Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ. ԴՈՒՐԵԱՆ (1860– )

Ծնած է 1860ին, Սկիւտար: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1898ին: Աշակերտած է միայն թաղային դպրոցին, երբ Միհրան անունով տղեկ մըն էր: 12 տարու էր երբ եղբայրը՝ Պետրոս Դուրեան մեռաւ: Եղբօրը տապանագիրը գրեց սակայն, թէեւ Խաչ. Միսաքեան զայն սրբագրեց: Ինքնաշխատութեամբ հասաւ լեզուական ու բանասիրական այն բարձր հմտութեան որզինքը կը հանդիսացնէ մեր ամենէն գիտնական եկեղեցականներէն մին: Վարդապետանալէ ետք ուսուցիչ եղաւ (ինչպէս է այսօր ալ). յետոյ Արմաշի մէջ ալ դասախօս՝ (Օրմանեան Ս. ի վանահայրութեան ատեն՝ եւ յետոյ երբ Տեսուչ եղաւ դպրեվանքին) պատմական եւ գրական ճիւղերու: Առաջնորդ Զմիւռնիոյ: Պատրիարքական տեղապահ եւ պատրիարք: Նշանաւոր օգտակարութիւններ չունեցաւ իբրեւ վարչական մարդ, եւ մնաց միշտ մտաւոր կեանքի նուիրեալ մը: Բայց նաեւ՝ անյագ ընթերցող մը եղաւ աւելի՝ քան մեծ արտադրող մը: Իր հրատարակուած երկերն են գրաբարի երկու դասագրքեր («Ընթացք ի գրոց բարբառ», Ա. Բ. ), «Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան», համառօտ, եւ «Հովուական Սրինգ», հաւաքածոյ բանաստեղծութեան: Ունի նաեւ յօդուածներ, յաճախ բանասիրական եւ խօսած է երեւելի քարոզներ:

Յոյժ ինքնատիպ բանաստեղծ: Ինքնատիպ՝ լեզուով ու հայերէնով: Կ’առնէ այն բառերը որ իրենց հնչեղ բաղաձայններով տեսակ մը մասնաւոր ոյժ ու հմայք ունին. քիչ ծանօթ բառեր, կարճ, սեղմ, գրեթէ զուարճալի: Այս հարուստ հայերէնագէտը պէտք ունեցած չէ բնաւ նոր բառեր կերտելու: - Ինքնատիպ՝ քերթուածներուն պէս, իր ոտանաւորները յաճախ կը ներկայացնեն համանման տուներու շարքեր. համանման՝ միեւնոյն գլխաւոր գաղափարին մէկ նոր եղանակաւորումը, խօսքերու նոյն կերտուածքը, նոյն հանգերը պարունակելով: Բան մը զոր մերթ ըրած է նաեւ եղբայրը: Ինքնատիպ՝ նիւթերը գործածելու եղանակովն ալ: Աստուածաշնչական դրուագներ են ընդհանրապէս անոնք, բայց մերթ անոնց խորհրդանշական ձեւ կուտայ Դուրեան Ս. եւ կ’ընդհանրացնէ զանոնք:

Դուրեան Ս. վերացական բաները վառիվառ պատկերներու մէջ թանձրացնելով իր ոճը կը դարձնէ ճոխ ու մերթ խրթին: Հմտական տարրերն ալ կը նպաստեն այդ խրթնութեան: Իր քարոզները յաճախ կատարելապէս հասկնալի չեն եւ գրող մտաւորականները միայն կրնան զանոնք վայելել իբրեւ պերճագոյնները քարոզներու զոր հայ եկեղեցական մը արտասանած ըլլայ երբեք