Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՞ՆՉ Է ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տարուան ընթացքին մէջ՝ Վերացման Խաչէն մինչեւ Վարագայ Խաչ՝ Արմաշ իր տօնի օրերուն, վառ կենդանութեամբ կ’եռայ զանազան բարքերու համայնք մը դառնալով: Բարքերու զանազանութիւնը ամեն վայրկեան աչքի կը զարնէ. լեզու (գաւառաբարբառներ), տարազ, քալուածք, կեցուածք, խօսակցութիւն, յարաբերութիւն որոշ որոշ մատնանիշ կ’ընեն մայրաքաղաքի, քաղաքներու, գիւղերու բնիկները: Կենդանի ցուցահանդէս մ’է այս ամենը, իր մէջ եւ իրեն համար, որուն ուխտաւորութիւն անունը կուտանք:

Ուխտաւորութիւնը ուրիշ առում մը, շահեկան բան մ’ալ կը բովանդակէ: Նախնիք շատ աղօտ կերպով կ’ըմբռնէին զայդ կամ հաւանաբար ուշադրութիւն իսկ չէին դարձներ ատոր: Սա յայտնի էր որ ուխտի գացողներ աննշան չէին մնար իրենց քաղաքներուն մէջ. երբ կը վերադառնային ուխտատեղիներէն, ուխտաւորք կարծես տարբեր սանդղամատի վրայ կը գտնէին իրենք զիրենք: Շրջապատուած ծանօթներէ՝ կը խօսին, կը նկարագրեն, հարցումներու կը պատասխանեն: Իրենց խօսելու եղանակին մէջ հնչող շեշտ մը, գաղափարներու մէջ գործնականացում մը, ըմբռնումներու մէջ փորձ հաստատութիւն մը. ա՛յն քաղաքներէն ուսկից անցնելով հետաքրքրուած էին անոնց կեանքին, եւ այն ուխտատեղիներէն, ո՛ւր շատ անգամ ամիսներով մնացած էին ժամանակաւոր քաղաքակիցներու ամբողջ զանազանութեան մէջ, ասոնք բարերար շփում մը յառաջ բերած էին անոնց մէջ. իրենց ծննդավայրին հորիզոնը լայնցած, տարածուած էր մինչեւ հո՜ն, ուր չէին գիտեր թերեւս թէ ուրիշ զարգացած կամ յետնած քաղաքներ ալ կային: Գեղջուկը կամ հովիւը կը կարծէ թէ երկրի հորիզոնը իւր արտերէն կամ արօտավայրերէն անդին չ’անցնիր: Ուխտաւորք ուրիշ հորիզոններէ անցած էին. բնակութիւն ունեցող ամեն մէկ վայր բան մը աւելցուցած էր անոնց մէջ. բան մը կը ներշնչէր անոնց:

Արմաշի այս տարուան ուխտաւորներէն նոր խումբ մը ցաւով եւ հիացումով կ’ըսէին թէ «ա՜խ, ո՛րչափ քէօր ենք եղեր. աշխարհի մէջ այսպէս տեղեր կան եղեր. մենք խապար չունինք. Փառք Աստուծոյ, ուխտ ըրի ամեն տարի ընեմ չընեմ պիտի պիտի գամ, ղուրպան ըլլամ Աստուածածինին» եւ այլն: Ասոնք իրաւունք ունէին. նոր բաներ տեսան: Ասոր համար է որ Մահտեսի մը «շատ բան տեսած մարդ» կը սեպուէր, մանաւանդ այն ժամանակ երբ առագաստները կ’ակօսէին ծովը եւ կարաւանով կը շափուէին իջեւանները: Իսկ ա՛յն, որ բացի Երուսաղէմէն այցելած ըլլար Էջմիածին, Ս. Կարապետները, Ս. Աստուածածիններ, եւ ուրիշ ուխտատեղիներ, նա աւելի եւս փորձառու կը նկատուէր. եւ իրաւամբ: Զանազան քաղաքներու ժողովուրդը իրարու հետ կը խօսին, կը վիճին, կ’ուտեն կը խմեն, իրարու կեանքին կը տեղեկանան, կը կապուին իրարու, լուսաղբարներ կ’ըլլան, զիրար կը յիշեն միշտ երբ պատմութիւններ կ’ընեն իրենց ուխտաւորութեան մասին: Ասի բնական եղելութիւն մը կը համարուի սակայն այդչափ բազմութեան մէջ, հետեւաբար հետաքրքրութիւն իսկ չշարժեր ըմբռնելու համար թէ ի՛նչ բարիք կրնայ դուրս գալ անկէ: Ուխտաւոր մը, զոր օրինակ մահտեսի մը, խորին սքանչացումով կը պատմէ իր տեսածները. իւր հիացման առարկաները կը կազմեն առ հասարակ Ս. Տեղեաց դիրքն ու զարդարանքը, եկեղեցական թափօրներու սարքն ու կարգը, վանական կենցաղի արտաքինը, մէկ խօսքով ինչ որ նոր կը թուի իւր աչքին, ինչ որ շլացուցիչ է: Իսկ ա՛յն բազմութիւնը, ուխտաւորութիւնը, այդ ալ իւր արտաքինին մէջ միայն կը դիտուի: Ընդհակառակը, ներկայացուցիչ ուխտաւորներու այդ բազմութեան մէջ կարելի է ուսումնասիրել զանազան տեղերու բարքերն ու սովորութիւնները, մտաւորական վիճակը, կրօնական զգացման աստիճանաւոր բարձրացումը կամ անկումը, ուսումնասիրել ինչ որ ժողովրդեան մը կեանքը կը կազմէ: Անհատներու շփումն իրարու հետ ուխտաւորութեան մ’առիթով, տեսակ մը եղբայրութեան (լուս եղբայրութեան) ծնունդ կուտայ, որ զուտ ընկերաբանական երեւոյթ մ’է եւ մեծ նշանակութիւն ունի տոհմային կեանքի պատմութեան մէջ:

Մասնաւոր կարեւորութիւն մ’ունի ուխտաւորութեան ուսումնասիրութիւնը անոնց համար, որք քիչ յետոյ պիտի թողուն վանքը՝ մտնելու համար ժողովրդեան մէջ: Ո՛րչափ օգտակար է առաջուընէ ծանօթանալ ժողովրդեան ժխորի, դիտել անոնց ընթացքը, խօսիլ անոնց հետ, շօշափել անոնց զգացումն ու գիտակցութիւնը իրենց միջավայրին նկատմամբ. տեղեկանալ անոնց կրթական գործերուն ընթացքին, լսել անոնց գոհունակութիւնը կամ գանգատները իրենց դպրոցներու, իրենց քահանաներու մասին: Այս շփումը նախապատրաստութիւն մ’է յանկարծակի չզգալու, պատրանք չկրելու համար:

* * *

Արմաշի ուխտաւորութեան առթիւ երբ այդ բազմակողմանի հարցերը ընդհանուր ակնարկով միայն կը ստիպուինք շօշափել, սակայն ընթերցողներուն համար շահեկան կը համարինք նկատի առնուլ՝ ուխտաւորութեան յատուկ մի կողմը:

Անոնք որ կրօնի, հետեւաբար եւ կրօնական բարոյականին տարբեր աչքով մը կը նային ա՛լ, ուխտաւորութիւնը՝ իբր կրօնական բան մը՝ նախապաշարում կը նկատեն: Այսպիսի նկատողութեան անշուշտ կռուան կը համարուին գործադրութեան ա՛յն ձեւերն ու եղանակները, որք իրապէս արտաքին են, կեղեւն են ուխտաւորութեան: Նկատելով սակայն ուխտաւորութեան բունը, ներքինը, կը դիտենք թէ սերտ աղերս մ’ունի այդ՝ մարդու կրօնական վիճակին հետ կամ թէ ուխտաւորութիւնը կրօնական զգացումին մէկ գործնական թելադրութիւնը, արտայայտութիւնն է: Պատմական իրականութիւն մ’է որ մարդ՝ անդստին ի սկզբանէ, իւր ըմբռնումները, համոզումները, հաւատքը արտայայտելու գործնական միջոցներուն դիմած է անհրաժեշտօրէն. որովհետեւ առանց արտայայտութեան չկայ ըմբռնում, չկայ համոզում, չկայ հաւատք: Ասկէ ինքնին կը հետեւի թէ արտայայտութեան միջոցները կամ եղանակներն համեմատական են ըմբռնումի, համոզումի, հաւատքի աստիճաններուն:

Երբ սերտ աղերս մը, համեմատութիւն մը կը դիտենք ուխտաւորութեան եւ կրօնական զգացման միջեւ, կ’ուզենք մատնանիշ ընել ա՛յն տարբերութիւնը, որ շատ լայն խրամատ մը կը բանայ հին եւ հիմակուան ուխտաւորութեանց մէջտեղ: Այս տարբերութիւնը ըմբռնելու համար պէտք է ուշադրութիւն ընել սա երեք կէտերուն, որք ուխտաւորութիւնը կը կազմեն. 1. ներքին գոհացում. 2. նիւթական ձեռնտուութիւն 3. զուարճութիւն:

Ներքին գոհացում. Ուխտաւորութիւնը կրօնական կեանքի պայման մը չէ քրիստոնէութեան մէջ. այլ անձնական ըմբռնումներու աւանդական հանրացում մը, որ տեղէ տեղ կը տարբերի: Քրիստոնեան առանց ուխտի երթալու ալ քրիստոնեայ է: Հրէութեան մէջ կարծես պայման էր ուխտաւոր ըլլալ. եւ արդէն ուխտաւորութեան գործնական եղանակներն էին որ կը կազմէին Սինակոկայի արարողութիւններն ու ծէսերը: Այն շատ մը բաներուն հետ՝ ուխտաւորութեան աւանդութիւնն ալ անցաւ քրիստոնեայ բարքերու մէջ: Եւ որովհետեւ կռապաշտական կրօններն ալ ունէին ուխտաւորութիւն, թէ հրէութենէ թէ կռապաշտութենէ դարձող քրիստոնեայ ազգեր ամենն ալ անխտիր ունեցան ուխտաւորութիւն՝ գրեթէ միեւնոյն գործնական եղանակներով: Կրօնական կեանքի այս հանրային երեւոյթն ուրեմն բաւական խոր հիմեր ունի ըմբռնումներու մէջ. եւ երբ կը տեսնենք քրիստոնեայ անհատ մը, որ ուխտ կ’ընէ այս ինչ նպատակի համար, կանխիկ գրաւականներով կամ խոստումներով կը հաստատէ զայն, բաւական է որ իւր ուխտը կատարուի: Ասի սրտի է՛ն անկեղծ մի վիճակն է քրիստոնէին համար, լաւ եւս հոգեբանական գործողութեան մը արդիւնք, որ կրօնական հանգամանքներու մէջ երեւան կուգայ ընդհանրապէս: Անհատէ անհատ, միջավայրէ միջավայր կը տարբերի այս հոգեբանութիւնը. ինչ որ սակայն անփոփոխ է եւ միեւնոյն ամեն անհատի եւ ամեն միջավայրի համար, այն ալ այս եղանակաւ զգացուած ներքին գոհացումն է: Կրօնական զգացման դերը այս պարագային մէջ բարերար է եւ գերազանց: Եթէ ամենէն աւելի զարգացած քրիստոնեայ անհատներու կամ ազգերու մէջ կրօնական զգացումը կը կատարէ– անշուշտ եւ պիտի կատարէ– իւր բարերար դերը, ո՛րքան աւելի անկեղծ ազդակ մ’է այն նուազ զարգացած անհատներու համար: Կրօնքը, մանաւանդ քրիստոնէութիւնը, իր ամենէն պարզ եւ ամենէն ազատ ըմբռնումին մէջ իսկ կ’ազդէ քրիստոնէին բոլոր գործառնութեանց, մանաւանդ անոր հոգեխօսական կեանքին: Բայց ուխտաւոր անհատն առանց նոյն իսկ ա՛յնքան փիլիսոփայօրէն վերաբերելու իւր ուխտաւորական վիճակին գաղտնեաց հետ, իսկապէս կը գոհանայ այդ եղանակաւ արտադրած հոգեխօսական բարիքով: Անկում մ’է այս: Արդի ուխտաւորութեանց թուլացումը պարզ հետեւանքն է ուխտաւորութեան սխալ՝ այսինքն նիւթականացած ըմբռնումին, եւ ո՛չ այն կարծեցեալ զարգացման որով ամեն ինչ չարաչար կը քննադատուի: Ճշմարիտ զարգացումը, բուն գիտութիւնը չուրանար հոգեկան աշխարհի երեւոյթները. ընդհակառակը կ’օգնէ աւելի եւս զարգացած մտքով, աւելի եւս գիտական կերպով ուսումնասիրել զանոնք: Բնականաբար ա՛յսչափ գիտնականօրէն զգացուած ներքին գոհացումը, ուխտաւորի մէջ շատ հզօր եւ միանգամայն շատ պարզ կրօնական զգացում մը կ’ենթադրէ: Այս զգացումը կարեւոր է քրիստոնէին համար:

Ցաւալի է որ, հանրաբար խօսելով, նախապաշարում ըսուելու չափ նիւթականացած է ուխտաւորութիւնը, որուն մէջ կրօնական զգացման վեհութիւնը, սրբութիւնը ջնջուած է: Այսպիսի մի վիճակ անշուշտ նախ թուլացում, հետեւաբար եւ դադարում կը բերէ: Բայց քանի որ քրիստոնեան իր կեանքի բովանդակ ընթացքին մէջ պէտք ունի ներքին գոհացումի, լաւ կ’ըլլար որ կրօնական զգացումը վառ պահելու բարեպաշտիկ եւ աւանդական եղանակներէն մին, ուխտաւորութիւնը, սուրբ կերպով եւ միայն իր նպատակին համար գործադրուէր:

Նիւթական ձեռնտուութիւն. Այն կանխիկ գրաւականները կամ խոստումները, որք ուխտի գործադրութեան բնական հետեւանքներն են, իրապէս օգտակար նպատակի մը նուիրուած են: Ուխտաւորութեան ըմբռնումն ո՛րչափ հոգեբանական, գործադրութիւնը նոյնչափ նիւթական է:

Գիտենք որ այն ուխտաւորներն, որք ընդհանրապէս վանքեր կամ մենաստաններ են, ուխտի արդիւնքով կ’ապրէին. առանց ուխտի, առանց ուխտաւորի նուէրներուն վանքը կեանք չունէր: Վանքեր, մանաւանդ գրական-վանքեր որք մեր տոհմային կեանքի գրական պատմութեան մէջ ա՛յնքան բարձր տեղ մը կը գրաւեն, մեծ մեծ ուխտերու նիւթական արդեանց կը պարտէին իրենց գոյութիւնը. այդ արդիւնքներ ընդհանրապէս սեպհական կալուածներ եղան: Նոյն իսկ արդի ժամանակներու մէջ, ուխտաւորութիւնը նուազած ըլլալով հանդերձ, դարձեալ անոր նուազ արդիւնքը կարեւոր կշիռ մ’ունի վանական պիւտճէներու մէջ: Այս պիւտճէներ, ի հնումն, նախնեաց ուխտի նուէրներով կը կազմուէին բոլորովին: Հիմա վանական տնօրէնութիւններ կամ խնամակալութիւններ բոլորովին տարբեր ուղղութեան մը կը հետեւին, ուխտաւորութեան պատահական արդիւնքին տեղ եկամուտի հաստատուն աղբիւրներ գտնելով: Այնպէս որ հետզհետէ այն հաստատութիւններն, որք արդիւնք են ուխտի եւ այնքան դարեր ուխտաւորութեամբ կանգուն մնացին, ա՛լ գրեթէ բոլորովին տարբեր աղբիւրներէ պիտի առնուն իրենց սնունդը: Իրաւի՝ վանքերու այս դրութեան վերածուիլը անխուսափելի էր, քանի որ միջավայրներ սկսան փոփոխութեանց ենթարկուիլ, յառաջ երթալ: Այսինքն մէկ կողմանէ ժողովրդական կրթութիւնը, որ վանքերէն կը սպասուէր երբեմն, այժմ իրաւամբ ժողովրդեան ձեռքն անցած է, եւ եթէ այսօր շատ մը վանքեր միայն անուն կը պահեն, ժողովուրդը անոնց փոխարէն դպրոցներ, վարժարաններ ունի իւր ծոցին մէջ. այս իրաւացի պահանջն էր զարգացման: Միւս կողմանէ սակայն քանի որ ժողովուրդը դեռ չէ մոռցած բոլորովին իւր մնացած վանքերը, որոց համար իւր նախնիք ի զուր խնամք չտարին, ի զուր չզարգացուցին, եւ որոնցմէ դեռ այսօր կարելի է կրթական օգուտ քաղել միայն թէ հաստատ կամք ըլլայ դեռ չզլանար իր ուխտաւորական նուէրները. պտղի կը հասցնէ, նուիրակներու բաժին կուտայ, կտակ կ’ընէ եւ այլն:

Իր նուէրները չէր զլանար ուխտաւոր ժողովուրդը, բայց ո՛չ այնպէս ինչպէս որ պէտք է: Առատաձեռնութիւնը հոգեկան զարգացած վիճակի մը ծնունդ է առաւելապէս, քան թէ տնտեսագիտական հաշիւներու: Եւ նիւթական, հնչուն ձեռնտուութիւնը, զոր ուխտաւորը կ’ընէ իւր ուխտին առթիւ կարգ մը հաստատութիւններուն որոնցմէ, ինչպէս ըսինք, կարելի է օգուտ քաղել, կրթական նպատակի ծառայեցնել սերտ կապ մ’ունի այն վիճակին հետ, որուն համար ըսինք թէ ուխտաւորութեան ամենէն բարձր ըմբռնումն է. այնպէս որ այդ ըմբռնումի, կրօնական զգացման թուլացումը կը թուլցնէ նաեւ այն յօժար կամքը որ ամեն տեսակ պարտականութեանց մէջ պիտի յայտնուէր: Երբ միանգամ ընդ միշտ միտ դրուի ուխտաւորութեան հոգեխօսական ըմբռնումին եւ այդ առթիւ գործադրուած նիւթական ձեռնտուութեան նպատակին, ոչ ոք պիտի ուզէր թուլցած տեսնել իւր մէջ կրօնական զգացման զսպանակները:

Զուարճութիւն. Յայտնի է որ մեր ուխտատեղիները առ հասարակ ընտիր կլիմաներու տակ հաստատուած են. մին իւր հովասուն դիրքով, միւսն իւր ջուրով եւ կանաչագեղ համայնապատկերով, ուրիշ մը իւր հովանաւոր ծառաստաններով, եւլն, ամեն տեսակ հրապոյր կ’ազդեն ուխտաւորին. մանաւանդ երբ դիտենք թէ տարուան է՛ն պատուական եղանակներուն մէջ կը կատարուին ուխտաւորութիւնները: Ուխտատեղիներու ա՛յսքան յատկանշական մի կողմը կարելի չէ ըստ ինքեան պատահական բան մը նկատել: Կարծես սուրբերը մրցմամբ ընտրած են իրենց նուիրուած սրբավայրերու սքանչելի դիրքը: Թերեւս ասոր համար է որ ուխտաւորներէն ոմանք լոկ զուարճանալու կը ծառայեցնեն իրենց ուխտի երթալը, իբր թէ զուտ զուարճութիւն եղած ըլլար ուխտի նպատակը: Այս պարագային պէտք չէ փնտռել կրօնական զգացման վիճակ, ո՛չ ալ այդ զգացումէն թելադրուած նիւթական ձեռնտուութիւն: Զուարճութիւնը, որ ստուգիւ արդար բաժինն է ուխտաւորին, երբ միակողմանի կերպով առնուի՝ կործանում կը սպառնայ ուխտատեղիներուն: Պէտք է պահուի հաւասարակշռութիւնը մարդու հոգեխօսական եւ ֆիզիքական պահանջներուն միջեւ: Մանաւանդ պէտք է համոզուիլ թէ ուխտաւորի վայելած զուարճութիւնը, ուխտատեղիներով միայն գոյութիւն ունի: Շատ մը զուարճալի ուխտատեղիներ անշքացած են այսօր վանքերու հետ միասին: Դժբախտաբար զբօսանքի, խրախճանքի թափն ամեն ինչ մոռցնել կուտայ ուխտաւորաց եւ ցաւ է յայտնել թէ ինչ ինչ ուխտատեղիներ կեդրոն եղած են բանայիրներու: Զուարճութիւն չէ՛ այս: Գիշեր ցերեկ ամօթ, պատկառանք կը մոռցուին այն խենէշ խմբումներու, գոռում գոչումներու մէջ, զոր մարդ կը սարսափի զուարճութիւն անուանելէ:

Սրբավայրերը այդ տեսակ անառակ ցայգապաշտօններէ մաքրել, եւ իսկական զուարճութիւններով օժտել զանոնք՝ ուխտաւորին կ’իյնայ. որովհետեւ իւր իրաւունքն է այդ: Ուխտաւորը պէտք է զուարճանայ ինչպէս իւր ներքին գոհացումով, նոյնպէս ալ իւր ֆիզիքական կազդուրումով: Ամեն ժամանակ, կարելի է օգուտ քաղել ուխտատեղիներէն: Կա՛ն հնութիւններ, հին բարքեր, զորս պէտք է բոլորովին մէկդի դնել, եւ կան այնպիսիներ ալ որոց պէտք է անպիտան մասերը նետել: Ուխտաւորութիւնը քրիստոնէական հին բարքերու մէջ անցած եւ անկէ մնացած պատուական հնութիւն (հոգեխօսական) մ’է քրիստոնէին համար. զայն պէտք է մերկացնել խոշոր նիւթականացումէ եւ ամեն տեսակ նախապաշարումէ, վերածելու համար իւր է՛ն բարձր վիճակին, որպէսզի հոն կարենան որոշ որոշ գործել կրօնքի զգացումը, իւրաքանչիւր անհատի հոգեխօսական բերումները, որոց անբաժին ընկերն է զուարճութիւնը իւր ամենէն անմեղ եւ ամենէն մաքուր իմաստին մէջ:

Ուխտաւորութեան թուլացումը մեր մատնանիշ ըրած երեք կէտերու զեղծման կամ սխալ ըմբռնման հետեւանք է:

Ուխտաւորութիւնը հաւատացելոց համախմբութիւն մ’է որ բարոյական մեծ բարիքներ կ’արտադրէ. պէտք չէ՛ զեղծանել: