
թէեւ
Երեմիային
մէջ
չկարդացի
գուշակութիւն
մը,
որ
յայտնէր
թէ
Երկրագունդի
տնօրէնութիւնն
Պ.
Գրասէր
Ատոմի
պիտի
յանձնուի
1884֊ին
—
գովեստով
խօսած
էր
Երկրագունդի
նախորդ
տնօրէնին,
իմ
վրայ,
եւ
յայտնած
էր
թէ
Երկրագունդի
նախորդ
տնօրէնն
առաջին
գրիչներէն
մին
է։
Մեծ
ուրախութեամբ
կարդացի,
սիրելիդ
իմ
Ատոմ,
գրչիս
մասին
ձեր
համակրական
զգացմանց
անկեղծ
արտայայտութիւնը։
Շնորհակալ
եմ
ձեր
ազնիւ
զգացումներէն։
Դուք
մեծ
մարդ
էք,
անհուն
հանճարի
տէր
քերթող
մ՚էք
եւ
ձեր
մուսաներն
դիւանագիտական
լեզուն
ալ
կը
խօսին։
Եթէ
առաջին
գրիչներէն
մէկն
եմ,
որքան
աւելի
քան
զառաջին,
առաջին
գրիչներէն
մէկն
պարտիք
ըլլալ
դուք,
օ՛,
սիրելիդ
իմ
Ատոմ,
դուք,
որ
ձեր
մէկ
յօդուածով
կարծեաց
մէջ
անմիջական
փոփոխութիւն
յառաջ
կը
բերէք։
Որքան
բարձր
էք
դուք,
որ
գողտրիկ
բառերով
եւ
անոնց
գեղեցիկ
հիւսուածքով
գեղատեսիլ
հատուածներ
կը
յօրինէք
ի
զմայլումն
եւ
ի
յափշտակումն
հոգւոյ,
մտաց,
սրտի,
ականջին
եւ
մանաւանդ
աչաց։
Ընդունեցէ՛ք,
կ'աղաչեմ,
իմ
փոխադարձ
գովեստներս
եւ
վստահ
եղէք,
որ
միշտ
երախտապարտ
պիտի
մնամ
ձեզ։
Ապերախտ
չեմ
ես
Նորայրի
պէս,
որ
ձեր
գովեստներն
յափշտակելէ
յետոյ
զլացաւ
ձեր
տաղանդէն
ու
հանճարէն
երկու
տող…
պսակ։
Շատ
լաւ
ըրիք
անոր
այս
ապերախտութիւնն
հրապարակ
հանելով։
Եւ
ի՜նչ
պատասխան
տուաւ
ձեզի։
Պատասխան
մ՚որ
բնաւ
գոհացուցիչ
չէ։
Ինքզինքն
բառարանին
տուած
է
եղեր
եւ
այդ
պատճառով
ժամանակ
չէ
ունեցեր
ձեր
Գրական
եւ
իմաստասիրական
շարժումն
գովելու,
եւ
թէ
բառարանն
ամբողջացնելէ
յետոյ
պիտի
գովէ
եղեր
զձեզ։
Ո՜հ,
խե՜ղճ
Գրասէր,
բառարանին
լմննալուն
սպասէ,
որ
գովաբանուիս
եւ
փառաբանուիս։
Միթէ
Պ.
Նորայր
չէ՞ր
կրնար,
եթէ
ուզէր,
իւր
զբաղմունքէն
քանի
վարկեան
գողնալ
զքեզ
գովելու
համար։
Կրնար,
բայց
չուզեց։
Աղօթք
ընէ
թող
Նորայր,
որ
քեզի
պէս
հեզահամբոյր
եւ
համեստ
գրասէրի
մը
հետ
է
գործը,
եթէ
Եւրոպայի
մէջ
պատահէր
այս
դէպքը
մենամարտութեան
հրաւէր
կ'ընդունէր։
Ի՜նչ
կը
նշանակէ
մէկէ
մը
գովեստ
կորզել
եւ
չհատուցանել.
կամ
առած
գովեստները
ետ
տալու
է
եւ
կամ
անոնց
փոխարէն
գովեստ
կարդալու։
Ա՜հ,
սիրելիդ
իմ
Ատոմ,
ինչո՞ւ
կը
դրուատես
դուն
ալ
այն
անձը,
որմէ
դրուատուելու
մասին
երաշխաւորութիւն
առած
չես
կանխաւ…
դաս
մը
ըլլայ
այս
դէպքը։
Գոնէ
ապագային
մէջ
չխաբուելու
համար,
եկուր
ընկերութիւն
մը
կազմենք
եւ
իրերագովութեան
վերաբերեալ
կանոնագրութիւն
մը
խմբագրենք։
Այդ
ընկերութեան
դու
նախագահէ՛,
եւ
վերցո՛ւր,
կ'աղաչեմ,
այդ
անպատեհութիւններն,
որ
իրերագովական
խնդիրներէ
կը
ծագին
ամէն
օր։
Ես
ալ
վերջապէս
համոզուեցայ,
թէ
առանց
գովեստի
ապրիլ
կարելի
չէ
խումբ
մը
մարդոց,
ուստի
կարգ
եւ
կանոն
մը
դնենք,
որպէսզի
ամէն
մարդ
ըստ
կանոնագրութեան
զիրար
փառաւորէ։
Գիտցի՛ր,
սիրելիդ
իմ
Ատոմ,
եթէ
հակառակիս
այս
ընկերութեան
կազմութեան,
գիտցիր,
որ
պիտի
ստիպուիս
առաջուան
պէս
ինքզինքդ
գովել։