ՆԱՀԱՊԵՏ
ՌՈՒՍԻՆԵԱՆ
(1819–1880)
Ծնած
է
Կեսարիոյ
Ս.
Կարապետ
վանքին
մօտ
գիւղ
մը.
1840-ին
Փարիզ
գացած
է,
Պոլսէն
նշանաւոր
գերդաստաններու
ծախքով
բժշկութիւն
ուսանելու:
Նաբոլէոն
Գ.
ի
պետական
հարուածէն
յետոյ
Պոլիս
դարձած,
ապրելէ
վերջ
մին
Փարիզի
յուզումնալից
շրջաններէն,
որ
լի
եղաւ
մեծ
մարդոցմով
ու
նոր
գաղափարներով:
1859-ին
հրատարակեց
«Ուղղախօսութիւն»
յանդուգն
քերականութիւնը,
որ
կը
յաւակնէր
նոր
կանոններ,
նոր
ուղղագրութիւն
մը
տալ
հայ
լեզուին
եւ
կը
պարունակէր
բազմաթիւ
նորակերտ,
նորաձեւ
բառեր:
Օրինակ
մը.
–
«Ուղղագրութեան
բարեկարգութիւնը
հարեւանցի
մը
շօշափէցինք,
սովորոյթը
չապստամբէլու
չափ,
զոր
եթէ
գրականէրը
միտ
առնէլ
ուզէն,
սովորութիւն
մը
աս
բանին
մէջ
մէյ
մը
բանականութեան
կողմ
անցնի
կատարելիութեան
եւ
ծերութեան
մասին
անբաւ
օգուտնէր
կը
քաղէ
արդի
գրականութիւնը»:
Այդ
քերականութեամբ՝
նա
բառը
կը
հոլովէ
այսպէս.
նա,
նաոր,
նակէ,
նաով,
նաւոնք
եւն.:
Իսկ
եմ
բայի
կատարեալը
այսպէս.
եցի,
եցիր,
եց,
եցինք
եւն.,
եւ
ապառնին
այս
ձեւով.
ելու
եմ,
ելու
ես,
ելու
է,
եւն.:
Այս
քերականութեան
գործածութիւնն
նաեւ
1854-ին
իր
հրատարակած
«Տարեցոյց»ը,
արգիլուեցաւ:
Անոր
հետ
դատապարտուեցաւ
եւ
միեւնոյն
ճակատագիրն
ունեցաւ
իր
երկրորդ
«Տարեցոյց»ը՝
1872-ին,
որոնց
մէջ
մեր
տոմարը
բարեկարգել
ուզած
էր
Ռուսինեան
եւ
պատշաճեցնել
եւրոպականին,
ամիսներուն
անուններն
ալ
փոխելով՝
համաձայն
ֆրանսական
յեղափոխական
ամսանուններուն
Nessidor–հնձար,
Thermidor–տօթար,
Fruitidor–մրգար,
Vendamiaire–կթօն,
Brumaire–միգօն,
Frimaire–թօռման
եւայլն:
Ռուսինեան
իր
բարեկարգչական
յանդգնութիւնները
ստիպուեցաւ
չափաւորել
եւ
«Ուղղախօսութիւն»ը
սրբագրեց,
բայց
միջոց
չունեցաւ
զայն
սրբագրեալ
հրատարակելու:
Այնուհանդերձ
իր
բոլոր
գրութիւններուն
մէջ
«ուղղախօսութեան»
չափաւոր
ձեւ
մը
պահեց:
Ազգային
ժողովին
մէջ
Ռուսինեան
խօսած
է
նշանաւոր
ճառեր,
որոնցմէ
մին
«Ազգ.
հանգանակութիւնը»
(կամ
տուրքի
վրայ)
կոչուածը
հրատարակեց
առանձին,
բացի
անոնցմէ
որ
հրատարակուեցան
ժողովին
ատենագրութեանց
մէջ:
Ունի
բազմաթիւ
թարգմանութիւններ,
որոնց
մէկ
նպատակն
է
աշխարհաբարը
ճկեցնել
ֆրանսերէն
լեզուին.
այդ
գործերուն
գլխաւորներն
են.
–
Էմմէ
Մարտէնի
«Մայրերու
Դաստիարակութիւնը»,
Հիւկոյի
«Ռիւ
Պլաս»ը,
Ժ.
Սաւլառիի
«Փառատենչ
անուրջ»
քերթուածը,
եւ
Մելուայի՝
«Տերեւաթափ»
քերթուածը:
«Ռիւ
Պլաս»ը
առանձին
եւ
փոքր
թարգմանութիւններն
ալ
այլեւայլ
հրատարակութեանց
մէջ
տպուած
են:
Պոլսոյ
բժշկական
վարժարանին
մէջ,
իր
վերջին
տարիներուն
իմաստասիրութեան
եւ
բժշկական
բարոյագիտութեան
դասախօսութիւնն
յանձնուած
ըլլալով
իրեն,
Ռուսինեան
գրեց
իր
դասերուն
ամփոփոյքը
ֆրանսերէն,
որ
իր
մահէն
վերջը
հրատարակուեցաւ
Մ.
Էթմէքճեանի
թարգմանութեամբ
եւ
«Դասագիրք
Փիլիսոփայութեան»
խորագրով:
Սակայն
Ռուսինեանի
բարեկարգչական
գերագոյն
գործն
է
Ազգային
Սահմանադրութիւնը,
որուն
հեղինակներէն
մին
է
Գ.
Օտեանի
եւ
Պալեանի
հետ.
մեծ
դեր
կատարած
է
Սահ.
օրինագծին
խմբագրութեան
մէջ
եւ
բազմաթիւ
ձեռագիրներուն
մէջ
կան
այդ
աշխատութեան
բազմիցս
փոփոխեալ
եւ
սրբագրեալ
ուրուագրութիւնները: