ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
1
֊
8
Սեպտեմբեր
Մերթ
անձրեւ,
մերթ
արեւ,
ուստի
—
Մերթ
արտասուք,
մերթ
ժպիտ
։
Մի՛
լայք,
Աստուած
ողորմած
է
։
Առուտուրները
դադրեցան.
հարուստներն
աղքատներու
վիճակը
չեն
ուզեր
իմանալ
։
9
֊
16
Սեպտեմբեր
Իրաց
վիճակը
կմնայ
եւ
միեւնոյնը.
թէեւ
տիւ
եւ
գիշեր
կհաւասարին,
բայց
հասոյթը
եւ
ծախքը
չեն
հաւասարիր.
ծախքը
աւելի
մեծ
է։
Աւելի
աղէկ
էր,
որ
տիւը
քիչ
մը
մեծ
ըլլար
եւ
ծախքը
պզտիկ։
Կնիկները
այս
լեզուէն
չեն
հասկնար
եւ
էրիկներուն
գլուխը
կ
'
ուռեցնեն
աշնան
նորաձեւութեան
պատրաստուելու
համար
։
16
֊
23
Սեպտեմբեր
Հարաւային
հողմը
ուժով
կփչէ։
Ծովու
վրայ
գտնուողներուն
համբերութիւն
մաղթենք.
ցամաքի
վրայ
գտնուողներուն
ալ
վիճակը
աղէկ
չէ։
Ո՞ւր
ապրելու
է
հապա.
երջանիկ
ապրելու
համար
տեղ
մը
չգտնուեցաւ
վերջապէս
։
Ձուկը
հարուստները
կ
'
ուտեն։
Միսը
սուղ
է։
Աղքատներն
ի՞նչ
ուտեն
։
23
֊
30
Սեպտեմբեր
Ամպավար
հողմեր
։
Սանկ
մէկդի
կեցէք.
քանի
մը
վաճառականներ
կ
'
երերան
ու
կ
'
երերան։
Սա
թղթաբեր
շոգենաւուն
նայեցէք.
քաշուած
բոլոր
փոխանակագիրներն
յետ
բերեր
է
։
Դրամական
տագնապ
։
Հացագործ
մը
հարուստ
կարծուած
էֆէնտիի
մը
դուռն
ափ
առած՝
չլսուելիք
խօսքեր
կ
'
ընէ.
տան
տէրը
չլսելու
կզարնէ
իրեն
ուղղուած
հայհոյութիւնները
։